Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն»

«Զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն»

«Զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն»

«Մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն»։—ՂՈՒԿԱՍ 12։15, Անթիլիաս

1, 2. (ա) Մարդոց ներկայ հետաքրքրութիւններուն ու հետապնդումներուն մասին ի՞նչ նկատած ես։ (բ) Այսպիսի կեցուածքներ ի՞նչպէս կրնան մեզի ազդել։

ԴՐԱՄ, ստացուածք, համբաւ, լաւ–վճարուած պաշտօն, ընտանիք,– այսպիսի բաներ մարդոց աչքին կը նկատուին յաջողութեան չափանիշներ կամ ապահով ապագայի երաշխիք։ Բացայայտ է որ թէ՛ հարուստ եւ թէ աղքատ երկիրներու մէջ, շատերու հետաքրքրութիւններն ու հետապնդումները կեդրոնացած են նիւթական յառաջդիմութեան վրայ։ Միւս կողմէ, հոգեւոր բաներու հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը արագօրէն կը նուազի։

2 Աստուածաշունչը ասիկա նախագուշակած էր, ինչպէս կը կարդանք. «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, . . . աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ամէն օր այսպիսի անհատներու հետ ապրելով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները յարատեւ ճնշումի կ’ենթարկուին որ այս մտայնութեան ու կենցաղին համակերպին։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ աշխարհի այս ջանքերուն դէմ դնենք։—Հռովմայեցիս 12։2

3. Այժմ Յիսուսի ո՞ր խրատը նկատի պիտի առնենք։

3 Որպէս ‘մեր հաւատքին առաջնորդն ու կատարողը’, Յիսուս Քրիստոս այս ուղղութեամբ ազդու դասեր հայթայթած է։ (Եբրայեցիս 12։2) Առիթով մը, երբ Յիսուս ամբոխի մը կը խօսէր հոգեւոր նիւթերու շուրջ, մարդ մը ընդմիջեց ու սա խնդրանքը ըրաւ. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։ Ասոր հակազդելով, Յիսուս թէ՛ անհատին եւ թէ ներկաներուն լուրջ խրատներ տուաւ։ Ան ագահութեան դէմ ուժգին ազդարարեց եւ իր ըսածը միտք–գրգռող օրինակով մը ընդգծեց։ Լաւ կ’ըլլայ որ իր ըսածներուն ուշադրութիւն ընծայենք եւ տեսնենք թէ զանոնք մեր կեանքին մէջ կիրարկելով ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ։—Ղուկաս 12։13-21

Անպատշաճ խնդրանք մը

4. Յիսուսի խօսքը ընդմիջելը ինչո՞ւ անպատշաճ էր։

4 Ընդմիջումէ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն եւ ուրիշներու կը խօսէր կեղծաւորութենէ զգուշանալու, մարդոց առջեւ մարդու Որդին դաւանելու քաջութիւնը ունենալու եւ սուրբ հոգիէն օգնութիւն ստանալու մասին։ (Ղուկաս 12։1-12) Վստահաբար ասոնք աշակերտներուն կողմէ լուրջի առնուելիք կենսական նիւթեր էին։ Սակայն այս միտք–գրգռող ճառին ընթացքին, մարդը անակնկալօրէն ընդմիջեց եւ Յիսուսէ խնդրեց որ ընտանեկան ժառանգութեան հարց մը նկատի առնէ։ Այս միջադէպէն կրնանք կարեւոր դաս մը քաղել։

5. Մարդուն խնդրանքը իր անձնաւորութեան մասին ի՞նչ յայտնեց։

5 Ըսուած է թէ «կրօնական քարոզ մը մտիկ ընելու ատեն՝ անհատին խորհուրդները յաճախ իր անձնաւորութիւնը կը յայտնեն»։ Մինչ Յիսուս հոգեւոր լուրջ հարցեր կը քննարկէր, հաւանաբար մարդը կը մտածէր թէ ի՛նչ կրնար ընել նիւթական շահեր ապահովելու համար։ Չէ նշուած թէ ան ժառանգութեան առնչութեամբ մտահոգուելու վաւերական պատճառ մը ունէ՛ր թէ ոչ։ Թերեւս ան կը փորձէր օգտագործել Յիսուսի հեղինակութիւնն ու համբաւը որպէս մարդկային հարցերու իմաստուն դատաւոր։ (Եսայի 11։3, 4. Մատթէոս 22։16) Ամէն պարագայի, անոր խնդրանքը կը թելադրէ թէ սրտին մէջ խնդիր մը կար,– հոգեւոր բաներու հանդէպ թերագնահատութիւն։ Ասիկա մենք մեզ քննելու լաւ պատճառ մը չէ՞։ Օրինակ, քրիստոնէական ժողովներուն մէջ դիւրին է թոյլ տալ որ մեր միտքը թափառի կամ սկսինք մեր ընելիք բաներուն մասին մտածել։ Փոխարէն, ըսուածներուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք եւ տեղեկութիւնները իւրացնենք, որպէսզի կարենանք մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ մեր յարաբերութիւնը բարելաւել։—Սաղմոս 22։22. Մարկոս 4։24

6. Յիսուս ինչո՞ւ մերժեց մարդուն խնդրանքը։

6 Ի՛նչ որ ալ ըլլար մարդուն շարժառիթը, Յիսուս անոր խնդրանքը մերժեց՝ ըսելով. «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ»։ (Ղուկաս 12։14) Յիսուս ակնարկեց բանի մը, որուն ներկաները տեղեակ էին։ Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, քաղաքներու մէջ դատաւորներ կը նշանակուէին այսպիսի հարցեր նկատի առնելու համար։ (Բ. Օրինաց 16։18-20. 21։15-17. Հռութ 4։1, 2) Միւս կողմէ, Յիսուս աւելի կարեւոր բաներով հետաքրքրուած էր,– Թագաւորութեան ճշմարտութեան մասին վկայել եւ Աստուծոյ կամքը մարդոց սորվեցնել։ (Յովհաննէս 18։37) Յիսուսի օրինակին հետեւելով, փոխանակ աշխարհիկ հարցերով տարուելու, մեր ժամանակն ու կորովը կը գործածենք բարի լուրը քարոզելու եւ մարդիկ ‘աշակերտելու’ համար։—Մատթէոս 24։14. 28։19

Ագահութենէ զգուշացիր

7. Յիսուս խորազնին ի՞նչ խօսք ըսաւ։

7 Սրտին խորագոյն դիտաւորութիւնները զատորոշելու կարող ըլլալով, Յիսուս գիտցաւ որ անձնական հարցի մը մէջ իր միջամտութիւնը խնդրելը լուրջ բան մը կը պարփակէր։ Հետեւաբար, խնդրանքը պարզապէս մերժելու տեղ, Յիսուս հարցին խորը թափանցեց եւ ըսաւ. «Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն»։—Ղուկաս 12։15, Անթիլիաս

8. Ի՞նչ է ագահութիւնը եւ ի՞նչ բանի կրնայ առաջնորդել։

8 Ագահութիւնը դրամ կամ այլ բաներ ունենալու ցանկութենէն աւելին է, որոնք պատշաճ գործածութիւն ու նպատակ կրնան ունենալ։ Անիկա հարստութիւն, ստացուածք կամ ուրիշի մը ունեցածը ձեռք բերելու տենչ է, եւ կը պարփակէ որոշ բաներ սեփականացնելու անյագ փափաք, նոյնիսկ եթէ անոնք ուրիշներու կը պատկանին, առանց նկատի առնելու իսկական կարիքները կամ ունենալիք ազդեցութիւնները, այլ՝ պարզապէս զանոնք ունենալու սիրոյն։ Ագահ անհատը թոյլ կու տայ որ իր ցանկացածը տիրապետէ իր մտածումին եւ արարքներուն ա՛յն աստիճան որ աստուած մը դառնայ։ Մտաբերէ թէ Պօղոս առաքեալ ագահ անհատը սեպեց կռապաշտ մը, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ բաժին չունի։—Եփեսացիս 5։5. Կողոսացիս 3։5

9. Օրինակներով պարզէ թէ ագահութիւնը ի՛նչպէս կը ցուցաբերուի։

9 Հետաքրքրական է որ Յիսուս «ագահութեան բոլոր տեսակներէն» զգուշացուց։ Ագահութիւնը զանազան երեսակներ ունի։ Տասը Պատուիրաններուն վերջինը հետեւեալը թուեց. «Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։ (Ելից 20։17) Աստուածաշունչը լեցուն է անհատներու օրինակներով, որոնք այս կամ այն տեսակի ագահութեան պատճառաւ լուրջ մեղքի մէջ ինկած են։ Սատանան առաջին անձն էր որ ցանկաց բանի մը որ ուրիշին կը պատկանէր,– Եհովայի փառքը, պատիւն ու հեղինակութիւնը։ (Յայտնութիւն 4։10) Եւա ինքնորոշման իրաւասութեան ցանկաց, եւ այս առնչութեամբ խաբուելով՝ մարդկային ցեղը մեղքի ու մահուան առաջնորդեց։ (Ծննդոց 3։4-7) Դեւերը հրեշտակներ էին, որոնք դժգոհութիւն յայտնելով «իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա իրենց բնակութիւնը ձգեցին» բանի մը փոխարէն, որուն իրաւասութիւն չունէին։ (Յուդա 6. Ծննդոց 6։2) Նկատի առ նաեւ Բաղաամը, Աքարը, Գէեզին եւ Յուդան։ Փոխանակ իրենց վիճակէն գոհ ըլլալու, անոնք թոյլ տուին որ նիւթական ստացուածքներու հանդէպ անչափաւոր ցանկութիւն մը պատճառ ըլլայ որ իրենց վստահուած դիրքը շահագործեն, ահռելի հետեւանքներ ունենալով։

10. Ըստ Յիսուսի յորդորին, ի՞նչպէս պէտք է ‘նայինք’։

10 Ո՜րքան տեղին է որ Յիսուս ագահութեան դէմ իր զգուշացումը սա բառով կանխեց. «Նայեցէք»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շա՜տ դիւրին է որ անհատ մը նկատէ թէ ուրիշներ ագահ կամ ընչաքաղց են եւ չանդրադառնայ թէ ինք ալ նոյնպէս յանցաւոր է։ Պօղոս առաքեալ կը նշէ թէ «բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Իսկ Յակոբոս աշակերտ կը բացատրէ թէ սխալ ցանկութիւնը «յղանալով՝ մեղք կը ծնանի»։ (Յակոբոս 1։15) Ուստի Յիսուսի յորդորին համաձայն գործելով, ո՛չ թէ ուրիշներուն ‘կը նայինք’, այլ՝ մենք մեզ կը քննենք, տեսնելու համար թէ մեր սիրտին կեդրոնացումը ի՛նչ բանի վրայ է, որպէսզի ‘ագահութեան բոլոր տեսակներէն զգուշանանք’։

Ճոխ կեանք մը

11, 12. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս ագահութենէ զգուշացուց։ (բ) Ինչո՞ւ Յիսուսի զգուշացումին կարիք ունինք։

11 Ագահութենէ զգուշանալու յաւելեալ պատճառ մը նշեց Յիսուս, երբ ըսաւ. «Մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն»։ (Ղուկաս 12։15, Անթիլիաս) Այս նիւթապաշտ աշխարհին մէջ վստահաբար այդ խօսքը լուրջ խորհրդածութեան արժանի է, քանի որ մարդիկ հարստութիւնն ու բարգաւաճութիւնը կ’առնչեն երջանկութեան ու յաջողութեան։ Այսպէս Յիսուս յստակացուց թէ իրապէս իմաստալից ու գոհացուցիչ կեանքը կախեալ չէ նիւթական ստացուածքներէ, ո՛րքան ալ շատ ըլլան։

12 Սակայն ոմանք կրնան համամիտ չըլլալ։ Թերեւս անոնք պատճառաբանեն թէ նիւթական ստացուածքները կեանքը աւելի հանգստաւէտ ու հաճելի կը դարձնեն, եւ հետեւաբար՝ աւելի թանկարժէք։ Այս պատճառաւ անոնք կը հետապնդեն այնպիսի ասպարէզներ, որոնք կարելի կը դարձնեն որ իրենց ուզած բոլոր ստացուածքները ձեռք ձգեն, խորհելով թէ ասիկա պիտի նպաստէ ճոխ կեանք մը վայելելու։ Բայց այդպէս խորհելով, անոնք Յիսուսի ի մտի ունեցած կէտը չեն ըմբռներ։

13. Կեանքի ու ստացուածքներու նկատմամբ ի՞նչ է հաւասարակշռուած տեսակէտը։

13 Փոխանակ կեդրոնանալու թէ շատ ունենալը շիտա՛կ է կամ սխալ, Յիսուս ընդգծեց թէ անհատի մը կեանքը կախեալ չէ «իր ամբարած հարստութենէն», այսինքն՝ արդէն իր ունեցած բաներէն։ Այս ուղղութեամբ, բոլորս ալ գիտենք թէ ապրիլը կամ մեր գոյատեւելը շատ բան չի պահանջեր,– միայն քիչ մը ուտելիք, հագուելիք եւ մեր գլուխը դնելիք տեղ մը։ Հարուստները այս բաները մեծ քանակով ունին, իսկ աղքատները զանոնք ձեռք ձգելու համար կը ճգնին։ Սակայն թէ՛ հարուստները եւ թէ աղքատները իրարու նման կ’ըլլան մահուան ատեն,– ամէն բան իր վախճանին կը հասնի։ (Ժողովող 9։5, 6) Հետեւաբար կեանքը իմաստ եւ արժէք ունենալու համար չի կրնար բաղկանալ, ո՛չ ալ պէտք է բաղկանայ, բաներէ զորս անհատը կրնայ ձեռք ձգել կամ սեփականացնել։ Այս գաղափարը բացայայտ կը դառնայ՝ նկատի առնելով թէ Յիսուս ի՛նչպիսի կեանքի մասին կը խօսէր։

14. Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ նշուած «կեանք» բառէն ի՞նչ կը սորվինք։

14 Երբ Յիսուս ըսաւ. «Մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն», հոս Ղուկասի Աւետարանին մէջ «կեանք» բառը (Յունարէն՝ զո·յի) կ’ակնարկէ ո՛չ թէ ապրելակերպի կամ կենցաղի, այլ՝ բուն կեանքին, բացարձակ առումով։ * Յիսուս ըսել ուզեց թէ ըլլանք հարուստ կամ աղքատ, ապրինք պերճանքի մէջ թէ թշուառութեան մէջ, մեր կեանքի երկարութիւնը կամ մինչեւ վաղը ապրիլը մեր ձեռքը չէ։ Լերան Քարոզին մէջ ան ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել»։ (Մատթէոս 6։27) Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ միայն Եհովա է «կեանքի աղբիւրը» եւ միայն ինք կրնայ իր հաւատարիմներուն շնորհել «ճշմարիտ կեանքը» կամ «յաւիտենական կեանքը»,– երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ անվերջ կեանք։—Սաղմոս 36։9. Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19, Անթիլիաս

15. Շատեր ինչո՞ւ իրենց վստահութիւնը նիւթական բաներու վրայ կը դնեն։

15 Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ ո՜րքան դիւրին է որ մարդիկ կեանքի մասին խեղաթիւրուած տեսակէտ մը ունենան։ Ըլլան հարո՛ւստ թէ աղքատ, բոլոր մարդիկ անկատար են եւ մէկ վախճան ունին։ Մովսէս դիտել տուաւ. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք»։ (Սաղմոս 90։10. Յոբ 14։1, 2. Ա. Պետրոս 1։24) Այս պատճառաւ, Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն չմշակած անհատներ յաճախ սա մտայնութիւնը կ’որդեգրեն՝ «ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք», որուն ակնարկեց Պօղոս առաքեալ։ (Ա. Կորնթացիս 15։32) Ուրիշներ, զգալով թէ կեանքը շուտով կ’անցնի եւ անորոշ է, կը ջանան նիւթական բաներով ապահովութիւն ու կայունութիւն գտնել։ Թերեւս անոնք կը խորհին թէ շօշափելի նիւթական բաներ ունենալը կեանքը աւելի ապահով կը դարձնէ։ Ուստի անոնք անխոնջօրէն կը ջանան հարստութիւն ու ստացուածքներ դիզել, սխալ կերպով սեպելով թէ ասիկա ապահովութիւն ու երջանկութիւն կը նշանակէ։—Սաղմոս 49։6, 11, 12

Ապահով ապագայ մը

16. Կեանքին իսկական արժէքը ի՞նչ բանի վրայ չէ հիմնուած։

16 Թերեւս ճիշդ է որ ապրուստի բարձր մակարդակ մը,– շատ ուտելիք, հագուելիք, պատսպարան եւ այլ պերճանքներ ունենալը,– կրնայ աւելի հանգստաւէտ կեանքի մը կամ աւելի լաւ բժշկական խնամքի մը նպաստել, կեանքի տեւողութիւնը մի քանի տարի երկարելով։ Սակայն այսպիսի կեանք մը իրապէս աւելի իմաստալից եւ ապահո՞վ է։ Կեանքին իսկական արժէքը չի չափուիր անհատին ապրած տարիներով կամ վայելած ինչքով։ Պօղոս առաքեալ այս բաներուն վրայ չափազանց վստահութիւն դնելու վտանգէն զգուշացուց։ Տիմոթէոսի գրելով, ան ըսաւ. «Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու»։—Ա. Տիմոթէոս 6։17

17, 18. (ա) Նիւթական ստացուածքներու նկատմամբ ո՞ր ուշագրաւ անհատները մեր կողմէ ընդօրինակուելու արժանի են։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ Յիսուսի ո՞ր առակը նկատի պիտի առնուի։

17 Մեր յոյսը հարստութեան վրայ դնելը անխոհեմութիւն է, քանի որ անիկա «անստոյգ» է։ Յոբ նահապետը մեծահարուստ էր, բայց երբ յանկարծ աղէտը հարուածեց, իր հարստութիւնը չկրցաւ իրեն օգտակար ըլլալ,– մէկ օրուան մէջ անհետացաւ։ Աստուծոյ հետ իր ամուր յարաբերութիւնն էր որ զինք պահպանեց բոլոր փորձութիւններուն ու նեղութիւններուն մէջ։ (Յոբ 1։1, 3, 20-22) Աբրահամ թոյլ չտուաւ որ իր ստացուածքները զինք ետ պահեն Եհովայի կողմէ դժուար նշանակում մը ստանալէ, եւ ան օրհնուեցաւ՝ «ազգերու բազմութեան հայր» ըլլալով։ (Ծննդոց 12։1, 4. 17։4-6) Ասոնք եւ ուրիշներ մեր կողմէ ընդօրինակուելու արժանի են։ Ըլլանք երիտասարդ թէ տարեց, մենք մեզ պէտք է քննենք, տեսնելու համար թէ մեր կեանքին մէջ ի՛նչ բան իրապէս կարեւոր է եւ մեր յոյսը ի՛նչ բանի վրայ դրած ենք։—Եփեսացիս 5։10. Փիլիպպեցիս 1։10

18 Ագահութեան եւ կեանքի նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենալու մասին Յիսուսի խօսքերը իրապէս իմաստալից ու դաստիարակիչ են։ Սակայն իր մտքին մէջ յաւելեալ կէտեր ունենալով, Յիսուս անբանաւոր հարուստի մը մասին միտք–գրգռող առակ մը պատմեց։ Այդ առակը այսօր մեր կեանքին ի՞նչպէս կը կիրարկուի եւ անկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յաջորդ յօդուածը պատասխանները պիտի հայթայթէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Կեանք թարգմանուած Յունարէն ուրիշ բառ մըն է՝ պիոս։ Ըստ բառարանի մը (Vine’s Expository Dictionary of Old and New Testament Words), պիոս կ’ակնարկէ «կեանքի տեւողութեան», «կենցաղակերպին» եւ «ապրուստի միջոցին»։

Ի՞նչ է պատասխանդ

• Ի՞նչ կը սորվինք այն միջադէպէն, երբ Յիսուս մարդու մը խնդրանքը մերժեց։

• Ինչո՞ւ ագահութենէ պէտք է զգուշանանք եւ ի՞նչպէս։

• Կեանքը ինչո՞ւ ստացուածքներէ կախեալ չէ։

• Ի՞նչ բան կրնայ կեանքը իրապէս արժէքաւոր եւ ապահով դարձնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Յիսուս ինչո՞ւ մարդու մը խնդրանքը մերժեց

[Նկար՝ էջ 25]

Ագահութիւնը կրնայ աղիտալի հետեւանքներ ունենալ