Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իսկական հոգեւորութիւնը ի՞նչպէս կրնաս գտնել

Իսկական հոգեւորութիւնը ի՞նչպէս կրնաս գտնել

Իսկական հոգեւորութիւնը ի՞նչպէս կրնաս գտնել

«ՄԱՐՄՆԱՒՈՐ խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Հռովմայեցիս 8։6) Այս խօսքերով առաքեալը կը նշէր թէ հոգեւոր անձ մը ըլլալը պարզապէս նախընտրութիւն կամ հակում մը չէ։ Իրականութեան մէջ, անիկա մահու եւ կենաց հարց է։ Սակայն հոգեւոր անձ մը ի՞նչպէս «կեանք ու խաղաղութիւն» կը ստանայ։ Աստուածաշունչին համաձայն, ան հիմա խաղաղութիւն կը վայելէ,– իր անձին ու Աստուծոյ հետ,– իսկ ապագային պիտի վարձատրուի յաւիտենական կեանքով։ (Հռովմայեցիս 6։23. Փիլիպպեցիս 4։7) Զարմանալի չէ որ Յիսուս դիտել տուաւ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն»։—Մատթէոս 5։3

Այն իրողութիւնը թէ այս պարբերաթերթը կը կարդաս, ցոյց կու տայ թէ հոգեւորութեամբ հետաքրքրուած ես, ինչ որ իմաստուն ընթացք է։ Սակայն այս նիւթին շուրջ տեսակէտները իրարմէ մեծապէս կը տարբերին, ուստի թերեւս հարց տաս. ‘Ի՞նչ է իսկական հոգեւորութիւնը եւ զայն ի՞նչպէս կարելի է ձեռք ձգել’։

«Քրիստոսին միտքը»

Հոգեւոր մտայնութիւն ունենալուն կարեւորութիւնը եւ օգուտները նշելէ զատ, Պօղոս առաքեալ իսկական հոգեւորութեան մասին ըսելիք շատ բան ունէր։ Վաղեմի Կորնթոս քաղաքին մէջ բնակող Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս բացատրեց ոչ–հոգեւոր մարդուն,– մարմնի ցանկութիւններուն հետամուտ եղող անհատին,– եւ հոգեւոր մարդուն՝ հոգեւոր բաները արժեւորող անհատին՝ միջեւ եղած տարբերութիւնը։ Ան գրեց. «Շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են»։ Միւս կողմէ, հոգեւոր մարդը «Քրիստոսին միտքը» ունենալով յատկանշուած է։—Ա. Կորնթացիս 2։14-16

«Քրիստոսին միտքը» ունենալը գլխաւորաբար կը նշանակէ՝ ունենալ «նոյն միտքը . . . որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր»։ (Հռովմայեցիս 15։5. Փիլիպպեցիս 2։5) Ուրիշ խօսքով, հոգեւոր մարդը այն է որ Յիսուսին պէս կը մտածէ եւ անոր քայլերուն կը հետեւի։ (Ա. Պետրոս 2։21. 4։1) Անհատի մը միտքը ո՛րքան աւելի Քրիստոսի մտքին նմանի, ա՛յնքան աւելի անոր հոգեւորութիւնը կը խորանայ եւ «կեանք ու խաղաղութիւն» ձեռք ձգելու հաւանականութիւնը կ’աւելնայ։—Հռովմայեցիս 13։14

«Քրիստոսին միտքը» ի՛նչպէս գիտնալ

Սակայն Քրիստոսին միտքը ունենալու համար, նախ զայն պէտք է գիտնանք։ Ուստի հոգեւորութիւն մշակելու առաջին քայլն է՝ Յիսուսի մտածելակերպը գիտնալ։ Բայց ի՞նչպէս կրնաս գիտնալ մէկու մը մտածելակերպը, որ երկրի վրայ 2,000 տարի առաջ ապրեցաւ։ Օրինակ մը տանք. քու երկրիդ մէջ ապրած պատմական դէմքերուն մասին ի՞նչպէս սորվեցար։ Հաւանաբար անոնց մասին կարդալով։ Նոյնպէս, Յիսուսի մասին գրաւոր պատմութիւն մը կարդալը, Քրիստոսի միտքը գիտնալու կարեւոր կերպ մըն է։—Յովհաննէս 17։3

Յիսուսի մասին պատմական չորս վառ արձանագրութիւններ կան,– Աւետարանները որոնք գրուած են Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի կողմէ։ Այս արձանագրութիւնները ուշադրութեամբ կարդալը քեզի պիտի օգնէ Յիսուսի մտածելակերպը, խոր զգացումները եւ արարքներուն ետին գտնուող շարժառիթները ըմբռնելու։ Իսկ Յիսուսի մասին կարդացած բաներուդ վրայ խոկալու ժամանակ տրամադրելով, մտքիդ մէջ իր անձնաւորութեան շուրջ պատկեր մը պիտի ստեղծես։ Նոյնիսկ եթէ դուն քեզ արդէն Քրիստոսի հետեւորդ մը կը նկատես, ընթերցելու այս կերպը եւ խոկալը քեզի պիտի օգնեն որ ‘աճիս մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութեամբ’։—Բ. Պետրոս 3։18

Ասիկա ի մտի ունենալով, այժմ Աւետարաններէն կարգ մը հատուածներ քննարկենք, տեսնելու համար թէ ի՛նչ բան Յիսուսը հոգեւոր անձ դարձուց։ Ապա դուն քեզի հարցուր թէ ի՛նչպէս կրնաս իր օրինակին հետեւիլ։—Յովհաննէս 13։15

Հոգեւորութիւնը եւ «Հոգիին պտուղը»

Աւետարանիչ Ղուկաս ըսաւ թէ Յիսուսի մկրտութեան ատեն Աստուծոյ սուրբ հոգին անոր վրայ թափուեցաւ եւ ան ‘սուրբ հոգիով լեցուեցաւ’։ (Ղուկաս 3։21, 22. 4։1) Իր կարգին, Յիսուս իր հետեւորդներուն մտքին մէջ դրոշմեց Աստուծոյ սուրբ հոգիով կամ գործօն ուժով առաջնորդուելու կարեւորութիւնը։ (Ծննդոց 1։2. Ղուկաս 11։9-13) Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Քանի որ Աստուծոյ հոգին անհատին միտքը փոխակերպելու զօրութիւն ունի, որպէսզի սկսի Քրիստոսի մտքին նմանիլ։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2) Սուրբ հոգին անհատին մէջ կը յառաջացնէ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ Այս յատկութիւնները, որոնք կոչուած են «Հոգիին պտուղը», իսկական հոգեւոր անհատը կը բնորոշեն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Կարճ խօսքով, հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անհատը այն է որ Աստուծոյ հոգիով կ’առաջնորդուի։

Յիսուս հոգիին պտուղը ցուցաբերեց իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին։ Մարդոց աչքին ստորին նկատուած անհատներու հետ իր վարուելու կերպին մէջ շատ բացայայտ էին սէրը, քաղցրութիւնն ու բարութիւնը։ (Մատթէոս 9։36) Նկատէ, զոր օրինակ, Յովհաննէս առաքեալի նկարագրած սա միջադէպը. «Երբ [Յիսուս] կ’անցնէր, մարդ մը տեսաւ կոյր ծնած»։ Յիսուսի աշակերտներն ալ տեսան այս մարդը, բայց զինք մեղաւոր նկատելով՝ հարց տուին. «Որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին»։ Իսկ մարդուն դրացիները զինք մուրացկան նկատեցին՝ ըսելով. «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար»։ Բայց Յիսուս կոյր մարդը սեպեց օգնութեան կարիք ունեցող մը, անոր հետ խօսեցաւ եւ զայն բուժեց։—Յովհաննէս 9։1-8

Այս միջադէպը Քրիստոսի մտքին մասին քեզի ի՞նչ կը յայտնէ։ Նախ, Յիսուս չքաւորները չանտեսեց, այլ անոնց հետ քնքշօրէն վարուեցաւ։ Երկրորդ, ան նախաձեռնութիւնը առաւ ուրիշներուն օգնելու։ Կը խորհի՞ս որ Յիսուսի այս օրինակին կը հետեւիս։ Մարդիկը Յիսուսի տեսանկիւնէն կը դիտե՞ս, անոնց օգնելով որ իրենց կեանքը բարելաւեն ու պայծառ ապագայի մը հեռանկարը ունենան։ Կամ, հակում ունի՞ս կարկառուն անհատներու հաճութիւնը շահելու եւ երեւելի չեղողները անտեսելու։ Եթէ պարագադ առաջինն է, ուրեմն իրապէս Յիսուսի օրինակին կը հետեւիս։—Սաղմոս 72։12-14

Հոգեւորութիւնը եւ աղօթքը

Աւետարանները ցոյց կու տան թէ Յիսուս յաճախ Աստուծոյ կ’աղօթէր։ (Մարկոս 1։35. Ղուկաս 5։16. 22։41) Երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս կանխամտածութեամբ աղօթքի համար ժամանակ յատկացուց։ Մատթէոս առաքեալ գրեց. «Ժողովուրդը արձակելէն ետքը, [Յիսուս] լեռը ելաւ առանձին աղօթք ընելու»։ (Մատթէոս 14։23) Իր երկնաւոր Հօր հետ հաղորդակցելու այս հանդարտ պահերէն Յիսուս զօրութիւն ստացաւ։ (Մատթէոս 26։36-44) Ներկայիս, հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անհատները նոյնպէս Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու պատեհութիւններ կը փնտռեն, գիտնալով որ ասիկա Ստեղծիչին հետ իրենց յարաբերութիւնը պիտի ամրապնդէ եւ պիտի օգնէ որ իրենց մտածելակերպը աւելի քրիստոսանման ընեն։

Յաճախ Յիսուս աղօթելով երկար ժամեր կ’անցընէր։ (Յովհաննէս 17։1-26) Օրինակ, իր 12 առաքեալները ընտրելէ առաջ, Յիսուս «լեռը ելաւ աղօթք ընելու ու բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց»։ (Ղուկաս 6։12) Թէեւ ամբողջ գիշերը աղօթելով անցընելը պայման չէ, բայց հոգեւոր մտայնութիւն ունեցողները Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։ Կարեւոր որոշումներ կայացնելէ առաջ, անոնք Աստուծոյ աղօթելու բաւական ժամանակ կը տրամադրեն, սուրբ հոգիին առաջնորդութիւնը խնդրելով որ իրենց հոգեւորութիւնը բարելաւող որոշումներ առնեն։

Իր աղօթքներով, Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ թէ խոր զգացումով պէտք է աղօթենք։ Նկատի առ թէ ան իր մահուան նախորդող գիշերը ի՛նչպէս աղօթեց։ Ղուկաս կը նշէ. «Սաստիկ նեղութեան մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք ըրաւ։ Եւ իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գետինը կը թափուէր»։ (Ղուկաս 22։43, 44) Յիսուս նախապէս ջերմեռանդութեամբ աղօթած էր, բայց այս անգամ իր երկրային կեանքին ամենախիստ փորձութիւնը դիմագրաւելով, «աւելի ջերմեռանդութեամբ» աղօթեց, եւ աղօթքը պատասխանուեցաւ։ (Եբրայեցիս 5։7) Հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անհատները Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։ Երբ յատկապէս խիստ փորձութիւններ դիմագրաւեն, անոնք «աւելի ջերմեռանդութեամբ» Աստուծոյ կ’աղօթեն, խնդրելով սուրբ հոգին, առաջնորդութիւն եւ օգնութիւն։

Յիսուսի աղօթասիրութիւնը բացորոշ ըլլալով, զարմանալի չէ որ իր աշակերտները ուզեցին այս մարզին մէջ զինք ընդօրինակել։ Անոնք խնդրեցին. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր»։ (Ղուկաս 11։1) Նմանապէս ներկայիս, հոգեւոր բաները արժեւորող եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիով առաջնորդուող անհատները Յիսուսի օրինակին կը հետեւին, Աստուծոյ աղօթելու իր կերպը ընդօրինակելով։ Իսկական հոգեւորութիւնը եւ աղօթքը ձեռք–ձեռքի կ’ընթանան։

Հոգեւորութիւնը եւ բարի լուրի քարոզչութիւնը

Մարկոսի աւետարանը կը նշէ միջադէպ մը, ուր Յիսուս մինչեւ ուշ գիշեր բազմաթիւ հիւանդներ բուժեց։ Յաջորդ օրը առտու կանուխ, երբ առանձին կ’աղօթէր, իր առաքեալներ եկան եւ ըսին թէ շատեր զինք կը փնտռեն, թերեւս բուժուելու համար։ Սակայն Յիսուս ըսաւ. «Եկէք երթանք մերձակայ գիւղաքաղաքները, որպէս զի հոն ալ քարոզեմ, վասնզի այս բանին համար եկեր եմ»։ (Մարկոս 1։32-38. Ղուկաս 4։44) Թէեւ Յիսուսի համար մարդիկը բուժելը կարեւոր էր, բայց Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը իր գլխաւոր առաքելութիւնն էր։—Մարկոս 1։14, 15

Ներկայիս, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ուրիշներուն խօսիլը տակաւին կը բնորոշէ Քրիստոսի միտքը ունեցողներուն ինքնութիւնը։ Իր հետեւորդը ըլլալ փափաքողներուն, Յիսուս սա պատուէրը տուաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք։ . . . Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ասկէ զատ, Յիսուս նախագուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Որովհետեւ Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ թէ քարոզչութիւնը պիտի կատարուի սուրբ հոգիին զօրութեան միջոցով, անոր մէջ իմաստալից բաժին բերելը իսկական հոգեւորութեան նշան մըն է։—Գործք 1։8

Թագաւորութեան պատգամը համայն աշխարհի մէջ քարոզելը միլիոնաւորներու միասնական ջանքերուն կը կարօտի։ (Յովհաննէս 17։20, 21) Այս գործին մասնակցողները ո՛չ միայն հոգեւոր մտայնութիւն պէտք է ունենան, այլեւ՝ աշխարհածաւալ տարողութեամբ լաւ կազմակերպուած ըլլան։ Կրնա՞ս բնորոշել Քրիստոսի քայլերուն հետեւող եւ Թագաւորութեան բարի լուրը աշխարհի չորս կողմը քարոզող անհատները։

Պահանջները կը գոհացնե՞ս

Անշուշտ իսկական հոգեւոր անհատը բնորոշող յաւելեալ յատկանիշներ կան, բայց վերոնշեալ պահանջներուն գոհացում կու տա՞ս։ Պատասխանը գիտնալու համար, դուն քեզի հարց տուր. ‘Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կը կարդա՞մ եւ կարդացածիս վրայ կը խոկա՞մ։ Հոգիին պտուղը կեանքիս մէջ կ’արտացոլացնե՞մ։ Աղօթասէ՞ր անհատ մըն եմ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզող ժողովուրդին կ’ուզե՞մ ընկերակցիլ’։

Պարկեշտ ինքնաքննութիւն մը կրնայ քեզի օգնել հոգեւորութեանդ մակարդակը գիտնալու։ Քեզ կը յորդորենք որ հիմա հարկ եղած քայլերը առնես, որպէսզի «կեանք ու խաղաղութիւն» ձեռք ձգես։—Հռովմայեցիս 8։6. Մատթէոս 7։13, 14. Բ. Պետրոս 1։5-11

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 5]

ՀՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐ

◆ Աստուծոյ Խօսքը սիրել

◆ Հոգիին պտուղը ցուցաբերել

◆ Կանոնաւորաբար ու սրտանց Աստուծոյ աղօթել

◆ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներուն քարոզել