Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եզեկիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)

Եզեկիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Եզեկիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)

ԹՈՒԱԿԱՆԸ՝ Հ.Դ.Ա. 609–ի Դեկտեմբեր ամիսն է։ Բաբելոնի թագաւորը սկսած է Երուսաղէմի վերջին պաշարումը։ Ցարդ, Բաբելոնի մէջ եղող աքսորեալներուն ուղղուած Եզեկիէլի պատգամը մէկ բնաբանի վրայ կեդրոնացած է. իրենց սիրելի քաղաքին՝ Երուսաղէմի անկումն ու կործանումը։ Սակայն այժմ, Եզեկիէլի մարգարէութիւններուն նիւթը կ’ըլլայ դատապարտել հեթանոս ազգերը, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ եկած աղէտին համար պիտի ուրախանան։ Երբ 18 ամիս ետք Երուսաղէմ կը նուաճուի, Եզեկիէլի պատգամը անգամ մը եւս նոր բնաբան մը կը ստանայ. ճշմարիտ պաշտամունքին փառաւոր վերահաստատումը։

Եզեկիէլ 25։1–48։35 կը բովանդակէ մարգարէութիւններ Իսրայէլը շրջապատող ազգերուն մասին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ազատագրութեան մասին։ * Արձանագրութիւնը կը հետեւի ժամանակագրական ու թեմատիկ շարքաւորումի, բացի Եզեկիէլ 29։17-20–էն, որ կապ ունի շուրջի համարներուն բնաբանին հետ։ Որպէս ներշնչուած Սուրբ Գրութիւններուն մէկ մասը, Եզեկիէլի գիրքը պատգամ մը ունի որ «կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

‘ԱՅՍ ԵՐԿԻՐԸ ԵԴԵՄԻ ԴՐԱԽՏԻՆ ՊԷՍ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ’

(Եզեկիէլ 25։1–39։29)

Կանխատեսելով իրենց հակազդեցութիւնը Երուսաղէմի անկման, Եհովա կը մղէ Եզեկիէլը որ մարգարէանայ Ամմոնի, Մովաբի, Եդովմի, Փղշտիայի, Տիւրոսի ու Սիդոնի դէմ։ Եգիպտոս պիտի թալանուի։ ‘Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորն ու անոր ժողովուրդը’ եղեւինի մը նմանցուած են, որ «Բաբելոնի թագաւորին սուր»ով պիտի կտրուի։—Եզեկիէլ 31։2, 3, 12. 32։11, 12

Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումէն շուրջ վեց ամիս ետք, ազատած մը կու գայ եւ Եզեկիէլի կը տեղեկագրէ. «Քաղաքը զարնուեցաւ»։ Մարգարէն ‘ա՛լ համր չըլլալով’՝ կը սկսի աքսորեալներուն պատգամներ հաղորդել։ (Եզեկիէլ 33։21, 22) Ան վերահաստատման մարգարէութիւններ կը յայտարարէ։ Եհովա ‘անոնց վրայ հովիւ մը, իր ծառան Դաւիթը պիտի կեցնէ’։ (Եզեկիէլ 34։23) Եդովմ անբնակ պիտի դառնայ, իսկ Յուդան «Եդեմի դրախտին պէս» պիտի ըլլայ։ (Եզեկիէլ 36։35) Եհովա կը խոստանայ իր վերահաստատուած ժողովուրդը «Գոգի» յարձակումէն պաշտպանել։—Եզեկիէլ 38։2

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

29։8-12—Եգիպտոս ե՞րբ 40 տարի ամայի եղաւ։ Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումէն ետք, Յուդայէն մնացորդը Եգիպտոս փախաւ, հակառակ Երեմիա մարգարէին տուած ազդարարութեան։ (Երեմիա 24։1, 8-10. 42։7-22) Բայց անոնք չազատեցան, քանի որ Նաբուգոդոնոսոր Եգիպտոսի վրայ յարձակեցաւ ու զայն նուաճեց։ Թերեւս այս նուաճումին յաջորդեց Եգիպտոսի 40 տարուան ամայացումը։ Թէեւ աշխարհիկ պատմութիւնը այս ամայացման վերաբերեալ ապացոյցներ չունի, սակայն կրնանք վստահ ըլլալ թէ անիկա տեղի ունեցաւ, քանի որ Եհովա մարգարէութիւն Կատարող է։—Եսայի 55։11

29։18—Ի՞նչպէս «ամէն գլուխ կնտացաւ ու ամէն ուսի մորթ ելաւ»։ Տիւրոսի ցամաք–քաղաքին պաշարումը ա՛յնքան խիստ ու ծանր էր, որ Նաբուգոդոնոսորի զինուորներուն գլուխը կնտացաւ՝ սաղաւարտին պատճառած քերթումով, իսկ անոնց ուսի մորթը ելաւ՝ աշտարակներու եւ ամրութիւններու համար շինանիւթեր կրելով։—Եզեկիէլ 26։7-12

Դասեր՝ մեզի համար.

29։19, 20. Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր Տիւրոսէն շատ քիչ աւար ձեռք ձգեց, քանի որ Տիւրացիները կղզի–քաղաքը փախան՝ իրենց հարստութեան մեծ մասը իրենց հետ տանելով։ Նաբուգոդոնոսոր հպարտ եւ անձնակեդրոն հեթանոս կառավարիչ մը ըլլալով հանդերձ, իր կատարած գործին համար Եհովա զինք վարձատրեց, Եգիպտոսը տալով որպէս «վարձք» իր զօրագունդին։ Ճշմարիտ Աստուածը պէտք չէ՞ ընդօրինակենք՝ տուրքեր վճարելով կառավարութիւններուն, մեզի մատուցուած ծառայութիւններուն համար։ Ո՛չ աշխարհիկ հեղինակութիւններուն վարքը, ո՛չ ալ տուրքերուն գործածութեան կերպը կը ջնջէ այս պարտաւորութիւնը։—Հռովմայեցիս 13։4-7

33։7-9. Այժմու դէտ դասակարգը,– օծեալ մնացորդը,– եւ իր ընկերակիցները երբեք պէտք չէ ետ կենան Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելէ ու մօտալուտ «մեծ նեղութեան» նկատմամբ մարդիկը ազդարարելէ։—Մատթէոս 24։21

33։10-20. Մեր փրկութիւնը կախեալ է չար ճամբաները լքելէ եւ Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում տալէ։ Արդարեւ Եհովայի ճամբան «ուղիղ» է։

36։20, 21. Որպէս «Եհովային ժողովուրդ»ը իր չափանիշներուն համաձայն չապրելով, Իսրայելացիները ազգերուն մէջ Աստուծոյ անունը աղարտեցին։ Միայն անունով Եհովայի երկրպագուներ բնաւ պէտք չէ ըլլանք։

36։25, 37, 38. Մեր վայելած հոգեւոր դրախտը «սուրբ հօտ»ով լեցուն է։ Հետեւաբար պէտք է ջանանք զայն մաքուր պահել։

38։1-23. Ո՜րքան սրտապնդիչ է գիտնալ թէ Եհովա իր ժողովուրդը պիտի ազատէ, երբ Մագոգի երկիրը եղող Գոգը յարձակի։ Գոգ՝ «այս աշխարհի իշխան»ին՝ Բանսարկուի տրուած անունն է, երկնքէն վռնտուելէ յետոյ։ Մագոգի երկիրը կ’ակնարկէ երկրագունդի շրջակայքին, ուր Սատանան եւ իր դեւերը արգելափակուած են։—Յովհաննէս 12։31. Յայտնութիւն 12։7-12

«ԲՈԼՈՐ ՑՈՒՑՈՒՑԱԾՆԵՐՈՒՍ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԸՐԷ՛»

(Եզեկիէլ 40։1–48։35)

Երուսաղէմ քաղաքին զարնուելուն 14–րդ տարին է։ (Եզեկիէլ 40։1) Տարագրութիւնը 56 տարի եւս պիտի շարունակուի։ (Երեմիա 29։10) Այժմ Եզեկիէլ մօտ 50 տարեկան է։ Տեսիլքի մը մէջ, ան Իսրայէլի երկիրը կը տարուի եւ անոր կ’ըսուի. «Որդի՛ մարդոյ, աչքերովդ տե՛ս ու ականջներովդ լսէ՛ ու բոլոր ցուցուցածներուս ուշադրութիւն ըրէ՛»։ (Եզեկիէլ 40։2-4) Եզեկիէլ ո՜րքան ուրախ ըլլալու է՝ նոր տաճարի մը տեսիլքը ստանալով։

Եզեկիէլի տեսած փառաւոր տաճարը ունի 6 դռանցք, 30 ճաշասենեակ, Սրբութիւնը, Սրբութիւն Սրբութեանցը, փայտէ զոհասեղան եւ ողջակէզի ընծաներու զոհասեղան։ Տաճարէն ջուրեր կը հոսին ու գետ կը դառնան։ (Եզեկիէլ 47։1) Եզեկիէլ նաեւ տեսիլքի մը մէջ կը տեսնէ երկրին բաժանումը տոհմերուն միջեւ,– իւրաքանչիւր բաժին երկարելով արեւելքէն արեւմուտք, իսկ Յուդայի եւ Բենիամինի բաժիններուն միջեւ եղող վարչական հողաշերտին մէջ կը գտնուին «Տէրոջը սրբարանը» եւ Եհովաշամա կոչուած «քաղաքը»։—Եզեկիէլ 48։9, 10, 15, 35

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

40։3–47։12—Տեսլական տաճարը ի՞նչ կը պատկերացնէ։ Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ տեսնուած հսկայ տաճարը երբեք չկառուցուեցաւ։ Անիկա պատկերացուց Աստուծոյ հոգեւոր տաճարը,– իր տաճարանման կարգադրութիւնը մերօրեայ մաքուր պաշտամունքին համար։ (Եզեկիէլ 40։2. Միքիա 4։1. Եբրայեցիս 8։2. 9։23, 24) Տաճարի տեսիլքը «վերջին օրեր»ու ընթացքին կը կատարուի, երբ քահանայութիւնը կը զտուի։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Եզեկիէլ 44։10-16. Մաղաքիա 3։1-3) Սակայն անիկա վերջնական կատարում մը ունի Դրախտին մէջ։ Տեսլական տաճարը Հրեայ աքսորեալներուն խոստում մը հայթայթեց թէ մաքուր պաշտամունքը պիտի վերահաստատուէր եւ իւրաքանչիւր Հրեայ ընտանիք երկրին մէջ ժառանգութիւն մը պիտի ունենար։

40։3–43։17—Տաճարը չափելը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Տաճարը չափելը նշան մըն է թէ մաքուր պաշտամունքի վերաբերեալ Եհովայի նպատակը անպայման պիտի կատարուի։

43։2-4, 7, 9—Ի՞նչ էին «թագաւորներուն դիակները», որոնք տաճարէն պէտք էր հեռացուէին։ Ակներեւօրէն, դիակները կ’ակնարկէին կուռքերուն։ Երուսաղէմի կառավարիչներն ու բնակիչները Աստուծոյ տաճարը կուռքերով պղծած էին, զանոնք իրենց թագաւորները ընելով։

43։13-20—Տեսիլքին մէջ Եզեկիէլի տեսած զոհասեղանը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ Այլաբանական զոհասեղանը Աստուծոյ կամքն է՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին վերաբերեալ։ Այս կարգադրութեան շնորհիւ, օծեալները կ’արդարանան եւ «մեծ բազմութիւն»ը Աստուծոյ աչքին մաքուր ու անարատ է։ (Յայտնութիւն 7։9-14. Հռովմայեցիս 5։1, 2) Թերեւս ասիկա կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ տեսլական տաճարին մէջ չկայ Սողոմոնի տաճարին ‘ձուլածոյ ծովը’, որ քահանաներուն կողմէ կը գործածուէր լուացումի համար։—Գ. Թագաւորաց 7։23-26

44։10-16—Քահանայական դասակարգը ո՞վ կը պատկերացնէ։ Քահանայական դասակարգը կը նախապատկերացնէ մերօրեայ օծեալ Քրիստոնեաներու խումբը։ Անոնց զտումը տեղի ունեցաւ 1918–ին, երբ Եհովա իր հոգեւոր տաճարին մէջ «արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս» նստաւ։ (Մաղաքիա 3։1-5) Անոնք որ մաքուր կամ զղջացած էին, կրնային իրենց ծառայութեան առանձնաշնորհումը պահել։ Անկէ ետք, անոնք պէտք էր ծանր աշխատէին որ իրենք զիրենք ‘անարատ պահէին աշխարհէն’, օրինակ հանդիսանալով «մեծ բազմութեան», որ ոչ–քահանայական ցեղերով պատկերացուած էր։—Յակոբոս 1։27. Յայտնութիւն 7։9, 10

45։1. 47։13–48։29—«Երկիր»ը եւ անոր բաժանումը ի՞նչ կը պատկերացնեն։ Երկիրը կը ներկայացնէ Աստուծոյ ժողովուրդին գործունէութեան ծիրը։ Եհովայի երկրպագուն ո՛ւր որ ալ գտնուի, ան վերահաստատուած երկրին մէջ է՝ այնքան ատեն որ ճշմարիտ պաշտամունքին նեցուկ կը կանգնի։ Երկրին բաժանումը իր վերջնական կատարումը պիտի ունենայ նոր աշխարհին մէջ, ուր իւրաքանչիւր հաւատարիմ անհատ տեղ մը պիտի ժառանգէ։—Եսայի 65։17, 21

45։7, 16—Ժողովուրդին կողմէ քահանայութեան եւ իշխանին տրուած ընծան ի՞նչ կը պատկերացնէ։ Հոգեւոր տաճարին մէջ, ասիկա գլխաւորաբար կ’ակնարկէ հոգեւոր օգնութեան,– աջակցելով ու համագործակցելով։

47։1-5—Եզեկիէլի տեսլական գետին ջուրերը ի՞նչ կը պատկերացնեն։ Ջուրերը կը պատկերացնեն Եհովայի հոգեւոր հայթայթումները կեանքի համար, ի ներառեալ՝ Քրիստոս Յիսուսի փրկանքի զոհը եւ Աստուածաշունչի բովանդակած Աստուծոյ գիտութիւնը։ (Երեմիա 2։13. Յովհաննէս 4։7-26. Եփեսացիս 5։25-27) Գետը աստիճանաբար աւելի խորունկ կը դառնայ, որպէսզի դիւրութիւն տայ բազմաթիւ նորեկներու, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքը կ’ընդունին։ (Եսայի 60։22) Հազարամեայի ընթացքին, գետէն պիտի հոսին ամենէն ազդու կեանքի ջուրերը, իսկ անոր ջուրերը յաւելեալ հասկացողութիւն պիտի պարփակեն՝ բացուած «գրքեր»էն ձեռք ձգուած։—Յայտնութիւն 20։12. 22։1, 2

47։12—Պտղաբեր ծառերը ի՞նչ կը ներկայացնեն։ Խորհրդանշական ծառերը կը պատկերացնեն Աստուծոյ հոգեւոր կարգադրութիւնները՝ մարդկութիւնը ետ կատարելութեան հասցնելու համար։

48։15-19, 30-35—Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի քաղաքը ի՞նչ կը պատկերացնէ։ «Եհովաշամա» կը գտնուի «անսուրբ» հողաշերտի մէջ, նշելով թէ երկրային բան մը կը պատկերացնէ։ Կը թուի թէ քաղաքը կը ներկայացնէ երկրային վարչութիւնը, որմէ պիտի օգտուին բոլոր անոնք որ կը կազմեն արդար «նոր երկիր»ը։ (Բ. Պետրոս 3։13) Ամէն կողմէ դռներ ունենալը ցոյց կու տայ անոր դիւրամատչելի ըլլալը։ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ծառայող տեսուչները դիւրամերձ պիտի ըլլան։

Դասեր՝ մեզի համար.

40։14, 16, 22, 26. Տաճարին մուտքերու պատերուն վրայ քանդակուած արմաւենիները ցոյց կու տան թէ միայն բարոյապէս ուղիղ եղողներուն արտօնուած է ներս մտնել։ (Սաղմոս 92։12) Ասիկա մեզի կը սորվեցնէ թէ Եհովա մեր պաշտամունքը կ’ընդունի միայն եթէ ուղիղ ենք։

44։23. Ո՜րքան երախտապարտ կրնանք ըլլալ՝ այժմու քահանայական դասակարգին կողմէ մատուցուած ծառայութիւններուն համար։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ժամանակայարմար հոգեւոր սնունդ հայթայթելու մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ, որ մեզի կ’օգնէ Եհովայի աչքին անմաքուր ու մաքուր եղած բաներուն տարբերութիւնը գիտնալու։—Մատթէոս 24։45

47։9, 11. Այլաբանական ջուրերուն էական մէկ երեսակը՝ գիտութիւնը, մեր օրերուն սքանչելի բուժում մը կը կատարէ։ Ամէնուրեք անիկա մարդիկը հոգեւորապէս կը կենդանացնէ։ (Յովհաննէս 17։3) Միւս կողմէ, կենսատու ջուրը չընդունողները «աղի համար պիտի պահուին»,– վերջնականապէս պիտի բնաջնջուին։ Ո՜րքան կարեւոր է որ ‘ջանանք ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել’։—Բ. Տիմոթէոս 2։15

«Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս»

Դաւիթի շառաւիղէն եղող վերջին թագաւորը վերցուելէ յետոյ, ճշմարիտ Աստուածը թոյլատրեց որ երկար ժամանակ անցնի, մինչեւ գայ ա՛ն՝ «որուն իրաւունքն է» թագաւորել։ Սակայն Աստուած Դաւիթի հետ իր ըրած ուխտը չլքեց։ (Եզեկիէլ 21։27. Բ. Թագաւորաց 7։11-16) Եզեկիէլի մարգարէութիւնը կը խօսի «իմ ծառաս Դաւիթ»ի մասին, որ «հովիւ» ու «թագաւոր» պիտի ըլլայ։ (Եզեկիէլ 34։23, 24. 37։22, 24, 25) Անիկա Յիսուս Քրիստոսն է՝ Թագաւորութեան հեղինակութեամբ։ (Յայտնութիւն 11։15) Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ, Եհովա ‘իր մեծ անունը սուրբ պիտի ընէ’։—Եզեկիէլ 36։23

Շուտով պիտի բնաջնջուին բոլոր անոնք որ Աստուծոյ սուրբ անունը կ’աղարտեն։ Բայց անոնք որ իրենց կեանքին մէջ այդ անունը կը սրբացնեն՝ ընդունելի կերպով Եհովան պաշտելով, յաւիտենական կեանք պիտի ստանան։ Հետեւաբար, այժմ առատապէս հոսող կեանքի ջուրերէն լիովին օգտուինք եւ ճշմարիտ պաշտամունքը մեր կեանքին առանցքը դարձնենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Եզեկիէլ 1։1–24։27–ի քննարկման համար, տես՝ «Եզեկիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր (Մաս 1)», Դիտարան 1 Յուլիս 2007 թիւին մէջ։

[Նկար՝ էջ 7]

Եզեկիէլի տեսիլքին փառաւոր տաճարը

[Նկար՝ էջ 8]

Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի կեանքի գետը ի՞նչ կը պատկերացնէ

[Նկարին աղբիւրը]

Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.