Աստուծոյ աչքերը քու վրա՞դ են
Աստուծոյ աչքերը քու վրա՞դ են
ԵՀՈՎԱ՝ Ճարտար Ստեղծիչը, տեսնելու կարողութիւն ունի՞։ Անշո՛ւշտ։ Աստուածաշունչը կը պատճառաբանէ. «Միթէ . . . աչքը ստեղծողը չի՞ տեսներ»։ (Սաղմոս 94։9) Եհովայի տեսողութիւնը մարդոց տեսողութենէն շա՜տ գերազանց է։ Ան ո՛չ միայն մեր արտաքին երեւոյթը կը տեսնէ, այլեւ ‘սիրտը կը քննէ’ ու «սրտերը կը կշռէ»։ (Առակաց 17։3, ԱՎ. 21։2) Արդարեւ, ան մեր մտածումը, շարժառիթները եւ ամենաներքին ցանկութիւնները արժեւորելու կարողութիւն ունի։
Եհովա մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն իրազեկ է, եւ մեր աղաչանքներուն կը պատասխանէ։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։ Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։ (Սաղմոս 34։15, 18) Ո՜րքան մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա մեր պարագաները կը հասկնայ եւ մեր անկեղծ պաղատանքներուն կ’ընդառաջէ։
Եհովա Աստուած նոյնիսկ գաղտուկ արարքներուն տեղեակ է։ Արդարեւ «ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը»։ (Եբրայեցիս 4։13) Ուստի Աստուած կը նկատէ մեր բոլո՛ր արարքները, ըլլան լաւ թէ գէշ։ (Առակաց 15։3) Օրինակ, Ծննդոց 6։8, 9–ն կ’ըսէ թէ «Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ» եւ ան «Աստուծոյ հետ քալեց»։ Այո, Նոյ Եհովայի հաճութիւնն ու օրհնութիւնը վայելեց, քանի որ հնազանդ էր եւ արդար սկզբունքներուն կառչեցաւ։ (Ծննդոց 6։22) Միւս կողմէ, Նոյի ժամանակակիցները վայրագ ու անբարոյ էին։ Այս կացութիւնը Աստուծոյ կողմէ աննկատ չմնաց։ Ան «տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։ Ի վերջոյ, Եհովա չարագործներուն վրայ կործանում բերաւ, իսկ Նոյն ու իր ընտանիքը ողջ պահեց։—Ծննդոց 6։5. 7։23
Եհովա քեզի ալ պիտի հաճի՞։ Արդարեւ Եհովայի աչքերը «բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Շուտով ան երկրի վրայէն դարձեալ բոլոր չարագործները պիտի վերցնէ եւ սրտով հեզերը պիտի ազատէ։—Սաղմոս 37։10, 11