Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Եւայի հետ խօսող օձը ոտքեր ունէ՞ր։

Ծննդոց 3։14–ի արձանագրութեան համաձայն, Եհովա Աստուած Եդեմի պարտէզին մէջ Եւան խաբող օձին հետ խօսեցաւ։ Աստուած ըսաւ. «Աս ընելուդ համար՝ բոլոր անասուններէն եւ դաշտին բոլոր գազաններէն անիծեալ ըլլաս, փորիդ վրայ քալես ու կեանքիդ բոլոր օրերը հող ուտես»։ Աստուածաշունչը յատկապէս չի նշեր թէ Եւան փորձելու համար գործածուած անասունը նախապէս ոտքեր ունէր եւ հետագային զանոնք կորսնցուց։ Թէեւ Ծննդոց 3։14–ի շարադրութիւնը կրնայ ոմանց այդպէս խորհիլ տալ, բայց պայման չէ որ եզրակացնենք թէ այս անէծքէն առաջ օձերը ոտքեր ունէին։ Ինչո՞ւ։

Գլխաւորաբար, քանի որ Եհովայի դատաստանին իսկական թիրախը Սատանան էր,– անտեսանելի հոգեղէն արարածը որ այդ աննշան անասունը շահագործեց։ Աստուածաշունչը Սատանան կը նկարագրէ որպէս «սուտին հայրը» եւ «առաջին օձը»։ Այս երկու արտայայտութիւններն ալ ակներեւաբար կը մատնանշեն թէ Սատանան տեսանելի օձ մը գործածեց իբրեւ խօսնակ, Եւան հրապուրելու որ Աստուծոյ պատուէրին չհնազանդի։—Յովհաննէս 8։44, ԱՎ. Յայտնութիւն 20։2

Աստուած օձեր ստեղծեց, եւ ակներեւաբար Ադամ անոնց անուն տուաւ, Սատանան իր խաբէական արարքը գործելէն առաջ։ Եւայի հետ խօսող անբան օձը մեղադրելի չէր։ Անիկա գիտակից չէր որ Սատանան զինք ճարտարութեամբ կը ղեկավարէր, ո՛չ ալ կրնար հասկնալ այն դատաստանը որ Աստուած անհնազանդներուն դէմ ծանուցանեց։

Ուստի Աստուած ինչո՞ւ օձին ֆիզիքական նուաստացումին մասին խօսեցաւ։ Իր բնական միջավայրին մէջ օձին վարուելակերպը՝ իր փորին վրայ սողալը եւ լեզուն դուրս հանելը իբրեւ թէ հողը կը լզէ, տեղին ըլլալով խորհրդանշեց Սատանայի նուաստացած վիճակը։ Նախապէս վեհ դիրք մը ունենալով որպէս Աստուծոյ մէկ հրեշտակը, ան դատապարտուեցաւ այն նուաստ վիճակին որ Աստուածաշունչին մէջ տարտարոս կոչուած է։—Բ. Պետրոս 2։4

Ասկէ զատ, ինչպէս բառացի օձ մը կրնայ մարդու մը գարշապարը վիրաւորել, իր նուաստացած վիճակին մէջ՝ Սատանան Աստուծոյ «սերունդ»ին ‘գարշապարը պիտի խայթէր’։ (Ծննդոց 3։15) Այդ սերունդին գլխաւոր մասը Յիսուս Քրիստոսն էր, որ Սատանայի գործակալներուն ձեռքով ժամանակաւորապէս տառապեցաւ։ Բայց այլաբանական օձին գլուխը ի վերջոյ մնայուն կերպով պիտի խորտակուի՝ Քրիստոսի եւ իր յարուցեալ օծեալ ընկերակիցներուն միջոցաւ։ (Հռովմայեցիս 16։20) Արդ, տեսանելի օձին ուղղուած Աստուծոյ անէծքը, տեղին ըլլալով պատկերացուց անտեսանելի «առաջուան օձ»ին՝ Բանսարկուին նուաստացումն ու վերջնական բնաջնջումը։