Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները սիրով մարզեցէք

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները սիրով մարզեցէք

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները սիրով մարզեցէք

«Ձեր ամէն բաները սիրով ըլլան»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 16։14

1. Երախայի մը ծնունդը ի՞նչ զգացումներ կ’արթնցնէ ծնողքին մէջ։

ՇԱՏԵՐ պիտի համաձայնէին թէ երախայի մը ծնունդը, կեանքի ամենէն ուրախ պահերէն մէկը կրնայ ըլլալ։ Ալիա անունով մայր մը կ’ըսէ. «Երբ առաջին անգամ նորածին աղջիկս տեսայ, սքանչելի զգացում մը պատեց զիս։ Խորհեցայ թէ ան ցարդ տեսած ամենասիրուն մանկիկն է»։ Սակայն այս ուրախ պահը կրնայ նաեւ մտահոգութիւն պատճառել ծնողներուն։ Ալիայի ամուսինը կ’ըսէ. «Մտահոգ էի թէ արդեօք պիտի կարենայի՞ աղջիկս պատշաճօրէն պատրաստել կեանքի դժուարութիւններուն համար»։ Ծնողներէն շատեր նոյնանման մտահոգութիւններ ունին եւ կը գիտակցին թէ իրենց զաւակները սիրով պէտք է մարզեն։ Բայց այսպիսի մարզում տալ փափաքող Քրիստոնեայ ծնողներ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Անոնցմէ ոմանք ի՞նչ են։

2. Ծնողներ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։

2 Այժմ կ’ապրինք այս դրութեան վերջին օրերու վերջին ժամանակին մէջ։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, ամէնուրեք սիրոյ պակաս կայ։ Նոյնիսկ ընտանիքի անդամներ իրարու հետ ‘անգթութեամբ’ կը վարուին, եւ ‘ապերախտ, անսուրբ, անժուժկալ, դաժանաբարոյ’ դարձած են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այսպիսի նկարագրի գծեր ունեցող անհատներու հետ ամէն օր շփման մէջ գալը կրնայ ազդել Քրիստոնեայ ընտանիքի անդամներուն իրարու հանդէպ ունեցած վերաբերմունքին։ Ասկէ զատ, ծնողներ ինքնազսպում կորսնցնելու, անխոհեմ խօսքեր ըսելու եւ սխալ դատողութիւն գործածելու իրենց ժառանգած հակումին դէմ կը մաքառին։—Հռովմայեցիս 3։23. Յակոբոս 3։2, 8, 9

3. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան ուրախ զաւակներ մեծցնել։

3 Հակառակ այս մարտահրաւէրներուն, ծնողներ կրնան երջանիկ ու հոգեւորապէս առողջ զաւակներ մեծցնել։ Ի՞նչպէս։ Աստուածաշունչի սա խրատին հետեւելով. «Ձեր ամէն բաները սիրով ըլլան»։ (Ա. Կորնթացիս 16։14) Արդարեւ սէրը «կատարելութեան կապն» է։ (Կողոսացիս 3։14) Այժմ նկատի առնենք սիրոյ երեք երեսակներ, զորս Պօղոս առաքեալ նկարագրեց Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ, եւ քննարկենք մասնայատուկ կերպեր, որոնցմով ծնողներ կրնան այս յատկութիւնը ի գործ դնել, մինչ իրենց զաւակները կը մարզեն։—Ա. Կորնթացիս 13։4-8

Երկայնամիտ ըլլալու կարիքը

4. Ծնողներ ինչո՞ւ երկայնամիտ պէտք է ըլլան։

4 Պօղոս գրեց. «Սէրը երկայնամիտ է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) «Երկայնամիտ» թարգմանուած Յունարէն բառը կ’ակնարկէ համբերութեան եւ բարկանալու մէջ դանդաղ ըլլալուն։ Ծնողներ ինչո՞ւ երկայնամիտ պէտք է ըլլան։ Անկասկած, շատ մը ծնողներու մտքէն բազմաթիւ պատճառներ կ’անցնին։ Նկատի առ անոնցմէ քանի մը հատը։ Երախաներ յաճախ բան մը մի քանի անգամ կը խնդրեն։ Նոյնիսկ եթէ ծնող մը հաստատօրէն ո՛չ ըսէ, երախան կրկին անգամ կը խնդրէ, յուսալով տարբեր պատասխան մը ստանալ։ Թերեւս պատանիներ երկար ատեն պնդեն, որ իրենց արտօնութիւն տրուի որոշ ընթացքի մը հետեւելու, որ ըստ ծնողքին՝ անմտութիւն է։ (Առակաց 22։15) Իսկ մեր բոլորին նման, երախաները հակամէտ են իրենց կարգ մը սխալները կրկնելու։—Սաղմոս 130։3

5. Ի՞նչ բան կրնայ ծնողներուն օգնել որ երկայնամիտ ըլլան։

5 Ի՞նչ բան կրնայ ծնողներուն օգնել, որ իրենց զաւակներուն հետ երկայնամիտ ու համբերատար ըլլան։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ»։ (Առակաց 19։11) Ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն վարմունքը հասկնալ, մտաբերելով թէ ատեն մը իրենք ալ ‘տղայի պէս կը խօսէին, տղայի պէս կը խորհէին, տղայի պէս համարում ունէին’։ (Ա. Կորնթացիս 13։11) Ծնողնե՛ր, կրնա՞ք մտաբերել այն ժամանակը երբ ձեր հայրը կամ մայրը կը նեղացնէիք, որպէսզի ձեր երախայական մէկ խնդրանքին տեղի տայ։ Երբ դեռատի մըն էիք, բնաւ սեպեցի՞ք որ ձեր ծնողքը պարզապէս չի հասկնար ձեր զգացումները կամ խնդիրները։ Եթէ այո՛, հաւանաբար ըմբռնէք թէ ձեր զաւակները ինչո՛ւ որոշ կերպով կը վարուին եւ ինչո՛ւ յարատեւօրէն եւ համբերութեամբ ձեր որոշումները պէտք է անոնց յիշեցնէք։ (Կողոսացիս 4։6) Նկատողութեան արժանի է թէ Եհովա Իսրայելացի ծնողներուն ըսաւ որ իր օրէնքները իրենց զաւակներուն ‘կրկին անգամ սորվեցնեն’։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) «Կրկին անգամ սորվեցնել» արտայայտութեան Եբրայերէնը կը նշանակէ «կրկնել», «տպաւորել», «դրոշմել»։ Ուստի ծնողներ պէտք է իրենց ըսելիքը յաճախ կրկնեն, մինչեւ որ երախան Աստուծոյ օրէնքները կիրարկել սորվի։ Յաճախ նոյնանման կրկնումի կարիք կայ, կեանքի մէջ այլ դասեր սորվեցնելու համար։

6. Երկայնամիտ ծնող մը ինչո՞ւ թոյլատու չէ։

6 Սակայն երկայնամիտ ծնող մը՝ թոյլատու ծնող մը չէ։ Աստուծոյ Խօսքը կը զգուշացնէ. «Իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ»։ Այսպիսի հետեւանքէ խուսափելու համար, նոյն առակը կ’ըսէ. «Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան»։ (Առակաց 29։15) Երբեմն երախաներ կրնան հարցականի տակ դնել զիրենք յանդիմանելու ծնողքին իրաւասութիւնը։ Բայց Քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ ժողովրդավարութիւնը տեղ չունի, որպէս թէ օրէնքները կիրարկելու ծնողքին իրաւասութիւնը երախաներուն հաւանութենէն կախեալ ըլլար։ Փոխարէն, ընտանիքին գերագոյն Գլուխը ըլլալով, Եհովա ծնողներուն կը շնորհէ իրենց զաւակները սիրալիրօրէն մարզելու եւ կրթելու հեղինակութիւնը։ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 3։15. 6։1-4) Իրականութեան մէջ, կրթութիւնը սերտօրէն առնչուած է Պօղոսի նշած սիրոյ այլ մէկ երեսակին։

Ի՛նչպէս սիրով կրթել

7. Քաղցր ծնողներ ինչո՞ւ իրենց զաւակները պիտի կրթեն, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

7 Պօղոս գրեց թէ սէրը «քաղցր է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Իրապէս քաղցր ծնողներ իրենց զաւակները հաստատօրէն կը կրթեն։ Ասիկա ընելով՝ անոնք Եհովան կ’ընդօրինակեն։ «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ», գրեց Պօղոս։ Հաճիս նկատի առ թէ Աստուածաշունչի նշած խրատը կամ կրթութիւնը՝ պարզապէս պատիժ չի նշանակեր։ Անիկա մարզումի ու դաստիարակութեան գաղափարը կը կրէ։ Այսպիսի կրթութեան մը նպատակը ի՞նչ է։ Պօղոս կ’ըսէ. «Արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն»։ (Եբրայեցիս 12։6, 11) Երբ ծնողներ իրենց զաւակները Աստուծոյ կամքին համաձայն քաղցրօրէն դաստիարակեն, անոնց կու տան պատեհութիւնը խաղաղասէր եւ պարկեշտ չափահասներ ըլլալու։ Եթէ երախաները «Տէրոջը խրատը» ընդունին, անոնք իմաստութիւն, գիտութիւն ու խորատեսութիւն կը ստանան,– ոսկիէն ու արծաթէն արժէքաւոր ստացուածքներ։—Առակաց 3։11-18

8. Երբ ծնողներ իրենց զաւակները կրթելու մէջ թերանան, սովորաբար ի՞նչ են հետեւանքները։

8 Միւս կողմէ, երբ ծնողներ իրենց զաւակները կրթելու մէջ թերանան, ասիկա քաղցրութիւն չէ։ Եհովա Սողոմոնը ներշնչեց որ գրէ. «Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ»։ (Առակաց 13։24) Հաստատ կրթութիւն չստացած երախաները թերեւս ինքնակեդրոն եւ ապերջանիկ ըլլան։ Միւս կողմէ, նկատուած է թէ կարեկից բայց հաստատ սահմաններ դնող ծնողներու կողմէ մեծցած զաւակներ, դպրոցին մէջ աւելի աշխատասէր կ’ըլլան, ուրիշներու հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ կը վայելեն եւ ընդհանրապէս երջանիկ կ’ըլլան։ Արդ, իրենց զաւակները կրթող ծնողները, վստահաբար անոնց հետ քաղցրութեամբ կը վարուին։

9. Քրիստոնեայ ծնողներ իրենց զաւակներուն ի՞նչ պէտք է սորվեցնեն, եւ այս պահանջները ի՞նչպէս պէտք է նկատուին։

9 Զաւակները քաղցրօրէն եւ սիրալիրօրէն կրթելը ի՞նչ կը պարփակէ։ Ծնողներ պէտք է իրենց զաւակներուն հետ քննարկեն թէ անոնցմէ ճի՛շդ ինչ պահանջուած է։ Օրինակ, Քրիստոնեայ ծնողներու զաւակները իրենց մանկութենէն Աստուածաշունչի հիմնական սկզբունքները կը սորվին, ինչպէս նաեւ՝ ճշմարիտ պաշտամունքի զանազան երեսակներուն մասնակցելու կարիքը։ (Ելից 20։12-17. Մատթէոս 22։37-40. 28։19. Եբրայեցիս 10։24, 25) Երախաներ պէտք է գիտնան թէ այս պահանջները բանակցելի չեն։

10, 11. Ծնողներ ինչո՞ւ կրնան իրենց զաւակներուն խնդրանքները նկատի առնել, երբ տան մէջ օրէնքներ կը հաստատեն։

10 Սակայն երբեմն ծնողներ թերեւս ուզեն իրենց զաւակներուն առիթ տալ, որ տան մէջ հաստատուելիք օրէնքներուն նկատմամբ իրենց տեսակէտը յայտնեն։ Եթէ այդ օրէնքներուն մասին պատանիներ կարենան իրենց կարծիքը յայտնել, հաւանաբար աւելի հակամէտ ըլլան անոնց հնազանդելու։ Օրինակ, եթէ ծնողներ պիտի որոշեն թէ զաւակներէն ե՛րբ պահանջուած է տունը ըլլալ, անոնք կրնան որոշ ժամ մը սահմանել կամ թերեւս զաւակներուն թոյլ տալ որ ժամ մը թելադրեն՝ պատճառները ներկայացնելով։ Ապա ծնողներ կրնան բացատրել թէ ինչո՛ւ կը խորհին որ իրե՛նց նախընտրած ժամը պատշաճ է։ Եթէ տարակարծութիւններ ըլլան, եւ հաւանաբար պիտի ըլլան, թերեւս ծնողներ որոշեն թէ կարելի է զաւակներուն փափաքած ժամը ընդունիլ, եթէ Աստուածաշունչի սկզբունքները չեն ոտնակոխուիր։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ծնողներ իրենց հեղինակութեան մէջ զիջում կ’ընեն կամ անկէ կը հրաժարին։

11 Այս հարցումին պատասխանելու համար, նկատի առ սիրալիրօրէն իր հեղինակութիւնը ի գործ դնելու Եհովայի կերպը, Ղովտի ու իր ընտանիքին առնչութեամբ։ Ղովտը, իր կինը եւ աղջիկները Սոդոմէ դուրս հանելէ յետոյ, հրեշտակները ըսին. «Լեռը փախիր, չըլլայ որ կորսուիս»։ Սակայն Ղովտ պատասխանեց. «Ո՛չ, Տէր իմ»։ Ապա Ղովտ փոխընտրութիւն մը առաջարկեց. «Ահա այս քաղաքը՝ որ հոն մօտ է ու պզտիկ է. շնորհք ըրէ, հոն փախչիմ, չէ՞ որ անիկա պզտիկ է»։ Եհովա ի՞նչ պատասխանեց. «Ահա այդ բանին մէջ ալ քու աղաչանքդ ընդունեցի»։ (Ծննդոց 19։17-22) Եհովա իր հեղինակութենէն հրաժարեցա՞ւ։ Վստահաբար ո՛չ։ Այսուհանդերձ ան Ղովտի խնդրանքը նկատի առաւ եւ այս ուղղութեամբ որոշեց իրեն հետ ա՛լ աւելի քաղցրութեամբ վարուիլ։ Եթէ ծնող մըն ես եւ ընտանեկան կանոններ կը հաստատես, կա՞ն պարագաներ երբ կրնաս զաւակներուդ խնդրանքները նկատի առնել։

12. Ի՞նչ բան երախային պիտի օգնէ ապահով զգալու։

12 Անշուշտ, զաւակներ ո՛չ միայն օրէնքները պէտք է գիտնան, այլ նաեւ՝ զանոնք բեկանելու պարագային ի՛նչ պատիժներ կրնան ակնկալել։ Անգամ մը որ անոնց հետ պատիժներուն մասին խօսուի եւ զանոնք հասկնան, հաստատուած կանոնները ի զօրու պէտք է դառնան։ Ծնողներ քաղցրութիւն ցուցաբերած չեն ըլլար եթէ իրենց զաւակները պատիժի մը նկատմամբ յարատեւաբար ազդարարեն, ապա զայն կիրարկելու մէջ թերանան։ «Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ժողովող 8։11) Ճիշդ է որ ծնող մը պիտի խուսափի երախան հանրապէս կամ անոր ընկերներուն առջեւ պատժելէ, զայն խայտառակ չընելու համար։ Բայց երախաներ աւելի ապահով կը զգան եւ իրենց ծնողներուն հանդէպ աւելի յարգանք ու սէր կը մշակեն, երբ գիտնան թէ իրենց ծնողներուն «այոն»՝ այո՛ կը նշանակէ եւ «ոչը»՝ ո՛չ։—Մատթէոս 5։37

13, 14. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Եհովան ընդօրինակել, երբ իրենց զաւակները կը մարզեն։

13 Պատիժ մը քաղցր նկատուելու համար, անիկա եւ մատակարարելու կերպը պէտք է զաւկին կարիքներուն յարմարին։ Փէմ կը նշէ. «Մեր երկու զաւակները կրթութեան տարբեր կարիքներ ունէին։ Կերպ մը որ մէկուն պարագային կը յաջողէր, միւսին պարագային կը ձախողէր»։ Ամուսինը՝ Լէրրի կը բացատրէ. «Մեր մեծ աղջիկը յամառ էր եւ միայն խստօրէն մատակարարուած կրթութեան կ’ընդառաջէր։ Սակայն կրտսերին պարագային, հաստատօրէն ըսուած խօսք մը կամ նոյնիսկ խիստ նայուածք մը բաւարար էր»։ Արդարեւ քաղցր ծնողներ կը ջանան զատորոշել թէ իրենց զաւակներէն իւրաքանչիւրին համար ո՛ր կրթութիւնը լաւագոյնն է։

14 Եհովա ծնողներուն օրինակ կը հանդիսանայ, իր ծառաներէն իւրաքանչիւրին զօրաւոր ու տկար կէտերը գիտնալով։ (Եբրայեցիս 4։13) Ասկէ զատ, երբ Եհովա պատժէ, ան ո՛չ անտեղիօրէն խիստ է, ո՛չ ալ՝ չափազանց թոյլատու։ Ընդհակառակը, ան միշտ իր ժողովուրդը «չափաւորութեամբ» կը կրթէ։ (Երեմիա 30։11) Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն զօրաւոր ու տկար կէտերը գիտէ՞ք։ Կրնա՞ք այս գիտութիւնը դրական ու քաղցր կերպով գործածել, զանոնք մարզելու համար։ Եթէ այո՛, ուրեմն կ’ապացուցանէք թէ ձեր զաւակները կը սիրէք։

Պարկեշտ հաղորդակցութիւնը քաջալերել

15, 16. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակները քաջալերել որ պարկեշտօրէն խօսին, իսկ Քրիստոնեայ ծնողներ այս առնչութեամբ ո՞ր մօտեցումը գործնական գտած են։

15 Սիրոյ այլ մէկ երեսակը այն է թէ «անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։6) Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակները մարզել որ շիտակը ու ճշմարիտը սիրեն։ Հիմնական քայլ մըն է զաւակները քաջալերել որ իրենց զգացումները պարկեշտօրէն արտայայտեն, նոյնիսկ եթէ իրենց ըսելիքները ծնողքին ախորժելի չեն։ Հասկնալի է որ ծնողներ կ’ուրախանան երբ զաւակներ արդար չափանիշներու հետ ներդաշնակ եղող գաղափարներ եւ զգացումներ արտայայտեն։ Սակայն երբեմն զաւկի մը սրտագին խօսքերը կրնան ցոյց տալ թէ անիրաւութեան հանդէպ հակում ունի։ (Ծննդոց 8։21) Այս պարագային ծնողներ ի՞նչպէս պէտք է հակազդեն։ Անոնց սկզբնական հակումը կրնայ ըլլալ՝ անմիջապէս զաւակները յանդիմանել, քանի որ այսպիսի գաղափարներ արտայայտեցին։ Եթէ ծնողներ այս կերպով հակազդեն, զաւակները շուտով պիտի սորվին ըսել միայն այն բաները, որոնք ծնողներուն ախորժելի են։ Անշուշտ անյարգալից խօսակցութիւնը շուտով պէտք է սրբագրուի, բայց տարբերութիւն կայ զաւակներուն քաղաքավարութեամբ խօսելու կերպը սորվեցնելուն եւ ի՛նչ ըսելիքը որոշելուն միջեւ։

16 Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան պատշաճ հաղորդակցութիւն քաջալերել։ Նախապէս նշուած Ալիան կ’ըսէ. «Բաց հաղորդակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծած ենք, ջանալով չափէ դուրս չհակազդել, երբ մեր զաւակները մեզի համար նեղացուցիչ եղող բաներ ըսեն»։ Թոմ անունով հայր մը կ’ըսէ. «Մեր աղջիկը քաջալերեցինք որ արտայայտուի, նոյնիսկ եթէ մեր մտածելակերպին հետ տարակարծիք է։ Զգացինք թէ եթէ իր խօսքը միշտ ընդմիջէինք եւ քմահաճօրէն մեր կամքը պարտադրէինք, ան յուսախաբ պիտի ըլլար եւ պիտի սորվէր իր սրտին մէջի եղածը մեզի չյայտնել։ Միւս կողմէ, իրեն մտիկ ընելը օգնեց որ ինքն ալ մեզի մտիկ ընէ»։ Վստահաբար, զաւակներ պէտք է իրենց ծնողներուն հնազանդին։ (Առակաց 6։20) Բայց բաց հաղորդակցութիւնը ծնողներուն պատեհութիւն կու տայ որ իրենց զաւակներուն օգնեն տրամաբանելու կարողութիւնը զարգացնելու։ Վինսէնթ, որ չորս զաւակներու հայր է, կ’ըսէ. «Յաճախ կը խօսակցինք պարագայի մը առաւելութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն մասին, որպէսզի մեր զաւակները կարենան անձամբ տեսնել թէ ի՛նչ է լաւագոյն ընտրութիւնը։ Ասիկա անոնց օգնած է որ մտային կարողութիւն զարգացնեն»։—Առակաց 1։1-4

17. Ծնողներ ի՞նչ բանէ կրնան վստահ ըլլալ։

17 Անշուշտ չկայ ծնող մը որ պիտի կարենայ երախաները մեծցնելու վերաբերեալ Աստուածաշունչի խրատները կատարեալ կերպով կիրարկել։ Այսուհանդերձ կրնաք վստահ ըլլալ թէ ձեր զաւակները խորապէս պիտի գնահատեն ձեր ջանքերը որ զիրենք երկայնամտութեամբ, քաղցրութեամբ եւ սիրով մարզէք։ Վստահաբար Եհովա պիտի օրհնէ ձեր ջանքերը։ (Առակաց 3։33) Ի վերջոյ, բոլոր Քրիստոնեայ ծնողները կը փափաքին որ իրենց զաւակները սորվին Եհովան սիրել, ո՛րքան որ ծնողքը զինք կը սիրէ։ Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան այս վեհ նպատակակէտին հասնիլ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ կարգ մը մասնայատուկ մեթոտներ։

Կը յիշե՞ս

• Խորատեսութիւն ցուցաբերելը ի՞նչպէս կրնայ ծնողքին օգնել որ երկայնամիտ ըլլայ։

• Քաղցրութիւնը եւ կրթութիւնը ի՞նչպէս յարակից են։

• Ծնողներու եւ զաւակներու միջեւ պարկեշտ հաղորդակցութիւնը ինչո՞ւ կենսական է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 20]

Զաւակներուդ հետ պարկեշտ ու բաց հաղորդակցութիւնը կը քաջալերե՞ս

[Նկար՝ էջ 21]

Ծնողնե՛ր, կը յիշէ՞ք թէ ի՛նչ կը նշանակէր երախայ մը ըլլալ