Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք»

«Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք»

«Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք»

«Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։17

1. Ո՞ր վերաբերմունքը սովորական է։

ԵՐԲ երախայ մը իր եղբայրը կամ քոյրը հրէ, սովորաբար միւսը շուտով կը հակադարձէ։ Ցաւալիօրէն, միայն երախաները չեն որ այսպէս կը վարուին։ Չափահասներէն շատեր երբ մէկէ մը վիրաւորուին, կ’ուզեն փոխադարձել։ Ճիշդ է որ բառացիօրէն չեն հրեր, բայց շատեր խորամանկ կերպերով կը փոխադարձեն։ Թերեւս անոնք վիրաւորողին հասցէին բամբասեն կամ զինք ձախողեցնելու կերպեր փնտռեն։ Ի՛նչ մեթոտ ալ գործածուի, նպատակը նոյնն է,– վրէժ առնել։

2. (ա) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ փոխադարձելու դրդապատճառին դէմ կը դնեն։ (բ) Ո՞ր հարցումները եւ Աստուածաշունչի ո՞ր գլուխը նկատի պիտի առնենք։

2 Թէեւ փոխադարձելու դրդապատճառը արմատացած է, բայց ճշմարիտ Քրիստոնեաները անոր անձնատուր չեն ըլլար, այլ կը ջանան Պօղոս առաքեալի խրատին հետեւիլ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք»։ (Հռովմայեցիս 12։17) Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ որ այդ բարձր չափանիշին համաձայն ապրինք։ Յատկապէս որո՞նց չարութիւն պէտք չէ հատուցանենք։ Եթէ փոխադարձելէ ետ կենանք, ի՞նչ օգուտներ պիտի քաղենք։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, Պօղոսի խօսքերուն բնաբանը ուսումնասիրենք եւ տեսնենք թէ Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխը ի՛նչպէս ցոյց կու տայ թէ փոխվրէժէ ետ կենալը՝ հետեւելիք շիտակ, սիրալիր ու համեստ ընթացքն է։ Այս երեք երեսակները մէկ առ մէկ նկատի պիտի առնենք։

«Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի»

3, 4. (ա) Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխէն սկսեալ, Պօղոս ի՞նչ կը քննարկէ, իսկ «արդ» բառը գործածելը ի՞նչ կարեւորութիւն ունի։ (բ) Աստուծոյ ողորմութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք էր ունենար Հռովմի Քրիստոնեաներուն վրայ։

3 Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխէն սկսեալ, Պօղոս նկատի կ’առնէ Քրիստոնեայի մը կեանքին ազդող չորս յարակից նիւթեր։ Ան կը նկարագրէ մեր յարաբերութիւնը Եհովայի, հաւատակիցներու, անհաւատներու եւ կառավարական հեղինակութիւններու հետ։ Պօղոս ցոյց կու տայ թէ սխալ հակումներու դէմ դնելու հիմնական պատճառ մը կայ, ի ներառեալ վրէժ լուծելու հակումը, երբ կ’ըսէ. «Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը»։ (Հռովմայեցիս 12։1) Նկատէ «արդ» բառը, որ կը նշանակէ «ուրեմն կամ ուստի»՝ որպէս նախադասութիւնները կապող հետեւութիւն կամ եզրակացութիւն։ Իրականութեան մէջ Պօղոս կ’ըսէ. ‘Այժմ բացատրած բաներուս ի տես, կ’աղաչե՛մ ձեզի որ յաջորդ ըսելիքներս ընէք’։ Պօղոս Հռովմի Քրիստոնեաներուն ի՞նչ բացատրած էր։

4 Իր նամակին առաջին 11 գլուխներուն մէջ, Պօղոս քննարկեց Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի իշխանակիցներ ըլլալու հոյակապ պատեհութիւնը, որ մատչելի էր թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ հեթանոսներուն, յոյս մը որ մարմնաւոր Իսրայէլը չընդունեց։ (Հռովմայեցիս 11։13-36) Այդ թանկարժէք առանձնաշնորհումը միայն «Աստուծոյ ողորմութիւնովը» կարելի դարձաւ։ Քրիստոնեաները Աստուծոյ այս մեծ շնորհքին ի՞նչպէս պէտք էր ընդառաջէին։ Անոնց սիրտը ա՛յնքան խոր երախտագիտութեամբ պէտք էր լեցուէր, որ մղուէին Պօղոսի յաջորդ ըսածը ընելու. «Ձեր մարմինները ներկայացնէք որպէս ապրող զոհ մը՝ սուրբ, աստուածահաճոյ. ա՛յդ է ձեր բանական պաշտամունքը»։ (Հռովմայեցիս 12։1, ԱՎ) Սակայն այս Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնային իրենք զիրենք ներկայացնել որպէս «զոհ մը» Աստուծոյ։

5. (ա) Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ինքզինք ներկայացնել որպէս «զոհ մը» Աստուծոյ։ (բ) Ո՞ր սկզբունքը Քրիստոնեայի մը վարուելակերպին պէտք է ազդէ։

5 Պօղոս կը շարունակէ բացատրել. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Փոխանակ թոյլ տալու որ աշխարհի հոգին իրենց մտածումը կաղապարէր, անոնք իրենց միտքը պէտք էր նորոգէին՝ Քրիստոսի մտածելակերպը որդեգրելով։ (Ա. Կորնթացիս 2։16. Փիլիպպեցիս 2։5) Այս սկզբունքը պէտք է ազդէ բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն առօրեայ վարուելակերպին, ի ներառեալ՝ մեր վերաբերմունքը։

6. Հռովմայեցիս 12։1, 2–ի մէջ նշուած Պօղոսի պատճառաբանութեան համաձայն, ի՞նչ բան մեզ կը մղէ վրէժ չլուծելու։

6 Հռովմայեցիս 12։1, 2–ի մէջ Պօղոսի գործածած պատճառաբանութիւնը մեզի ի՞նչպէս կ’օգնէ։ Հռովմի այդ օծեալ Քրիստոնեաներուն նման, խորապէս երախտապարտ ենք մեզի հանդէպ Աստուծոյ ցուցաբերած առատ ողորմութեան համար, զոր կը շարունակէ ցուցաբերել մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին։ Հետեւաբար երախտագիտութեամբ լեցուած մեր սիրտը մեզ կը մղէ Աստուծոյ ծառայելու մեր բոլոր զօրութեամբ, միջոցներով ու կարողութիւններով։ Այդ սրտագին փափաքը նաեւ մեզ կը մղէ մեր լաւագոյնը ընելու որ մտածենք ո՛չ թէ աշխարհի պէս, այլ՝ Քրիստոսի պէս։ Իսկ Քրիստոսի միտքը ունենալը կ’ազդէ մեր վարուելու կերպին, թէ՛ հաւատակիցներու եւ թէ անհաւատներու հետ։ (Գաղատացիս 5։25) Օրինակ, եթէ Քրիստոսի նման մտածենք, կը մղուինք վրէժ առնելու դրդումին դիմադրելու։—Ա. Պետրոս 2։21-23

«Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ»

7. Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխին մէջ ի՞նչպիսի սէր նկատի առնուած է։

7 Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով չենք հատուցաներ ո՛չ միայն քանի որ հետեւելիք շիտակ ընթացքն է, այլեւ՝ սիրալիր ընթացքը։ Նկատէ թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչպէս սիրոյ շարժառիթը նկատի կ’առնէ։ Հռովմայեցիս նամակին մէջ, Պօղոս «սէր» բառը (Յունարէն՝ ա·կաբէ) բազմիցս կը գործածէ՝ Աստուծոյ ու Քրիստոսի սիրոյն ակնարկելու համար։ (Հռովմայեցիս 5։5, 8. 8։35, 39) Սակայն 12–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս տարբեր ձեւով ա·կաբէ բառը կը գործածէ, խօսելով ընկեր արարածներու հանդէպ ցուցաբերուած սիրոյն մասին։ Նշելէ յետոյ թէ կարգ մը հաւատացեալներ հոգեւոր զանազան պարգեւներ ունին, Պօղոս ուշադրութեան կը յանձնէ յատկութիւն մը, որ բոլոր Քրիստոնեաներուն կողմէ պէտք է մշակուի։ Ան կ’ըսէ. «Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ»։ (Հռովմայեցիս 12։4-9) Ուրիշները սիրելը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն հիմնական նշանն է։ (Մարկոս 12։28-31) Պօղոս մեզ կը յորդորէ որ վստահ ըլլանք թէ մեր ցուցաբերած քրիստոնէական սէրը անկեղծ է։

8. Ի՞նչպէս կրնանք առանց կեղծաւորութեան սէր ցուցաբերել։

8 Ասկէ զատ, Պօղոս ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս սէրը առանց կեղծաւորութեան կը ցուցաբերուի՝ ըսելով. «Չարէն զզուեցէ՛ք, բարիի՛ն յարեցէք»։ (Հռովմայեցիս 12։9, ԱՎ) «Զզուեցէք» եւ «յարեցէք» բառերը զօրաւոր բառեր են։ «Զզուեցէք» բառը կրնայ թարգմանուիլ՝ «չափազանց ատեցէք»։ Ո՛չ միայն չարութեան հետեւանքները պէտք է ատենք, այլեւ՝ չարութիւնը ինքնին։ (Սաղմոս 97։10) «Յարեցէք» բառը Յունարէն բայի մը թարգմանութիւնն է, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «փակիլ»։ Անկեղծ սէր ունեցող Քրիստոնեան ա՛յնքան ուժգնօրէն փակած կ’ըլլայ բարութեան յատկութեան, որ իր անձնաւորութեան անբաժան մէկ մասը կը դառնայ։

9. Պօղոս կրկին անգամ ի՞նչ յորդոր կու տայ։

9 Պօղոս կրկին անգամ սիրոյ մասնաւոր մէկ յայտնաբերումը կը նշէ։ Ան կ’ըսէ. «Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք»։ «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք»։ «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար»։ «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։ (Հռովմայեցիս 12։14, 17-19, 21) Պօղոսի խօսքերը բացայայտօրէն ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուինք անհաւատներու հետ, նոյնիսկ հակառակորդներու հետ։

«Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք»

10. Ի՞նչ կերպով կրնանք մեր հալածիչները օրհնել։

10 Ի՞նչպէս կը կատարենք Պօղոսի յորդորը. «Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։14) Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները . . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»։ (Մատթէոս 5։44. Ղուկաս 6։27, 28) Ուստի հալածողները օրհնելու կերպերէն մէկն է՝ անոնց համար աղօթել, Աստուծմէ խնդրելով որ եթէ տգիտութեան պատճառաւ մէկը մեզի կը հակառակի, անոր աչքերը բանայ որ ճշմարտութիւնը տեսնէ։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Ճիշդ է որ կրնայ տարօրինակ թուիլ Աստուծմէ խնդրելը որ հալածիչ մը օրհնէ։ Սակայն մեր մտածումը ո՛րքան աւելի նմանի Քրիստոսի մտածելակերպին, ա՛յնքան աւելի պիտի կարենանք մեր թշնամիներուն սէր ցուցաբերել։ (Ղուկաս 23։34) Այսպիսի սէր ցուցաբերելուն արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

11. (ա) Ստեփանոսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (բ) Ինչպէս Պօղոսի կեանքը ցոյց կու տայ, կարգ մը հալածիչներու կեանքին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւն կրնայ տեղի ունենալ։

11 Ստեփանոս իր հալածիչներուն համար աղօթեց, եւ իր աղօթքը ի զուր չէր։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն քիչ ետք, քրիստոնէական ժողովքին հակառակորդները Ստեփանոսը ձերբակալեցին, Երուսաղէմէն դուրս հանեցին ու քարկոծեցին։ Իր մահէն առաջ, ան աղաղակեց. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի՛ սեպեր ատոնց»։ (Գործք 7։57–8։1) Սօղոս անոնցմէ մէկն էր, որոնց համար Ստեփանոս աղօթեց այդ օրը։ Ան ներկայ էր ու Ստեփանոսի սպաննուելուն կամակից էր։ Հետագային, յարուցեալ Յիսուս Սօղոսի երեւցաւ։ Այդ նախկին հալածիչը Քրիստոսի հետեւորդը եղաւ եւ ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ, որ Հռովմէացիներուն ուղղուած նամակը գրեց։ (Գործք 26։12-18) Ստեփանոսի աղօթքին համաձայն, բացայայտ է որ Եհովա Պօղոսի ներեց հալածիչ մը ըլլալու մեղքը։ (Ա. Տիմոթէոս 1։12-16) Զարմանալի չէ որ Պօղոս Քրիստոնեաները յորդորեց. «Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք»։ Ան փորձառաբար գիտէր թէ կարգ մը հալածիչներ կրնային Աստուծոյ ծառաներ դառնալ։ Ներկայիս, հալածիչներէն ոմանք նոյնպէս հաւատացեալներ դարձած են, Եհովայի ծառաներուն խաղաղասէր վարքին շնորհիւ։

«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»

12. Հռովմայեցիս 12։9–ի եւ 12։17–ի յորդորները ի՞նչպէս առնչակից են։

12 Հաւատացեալներու եւ անհաւատներու հետ ի՛նչպէս վարուելու նկատմամբ, Պօղոս կը շարունակէ յորդորել. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք»։ Այս խօսքը տրամաբանական շարունակութիւն է իր նախորդ ըսածներուն, ինչպէս՝ «չարէն զզուեցէ՛ք»։ Արդարեւ, անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ըսել թէ չարէն իրապէս կը զզուի, եթէ ուրիշներուն չարութիւն պիտի հատուցանէ։ Այսպէս վարուիլը «առանց կեղծաւորութեան» սէր ունենալուն հակառակն է։ Ապա Պօղոս կ’ըսէ. «Բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։9, 17) Այս խօսքերը ի՞նչպէս կը կիրարկենք։

13. «Բոլոր մարդոց առջեւ» ի՞նչպէս կը վարուինք։

13 Նախապէս Կորնթացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս գրեց առաքեալներուն դիմագրաւած հալածանքին մասին։ Ան ըսաւ. «Տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց։ . . . Երբ մեզ նախատեն՝ կ’օրհնենք. երբ կը հալածեն՝ կը համբերենք. երբ գէշ խօսին՝ կ’աղաչենք»։ (Ա. Կորնթացիս 4։9-13) Ներկայիս, ճշմարիտ Քրիստոնեաները նոյնպէս աշխարհի մարդոց կողմէ կը դիտուին։ Երբ մեր շուրջը գտնուողները մեր ըրած բարի բաները տեսնեն, նոյնիսկ անիրաւութեան դիմաց, թերեւս մղուին մեր քրիստոնէական պատգամին նպաստաւոր կերպով ընդառաջելու։—Ա. Պետրոս 2։12

14. Ո՞ր տարողութեամբ կը ջանանք խաղաղութիւն ընել։

14 Սակայն ո՞ր տարողութեամբ պէտք է ջանանք խաղաղութիւն յառաջացնել։ Ո՛րքան որ կարելի է։ Պօղոս իր Քրիստոնեայ եղբայրներուն կ’ըսէ. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։18) «Որչափ կարելի է ձեզի» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ թէ ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն պահելը միշտ կարելի չէ։ Օրինակ, Աստուծոյ պատուէրին անհնազանդ պիտի չըլլանք, որպէսզի մարդուն հետ խաղաղութիւն պահենք։ (Մատթէոս 10։34-36. Եբրայեցիս 12։14) Բայց մեր կարելին կ’ընենք,– առանց արդար սկզբունքներուն մէջ զիջումներ ընելու,– «ամէն մարդու հետ» խաղաղութիւն պահելու համար։

«Վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար»

15. Փոխվրէժէ հրաժարելու ի՞նչ պատճառ նշուած է Հռովմայեցիս 12։19–ի մէջ։

15 Պօղոս ուրիշ ուշագրաւ պատճառ մը կու տայ թէ ինչո՛ւ վրէժխնդիր պէտք չէ ըլլանք. անիկա հետեւելիք համեստ ընթացքն է։ Ան կ’ըսէ. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։ (Հռովմայեցիս 12։19) Վրէժ առնել ջանացող Քրիստոնեան յաւակնոտ է։ Ան կը դաւանի ստանձնել դեր մը, որ Աստուծոյ կը պատկանի։ (Մատթէոս 7։1) Ասկէ զատ, վրիժառու ըլլալով, ան ցոյց կու տայ թէ չի հաւատար Եհովայի երաշխիքին. «Ե՛ս պիտի հատուցանեմ»։ Միւս կողմէ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները վստահութիւն ունին թէ Եհովա ‘իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի ընէ’։ (Ղուկաս 18։7, 8. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8) Անոնք սխալին հատուցումը համեստօրէն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ կը ձգեն։—Երեմիա 30։23, 24. Հռովմայեցիս 1։18

16, 17. (ա) Մէկու մը ‘գլխուն վրայ կրակի կայծեր դիզելը’ ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Օրինակ մը տուր, եթէ անձամբ նկատած ես թէ քաղցրութիւնը ի՛նչպէս անհաւատի մը սիրտը կակուղցուցած է։

16 Թշնամիէն վրէժ լուծելը հաւանաբար անոր սիրտը կը կարծրացնէ, բայց ազնուօրէն վարուիլը կրնայ անոր սիրտը կակուղցնել։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ Հռովմի Քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերը։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես»։ (Հռովմայեցիս 12։20. Առակաց 25։21, 22) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

17 ‘Անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր դիզելը’ փոխաբերութիւն մըն է, որ Աստուածաշունչի ժամանակներուն մետաղներ հալեցնելու մեթոտէն ծագում առած է։ Մետաղը հնոց կը դրուէր, եւ անոր թէ՛ տակը եւ թէ վրան ածուխ կը շարուէր։ Անոր վրայ դիզուած կայծերը տաքութիւնը կ’աւելցնէին, այնպէս որ կարծր մետաղը կը հալէր եւ անմաքրութիւններէ կը զատուէր։ Նմանապէս, հակառակորդի մը ի նպաստ ազնիւ արարքներ ընելով, կրնանք իր կարծրութիւնը ‘հալեցնել’ եւ իր լաւ յատկութիւնները երեւան հանել։ (Դ. Թագաւորաց 6։14-23) Իրականութեան մէջ, քրիստոնէական ժողովքի անդամներէն շատեր, սկիզբը ճշմարիտ պաշտամունքով հրապուրուեցան՝ իրենց ի նպաստ Եհովայի ծառաներուն կատարած ազնիւ արարքներուն շնորհիւ։

Ինչո՛ւ վրէժխնդիր չենք ըլլար

18. Վրէժ չլուծելը ինչո՞ւ հետեւելիք շիտակ, սիրալիր ու համեստ ընթացքն է։

18 Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխին այս համառօտ քննարկութեան մէջ, տեսանք քանի մը կարեւոր պատճառներ թէ ինչո՛ւ ‘չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն պէտք չէ հատուցանենք’։ Առաջին, վրէժ լուծելէ ետ կենալը հետեւելիք շիտակ ընթացքն է։ Մեզի հանդէպ Աստուծոյ ողորմութեան ի տես, շիտակ ու տրամաբանական է որ մեր անձերը Եհովայի նուիրենք եւ յօժարակամ հնազանդինք իր պատուիրաններուն,– ի ներառեալ՝ մեր թշնամիները սիրելու պատուէրը։ Երկրորդ, մէկու մը չարիքին՝ չարիքով հատուցանել մերժելը հետեւելիք սիրալիր ընթացքն է։ Փոխվրէժէ ետ կենալով եւ խաղաղութիւն յառաջացնելով, սիրալիրօրէն կը յուսանք օգնել նոյնիսկ կարգ մը բուռն հակառակորդներու, որպէսզի Եհովայի երկրպագուներ դառնան։ Երրորդ, չարութիւն հատուցանելէ ետ կենալը հետեւելիք համեստ ընթացքն է։ Մեր ձեռքով վրէժ լուծելը յաւակնոտութիւն է, քանի որ Եհովա կ’ըսէ. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է»։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը զգուշացնէ. «Երբ հպարտութիւնը [«յաւակնոտութիւնը», ՆԱ] գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է»։ (Առակաց 11։2) Վրէժխնդրութիւնը խոհեմօրէն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ձգելով՝ մեր համեստութիւնը ցոյց կու տանք։

19. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

19 Պօղոս ուրիշներուն հետ ի՛նչպէս վարուելու մասին իր քննարկութիւնը ամփոփելով, Քրիստոնեաները կը յորդորէ. «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։ (Հռովմայեցիս 12։21) Ներկայիս ի՞նչ չար ուժեր կը դիմագրաւենք։ Ի՞նչպէս կրնանք անոնց յաղթել։ Այս եւ յարակից հարցումներ նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

Կրնա՞ս բացատրել

Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխին մէջ, կրկին անգամ ո՞ր յորդորը կը գտնենք։

• Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ վրէժխնդիր չըլլալու։

• Մենք եւ ուրիշներ ի՞նչ օգուտներ պիտի քաղենք եթէ ‘չարութեան փոխարէն չարութիւն չհատուցանենք’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 22]

Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխը կը նկարագրէ Քրիստոնեային յարաբերութիւնը՝

• Եհովայի հետ

• հաւատակիցներու հետ

• անհաւատներու հետ

[Նկար՝ էջ 23]

Հռովմայեցիներուն յղուած Պօղոսի նամակը Քրիստոնեաներուն կը հայթայթէ գործնական խրատներ

[Նկար՝ էջ 25]

Ստեփանոս աշակերտին օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ