Սուրբ հոգիին դէմ մեղանչա՞ծ ես
Սուրբ հոգիին դէմ մեղանչա՞ծ ես
«Մեղք կայ որ մահացու է»։—Ա. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 5։16
1, 2. Ի՞նչպէս գիտենք թէ կարելի է Աստուծոյ սուրբ հոգիին դէմ մեղանչել։
«ԶԻՍ կը տանջէ այն սեւեռուն գաղափարը թէ սուրբ հոգիին դէմ մեղանչած եմ»։ Այսպէս գրեց Գերմանիոյ մէջ ապրող կին մը, հակառակ անոր որ Աստուծոյ կը ծառայէր։ Քրիստոնեայ մը իրապէս կրնա՞յ Աստուծոյ սուրբ հոգիին կամ գործօն ուժին դէմ մեղանչել։
2 Այո՛, Եհովայի սուրբ հոգիին դէմ կարելի է մեղանչել։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ամէն մեղք ու հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց»։ (Մատթէոս 12։31) Մեզի սա զգուշացումը տրուած է. «Եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար, հապա զարհուրելի սպասում մը դատաստանին»։ (Եբրայեցիս 10։26, 27) Իսկ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Մեղք կայ որ մահացու է»։ (Ա. Յովհաննէս 5։16) Բայց լուրջ մեղք մը գործողը ի՞նք կ’որոշէ թէ ‘մահացու մեղք’ գործած է կամ ոչ։
Զղջումը ներում ստանալու կ’առաջնորդէ
3. Եթէ մեր գործած մեղքին համար խորապէս վշտացած ենք, հաւանաբար ի՞նչ է պարագան։
3 Եհովա յանցագործներուն վերջնական Դատաւորն է։ Արդարեւ, բոլորս ալ իրեն հաշիւ պիտի տանք, եւ ինք միշտ իրաւունք կը գործադրէ։ (Ծննդոց 18։25. Հռովմայեցիս 14։12) Եհովա՛ն կ’որոշէ թէ աններելի մեղք մը գործած ենք կամ ոչ, եւ կրնայ իր հոգին մեզմէ առնել։ (Սաղմոս 51։11) Սակայն, եթէ մեր գործած մեղքին համար խորապէս վշտացած ենք, շատ հաւանական է որ իրապէս զղջացած ենք։ Բայց իսկական զղջումը ի՞նչ է։
4. (ա) Զղջումը ի՞նչպէս կը սահմանուի։ (բ) Սաղմոս 103։10-14–ը մխիթարական ի՞նչ խօսքեր կը բովանդակէ։
4 Զղջալ կը նշանակէ՝ մեր գործած կամ մտադրած յանցագործութեան հանդէպ մեր կեցուածքը փոխել, վշտանալ կամ ափսոսալ եւ մեղաւոր ընթացքը լքել։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ենք, բայց հարկ եղած քայլերը առած ենք ցոյց տալու համար թէ իրապէս զղջացած ենք, սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքերով կրնանք մխիթարուիլ. «[Եհովա] մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։ Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։—Սաղմոս 103։10-14
5, 6. Ա. Յովհաննէս 3։19-22–ի միտք բանին տուր, եւ առաքեալին խօսքերուն իմաստը բացատրէ։
5 Նաեւ մխիթարական են Յովհաննէս առաքեալի խօսքերը. «Ասով կը ճանչնանք թէ ճշմարտութենէն ենք։ Մեր սրտերուն համարձակութիւնովը անոր առջեւ պիտի երեւնանք։ Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, մենք գիտենք թէ Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։ Սի՛րելիներ, եթէ մեր սրտերը մեզ չմեղադրեն, այն ատեն համարձակութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ առջեւ կենալու։ Եւ ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք»։—Ա. Յովհաննէս 3։19-22
6 «Կը ճանչնանք թէ ճշմարտութենէն ենք»՝ հիմնուելով այն իրողութեան վրայ թէ եղբայրսիրութիւն կը ցուցաբերենք եւ մեղք գործելը սովորութիւն չենք դարձներ։ (Սաղմոս 119։11) Եթէ որոշ պատճառով դատապարտուած զգանք, մտաբերենք թէ «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ»։ Եհովա մեզի կ’ողորմի, քանի որ գիտէ մեր ‘անկեղծ եղբայրսիրութիւնը’, մեղքի դէմ մեր պայքարը եւ իր կամքը ընելու համար մեր թափած ջանքերը։ (Ա. Պետրոս 1։22) Մեր սիրտը մեզ պիտի ‘չմեղադրէ’ եթէ Եհովայի վստահինք, եղբայրսիրութիւն ցուցաբերենք եւ դիտումնաւոր մեղք գործելը սովորութիւն չդարձնենք։ ‘Համարձակութիւն պիտի ունենանք Աստուծոյ’ աղօթելու, եւ ան մեզի պիտի պատասխանէ՝ քանի որ իր պատուիրանները կը պահենք։
Անոնք հոգիին դէմ մեղանչեցին
7. Ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ մեղք մը ներելի է կամ ոչ։
7 Ո՞ր մեղքերը չեն ներուիր։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, նկատի առնենք կարգ մը
աստուածաշնչական օրինակներ։ Ասիկա մեզ պիտի մխիթարէ, եթէ զղջացած ենք բայց տակաւին մեր լուրջ յանցանքներուն համար խորապէս վշտացած ենք։ Պիտի տեսնենք որ ո՛չ թէ մեղքին տեսակը, այլ՝ շարժառիթը, սրտի վիճակը եւ կանխամտածուածութեան աստիճանը կ’որոշեն թէ մեղքը ներելի է կամ ոչ։8. Առաջին դարու կարգ մը Հրեայ կրօնական առաջնորդներ ի՞նչպէս սուրբ հոգիին դէմ մեղանչեցին։
8 Առաջին դարու Հրեայ կրօնական առաջնորդները, որոնք չարամտութեամբ Յիսուս Քրիստոսի հակառակեցան, սուրբ հոգիին դէմ մեղանչեցին։ Անոնք տեսան թէ Աստուծոյ հոգին Յիսուսի մէջ կը ներգործէր, մինչ ան Եհովան պատուող հրաշքներ կը գործէր։ Այսուհանդերձ, Քրիստոսի այս թշնամիները այս զօրութիւնը Բանսարկուին վերագրեցին։ Ըստ Յիսուսի, այսպէս Աստուծոյ սուրբ հոգիին դէմ հայհոյողները կը գործէին մեղք մը, որ պիտի չներուէր «ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ գալու աշխարհին մէջ»։—Մատթէոս 12։22-32
9. Ի՞նչ է հայհոյութիւնը, եւ Յիսուս ասոր մասին ի՞նչ ըսաւ։
9 Հայհոյութիւնը՝ վարկաբեկիչ, վիրաւորական կամ նախատական խօսք է։ Որովհետեւ սուրբ հոգիին Աղբիւրը Աստուած է, հոգիին դէմ խօսիլը հաւասար է Եհովայի դէմ խօսելուն։ Անզեղջօրէն այսպիսի խօսքեր ըսելը աններելի է։ Այս մեղքին վերաբերեալ Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ ինք կ’ակնարկէ անոնց՝ որոնք կամովին Աստուծոյ սուրբ հոգիին ներգործութեան կը հակառակին։ Որովհետեւ Եհովայի հոգին Յիսուսի մէջ կը ներգործէր, բայց իր հակառակորդները այս զօրութիւնը Բանսարկուին վերագրեցին, անոնք մեղանչեցին՝ հոգիին դէմ հայհոյելով։ Ուստի Յիսուս ըսաւ. «Ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյէ, յաւիտեան թողութիւն պիտի չունենայ, հապա յաւիտենական Մարկոս 3։20-29
դատաստանին պարտաւոր պիտի ըլլայ»։—10. Յիսուս ինչո՞ւ Յուդան «կորստեան որդի» կոչեց։
10 Նաեւ նկատի առ Յուդա Իսկարիովտացիին պարագան։ Ան անպարկեշտ ընթացքի մը հետամուտ եղաւ, իրեն յանձնուած գանձանակէն գողնալով։ (Յովհաննէս 12։5, 6) Հետագային, Յուդա Հրեայ իշխաններուն գնաց եւ համաձայնեցաւ որ 30 կտոր արծաթի համար Յիսուսը մատնէ։ Ճիշդ է որ Յուդա Յիսուսը մատնելէն յետոյ խղճահարուեցաւ, բայց երբեք իր դիտումնաւոր մեղքին համար չզղջաց։ Հետեւաբար Յուդա յարութեան արժանի չէ։ Ասոր համար Յիսուս զինք «կորստեան որդի» կոչեց։—Յովհաննէս 17։12. Մատթէոս 26։14-16
Անոնք հոգիին դէմ չմեղանչեցին
11-13. Դաւիթ թագաւոր Բերսաբէի առնչութեամբ ի՞նչպէս մեղք գործեց, եւ անոնց հետ Աստուծոյ վարուելու կերպը ի՞նչպէս մեզ կը մխիթարէ։
11 Երբեմն, Քրիստոնեաներ որոնք իրենց լուրջ մեղքը խոստովանած եւ ժողովքի երէցներէն հոգեւոր օգնութիւն ստացած են, տակաւին կ’ընկճուին Աստուծոյ օրէնքին դէմ իրենց գործած անցեալի յանցանքներուն համար։ (Յակոբոս 5։14) Եթէ այսպէս կը տառապինք, շատ հաւանաբար պիտի օգտուինք նկատի առնելով թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն անոնց մասին՝ որոնց մեղքերը ներուեցան։
12 Դաւիթ թագաւոր Ուրիայի կնոջ՝ Բերսաբէի հետ լուրջ մեղք գործեց։ Իր մօտակայ տանիքէն այս գեղեցիկ կնոջ լոգնալը տեսնելով, Դաւիթ զայն իր պալատը բերել տուաւ եւ անոր հետ սեռային յարաբերութիւններ ունեցաւ։ Հետագային երբ իմացաւ թէ կինը յղի է, շնութիւնը ծածկելու միտումով Դաւիթ ծրագրեց որ ամուսինը՝ Ուրիա, անոր հետ պառկի։ Երբ այս ծրագիրը ձախողեցաւ, թագաւորը կարգադրեց որ Ուրիա պատերազմին մէջ սպաննուի։ Անկէ ետք, Բերսաբէ Դաւիթի կինը եղաւ եւ իրեն որդի մը ծնաւ, որ մեռաւ։—Բ. Թագաւորաց 11։1-27
13 Եհովա Դաւիթի ու Բերսաբէի վերաբերեալ հարցերը ձեռք առաւ։ Աստուած Դաւիթի ներեց, ըստ երեւոյթին նկատի առնելով որոշ ազդակներ, ինչպէս՝ անոր զղջումը եւ անոր հետ ըրած Թագաւորութեան ուխտը։ (Բ. Թագաւորաց 7։11-16. 12։7-14) Ըստ երեւոյթին Բերսաբէ զղջում յայտնեց, քանի որ առանձնաշնորհում ստացաւ Սողոմոն թագաւորին մայրը եւ Յիսուս Քրիստոսի նախամայրը ըլլալու։ (Մատթէոս 1։1, 6, 16) Եթէ մեղք գործած ենք, յիշենք թէ Եհովա մեր զղջումը նկատի կ’առնէ։
14. Աստուծոյ ներողամտութեան տարողութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տրուած է Մանասէ թագաւորին պարագայով։
14 Եհովայի ներողամտութեան տարողութիւնը ցոյց կը տրուի նաեւ Յուդայի Մանասէ թագաւորին պարագայով։ Ան Եհովայի առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Մանասէ Բահաղին զոհասեղաններ կանգնեց, «երկնքի բոլոր զօրութիւններուն» երկրպագութիւն ըրաւ, եւ նոյնիսկ տաճարին երկու գաւիթներուն մէջ չաստուածներու համար զոհասեղաններ շինեց։ Ան իր որդիները կրակէ անցուց, ոգեհարցութիւնը քաջալերեց, եւ այնպէս մոլորեցուց Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչները որ «Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին»։ Աստուծոյ մարգարէներուն հաղորդած ազդարարութիւններուն ականջ չտրուեցաւ։ Ի վերջոյ, Ասորեստանի թագաւորը Մանասէն գերի բռնեց։ Գերութեան մէջ, Մանասէ զղջաց եւ խոնարհաբար շարունակեց Աստուծոյ աղօթել, որ իր կարգին իրեն ներեց եւ զինք Երուսաղէմի մէջ իր գահին վերադարձուց, ուր ան ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացուց։—Բ. Մնացորդաց 33։2-17
15. Պետրոս առաքեալի կեանքին մէջ ո՞ր դէպքը ցոյց կու տայ թէ Եհովա «առատապէս» կը ներէ։
15 Դարեր ետք, Պետրոս առաքեալ լրջօրէն մեղանչեց՝ Յիսուսը ուրանալով։ (Մարկոս 14։30, 66-72) Սակայն Եհովա Պետրոսի «առատապէս» ներեց։ (Եսայի 55։7) Ինչո՞ւ։ Քանի որ Պետրոս իրապէս զղջաց։ (Ղուկաս 22։62) Աստուծոյ շնորհած ներումը բացորոշ էր 50 օր ետք, երբ Պէնտէկոստէի օրը Պետրոս առանձնաշնորհում ստացաւ Յիսուսի մասին խիզախօրէն վկայելու։ (Գործք 2։14-36) Որեւէ պատճառ կա՞յ չհաւատալու թէ ներկայիս Աստուած իրապէս զղջացող Քրիստոնեաներուն պիտի ներէ։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։ Բայց քու քովդ է թողութիւնը»։—Սաղմոս 130։3, 4
Մեղքի վերաբերեալ վախը մեղմացնել
16. Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Աստուած ներում կը շնորհէ։
16 Նախորդ օրինակները պէտք է մեզի օգնեն՝ սուրբ հոգիին դէմ մեղանչելու գաղափարին պատճառած մտահոգութիւնը մեղմացնելու։ Անոնք ցոյց կու տան թէ Եհովա զղջացող մեղաւորներուն կը ներէ։ Ջերմեռանդօրէն Աստուծոյ աղօթելը շատ կարեւոր է։ Եթէ մեղք գործած ենք, կրնանք թողութիւն խնդրել՝ Յիսուսի փրկանքի զոհին, Եհովայի ողորմութեան, մեր ժառանգած անկատարութեան եւ մեր հաւատարիմ ծառայութեան արձանագրութեան հիման վրայ։ Եհովայի շնորհքը գիտնալով կրնանք ներում հայցել, վստահ ըլլալով որ անիկա պիտի շնորհուի։—Եփեսացիս 1։7
17. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ մեղք գործած ենք եւ հոգեւոր օգնութեան կարիք ունինք։
17 Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեղք գործած ենք, բայց աղօթելու կարող չենք, քանի որ մեր մեղքը մեզ հոգեւորապէս հիւանդացուցած է։ Այս առնչութեամբ, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «[Այսպիսի անհատ մը] եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէսզի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր»։—Յակոբոս 5։14, 15
18. Նոյնիսկ եթէ անհատ մը ժողովքէն վտարուի, ինչո՞ւ պայման չէ որ անոր գործած մեղքը աններելի ըլլայ։
18 Նոյնիսկ եթէ յանցագործ մը անզեղջ ըլլալով ժողովքէն վտարուի, պայման չէ որ անոր գործած մեղքը աններելի ըլլայ։ Կորնթոսի մէջ վտարուած օծեալ յանցագործի մը նկատմամբ, Պօղոս գրեց. «Հերիք է այնպիսի մարդուն այն պատիժը, որ շատերէ տրուեցաւ։ Ուստի ընդհակառակն աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի»։ (Բ. Կորնթացիս 2։6-8. Ա. Կորնթացիս 5։1-5) Սակայն հոգեւորապէս վերահաստատուելու համար, յանցագործները պէտք է Քրիստոնեայ երէցներու կողմէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հոգեւոր օգնութիւնը ընդունին եւ իսկական զղջում ցուցաբերեն։ Անոնք պէտք է ‘ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերեն’։—Ղուկաս 3։8
19. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ ‘հաւատքով ողջամիտ’ մնանք։
19 Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ կարծենք թէ սուրբ հոգիին դէմ մեղանչած ենք։ Չափազանց խղճմտութիւնը եւ ֆիզիքական տկարութիւնը կրնան ազդակներ ըլլալ։ Այս պարագային, աղօթքն ու յաւելեալ հանգիստը կրնան օգտակար ըլլալ։ Մանաւանդ թոյլ պէտք չէ տանք որ Սատանան մեզ վհատեցնէ, որպէսզի Աստուծոյ ծառայելէ դադրինք։ Եթէ Եհովա ամբարիշտին մեռնիլը չ’ուզեր, վստահաբար չ’ուրախանար իր ծառաներէն Տիտոս 2։2
մէկուն կորուստով։ Ուստի եթէ կը վախնանք որ հոգիին դէմ մեղանչած ենք, պէտք է շարունակենք Աստուծոյ Խօսքով սնուցանուիլ, նկատի առնելով մխիթարական հատուածներ, ինչպէս՝ սաղմոսները։ Պէտք է շարունակենք ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլ եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցիլ։ Ասոնք մեզի պիտի օգնեն որ ‘հաւատքով ողջամիտ’ եւ աններելի մեղքը գործած ըլլալու հաւանականութեան պատճառած մտահոգութենէն զերծ ըլլանք։—20. Ո՞ր պատճառաբանութիւնը կրնայ անհատի մը օգնել տեսնելու թէ ինք սուրբ հոգիին դէմ չէ մեղանչած։
20 Ոեւէ անհատ որ կը վախնայ թէ սուրբ հոգիին դէմ մեղանչած է, կրնայ ինքնիրեն հարցնել. ‘Սուրբ հոգիին դէմ հայհոյա՞ծ եմ։ Մեղքիս համար սրտանց զղջացի՞։ Աստուծոյ ներումին հանդէպ հաւատք ունի՞մ։ Հոգեւոր լոյսը մերժող հաւատուրա՞ց մըն եմ’։ Շատ հաւանաբար, այսպիսի անհատներ պիտի անդրադառնան թէ իրենք ո՛չ Աստուծոյ սուրբ հոգիին դէմ հայհոյած են, ո՛չ ալ հաւատուրացներ եղած են։ Անոնք զղջացած են եւ Եհովայի ներումին հանդէպ հաստատ հաւատք ունին։ Եթէ այս է պարագան, ուրեմն անոնք Եհովայի սուրբ հոգիին դէմ չեն մեղանչած։
21. Յաջորդ յօդուածը ո՞ր հարցումները նկատի պիտի առնէ։
21 Ի՜նչ հանգստութիւն է վստահ ըլլալ թէ սուրբ հոգիին դէմ չենք մեղանչած։ Սակայն յարակից հարցումներ կան, որոնք յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնուին։ Օրինակ, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Իրապէս Աստուծոյ սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուի՞մ։ Անոր պտուղը կեանքիս մէջ բացայա՞յտ է’։
Ի՞նչ պիտի պատասխանես
• Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ սուրբ հոգիին դէմ մեղանչելը կարելի է։
• Ի՞նչ կը նշանակէ զղջալ։
• Որո՞նք սուրբ հոգիին դէմ մեղանչեցին, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր։
• Աններելի մեղք մը գործած ըլլալու մտահոգութիւնը ի՞նչպէս կարելի է յաղթահարել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 11]
Անոնք որ ըսին թէ Յիսուս իր հրաշքները Սատանայի զօրութեամբ ըրաւ, Աստուծոյ սուրբ հոգիին դէմ մեղանչեցին
[Նկար՝ էջ 12]
Թէեւ Պետրոս Յիսուսը ուրացաւ, բայց աններելի մեղք մը չգործեց