Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դանիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր

Դանիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Դանիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր

ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ մը (Holman Illustrated Bible Dictionary) կը նշէ. «Դանիէլի գիրքը Աստուածաշունչի ամենէն հետաքրքրաշարժ գիրքերէն մէկն է։ . . . Անոր էջերը յաւերժական ճշմարտութիւններով լեցուն են»։ Դանիէլի պատմութիւնը կը սկսի Հ.Դ.Ա. 618–ին, երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երուսաղէմ կու գայ ու զայն կը պաշարէ, եւ «Իսրայէլի որդիներէն» ոմանք որպէս գերի Բաբելոն կը տանի։ (Դանիէլ 1։1-3) Անոնցմէ մէկը Դանիէլն է, որ հաւանաբար դեռ պատանի է։ Գիրքը կ’եզրափակէ մինչ ան Բաբելոնի մէջ է, շուրջ 100 տարեկան, եւ Աստուծմէ սա խոստումը կը ստանայ. «Պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս»։—Դանիէլ 12։13

Դանիէլի գիրքին առաջին մասը ժամանակագրականօրէն եւ երրորդ դէմքով գրուած է, իսկ վերջին մասը՝ առաջին դէմքով։ Դանիէլի գրած այս գիրքը կը բովանդակէ մարգարէութիւններ, որոնք կապ ունին աշխարհակալ ուժերու բարձրացման ու անկման, Մեսիայի գալուստի ժամանակին եւ մեր օրերուն տեղի ունեցող դէպքերուն հետ։ * Տարեց մարգարէն նաեւ իր երկար կեանքին վրայ յետադարձ ակնարկ մը կը նետէ եւ կը պատմէ դէպքեր, որոնք մեզ կը քաջալերեն որ ուղղամիտ ու բարեպաշտ ըլլանք։ Դանիէլի գիրքին պատգամը կենարար եւ ազդու է։—Եբրայեցիս 4։12

ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՄԵԶԻ

(Դանիէլ 1։1–6։28)

Հ.Դ.Ա. 617–ն է։ Դանիէլ եւ իր երեք պատանի ընկերները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, Բաբելոնի պալատին մէջ են։ Անոնք Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն, երբ երեք տարի կը մարզուին որ պալատին մէջ պաշտօնավարեն։ Շուրջ ութ տարի ետք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր խորհրդաւոր երազ մը կը տեսնէ։ Դանիէլ երազը կը գիտցնէ եւ կը մեկնէ։ Թագաւորը կ’ընդունի թէ Եհովա «ինքն է աստուածներուն Աստուածը եւ թագաւորներուն՝ Տէրը ու գաղտնիքները յայտնողը»։ (Դանիէլ 2։47) Սակայն շատ չանցած, այնպէս կը թուի թէ Նաբուգոդոնոսոր այս դասը կը մոռնայ։ Երբ Դանիէլի երեք ընկերները կը մերժեն հսկայ արձանի մը երկրպագել, թագաւորը կը հրամայէ որ զիրենք բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեն։ Ճշմարիտ Աստուածը երեքն ալ կ’ազատէ եւ Նաբուգոդոնոսոր կը ստիպուի ընդունիլ թէ «ուրիշ Աստուած չկայ, որ կարող ըլլար այսպէս ազատել»։—Դանիէլ 3։29

Նաբուգոդոնոսոր նշանակալից այլ երազ մը կը տեսնէ։ Ան կը տեսնէ հսկայ ծառ մը, որ կը կտրուի եւ անոր աճումը կ’արգիլուի։ Դանիէլ երազը կը մեկնէ։ Երազը մասամբ կը կատարուի, երբ Նաբուգոդոնոսոր կը խելագարի ապա կը բուժուի։ Տասնեակ տարիներ ետք, Բաղտասար թագաւոր իր մեծամեծներուն մեծ հացկերոյթ մը կը սարքէ եւ Եհովայի տաճարէն բերուած անօթները անյարգալից կերպով կը գործածէ։ Նոյն գիշերը Բաղտասար կը սպաննուի եւ Մարերու Դարեհ թագաւորը կը ստանայ թագաւորութիւնը։ (Դանիէլ 5։30) Դարեհի օրերուն, երբ Դանիէլ աւելի քան 90 տարեկան է, տարեց մարգարէն նախանձոտ պաշտօնեաներու դաւին թիրախը կը դառնայ։ Բայց Եհովա զինք «առիւծներուն բերնէն» կ’ազատէ։—Դանիէլ 6։27

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։11-15—Բանջարակերութեա՞ն պատճառաւ չորս Հրեայ պատանիներուն դէմքը աւելի վայելչագեղ ու գէր երեւցաւ։ Ո՛չ։ Ոչ մէկ սննդականոն կրնայ տասը օրուան մէջ այսպիսի փոփոխութիւններ յառաջ բերել։ Եբրայեցի պատանիներուն դէմքի փոփոխութեան վարկը Եհովայի կ’երթայ, որ զիրենք օրհնեց՝ քանի որ իրեն վստահեցան։—Առակաց 10։22

2։1—Նաբուգոդոնոսոր ե՞րբ տեսաւ մեծ արձանին երազը։ Արձանագրութիւնը կը նշէ թէ ասիկա տեղի ունեցաւ ‘Նաբուգոդոնոսորի թագաւորութեան երկրորդ տարին’։ Ան Հ.Դ.Ա. 624–ին թագաւոր եղաւ, ուստի իր իշխանութեան երկրորդ տարին սկսաւ Հ.Դ.Ա. 623–ին,– Յուդան ներխուժելէն տարիներ առաջ։ Այդ թուականին Դանիէլ Բաբելոնի մէջ չէր որ երազը մեկնէր։ Բացայայտ է որ «երկրորդ տարին» կը հաշուըւի Հ.Դ.Ա. 607–էն, երբ Բաբելոնի թագաւորը Երուսաղէմը կործանեց եւ աշխարհակալ կառավարիչ մը դարձաւ։

2։32, 39—Արծաթով ներկայացուած թագաւորութիւնը ի՞նչ կերպով ոսկիէ գլուխէն ստորադաս էր, իսկ պղինձով խորհրդանշուած թագաւորութիւնը ի՞նչպէս արծաթով ներկայացուած թագաւորութենէն ցած էր։ Արձանին արծաթէ մասը ներկայացնող Մարա–Պարսկական Կայսրութիւնը, Բաբելոնէն՝ ոսկիէ գլուխէն՝ ստորադաս էր այն իմաստով որ Յուդան տապալելու համբաւը չունէր։ Անոր յաջորդող կայսրութիւնը Յունաստանն էր, պղինձով խորհրդանշուած։ Յունաստանը ա՛լ աւելի ստորադաս էր, ինչպէս պղինձը արծաթէն ցած է։ Ճիշդ է որ Յունական Կայսրութիւնը աւելի ընդարձակ էր, բայց Մարա–Պարսկաստանն էր որ Աստուծոյ աքսորեալ ժողովուրդը ազատագրելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ։

4։8, 9—Դանիէլ մոգ եղա՞ւ։ Ո՛չ։ «Մոգերուն իշխան» արտայայտութիւնը պարզապէս կ’ակնարկէ Դանիէլի դիրքին որպէս «Բաբելոնի բոլոր իմաստուններուն գլխաւորներուն վրայ իշխան»։—Դանիէլ 2։48

4։10, 11, 20-22—Նաբուգոդոնոսորի երազին մէջ հսկայ ծառը ի՞նչ կը պատկերացնէր։ Սկիզբը ծառը կը ներկայացնէր Նաբուգոդոնոսորը որպէս աշխարհակալ ուժի մը կառավարիչը։ Սակայն իշխանութիւնը «մինչեւ երկրի ծայրերը» հասնելով, ծառը շատ աւելի մեծ բանի մը պէտք է ակնարկէ։ Դանիէլ 4։17–ն երազը կը կապէ մարդկութեան վրայ «Բարձրեալ»ի իշխանութեան հետ։ Հետեւաբար, ծառը նաեւ խորհրդանշեց Եհովայի տիեզերական գերիշխանութիւնը, յատկապէս երկրի առնչութեամբ։ Արդ, երազը երկու կատարում ունի,– Նաբուգոդոնոսորի իշխանութեան եւ Եհովայի գերիշխանութեան վերաբերեալ։

4։16, 23, 25, 32, 33—«Եօթը ժամանակ»ը ո՞րքան երկար էր։ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին երեւոյթին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները պահանջեցին որ «եօթը ժամանակ»ը աւելի երկար տեւողութիւն ունենայ, քան՝ բառացի եօթը օր։ Անոր պարագային, այս ժամանակները նշանակեցին եօթը տարի (իւրաքանչիւրը 360 օր ըլլալով) կամ 2,520 օր։ Աւելի մեծ կատարման մէջ, «եօթը ժամանակ»ը 2,520 տարի է։ (Եզեկիէլ 4։6, 7) Անոնք սկսան Երուսաղէմի կործանումով Հ.Դ.Ա. 607–ին, եւ վերջ գտան Հ.Դ. 1914–ին, Յիսուսի գահակալումով որպէս երկնային Թագաւոր։—Ղուկաս 21։24

6։6-10—Եհովայի աղօթելը մասնայատուկ դիրք մը չպահանջելով, խոհեմութիւն պիտի չը՞լլար եթէ Դանիէլ 30 օրուան ընթացքին գաղտնաբար աղօթէր։ Հանրապէս գիտցուած էր թէ Դանիէլ օրը երեք անգամ կ’աղօթէր։ Այս պատճառաւ դաւադիրները ծրագրեցին աղօթելը արգիլող հրամանագիր մը ձեռք ձգել։ Աղօթելու իր սովորութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն մտցնելը կրնար ուրիշներու կողմէ համակերպում սեպուիլ եւ ցոյց տալ թէ Դանիէլ Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանելու մէջ կը թերանար։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։3-8. Դանիէլի եւ իր ընկերներուն հաստատամտութիւնը որ Եհովայի հաւատարիմ մնան, կ’ընդգծէ անոնց ստացած ծնողական մարզումին արժէքը։ Երբ աստուածավախ ծնողներ հոգեւոր շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնեն եւ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն նոյնը ընել, շատ հաւանական է որ զաւակները կարենան դպրոցին մէջ կամ այլուր որեւէ փորձութեան ու ճնշումի դիմադրել։

1։10-12. Դանիէլ ըմբռնեց թէ «ներքինապետը» ինչո՛ւ թագաւորէն կը վախնար, եւ չշարունակեց իր խնդրանքը անոր ներկայացնել։ Բայց հետագային Դանիէլ «տնտեսին» դիմեց, որ թերեւս ի վիճակի էր զիջում ընելու։ Երբ դժուար պարագաներ դիմագրաւենք, նոյնանման խորատեսութեամբ, հասկացողութեամբ եւ խոհեմութեամբ պէտք է վարուինք։

2։29, 30. Դանիէլի նման, Եհովայի հոգեւոր հայթայթումներու շնորհիւ մեր ձեռք ձգած գիտութեան, յատկութիւններուն եւ կարողութիւններուն լման վարկը Իրեն պէտք է տանք։

3։16-18. Անհաւանական է որ երեք Եբրայեցիները ա՛յսքան հաստատ համոզումով հակազդէին, եթէ նախապէս իրենց սննդականոնին նկատմամբ զիջումներ ըրած ըլլային։ Մենք ալ պէտք է ջանանք «ամէն բանի մէջ հաւատարիմ» ըլլալ։—Ա. Տիմոթէոս 3։11

4։24-27. Թագաւորութեան պատգամը յայտարարելը, որ Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռները կը պարփակէ, հաւատք ու քաջութիւն կը պահանջէ։ Դանիէլ զանոնք ցուցաբերեց երբ գիտցուց թէ Նաբուգոդոնոսորի ի՛նչ պիտի պատահէր եւ թագաւորը ի՛նչ ընելու էր որ ‘իր հանգստութիւնը երկարէր’։

5։30. ‘Բաբելոնի թագաւորին դէմ խօսուած առակը’ կատարուեցաւ։ (Եսայի 14։3, 4, 12-15) Բանսարկուն, որուն հպարտութիւնը Բաբելոնեան հարստութեան ցուցաբերած հպարտութեան նման է, նոյնպէս անարգ վախճան մը պիտի ունենայ։—Դանիէլ 4։30. 5։2-4, 23

ԴԱՆԻԷԼԻ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ

(Դանիէլ 7։1–12։13)

Երբ իր առաջին տեսիլքը կը ստանայ Հ.Դ.Ա. 553–ին, Դանիէլ 70–ական տարիքի մէջ է։ Ան չորս մեծ գազաններ կը տեսնէ, որոնք իրարայաջորդ աշխարհակալ ուժեր կը ներկայացնեն, իր ժամանակէն մինչեւ օրս։ Տեսիլքի մը մէջ, ուր երկնային տեսարան մը կը պարզուի, ան կը տեսնէ «Որդի մարդոյ նման մէկը», որուն «յաւիտենական իշխանութիւն» կը տրուի։ (Դանիէլ 7։13, 14) Երկու տարի ետք, Դանիէլ տեսիլք մը կը տեսնէ Մարա–Պարսկաստանի, Յունաստանի եւ ‘պնդերես թագաւորի մը’ մասին։—Դանիէլ 8։23

Հ.Դ.Ա. 539–ին, Բաբելոն կը նուաճուի եւ Դարեհ Մարը Քաղդէացիներու թագաւորութեան վրայ կ’իշխէ։ Մինչ Դանիէլ կ’աղօթէ իր հայրենիքին վերահաստատման մասին, Եհովա Գաբրիէլ հրեշտակը կը ղրկէ որ Մեսիայի գալուստին նկատմամբ ‘իմաստութիւն պարգեւէ’ Դանիէլի։ (Դանիէլ 9։20-25) Այժմ Հ.Դ.Ա. 536/535 է։ Մնացորդ մը Երուսաղէմ վերադարձած է, բայց տաճարը վերակառուցանելը հակառակութեան կը հանդիպի։ Այս հարցին շուրջ մտահոգուելով, Դանիէլ Եհովայի կ’աղօթէ։ Եհովա բարձրաստիճան հրեշտակ մը անոր կը ղրկէ։ Դանիէլը զօրացնելէ եւ քաջալերելէ յետոյ, հրեշտակը մարգարէութիւն մը կը հաղորդէ, որ կը յայտնէ գերակայութեան պայքար մը՝ հիւսիսի թագաւորին ու հարաւի թագաւորին միջեւ։ Անոնց պայքարը կը սկսի, երբ Մեծն Աղեքսանդրի թագաւորութիւնը իր չորս զօրավարներուն միջեւ կը բաժնուի, եւ կը շարունակուի մինչեւ այն ժամանակ, երբ «Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ»։—Դանիէլ 12։1

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

8։9—«Փառաւոր երկիրը» ի՞նչ կը պատկերացնէ։ Այս համարին մէջ «փառաւոր երկիրը» կը խորհրդանշէ օծեալ Քրիստոնեաներուն երկրային վիճակը՝ Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ուժին գոյութեան ընթացքին։

8։25—«Իշխաններուն Իշխան»ը ո՞վ է։ Եբրայերէն սար բառը, որ «իշխան» թարգմանուած է, հիմնականօրէն կը նշանակէ «պետ» կամ «գլխաւոր»։ «Իշխաններուն Իշխան» տիտղոսը միմիայն Եհովա Աստուծոյ կը կիրարկուի,– բոլոր հրեշտակային իշխաններուն Պետը, ի ներառեալ «Միքայէլը՝ առաջին իշխաններէն մէկը»։—Դանիէլ 10։13

9։21—Դանիէլ ինչո՞ւ Գաբրիէլ հրեշտակին կ’ակնարկէ որպէս «մարդ»։ Քանի որ Գաբրիէլ իրեն եկաւ մարդու կերպարանքով, ինչպէս նախապէս տեսիլքի մը մէջ երեւցած էր։—Դանիէլ 8։15-17

9։27—Ո՞ր ուխտը ‘շատերուն հետ հաստատուեցաւ’, մինչեւ տարիներու 70–րդ եօթնեակին վերջաւորութիւնը, կամ՝ Հ.Դ. 36։ Օրէնքի ուխտը վերջ գտաւ Հ.Դ. 33–ին, երբ Յիսուս ցցահարուեցաւ։ Բայց մարմնաւոր Իսրայէլի նկատմամբ Աբրահամական ուխտը ի զօրու պահելով մինչեւ Հ.Դ. 36, Եհովա շարունակեց Հրեաներուն մասնաւոր հաճութեան ժամանակամիջոց մը շնորհել, քանի որ Աբրահամի սերունդն էին։ Իսկ «Աստուծոյ Իսրայէլին» վերաբերեալ, Աբրահամական ուխտը տակաւին ի զօրու է։—Գաղատացիս 3։7-9, 14-18, 29. 6։16

Դասեր՝ մեզի համար.

9։1-23. 10։11. Իր խոնարհութեան, աստուածպաշտութեան, ջանասիրութեան եւ աղօթքի մէջ իր յարատեւութեան շնորհիւ, Դանիէլ «սիրելի» էր։ Այս առանձնայատկութիւնները նաեւ իրեն օգնեցին որ մինչեւ իր կեանքին վերջը Աստուծոյ հաւատարիմ մնայ։ Թող վճռենք Դանիէլի օրինակին հետեւիլ։

9։17-19. Նոյնիսկ երբ աղօթենք Աստուծոյ նոր աշխարհին գալուն համար, որուն մէջ «արդարութիւնը կը բնակի», մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք չէ՞ ըլլայ Եհովայի անուան սրբացումը եւ իր գերիշխանութեան ջատագովումը, քան՝ մեր անձնական տառապանքին ու նեղութեան վախճանը։—Բ. Պետրոս 3։13

10։9-11, 18, 19. Դանիէլի քով եկող հրեշտակին նման, գործնական օգնութեամբ ու մխիթարական խօսքերով զիրար պէտք է քաջալերենք եւ ուժովցնենք։

12։3. Վերջին օրերուն ընթացքին, «իմաստունները»՝ օծեալ Քրիստոնեաները, ‘լուսաւորներու պէս փայլած են’ եւ «շատերը արդարութեան» առաջնորդած են, ի ներառեալ՝ «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւնը»։ (Փիլիպպեցիս 2։15. Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննէս 10։16) Օծեալները կատարեալ առումով «աստղերու պէս պիտի փայլին» Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, երբ անոր հետ փրկանքին լման օգուտները կիրարկեն հնազանդ մարդկութեան։ «Ուրիշ ոչխարներ»ը հաւատարմօրէն պէտք է կառչին օծեալներուն, սրտանց անոնց աջակցելով։

Եհովա ‘իրմէ վախցողները կ’օրհնէ’

Դանիէլի գիրքը մեր պաշտած Աստուծոյն մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Անոր բովանդակած մարգարէութիւնները,– թէ՛ կատարուած եւ թէ տակաւին կատարուելիք,– վառ կերպով կը նկարագրեն Եհովան որպէս Իր խօսքը Կատարող։—Եսայի 55։11

Դանիէլի գիրքին պատմական մասը ի՞նչ կը յայտնէ մեր Աստուծոյն մասին։ Չորս Եբրայեցի պատանիները, որոնք մերժեցին Բաբելոնի պալատական կեանքը որդեգրել, ‘իմաստութիւն, գիտութիւն ու հանճար’ ստացան։ (Դանիէլ 1։17) Ճշմարիտ Աստուածը իր հրեշտակը ղրկեց եւ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը ազատեց բորբոքած կրակի հնոցէն։ Դանիէլ առիւծներու գուբին մէջ ողջ պահուեցաւ։ Եհովա ‘իրեն վստահողներուն օգնութիւն ու ասպար է’ եւ ‘իրմէ վախցողները կ’օրհնէ’։—Սաղմոս 115։9, 13

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Դանիէլի գիրքին համար առ համար քննարկման համար, տես՝ Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 24]

Դանիէլ ինչո՞ւ «սիրելի» էր