Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Համբերատարութեամբ Եհովայի օրուան սպասենք

Համբերատարութեամբ Եհովայի օրուան սպասենք

Համբերատարութեամբ Եհովայի օրուան սպասենք

‘Ձեր հաւատքին վրայ համբերութիւն աւելցուցէք’։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։5, 6

1, 2. Ի՞նչ է համբերատարութիւնը, եւ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ անոր կարիք ունին։

ԵՀՈՎԱՅԻ մեծ օրը շատ մօտ է։ (Յովէլ 1։15. Սոփոնիա 1։14) Որպէս Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւն պահպանել վճռած Քրիստոնեաներ, անձկագին կը սպասենք այն ժամանակին, երբ Եհովայի գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովուի։ Մինչ այդ, մեր հաւատքին պատճառաւ կը դիմագրաւենք ատելութիւն, նախատինք, հալածանք ու մահ։ (Մատթէոս 5։10-12. 10։22. Յայտնութիւն 2։10) Ասիկա կը պահանջէ համբերատարութիւն,– նեղութիւններու տոկալու կարողութիւն։ Պետրոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ. ‘Ձեր հաւատքին վրայ համբերութիւն աւելցուցէք’։ (Բ. Պետրոս 1։5, 6) Համբերատարութեան կարիք ունինք, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը՝ անիկա՛ պիտի փրկուի»։—Մատթէոս 24։13, ԱՎ

2 Նաեւ կը դիմագրաւենք հիւանդութիւն, կորուստ եւ այլ փորձութիւններ։ Եթէ մեր հաւատքը կորսնցնենք, Սատանան ո՜րքան պիտի ուրախանայ։ (Ղուկաս 22։31, 32) Եհովայի աջակցութեամբ կրնանք զանազան փորձութիւններու տոկալ։ (Ա. Պետրոս 5։6-11) Նկատի առ կարգ մը փորձառութիւններ, որոնք կ’ապացուցանեն թէ կրնա՛նք համբերատարութեամբ եւ անսասան հաւատքով Եհովայի օրուան սպասել։

Հիւանդութիւնը զիրենք ետ չէ պահած

3, 4. Օրինակ մը նշէ, որ ցոյց կու տայ թէ կրնա՛նք հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել ի հեճուկս հիւանդութեան։

3 Ներկայիս Աստուած մեզ հրաշալիօրէն չի բուժեր, բայց զօրութիւն կու տայ որ հիւանդութեան տոկանք։ (Սաղմոս 41։1-3) Սարօն ըսաւ. «Որքան որ կը յիշեմ, հաշմակառքը իմ անբաժան ընկերս եղած է։ Ծնած օրէս ի վեր, ուղեղային անդամալուծութիւնը զիս մանկութեան զուարճութիւններէն զրկած է»։ Եհովայի ու կատարեալ առողջութեան խոստումին մասին սորվիլը՝ Սարօնի յոյս տուաւ։ Թէեւ ան խօսելու եւ քալելու դժուարութիւն ունի, բայց քրիստոնէական ծառայութեան մէջ ուրախութիւն կը գտնէ։ Շուրջ 15 տարի առաջ, այս քոյրը ըսաւ. «Առողջութիւնս կրնայ վատթարանալ, բայց Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնս եւ իրեն հետ յարաբերութիւնս ազատարար չուան են։ Շատ ուրախ եմ որ Եհովայի ժողովուրդին մաս կը կազմեմ եւ Իր ստոյգ աջակցութիւնը կը վայելեմ»։

4 Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաները յորդորեց որ ‘վատասիրտները մխիթարեն’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Խոր յուսախաբութիւնը եւ նման ազդակներ կրնան ընկճուածութեան առաջնորդել։ 1993–ին՝ Սարօն գրեց. «Բոլորովին ձախողած զգալով, . . . երեք տարի ծանր ընկճուածութենէ տառապեցայ։ . . . Երէցները զիս մխիթարեցին ու խրատեցին։ . . . Եհովա ծանր ընկճուածութեան մասին քնքշօրէն խորատեսութիւն հայթայթեց Դիտարան–ին միջոցաւ։ Արդարեւ, ան իր ժողովուրդը կը հոգայ եւ մեր զգացումները կը հասկնայ»։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Սարօն տակաւին հաւատարմօրէն Աստուծոյ կը ծառայէ, մինչ Եհովայի մեծ օրուան կը սպասէ։

5. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Քրիստոնեաները կրնա՛ն խիստ ճնշուածութեան տոկալ։

5 Կարգ մը Քրիստոնեաներ անցեալի անձնական փորձառութիւններուն պատճառաւ խիստ ճնշուածութենէ կը տառապին։ Բ. Աշխարհամարտի վայրագ ճակատամարտներուն ականատես ըլլալով, Հարլի պատերազմի մասին մղձաւանջներ կ’ունենար։ Ան քունին մէջ կ’աղաղակէր. «Ուշադի՛ր եղիր։ Զգո՛յշ»։ Եւ չափազանց քրտնած կ’արթննար։ Սակայն ան կրցաւ բարեպաշտ կեանք մը վարել, եւ ժամանակի ընթացքին, այսպիսի մղձաւանջներու ուժգնութիւնն ու յաճախականութիւնը նուազեցան։

6. Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս զգացական խնդիրները դիմագրաւեց։

6 Տրամադրութեան հակադիր խանգարում ունեցող Քրիստոնեայ մը, դռնէ դուռ քարոզելը շատ դժուար գտաւ։ Սակայն ան այս գործունէութեան մէջ յարատեւեց, գիտակցելով թէ ծառայութիւնը թէ՛ իրեն եւ թէ ընդառաջողներուն կեանք կը նշանակէ։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Երբեմն ան չէր համարձակեր զանգը զարնել։ Ան ըսաւ. «Ժամանակ մը ետք, զգացումներուս վրայ կ’իշխէի եւ յաջորդ դուռը կ’ուղղուէի ու դարձեալ կը փորձէի։ Ծառայութեան մասնակցիլս չդադրեցնելով, տրամաբանական չափով հոգեւոր առողջութիւն պահպանեցի»։ Ժողովներուն յաճախելն ալ մարտահրաւէր մըն էր, բայց հոգեւոր ընկերակցութեան արժէքը գնահատելով, այս եղբայրը ներկայ գտնուելու համար հարկ եղած ջանքը թափեց։—Եբրայեցիս 10։24, 25

7. Ոմանք հանրապէս խօսելէ կամ ժողովի մը ներկայ գտնուելէ վախնալով հանդերձ, ի՞նչպէս համբերատարութիւն կը ցուցաբերեն։

7 Կարգ մը Քրիստոնեաներ հոգեսարսափներ ունին,– որոշ պարագաներու կամ առարկաներու նկատմամբ չափազանց վախ։ Օրինակ, անոնք հանրապէս խօսելէ կամ նոյնիսկ ժողովի մը ներկայ գտնուելէ կը վախնան։ Անոնց համար ո՜րքան դժուար է քրիստոնէական ժողովներուն մեկնաբանութիւններ տալ կամ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ելոյթ ունենալ։ Այսուհանդերձ անոնք կը տոկան, եւ մենք մեծապէս կը գնահատենք անոնց ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը։

8. Զգացական դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու համար ի՞նչ բան յատկապէս ազդու է։

8 Յաւելեալ հանգիստը եւ քունը կրնան անհատին օգնել զգացական դժուարութիւններու տոկալու։ Բժշկական օգնութեան դիմելը կրնայ յանձնարարելի ըլլալ։ Բայց աղօթքով Աստուծոյ ապաւինիլը յատկապէս ազդու է։ Սաղմոս 55։22–ը կ’ըսէ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։ Հետեւաբար, ամէն գնով «քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ»։—Առակաց 3։5, 6

Սիրելիի մը կորուստին տոկալ

9-11. (ա) Երբ սիրելի մը մահանայ, ի՞նչ բան կրնայ օգնել վշտին տոկալու։ (բ) Աննայի օրինակը ի՞նչպէս կ’օգնէ սիրելիի մը կորուստին տոկալու։

9 Երբ մահը ընտանիքի անդամները իրարմէ զատէ, այս մեծ կորուստը խոր վիշտ կը պատճառէ։ Աբրահամ իր սիրելի կնոջ՝ Սառայի վրայ լացաւ։ (Ծննդոց 23։2) Նոյնիսկ կատարեալ մարդը՝ Յիսուս «լացաւ», երբ իր բարեկամը Ղազարոս մեռաւ։ (Յովհաննէս 11։35) Ուստի երբ մահը սիրելի մը խլէ, բնական է որ տրտմիս։ Սակայն Քրիստոնեաները գիտեն թէ յարութիւն պիտի ըլլայ։ (Գործք 24։15) Հետեւաբար անոնք չեն ‘տրտմիր ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։12

10 Սիրելիի մը կորուստին հետ ի՞նչպէս կրնանք գլուխ ելլել։ Թերեւս հետեւեալ օրինակը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Երբ բարեկամ մը ճամբորդէ, սովորաբար երկար ժամանակ չենք տրտմիր, քանի որ կ’ակնկալենք զինք վերստին տեսնել։ Հաւատարիմ Քրիստոնեայի մը մահը նոյն տեսանկիւնէն դիտելը մեր վիշտը կը մեղմացնէ, քանի որ գիտենք թէ ան յարութեան յոյսը ունի։—Ժողովող 7։1

11 ‘Ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’ լիովին ապաւինիլը, մեզի պիտի օգնէ սիրելիի մը կորուստին տոկալու։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Առաջին դարու Աննա այրիին մասին խոկալը նոյնպէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ան իր ամուսնութենէն միայն եօթը տարի ետք այրիացաւ։ Սակայն 84 տարեկանին, ան տակաւին տաճարին մէջ Եհովայի սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանէր։ (Ղուկաս 2։36-38) Անտարակոյս, անոր վարած բարեպաշտ կեանքը օգնեց վշտի եւ առանձնութեան հետ գլուխ ելլելու։ Քրիստոնէական գործունէութիւններուն կանոնաւորաբար մասնակցիլը, ի ներառեալ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը, կրնայ մեզի օգնել սիրելիի մը կորուստին տոկալու։

Զանազան փորձութիւններու հետ գլուխ ելլել

12. Կարգ մը Քրիստոնեաներ ընտանեկան կեանքի վերաբերեալ ո՞ր փորձութեան տոկացած են։

12 Կարգ մը Քրիստոնեաներ ընտանեկան կեանքի վերաբերեալ փորձութիւններու պէտք է տոկան։ Օրինակ, կողակիցի մը շնութիւն գործելը ի՜նչ ջախջախիչ հետեւանքներ կ’ունենայ։ Ցնցումն ու վիշտը կրնան պատճառ ըլլալ որ անմեղ լծակիցը իր քունը կորսնցնէ եւ անզուսպօրէն լայ։ Սովորական պարտականութիւններուն հոգ տանիլը կրնայ ա՛յնքան ճնշիչ ըլլալ, որ թերեւս սխալներ կամ արկածներ պատահին։ Անմեղ լծակիցը կրնայ ախորժակը կորսնցնել, նիհարնալ եւ զգացականօրէն քայքայուիլ։ Քրիստոնէական գործունէութիւններուն մասնակցիլը կրնայ դժուարանալ։ Իսկ երախաները ո՜րքան կը տուժեն։

13, 14. (ա) Տաճարին նաւակատիքին ատեն Սողոմոնի մատուցած աղօթքէն ի՞նչ քաջալերութիւն կը քաղես։ (բ) Ինչո՞ւ սուրբ հոգին կը խնդրենք։

13 Երբ այսպիսի փորձութիւններ դիմագրաւենք, Եհովա մեզի հարկ եղած օգնութիւնը կը հայթայթէ։ (Սաղմոս 94։19) Եհովա իր ժողովուրդին աղօթքները կը լսէ, ինչպէս տաճարին նաւակատիքին ատեն Սողոմոն թագաւորին մատուցած աղօթքը ցոյց կու տայ։ Ան աղօթեց. «Քու բոլոր ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրուածք մը ընէ եւ իւրաքանչիւր մարդ իր սրտին ախտը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ, այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս. որպէս զի քեզմէ վախնան իրենց օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տուած երկրիդ վրայ ապրին»։—Գ. Թագաւորաց 8։38-40

14 Յատկապէս օգտակար պիտի ըլլայ որ շարունակես աղօթքով սուրբ հոգին խնդրել։ (Մատթէոս 7։7-11) Հոգիին պտուղը կը պարփակէ ուրախութիւն ու խաղաղութիւն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ի՜նչ հանգիստ կը զգանք երբ մեր երկնաւոր Հայրը մեր աղօթքներուն պատասխանէ,– վիշտը կը փոխարինուի ուրախութեամբ, իսկ մտահոգութիւնը՝ խաղաղութեամբ։

15. Ո՞ր համարները մեր մտահոգութիւնը կը մեղմացնեն։

15 Մինչ մեծ ճնշուածութեան կը տոկանք, կ’ակնկալենք որ որոշ չափով մտահոգուինք։ Բայց այս մտահոգութիւնը բաւական կրնայ նուազիլ, եթէ Յիսուսի սա խօսքերը ի մտի ունենանք. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. . . . բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ [Աստուծոյ] արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։25, 33, 34) Պետրոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ որ ‘մեր ամէն հոգը Աստուծոյ վրայ ձգենք, վասնզի անիկա մեզի համար կը հոգայ’։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Խնդիր մը լուծելու համար ջանք թափելը պատշաճ է։ Բայց մեր կարելին ընելէ յետոյ, մտահոգութիւնը աղօթքին տեղը պէտք չէ առնէ։ «Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ», տաղերգեց սաղմոսերգուն։—Սաղմոս 37։5

16, 17. (ա) Ինչո՞ւ մտահոգութենէ բոլորովին զերծ չենք։ (բ) Եթէ Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ն կիրարկենք, ի՞նչ պիտի վայելենք։

16 Պօղոս գրեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Բնական է որ Ադամի անկատար սերունդը չի կրնար բոլորովին մտահոգութենէ զերծ ըլլալ։ (Հռովմայեցիս 5։12) Եսաւի Քետացի կիները «սրտի ցաւ եղան» անոր բարեպաշտ ծնողքին՝ Իսահակի ու Ռեբեկայի։ (Ծննդոց 26։34, 35) Հիւանդութիւնը մտահոգութիւն պատճառած ըլլալու էր Տիմոթէոսի, Տրոփիմոսի եւ այլ Քրիստոնեաներու։ (Ա. Տիմոթէոս 5։23. Բ. Տիմոթէոս 4։20) Պօղոս իր հաւատակիցներուն նկատմամբ մտահոգ էր։ (Բ. Կորնթացիս 11։28) Բայց «աղօթքի լսող»ը միշտ մատչելի է զինք սիրողներուն։—Սաղմոս 65։2

17 Մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք, ‘խաղաղութեան Աստուծոյ’ աջակցութիւնն ու մխիթարութիւնը կը վայելենք։ (Փիլիպպեցիս 4։9) Եհովա «ողորմած ու բարերար», «բարի ու ներող» է, եւ «կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Ելից 34։6. Սաղմոս 86։5. 103։13, 14) Ուստի թող մեր «խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ», որպէսզի վայելենք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը»,– մարդկային ըմբռնումէն գերիվեր եղող անդորրութիւն։

18. Ըստ Յոբ 42։5–ի, ի՞նչպէս կարելի է Աստուած «տեսնել»։

18 Մեր աղօթքները պատասխանուելով, գիտենք թէ Աստուած մեզի հետ է։ Յոբ իր փորձութիւններուն տոկալէ յետոյ, ըսաւ. «Ես քու [Եհովա] մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ»։ (Յոբ 42։5) Հասկացողութեան, հաւատքի եւ երախտագիտութեան աչքով կրնանք մեզի հետ Աստուծոյ գործառնութիւններուն նայիլ ու զինք «տեսնել» որեւէ ժամանակէ աւելի։ Այսպիսի մտերմութիւն մը մեզի կու տայ սրտի ու մտքի հոյակապ խաղաղութիւն։

19. Եթէ ‘մեր ամէն հոգը Աստուծոյ վրայ ձգենք’, ի՞նչ պիտի պատահի։

19 Եթէ ‘մեր ամէն հոգը Աստուծոյ վրայ ձգենք’, կրնանք փորձութիւններու տոկալ ներքին հանդարտութեամբ մը, որ մեր սիրտն ու մտային կարողութիւնը կը պահպանէ։ Մեր այլաբանական սրտին մէջ զերծ պիտի ըլլանք խռովութենէ, վախէ ու մտահոգութենէ։ Մեր միտքը շփոթութեան կամ խանգարումի պիտի չմատնուի։

20, 21. (ա) Ստեփանոսի պարագան ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ թէ հալածանքի ատեն անհատ մը անդորրութիւն կը վայելէ։ (բ) Փորձութիւններու ներքեւ անդորրութեամբ տոկալու արդի օրինակ մը տուր։

20 Ստեփանոս աշակերտը անդորրութիւն ցուցաբերեց, երբ իր հաւատքին վերաբերեալ խիստ փորձութեան մը կը տոկար։ Իր վերջին վկայութիւնը տալէ առաջ, Սենետրիոնի մէջ բոլոր ներկաները «անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան»։ (Գործք 6։15) Անոր երեսին վրայ անդորրութիւն կար,– ինչպէս Աստուծոյ պատգամաբերը կամ հրեշտակը կ’ունենայ։ Երբ Ստեփանոս Յիսուսի մահուան առնչութեամբ դատաւորներուն յանցապարտութիւնը քօղազերծեց, անոնք «սրտերնուն մէջ կը կատղէին եւ ակռանին անոր վրայ կը կրճտէին», իսկ ինք «Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը նստեր էր»։ Այս տեսիլքով զօրացած, Ստեփանոս մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց։ (Գործք 7։52-59) Թէեւ ներկայիս տեսիլքներ չենք ունենար, բայց հալածանքի ատեն կրնանք աստուածատուր անդորրութիւն վայելել։

21 Նկատի առ կարգ մը Քրիստոնեաներու զգացումները, որոնք Բ. Աշխարհամարտին, Նացիներու ձեռքով սպաննուեցան։ Դատարանին մէջ իր ունեցած փորձառութիւնը պատմելով, անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Մահավճիռը արձակուեցաւ։ Մտիկ ըրի, ապա արտասանեցի՝ ‘մինչեւ մահ հաւատարիմ եղիր’ եւ մեր Տէրոջ քանի մը այլ խօսքերը. անկէ ետք ամէն բան վերջ գտաւ։ Բայց հիմա մոռցէք ատիկա։ Քանի որ այժմ այնպիսի խաղաղութիւն ու անդորրութիւն կը վայելեմ որ չէք կրնար երեւակայել»։ Գլխատութեամբ մահ դիմագրաւող երիտասարդ Քրիստոնեայ մը իր ծնողքին գրեց. «Արդէն կէս գիշերը անց է։ Տակաւին միտքս փոխելու ժամանակ ունիմ։ Բայց, այս աշխարհին մէջ դարձեալ ուրախ կրնա՞մ ըլլալ եթէ մեր Տէրը ուրանամ։ Անշուշտ ոչ։ Սակայն հիմա դուք երաշխիք ունիք թէ այս աշխարհը ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ կը ձգեմ»։ Անժխտելիօրէն, Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներուն կ’աջակցի։

Կրնա՛ս տոկալ

22, 23. Մինչ համբերատարութեամբ Եհովայի օրուան կը սպասես, ի՞նչ բանէ կրնաս վստահ ըլլալ։

22 Մեր նկատի առած դժուարութիւնները թերեւս չես դիմագրաւեր։ Այսուհանդերձ, աստուածավախ Յոբի խօսքը տեղին է. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է»։ (Յոբ 14։1) Թերեւս որպէս ծնող ծանր կ’աշխատիս զաւակներուդ հոգեւոր ուղղութիւն տալու համար։ Անոնք դպրոցը փորձութիւններու պէտք է տոկան, բայց ո՜րքան կ’ուրախանաս երբ Եհովայի եւ իր արդար սկզբունքներուն կողքին հաստատ դիրք բռնեն։ Հաւանաբար գործատեղիդ մէջ դժուարութիւններ ու փորձութիւններ կը դիմագրաւես։ Սակայն ասոնց եւ այլ պարագաներու կարելի է տոկալ, քանի որ Եհովա «ամէն օր մեր տեղը կը կրէ մեր բեռը»։—Սաղմոս 68։19, ՆԱ

23 Թերեւս դուն քեզ սովորական մէկը կը նկատես, բայց մտքէդ թող չվրիպի թէ Եհովա բնաւ քու գործդ պիտի չմոռնայ եւ այն սէրը որ իր անուանը համար ցոյց կու տաս։ (Եբրայեցիս 6։10) Իր օգնութեամբ կրնա՛ս հաւատքի փորձութիւններուն տոկալ։ Հետեւաբար, Աստուծոյ կամքը կատարելը շարունակէ աղօթքներուդ ու ծրագիրներուդ մէկ մասը ընել։ Այսպէս կրնաս վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ աջակցութիւնը պիտի վայելես, մինչ համբերատարութեամբ Եհովայի օրուան կը սպասես։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Քրիստոնեաները ինչո՞ւ համբերատարութեան կարիք ունին։

• Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել հիւանդութեան եւ սիրելիի մը կորուստին տոկալու։

• Աղօթքը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ փորձութիւններու տոկալու։

• Ինչո՞ւ կարելի է համբերատարութեամբ Եհովայի օրուան սպասել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]