Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գրելուն կարեւորութիւնը վաղեմի Իսրայէլի մէջ

Գրելուն կարեւորութիւնը վաղեմի Իսրայէլի մէջ

Գրելուն կարեւորութիւնը վաղեմի Իսրայէլի մէջ

ԲՆԱՒ կարդացա՞ծ ես Իլիական կամ Ոդիսական դիւցազներգութիւնը,– վաղեմի Յունաստանի մէջ յօրինուած՝ Հ.Դ.Ա. իններորդ կամ ութերորդ դարուն։ Այս երկերը ի՞նչպէս կրնան բաղդատուիլ Աստուածաշունչին հետ, որ անոնցմէ դարեր առաջ սկսաւ գրուիլ։ Աշխատասիրութիւն մը (The Jewish Bible and the Christian Bible) դիտել կու տայ. «Աստուածաշունչը առնուազն 429 ակնարկութիւն կ’ընէ՝ գրելու արարքին եւ արձանագրութիւններու։ Ասիկա նշանակալից է, քանի որ Իլիական միայն մէկ անգամ կ’ակնարկէ գրելու արարքին, իսկ Ոդիսական ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կ’ընէ»։

Համայնագիտարան մը (The Oxford Encyclopedia of Archaeology in the Near East) կը բացատրէ թէ «այնպէս կը թուի թէ վաղեմի Իսրայէլի մէջ գրելը՝ պաշտամունքին անբաժան մէկ մասն էր»։ Օրինակ, Օրէնքի ուխտը գրի առնուեցաւ եւ հետագային կանոնաւորաբար ու հանրապէս կարդացուեցաւ բոլոր տղամարդոց, կիներու եւ երախաներու առջեւ։ Անիկա նաեւ խմբովին եւ առանձնաբար կը կարդացուէր ու կ’ուսումնասիրուէր։ Օրէնքին կարգ մը յատկանշական երեսակները նկատի առնելէ յետոյ, Ալէն Միլարտ՝ Լիվըրփուլի Համալսարանի աւագ դասախօս, կ’եզրակացնէ. «Բացայայտ է որ կ’ենթադրուէր թէ ամէն խաւէ անհատներ կարդալ–գրել պէտք էր գիտնային»։—Բ. Օրինաց 31։9-13. Յեսու 1։8. Նէեմիա 8։13-15. Սաղմոս 1։2

Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ թէ Քրիստոնեաները ի՛նչպէս սուրբ գրութիւնները պէտք է նկատեն. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ Աստուածաշունչին հանդէպ գնահատութիւնդ ցոյց կու տա՞ս, զայն կանոնաւորաբար կարդալով։—Հռովմայեցիս 15։4