Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Աստուծոյ աչքին կը հարստանա՞ս’

‘Աստուծոյ աչքին կը հարստանա՞ս’

‘Աստուծոյ աչքին կը հարստանա՞ս’

«Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։—ՂՈՒԿԱՍ 12։21

1, 2. (ա) Մարդիկ ի՞նչ բանի համար մեծ զոհողութիւններ ընելու յօժար եղած են։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչ մարտահրաւէր ու վտանգ կը դիմագրաւեն։

ԳԱՆՁ փնտռելը միայն երախաներուն նախասիրած խաղերէն մէկը չէ. անիկա նաեւ իրական թատերախաղ մըն է, որ կրկին անգամ ցուցադրուած է զանազան դարաշրջաններու եւ երկիրներու մէջ։ Օրինակ, 19–րդ դարու ոսկիի տենդը Աւստրալիոյ, Հարաւային Ափրիկէի, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, հեռու տեղերէ ոսկեխոյզներ հրապուրեց որ իրենց տունն ու սիրելիները ձգելով փոխադրուին օտար եւ երբեմն թշնամալից երկիրներ։ Արդարեւ շատեր յօժար են իրենց կեանքը ծայր աստիճան վտանգելու եւ մեծ զոհողութիւններ ընելու, իրենց ցանկացած հարստութիւնը ձեռք ձգելու համար։

2 Թէեւ այսօր շատեր բառացիօրէն գանձ փնտռելու չեն երթար, սակայն ծանր կ’աշխատին իրենց ապրուստը ճարելու համար։ Իրերու ներկայ դրութեան մէջ ասիկա կրնայ դժուար, պահանջկոտ ու դժնդակ բան մը ըլլալ։ Շատ դիւրին է որ մէկը ուտելիքի, հագուստի եւ պատսպարանի մասին ա՛յնքան մտահոգուի, որ աւելի կարեւոր բաները անտեսէ կամ նոյնիսկ մոռնայ։ (Հռովմայեցիս 14։17) Յիսուս օրինակ մը կամ առակ մը տուաւ, որ մարդկային այս հակումը ճշգրտօրէն նկարագրեց։ Անիկա կը գտնուի Ղուկաս 12։16-21–ի մէջ։

3. Հակիրճօրէն պատմէ Ղուկաս 12։16-21–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի առակը։

3 Յիսուս իր առակը տուաւ՝ ագահութենէ զգուշացնելէ յետոյ, ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ մանրամասն քննարկեցինք։ Ան խօսեցաւ հարուստ մարդու մը մասին, որ բարիքներով լեցուած ամբարներով չգոհանալով, զանոնք կը քանդէ եւ աւելի մեծերը կը կառուցանէ, որպէսզի աւելի բարիքներ դիզէ։ Երբ ան կը խորհի թէ հանգստանալու եւ կեանքը վայելելու ժամանակը եկած է, Աստուած իրեն կ’ըսէ թէ պիտի մեռնի եւ ամբարած բոլոր բարիքները ուրիշի մը պիտի ըլլան։ Ապա Յիսուս եզրափակեց. «Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։ (Ղուկաս 12։21) Առակէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել եւ ի՞նչպէս մեր կեանքին մէջ կրնանք զայն կիրարկել։

Խնդիր ունեցող մարդ մը

4. Յիսուսի առակին մէջ ի՞նչպիսի մարդ մը ներկայացուած է։

4 Յիսուսի առակը շատերու ծանօթ է։ Նկատէ թէ ան պատմութիւնը սա խօսքով սկսաւ. «Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին»։ Յիսուս չըսաւ թէ մարդը իր հարստութիւնը անպարկեշտ կամ ապօրինի միջոցներով ձեռք բերած էր։ Ուրիշ խօսքով, ան չարագործ մը չէր։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի ըսածէն կրնանք եզրակացնել թէ ան ծանր աշխատած էր եւ առնուազն ապագայի համար ծրագրող ու խնայող մարդ մըն էր, թերեւս ի մտի ունենալով ընտանիքին բարօրութիւնը։ Հետեւաբար, աշխարհիկ տեսանկիւնէն դիտուած, ան կրնայ նկատուիլ ծանր աշխատող մարդ մը, որ իր պարտաւորութիւնները լուրջի կ’առնէր։

5. Առակին մէջի մարդը ի՞նչ խնդիր կը դիմագրաւէ։

5 Ամէն պարագայի, Յիսուս մարդը հարուստ կոչեց, ըսել ուզելով թէ ան արդէն նիւթական շատ բարիքներ ունէր։ Սակայն, ինչպէս Յիսուս նկարագրեց, այս մեծահարուստը խնդիր մը ունէր։ Անոր արտը ակնկալուածէն աւելի արտադրեց, շա՛տ աւելի քան՝ ինչ որ իրեն պէտք էր կամ կրնար հոգ տանիլ։ Ան ի՞նչ պէտք էր ընէր։

6. Աստուծոյ ծառաներէն շատեր ներկայիս ի՞նչ ընտրութիւններ կը դիմագրաւեն։

6 Ներկայիս Եհովայի ծառաներէն շատեր այս մեծահարուստին պարագային նման պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը ջանան պարկեշտ, ժրաջան ու խղճամիտ գործաւորներ ըլլալ։ (Կողոսացիս 3։22, 23) Անոնք ըլլան գործաւոր թէ գործատէր, յաճախ յաջողութիւն կը գտնեն եւ նոյնիսկ ուրիշները կը գերազանցեն։ Երբ պաշտօնի բարձրացում առաջարկուի կամ նոր պատեհութիւններ ներկայանան, անոնք որոշումի առջեւ կը գտնուին. իրենց գործը ընդարձակե՞ն։ Նոյնպէս, պատանի Վկաներէն շատեր գերազանցիկ աշակերտներ են։ Որպէս արդիւնք, անոնց մրցանակ կամ կրթանպաստ կրնայ շնորհուիլ, որ անուանի հիմնարկներու մէջ բարձր ուսում ստանան։ Անոնք ուրիշներու նման պարզապէս պէ՞տք է ընդունին առաջարկը։

7. Հարուստ մարդը ի՞նչպէս լուծեց իր խնդիրը։

7 Առակին մէջ, հարուստ մարդը ի՞նչ ըրաւ երբ արտը առատ բերք տուաւ։ Ան որոշեց իր ամբարները քանդել եւ աւելի մեծերը կառուցանել։ Այդպէս կը թուի թէ ծրագիրը ա՛յնքան ապահովութեան ու գոհունակութեան զգացում տուաւ անոր, որ ան խորհեցաւ. «Իմ անձիս ըսեմ. ‘Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր’»։—Ղուկաս 12։19

Ինչո՞ւ «անմիտ»

8. Հարուստ մարդը ո՞ր կենսական ազդակը նկատի չառաւ։

8 Յիսուսի նկարագրութեան համաձայն, հարուստ մարդուն ծրագիրը միայն ապահովութեան սխալ զգացում յարուց։ Անիկա գործնական թուեցաւ, բայց կենսական տարր մը հաշուի չառաւ,– Աստուծոյ կամքը։ Մարդը միայն ինքն իր մասին կը մտածէր. ի՛նչպէս կրնար հանգիստ ընել, ուտել, խմել եւ կեանքը վայելել։ Ան խորհեցաւ թէ «շատ բարիքներ» ունենալով՝ «շատ տարիներ» ալ պիտի ապրէր։ Բայց իրերը անոր ակնկալածին պէս չընթացան, ինչպէս Յիսուս նախապէս ըսած էր. «Մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ (Ղուկաս 12։15) Նոյն գիշերը, յանկարծ մարդուն ամէն աշխատանքը վերջ գտաւ, քանի որ Աստուած անոր ըսաւ. «Ա՛նմիտ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան»։—Ղուկաս 12։20

9. Հարուստ մարդը ինչո՞ւ անմիտ կոչուեցաւ։

9 Ահաւասիկ Յիսուսի առակին գլխաւոր կէտը։ Աստուած այս մարդը անմիտ կոչեց։ Աշխատասիրութիւն մը (Exegetical Dictionary of the New Testament) կը բացատրէ թէ գործածուած Յունարէն բառը «միշտ կը նշէ հասկացողութեան պակաս», եւ առակին մէջ Աստուած կը քօղազերծէ «հարուստին ապագայի վերաբերեալ ծրագիրներուն անիմաստ ըլլալը»։ Բառը կ’ակնարկէ մէկու մը որ ո՛չ թէ ուշիմութիւն չունի, այլ՝ «կը մերժէ ընդունիլ թէ Աստուծմէ կախեալ է»։ Հարուստ մարդուն նկարագրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ ի՛նչ որ Յիսուս հետագային ըսաւ Լաւոդիկէի ժողովքի Քրիստոնեաներուն. «Կ’ըսես. ‘Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ’։ Բայց չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ»։—Յայտնութիւն 3։17

10. «Շատ բարիքներ» ունենալը ինչո՞ւ «շատ տարիներ» ունենալ չ’երաշխաւորեր։

10 Առակէն քաղուած դասին մասին պէտք է խոկանք։ Կրնա՞յ ըլլալ որ առակին մէջի մարդուն նման ծանր կ’աշխատինք «շատ բարիքներ» ձեռք բերելու, բայց «շատ տարիներ» ունենալու համար հարկ եղած բաները չենք ըներ։ (Յովհաննէս 3։16. 17։3) Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ» եւ «իր հարստութեանը վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ»։ (Առակաց 11։4, 28) Ուստի Յիսուս սա խրատով առակը եզրափակեց. «Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։—Ղուկաս 12։21

11. Մեր յոյսն ու ապահովութիւնը նիւթական ստացուածքներու վրայ դնելը ինչո՞ւ անօգուտ է։

11 «Այսպէս է անիկա» ըսելով, Յիսուս նշեց թէ հարուստին պատահածը նաեւ պիտի պատահի անոնց, որոնք իրենց կեանքը,– իրենց յոյսն ու ապահովութիւնը,– կը կերտեն միայն նիւթական ստացուածքներու վրայ։ Սխալը ա՛լ աւելի կը կայանայ ‘Աստուծոյ չհարստանալուն’ մէջ, քան՝ ‘իր անձին համար գանձ դիզելուն’ մէջ։ Յակոբոս աշակերտ նոյնանման ազդարարութիւն մը հնչեցուց, երբ գրեց. «Հիմա մտի՛կ ըրէք դուք, որ կ’ըսէք. ‘Այսօր կամ վաղը երթանք այս անուն քաղաքը ու հոն տարի մը կենանք եւ առուտուր ընենք ու վաստկինք’. (դուք ոչինչ գիտէք վաղուան մասին . . . ։) Անոր տեղ ըսելու էք. ‘Եթէ Տէրը կամենայ ու ապրինք, այս կամ այն բանը ընենք’»։ (Յակոբոս 4։13-15) Անհատ մը ո՛րքան ալ հարուստ ըլլայ կամ շատ ստացուածքներ ունենայ, ամէնը անօգուտ պիտի ըլլայ, բացի եթէ Աստուծոյ հարստանայ։ Արդ, ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հարստանալ։

Աստուծոյ հարստանալ

12. Ի՞նչ ընելով Աստուծոյ կը հարստանանք։

12 Յիսուս Աստուծոյ հարստանալը հակադրեց գանձ դիզելուն կամ նիւթապէս հարստանալուն հետ, ցոյց տալով թէ կեանքի մէջ մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք չէ ըլլայ նիւթական հարստութիւն դիզել կամ մեր ունեցածը վայելել։ Մեր նիւթական միջոցները այնպէս մը պէտք է գործածենք, որ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը բարելաւենք կամ ամրացնենք։ Ասիկա ընելով վստահաբար Աստուծոյ պիտի հարստանանք, քանի որ ճամբան կը հարթէ աստուածային բազմաթիւ օրհնութիւններու։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։—Առակաց 10։22

13. Եհովայի օրհնութիւնը ի՞նչպէս «հարստութիւն կու տայ»։

13 Երբ Եհովա իր ժողովուրդին օրհնութիւններ շնորհէ, միշտ լաւագոյնը կու տայ։ (Յակոբոս 1։17) Օրինակ, երբ Եհովա Իսրայելացիներուն երկիր մը տուաւ, անիկա ‘կաթ ու մեղր բղխող երկիր’ մըն էր։ Թէեւ Եգիպտոսի մասին նոյն նկարագրութիւնը տրուած էր, սակայն Խոստացեալ Երկիրը առնուազն մէկ էական տարբեր երեսակ ունէր։ Զայն «քու Տէր Աստուածդ կը խնամէ», ըսաւ Մովսէս Իսրայելացիներուն։ Ուրիշ խօսքով, անոնք պիտի բարգաւաճէին, քանի որ Եհովա իրենց հոգ պիտի տանէր։ Այնքան ատեն որ Իսրայելացիները Եհովայի հաւատարիմ մնացին, իր կողմէ մեծապէս օրհնուեցան եւ շրջակայ ազգերէն շատ աւելի լաւ կեանք մը վայելեցին։ Արդարեւ, Եհովայի օրհնութիւնն է որ «հարստութիւն կու տայ»։—Թուոց 16։13. Բ. Օրինաց 4։5-8. 11։8-15

14. Աստուծոյ աչքին հարուստ եղողները ի՞նչ կը վայելեն։

14 ‘Աստուծոյ հարստանալ’ արտայայտութիւնը նաեւ թարգմանուած է՝ «Աստուծոյ աչքին հարստանալ» (Անթիլիաս)։ Նիւթական հարստութիւն ունեցողները ընդհանրապէս հետաքրքրուած կ’ըլլան թէ ուրիշներու մօտ ի՛նչ տպաւորութիւն կը ձգեն, ինչպէս յաճախ անոնց կենցաղակերպը ցոյց կու տայ։ Անոնք կ’ուզեն իրենց «երկրաւոր ինչքերով» մարդիկը տպաւորել։ (Ա. Յովհաննէս 2։16, Անթիլիաս) Միւս կողմէ, Աստուծոյ աչքին հարուստ եղողները իր հաճութիւնը, հաւանութիւնն ու շնորհքը կը վայելեն եւ իրեն հետ ջերմ յարաբերութիւն ունին։ Այս առանձնաշնորհեալ կացութիւնը վստահաբար անոնց կու տայ բարօրութեան եւ ապահովութեան զգացում մը, որ նիւթական հարստութեան տուածը կը գերազանցէ։ (Եսայի 40։11) Բայց Աստուծոյ աչքին հարստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

Աստուծոյ աչքին հարստանալ

15. Աստուծոյ աչքին հարստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

15 Առակին մէջ, մարդը ծրագրեց ու ծանր աշխատեցաւ միայն իր անձը հարստացնելու համար, եւ այս պատճառաւ անմիտ կոչուեցաւ։ Ուստի Աստուծոյ աչքին հարստանալու համար, պէտք է ջանանք ծանր աշխատիլ եւ լման մասնակցութիւն բերել այն գործունէութիւններուն մէջ, զորս Աստուած արժէքաւոր ու պիտանի կը նկատէ, ինչպէս՝ Յիսուսի պատուէրը. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք»։ (Մատթէոս 28։19) Մեր ժամանակը, կորովն ու տաղանդները մեր նիւթական յառաջդիմութեան համար գործածելու փոխարէն՝ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ գործածելը կրնայ ներդրում մը ընելու նմանցուիլ։ Ասիկա ընողները հոգեւոր մեծ շահաբաժին ձեռք ձգած են, ինչպէս հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան։—Առակաց 19։17

16, 17. Ի՞նչ փորձառութիւններ կրնաս պատմել, ցոյց տալու համար այն կենցաղակերպը որ անհատը Աստուծոյ աչքին կը հարստացնէ։

16 Նկատի առ Արեւելեան երկրի մը մէջ ապրող Քրիստոնեայ մարդու մը պարագան։ Որպէս համակարգիչի մասնագէտ, ան լաւ–վճարուած պաշտօն մը ունէր։ Սակայն գործը գրեթէ իր ամբողջ ժամանակը կը խլէր եւ հոգեւորապէս աղքատ ըլլալու զգացում մը կու տար իրեն։ Վերջապէս, փոխանակ փորձելու որ գործին մէջ յառաջանայ, ան հրաժարեցաւ եւ սկսաւ պաղպաղակ շինել ու ճամբու վրայ ծախել, որպէսզի կարենայ աւելի ժամանակ ունենալ իր հոգեւոր կարիքները եւ պատասխանատուութիւնները հոգալու։ Նախկին գործընկերները զինք ծաղրեցին, բայց իր ըրածը ի՞նչ արդիւնք տուաւ։ Ան ըսաւ. «Իրականութեան մէջ, նիւթապէս աւելի լաւ վիճակ ունեցայ։ Աւելի ուրախ եմ, քանի որ նախկին պաշտօնիս պատճառած ճնշուածութիւնն ու մտահոգութիւնը չունիմ։ Իսկ աւելի կարեւորը, այժմ Եհովայի աւելի մօտիկ կը զգամ»։ Իր ըրած փոփոխութեամբ, ան կրցաւ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկել եւ այժմ կը ծառայէ իր երկրին մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղին մէջ։ Արդարեւ Եհովայի օրհնութիւնը «հարստութիւն կու տայ»։

17 Երկրորդ օրինակը կնոջ մը պարագան է, որուն ընտանիքը բարձր ուսման մեծ արժէք կու տար։ Ան յաճախեց Ֆրանսայի, Մեքսիկայի եւ Զուիցերիոյ համալսարանները ու խոստմնալից ասպարէզ մը ունէր։ Ան ըսաւ. «Յաջողութիւնը ինծի կը ժպտար, համբաւ ու յատուկ առաւելութիւններ կը վայելէի, բայց ներքին պարապութիւն կը զգայի եւ մեծապէս դժգոհ էի»։ Եհովայի մասին սորվելէ յետոյ, ան ըսաւ. «Մինչ հոգեւորապէս յառաջդիմեցի, Եհովան հաճեցնելու եւ ինծի տուած բաներուն փոխարէն բան մը հատուցանելու փափաքս օգնեց որ յստակօրէն տեսնեմ բռնելիք ճամբաս,– իրեն լիաժամ ծառայել»։ Ան իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ եւ շուտով մկրտուեցաւ։ Ան 20 տարիէ ի վեր ուրախութեամբ կը ծառայէ որպէս լիաժամ ծառայ։ Ան կը պատմէ. «Ոմանք կը խորհին թէ տաղանդներս վատնեցի, բայց կ’անդրադառնան որ ուրախ եմ եւ կը հիանան հետեւած սկզբունքներուս վրայ։ Ամէն օր Եհովայի կ’աղօթեմ որ ինծի օգնէ խոնարհ ըլլալու, այնպէս որ իր հաճութիւնը ունենամ»։

18. Պօղոսի նման, ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հարստանալ։

18 Սօղոս, որ հետագային Պօղոս առաքեալը եղաւ, խոստմնալից ասպարէզ մը պիտի ունենար։ Այսուհանդերձ, ան նշեց. «Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար»։ (Փիլիպպեցիս 3։7, 8) Պօղոսի համար, Քրիստոսի միջոցաւ իր ձեռք ձգած գանձերը կը գերազանցէին աշխարհի հրամցուցած բոլոր բաները։ Նմանապէս, անձնասէր փառատենչութիւնը լքելով եւ բարեպաշտ կեանք վարելով, մենք ալ կրնանք Աստուծոյ աչքին հարստանալ։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են»։—Առակաց 22։4

Կրնա՞ս բացատրել

• Յիսուսի առակին մէջ, հարուստ մարդը ի՞նչ խնդիր ունէր։

• Հարուստ մարդը ինչո՞ւ անմիտ կոչուեցաւ։

• Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հարստանալ։

• Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ աչքին հարստանալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

Հարուստ մարդը ինչո՞ւ անմիտ կոչուեցաւ

[Նկար՝ էջ 29]

Նիւթապէս բարգաւաճելու պատեհութիւնները ի՞նչպէս կրնան իսկական փորձութիւն մը ըլլալ