Ի՞նչպէս գթած ըլլալ
Ի՞նչպէս գթած ըլլալ
«Բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6։10
1, 2. Բարի Սամարացիին առակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ գթածութեան մասին։
ԶՐՈՅՑԻ մը ընթացքին, օրինական մը Յիսուսի հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Առ ի պատասխան, Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին։ Պատահեցաւ որ քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։ Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։ Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց։ Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։ Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան հանեց՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. ‘Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ’»։ Ապա Յիսուս հարցուց. «Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։ Մարդը պատասխանեց. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։—Ղուկաս 10։25, 29-37ա
2 Վիրաւոր մարդուն հանդէպ Սամարացիին վերաբերմունքը ի՜նչ վառ կերպով կը լուսաբանէ իսկական գթածութեան ի՛նչ ըլլալը։ Անոր խղճալով կամ կարեկցելով, Սամարացին ջանաց անոր ամոքում բերել։ Ասկէ զատ, կարիքաւոր մարդը Սամարացիին համար օտարական մըն էր։ Ազգային, կրօնական կամ մշակութային արգելքները չեն խոչընդոտեր գթասիրտ ըլլալը։ Առակը պատմելէ յետոյ, Յիսուս օրինականին ըսաւ. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։ (Ղուկաս 10։37բ) Կրնանք այս յորդորին անսալ ու ջանալ գթած ըլլալ։ Բայց ի՞նչպէս։ Ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր առօրեայ կեանքին մէջ գթածութիւն ցոյց տալ։
«Եթէ եղբայր մը . . . մերկ ըլլայ»
3, 4. Ինչո՞ւ յատկապէս քրիստոնէական ժողովքէն ներս գթածութիւն պէտք է ցուցաբերենք։
3 Պօղոս առաքեալ նշեց. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Ուստի, նախ նկատի առնենք թէ հաւատքի ընտանիքէն եղողներուն հանդէպ ի՛նչպէս կրնանք գթառատ ըլլալ։
4 Յորդորելով ճշմարիտ Քրիստոնեաները որ իրարու հետ գթասրտութեամբ վարուին, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չ’ըներ»։ (Յակոբոս 2։13) Այս ներշնչեալ խօսքերուն բնաբանը մեզի կը յայտնէ գթածութիւն ցուցաբերելու կարգ մը կերպեր։ Օրինակ, Յակոբոս 1։27–ի մէջ կը կարդանք. «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. ‘Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն’»։ Իսկ Յակոբոս 2։15, 16–ը կ’ըսէ. «Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. ‘Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէ՛ք’, բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի»։
5, 6. Ի՞նչպէս կրնանք ժողովքի անդամներուն ի նպաստ գթածութիւն յայտնող բազմաթիւ արարքներ ընել։
5 Ուրիշներուն հոգ տանիլը եւ կարիքաւորներուն օգնելը ճշմարիտ կրօնքին յատկանշական մէկ երեսակն է։ Մեր պաշտամունքը մեզի չի թոյլատրեր որ ուրիշներուն հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը սահմանափակենք, պարզապէս անոնց մաղթելով որ ամէն բան լաւ ընթանայ։ Փոխարէն, կարեկցութիւնը մեզ կը մղէ որ լուրջ կարիքներ ունեցողներուն ի նպաստ գործի լծուինք։ (Ա. Յովհաննէս 3։17, 18) Արդարեւ, հիւանդի մը համար ճաշ պատրաստելը, տարեցի մը տան մանր գործերը կատարելը, քրիստոնէական ժողովներուն համար փոխադրամիջոց հայթայթելը եւ արժանաւորներուն հանդէպ ձեռնբաց ըլլալը, գթածութիւն յայտնող արարքներու շարքին են՝ զորս բազմիցս ընելու ենք։—Բ. Օրինաց 15։7-10
6 Նիւթապէս տալէն շա՜տ աւելի կարեւոր է հոգեւորապէս տալը, քրիստոնէական ժողովքին հետզհետէ աւելցող անդամներուն օգնելու համար։ Մեզի յորդոր տրուած է որ ‘վատասիրտները մխիթարենք ու տկարներուն ձեռնտու ըլլանք’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) «Պառաւներուն» քաջալերութիւն տրուած է որ «բարի խրատ տուող» ըլլան։ (Տիտոս 2։3) Եւ Քրիստոնեայ տեսուչներուն նկատմամբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Իւրաքանչիւրը] հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս . . . պիտի ըլլայ»։—Եսայի 32։2
7. Սուրիոյ Անտիոքի աշակերտներէն ի՞նչ կը սորվինք գթած ըլլալու մասին։
7 Տեղական ժողովքի այրիները, որբերը եւ օգնութեան կարիք ունեցողները հոգալէ զատ, առաջին դարու ժողովքները երբեմն փութացին այլ շրջաններու մէջ բնակող հաւատակիցներու օժանդակել։ Օրինակ, երբ Ագաբոս մարգարէն նախագուշակեց թէ «մեծ սով մը պիտի ըլլայ բոլոր աշխարհը», Սուրիոյ Անտիոքի աշակերտները «որոշեցին, որ իրենցմէ ամէն մէկը ձեռքէն եկածին չափ Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն օգնութիւն ղրկեն»։ Ասիկա «Բառնաբասին ու Սօղոսին ձեռքով» երէցներուն ղրկուեցաւ։ (Գործք 11։28-30) Իսկ այսօր, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» օգնութեան յանձնախումբեր կազմակերպած է, որպէսզի հոգ տանին այն եղբայրներուն, որոնք կ’ազդուին բնական աղէտներէ, ինչպէս՝ ոլորամրրիկներ, երկրաշարժներ կամ ցունամիներ։ (Մատթէոս 24։45) Այս կարգադրութեան հետ համագործակցելով՝ մեր ժամանակը, կորովը եւ նիւթական միջոցները յօժարակամ նուիրելը, գթասրտութիւն ցոյց տալու ընտիր կերպ մըն է։
«Եթէ աչառութիւն կ’ընէք»
8. Աչառութիւնը ի՞նչպէս գթածութեան դէմ կը գործէ։
8 Գթածութեան եւ սիրոյ «արքայական օրէնք»ին դէմ գործող յատկանիշէ մը զգուշացնելով, Յակոբոս գրեց. «Եթէ աչառութիւն կ’ընէք մե՛ղք կը գործէք եւ օրէնքէն պիտի յանդիմանուիք օրինազանցներու պէս»։ (Յակոբոս 2։8, 9) Հարուստներու կամ կարկառուն անհատներու անտեղի նկատառութիւն ցուցաբերելը կրնայ մեզ նուազ զգայուն դարձնել «աղքատին աղաղակ»ին հանդէպ։ (Առակաց 21։13) Կողմնակցութիւնը կը խեղդէ գթասրտութիւնը։ Ուստի գթած ըլլալը կը պահանջէ որ ուրիշներուն հետ անաչառութեամբ վարուինք։
9. Ինչո՞ւ արժանաւորներուն յատուկ նկատառութիւն ցոյց տալը սխալ չէ։
9 Անաչառ ըլլալը կը նշանակէ՞ թէ երբեք յատուկ նկատառութիւն պէտք չէ ցուցաբերենք ոեւէ անհատի հանդէպ։ Ո՛չ։ Պօղոս առաքեալ իր Փիլիպպեցիս 2։25, 29, 30) Եպափրոդիտոսի մատուցած հաւատարիմ ծառայութիւնը ճանաչումի արժանի էր։ Ասկէ զատ, Ա. Տիմոթէոս 5։17–ի մէջ կը կարդանք. «Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով»։ Հոգեւոր ընտիր յատկութիւնները նաեւ ճանաչումի արժանի են։ Այսպիսի նկատառութիւն ցոյց տալը աչառութիւն չէ։
գործակիցին՝ Եպափրոդիտոսի նկատմամբ, Փիլիպպէի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք»։ Ինչո՞ւ։ «Քանզի Քրիստոսին գործին համար մինչեւ մահուան մօտեցաւ՝ իր կեանքը վտանգի մէջ ձգելով, որպէս զի ինծի ծառայէ ձեր փոխարէն»։ (‘Վերին իմաստութիւնը ողորմութիւնով լեցուն է’
10. Ինչո՞ւ մեր լեզուն պէտք է սանձենք։
10 Լեզուին մասին խօսելով, Յակոբոս ըսաւ. «Անիկա անզուսպ չար է ու մահաբեր թոյնով լեցուն։ Անով կ’օրհնենք Աստուած ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են։ Միեւնոյն բերնէն կ’ելլեն օրհնութիւն ու անէծք»։ Ապա Յակոբոս աւելցուց. «Եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք սրտերնուդ մէջ, մի՛ պարծենաք ու ճշմարտութիւնը սուտ մի՛ հանէք։ Այս իմաստութիւնը վերէն իջած չէ, հապա երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական է։ Քանզի ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները։ Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ»։—Յակոբոս 3։8-10ա, 14-17
11. Ի՞նչպէս կրնանք մեր գթած ըլլալը դրսեւորել, երբ մեր լեզուն կը գործածենք։
11 Արդ, մեր լեզուին գործածութիւնը կը յայտնէ թէ ‘ողորմութեամբ լեցուն’ իմաստութիւնը ունի՛նք կամ ոչ։ Ի՞նչ ըսել եթէ նախանձի կամ վիճասիրութեան պատաճառաւ յոխորտանք, ստենք կամ բամբասենք։ Սաղմոս 94։4–ը կը նշէ. «Բոլոր անօրէնութիւն գործողները [կը] պարծենան»։ Իսկ վիրաւորական խօսքերը ո՜րքան արագօրէն կրնան անմեղ անհատի մը բարի անունին վնասել։ (Սաղմոս 64։2-4) Ասկէ զատ, պահ մը խորհէ ‘իր բերնէն ստութիւններ թափող անիրաւ վկային’ պատճառած վնասներուն մասին։ (Առակաց 14։5. Գ. Թագաւորաց 21։7-13) Լեզուին սխալ գործածութեան մասին խօսելէ յետոյ, Յակոբոս կ’ըսէ. «Ե՛ղբայրներս, պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ»։ (Յակոբոս 3։10բ) Իսկական գթասրտութիւնը կը պահանջէ որ մեր լեզուն անարատութեամբ, խաղաղասիրութեամբ եւ բանաւորութեամբ գործածենք։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ ‘Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան’»։ (Մատթէոս 12։36) Ո՜րքան կարեւոր է որ մեր լեզուի գործածութիւնը դրսեւորէ մեր գթած ըլլալը։
‘Ներեցէք մարդոց իրենց յանցանքները’
12, 13. (ա) Թագաւորին մեծ պարտք ունեցող ծառային առակէն ի՞նչ կը սորվինք գթածութեան մասին։ (բ) Ի՞նչ կը նշանակէ մեր եղբօր ներել «եօթանասունեօթը անգամ»։
12 Թագաւորին 60,000,000 դահեկան պարտք ունեցող ծառային մասին Յիսուսի տուած առակը ցոյց կու տայ գթած ըլլալու այլ կերպ մը։ Պարտքը վճարելու միջոց մը չունենալով, ծառան տիրոջմէն խնդրեց որ իրեն ողորմի։ Թագաւորը ծառային «վրան խղճալով», անոր պարտքը ներեց։ Բայց ծառան գնաց, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը՝ որ միայն հարիւր դահեկան կը պարտէր իրեն, ու անգթօրէն բանտը նետել տուաւ զայն։ Երբ տէրը իմացաւ ամբողջ պատահածը, կանչեց զայն ու ըսաւ. «Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ»։ Ապա տէրը բանտապահներուն մատնեց զանիկա։ Յիսուս առակը եզրափակեց՝ ըսելով. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։—Մատթէոս 18։23-35
13 Վերոյիշեալ առակը ո՜րքան ուժգնօրէն ցոյց կու տայ թէ գթածութիւնը կը պարփակէ ներելու պատրաստակամութիւն։ Եհովա մեզի ներած է մեղքերու հսկայ պարտք մը։ Մենք ալ պէտք չէ՞ ‘մարդոց իրենց յանցանքները ներենք’։ (Մատթէոս 6։14, 15) Յիսուս անգութ ծառայէին առակը պատմելէ առաջ, Պետրոս իրեն հարցուց. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը [«եօթանասունեօթը անգամ», ՆԱ]»։ (Մատթէոս 18։21, 22) Այո, գթասիրտ անհատը պատրաստ է ներելու «եօթանասունեօթը անգամ», այսինքն՝ անսահմանօրէն։
14. Մատթէոս 7։1-4–ի համաձայն, ի՞նչպէս կրնանք ամէն օր գթածութիւն ցուցաբերել։
Մատթէոս 7։1-4) Հետեւաբար, կրնանք ամէն օր գթածութիւն ցուցաբերել՝ ուրիշներու տկարութիւններուն համբերելով, առանց չափազանց քննադատող ըլլալու։
14 Գթածութիւն ցուցաբերելու այլ կերպ մը նշելով, Յիսուս Լերան Քարոզին մէջ ըսաւ. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք։ . . . Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ»։ («Բարիք ընենք ամենուն»
15. Գթածութեան արարքները ինչո՞ւ հաւատակիցներուն սահմանափակուած չեն։
15 Թէեւ Յակոբոսի նամակը հաւատակիցներու միջեւ գթածութիւն ցուցաբերելը կ’ընդգծէ, բայց ասիկա չի նշանակեր թէ գթածութեան արարքները սահմանափակուած են քրիստոնէական ժողովքի անդամներուն։ Սաղմոս 145։9–ն կ’ըսէ. «Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են»։ Մեզի յորդոր տրուած է որ ‘Աստուծոյ նմանող ըլլանք’ եւ «բարիք ընենք ամենուն»։ (Եփեսացիս 5։1. Գաղատացիս 6։10) Թէեւ ‘աշխարհը չենք սիրեր, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է’, բայց աշխարհային մարդոց կարիքներուն նկատմամբ անտարբեր չենք։—Ա. Յովհաննէս 2։15
16. Ի՞նչ ազդակներ կ’որոշեն թէ ի՛նչպէս ուրիշներու հանդէպ գթածութիւն ցուցաբերենք։
16 Քրիստոնեաներ ըլլալով, չենք վարանիր մեր կարելին ընելու, օգնելու համար «դիպուած»ի զոհ գացած կամ շատ նեղ կացութեան մատնուած անհատներու։ (Ժողովող 9։11) Անշուշտ պարագաները պիտի թելադրեն թէ ի՛նչ տարողութեամբ կրնանք ձեռք տալ։ (Առակաց 3։27) Երբ ուրիշներուն նիւթապէս կ’օգնենք, կ’ուզենք զգոյշ ըլլալ որ ծուլութիւն չքաջալերենք։ (Առակաց 20։1, 4. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10-12) Ուստի, գթածութեան իսկական արարքը կ’արտացոլացնէ թէ՛ կարեկցութիւն եւ թէ առողջ տրամաբանութիւն։
17. Քրիստոնէական ժողովքէն դուրս եղողներուն հանդէպ գթածութիւն ցուցաբերելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։
17 Քրիստոնէական ժողովքէն դուրս եղողներուն հանդէպ գթածութիւն ցուցաբերելու լաւագոյն կերպն է՝ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը անոնց ներկայացնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ներկայիս մարդկութեան մեծ մասը հոգեւոր խաւարի մէջ կը խարխափէ։ Իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու կերպ մը եւ ապագային համար որեւէ իսկական յոյս չունենալով, մարդոց մեծամասնութիւնը ‘յոգնած ու ցրուած է՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս’։ (Մատթէոս 9։36) Աստուծոյ Խօսքին պատգամը կրնայ ‘անոնց ոտքերուն ճրագ’ ըլլալ, օգնելով որ կեանքի խնդիրներուն հետ գլուխ ելլեն։ Անիկա նաեւ կրնայ ‘անոնց շաւիղներուն լոյս’ ըլլալ, քանի որ Աստուածաշունչը ապագայի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը կը յայտնէ, պայծառ յոյս մը ունենալու հիմ մը հայթայթելով անոնց։ (Սաղմոս 119։105) Ի՜նչ առանձնաշնորհում է ճշմարտութեան հոյակապ պատգամը հաղորդել անոնց՝ որոնք անոր մեծ կարիք ունին։ Մօտալուտ «մեծ նեղութեան» ի տես, հիմա է ժամանակը Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին նախանձախնդրաբար մասնակցելու։ (Մատթէոս 24։3-8, 21, 22, 36-41. 28։19, 20) Գթածութեան ո՛չ մէկ այլ արարք ա՛յսքան կարեւոր է։
‘Ներսը եղող բաներէն’ տալ
18, 19. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք մեր կեանքին վրայ գթածութեան ունեցած ազդեցութիւնը աւելցնել։
18 «[Ձեր] մէջ եղածներէն ողորմութիւն տուէք», ըսաւ Յիսուս։ (Ղուկաս 11։41) Բարի գործ մը իսկական գթածութեան արարք մը ըլլալու համար, պէտք է պարգեւ մը ըլլայ՝ որ ներսէն կը բխի,– սիրառատ ու կամեցող սրտէ։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Այս գթասրտութիւնը ո՜րքան թարմացուցիչ է աշխարհի մը մէջ, ուր բրտութիւնը, եսասիրութիւնը եւ ուրիշներու տառապանքով ու խնդիրներով չհետաքրքրուիլը սովորական են։
19 Արդ, ջանանք մեր կեանքին վրայ գթածութեան բանեցուցած ազդեցութիւնը աւելցնել։ Ո՛րքան աւելի գթած ըլլանք, ա՛յնքան աւելի Աստուծոյ կը նմանինք։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ իրապէս իմաստալից եւ գոհացուցիչ կեանք մը վարենք։—Մատթէոս 5։7
Ի՞նչ սորվեցար
• Ինչո՞ւ յատկապէս կարեւոր է որ հաւատակիցներու հանդէպ գթած ըլլանք։
• Ի՞նչպէս կրնանք քրիստոնէական ժողովքէն ներս գթածութիւն ցուցաբերել։
• Ի՞նչպէս կրնանք ժողովքէն դուրս եղողներուն բարիք ընել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]