Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքի մէջ իմաստալից նպատակ մը հետապնդել

Կեանքի մէջ իմաստալից նպատակ մը հետապնդել

Կեանքի մէջ իմաստալից նպատակ մը հետապնդել

«Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 150։6

1. Երիտասարդ մը ի՞նչպէս կեանքի մէջ նպատակ մը փնտռեց։

ՍԷՆԿ Ժին, * որ Քորէայի մէջ մեծցած է, կը մտաբերէ. «Բժշկութիւն ուսանեցայ՝ քանի որ ուզեցի կեանքս գործածել մարդոց օգնելու համար։ Նաեւ խորհեցայ թէ բժիշկին վայելած վարկն ու նիւթական վարձատրութիւնները ինծի երջանկութիւն պիտի բերեն։ Յուսավրէպ դարձայ, երբ անդրադարձայ թէ բժիշկ մը միայն սահմանափակ օգնութիւն կրնայ մատուցանել։ Ապա նկարչութեան հետեւեցայ, բայց արուեստագիտական գործերս չնչին օգուտ բերին ուրիշներուն եւ ինքզինքս եսասէր նկատեցի։ Սկսայ ուսուցչութիւն ընել, բայց շատ չանցած՝ անդրադարձայ որ միայն իրողութիւններ կրնայի փոխանցել եւ ոչ թէ իսկական երջանկութեան առաջնորդող ուղղութիւններ»։ Շատերու նման, Սէնկ Ժին կեանքի մէջ իմաստալից նպատակ մը կը փնտռէր։

2. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ կեանքի մէջ նպատակ ունենալ։ (բ) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Ստեղծիչը մեզ հոս դնելուն համար նպատակ մը ունէր։

2 Կեանքի մէջ իսկական նպատակ ունենալ կը նշանակէ՝ ունենալ ապրելու պատճառ մը, յստակ նպատակակէտ մը եւ ջանքի կիզակէտ մը։ Մարդ արարածը կրնա՞յ այսպիսի նպատակ մը ունենալ։ Այո՛։ Այն իրողութիւնը որ մենք օժտուած ենք ուշիմութեամբ, խղճմտանքով եւ տրամաբանելու կարողութեամբ, ենթադրել կու տայ թէ Ստեղծիչը մեզ հոս դնելուն համար վաւերական նպատակ մը ունէր։ Հետեւաբար տրամաբանական է որ կարենանք մեր իսկական նպատակը գտնել եւ իրագործել՝ միայն Ստեղծիչին նպատակին հետ ներդաշնակ ապրելով։

3. Մարդոց վերաբերեալ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ կը պարփակէ։

3 Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ մեզի վերաբերեալ Աստուծոյ նպատակը բազմաթիւ բաներ կը պարփակէ։ Օրինակ, այն սքանչելի կերպը՝ որով ստեղծուած ենք, իրապէս Աստուծոյ անձնուրաց սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն է։ (Սաղմոս 40։5. 139։14) Ուստի Աստուծոյ նպատակին համաձայն ապրիլը կը նշանակէ՝ ուրիշները անձնուրացօրէն սիրել, ինչպէս Աստուած կը սիրէ։ (Ա. Յովհաննէս 4։7-11) Անիկա նաեւ կը նշանակէ Աստուծոյ հրահանգները պահել, որոնք մեզի կ’օգնեն որ իր սիրալիր նպատակին համաձայն ապրինք։—Ժողովող 12։13. Ա. Յովհաննէս 5։3

4. (ա) Կեանքի մէջ իսկական նպատակ ունենալու համար ի՞նչ պահանջուած է։ (բ) Ի՞նչ է մեծագոյն նպատակը՝ զոր կրնանք հետապնդել։

4 Աստուած նաեւ նպատակադրեց որ մարդիկ երջանկութեամբ ու խաղաղութեամբ ապրին թէ՛ իրարու հետ եւ թէ մնացեալ ստեղծագործութեան հետ։ (Ծննդոց 1։26. 2։15) Սակայն երջանիկ, ապահով ու խաղաղ զգալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Ինչպէս երախայ մը երջանիկ ու ապահով զգալու համար իր ծնողքին ներկայութիւնը զգալու կարիք ունի, նոյնպէս մեր երկնաւոր Հօր հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալու կարիք ունինք, կեանքի մէջ իսկական իմաստ ու նպատակ գտնելու համար։ (Եբրայեցիս 12։9) Աստուած կարելի կը դարձնէ որ իրեն հետ այսպիսի յարաբերութիւն մը վայելենք, թոյլ տալով որ իրեն մօտենանք եւ լսելով մեր աղօթքները։ (Յակոբոս 4։8. Ա. Յովհաննէս 5։14, 15) Եթէ հաւատքով ‘Աստուծոյ հետ քալենք’ եւ իր բարեկամները ըլլանք, կրնանք մեր երկնաւոր Հայրը ուրախացնել եւ փառաբանել։ (Ծննդոց 6։9. Առակաց 23։15, 16. Յակոբոս 2։23) Ասիկա մեծագոյն նպատակն է՝ զոր անհատ մը կրնայ հետապնդել։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ»։—Սաղմոս 150։6

Կեանքի մէջ քո՛ւ նպատակդ ի՞նչ է

5. Նիւթական շահերը առաջին տեղը դնելը ինչո՞ւ անիրատես է։

5 Մեզի վերաբերեալ Աստուծոյ նպատակին մաս կը կազմէ՝ մեր անձին եւ մեր ընտանիքին լաւ հոգ տանիլը։ Ասիկա կը պարփակէ ֆիզիքական ու հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանիլ։ Սակայն ասիկա ընելու համար հաւասարակշռութիւն կը պահանջուի, որպէսզի աշխարհիկ շահերն ու հետաքրքրութիւնները շուքի մէջ չձգեն աւելի կարեւոր հոգեւոր բաները։ (Մատթէոս 4։4. 6։33) Դժբախտաբար շատեր իրենց կեանքը կը կեդրոնացնեն գրեթէ բացարձակապէս նիւթական բաներ ձեռք ձգելու վրայ։ Այսուհանդերձ, մեր բոլոր կարիքները միմիայն նիւթական միջոցներով գոհացնելու ջանքը անիրատես է։ Ասիոյ մէջ ապրող միլիոնատէրերու հետ վերջերս կատարուած փորձագիտանք մը կը յայտնէ թէ անոնցմէ շատեր «անապահով ու տագնապալից վիճակ մը ունին, հակառակ անոր որ իրենց հարստութեան շնորհած ընկերային դիրքը եւ իրագործումի զգացումը կը վայելեն»։—Ժողովող 5։11

6. Յիսուս հարստութեան հետամուտ ըլլալու նկատմամբ ի՞նչ խրատ տուաւ։

6 Յիսուս խօսեցաւ «հարստութեան խաբէութիւններ»ուն մասին։ (Մարկոս 4։19) Հարստութիւնը ի՞նչպէս խաբէական է։ Անիկա կը թուի երջանկութեան միջոց մը ըլլալ։ «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար», նշեց իմաստուն Սողոմոն թագաւոր։ (Ժողովող 5։10) Բայց կարելի՞ է նիւթապաշտական նպատակակէտեր հետապնդել եւ բոլորանուէր կերպով Աստուծոյ ծառայել։ Ո՛չ։ Յիսուս բացատրեց. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ Յիսուս իր հետեւորդները յորդորեց որ երկրի վրայ նիւթական ստացուածքներ չդիզեն, այլ՝ ‘երկինքը գանձեր դիզեն’, այսինքն՝ բարի անուն ձեռք ձգել Աստուծոյ քով, որ «ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։—Մատթէոս 6։8, 19-25

7. Ի՞նչպէս կրնանք «ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգել»։

7 Տիմոթէոսի գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ այս առնչութեամբ զօրաւոր խրատ մը տուաւ։ Ան Տիմոթէոսի ըսաւ. «Հարուստներուն պատուիրէ որ . . . անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք . . . ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ։ Այդպիսով իրենք իրենց համար կ’ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ’ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար»։—Ա. Տիմոթէոս 6։17-19, Անթիլիաս

Ի՞նչ է «ճշմարիտ կեանքը»

8. (ա) Շատեր ինչո՞ւ հարստութեան եւ ընկերային դիրքի ետեւէ կ’ըլլան։ (բ) Այսպիսիներ ի՞նչ բանի չեն անդրադառնար։

8 Շատեր «ճշմարիտ կեանք» արտայայտութեամբ կ’ակնարկեն պերճանքին ու հաճոյքներուն։ Ասիական լրագիր մը կը նշէ. «Անոնք որ ֆիլմեր կամ հեռատեսիլ կը դիտեն, կը սորվին իրենց տեսածը ցանկալ, ձեռք ձգուելիք բաները երազել»։ Շատեր հարստանալն ու դիրքի մը տիրանալը իրենց նպատակը կը դարձնեն։ Անոնք իրենց երիտասարդութիւնը, առողջութիւնը, ընտանեկան կեանքը եւ հոգեւոր արժէքները կը զոհեն, այդ բաները հետապնդելու համար։ Քիչեր կանգ առնելով կը մտածեն թէ հաղորդամիջոցներու սփռածը պարզապէս «աշխարհի հոգի»ին արտացոլացումն է,– այն տիրական մտածելակերպը որ միլիառաւոր մարդոց վրայ ազդեցութիւն կը բանեցնէ եւ զիրենք կը մղէ Աստուծոյ նպատակին հակառակելու։ (Ա. Կորնթացիս 2։12. Եփեսացիս 2։2) Զարմանալի չէ որ ներկայիս բազմաթիւ ապերջանիկ անհատներ կան։—Առակաց 18։11. 23։4, 5

9. Մարդիկ ի՞նչ բան երբեք չեն կրնար իրագործել եւ ինչո՞ւ։

9 Ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք անձնուրացօրէն կ’աշխատին ուրիշներու բարօրութեան ի նպաստ, ջանալով անօթութիւնը, հիւանդութիւնը եւ անիրաւութիւնը արմատախիլ ընել։ Անոնց վեհ արարքները յաճախ օգտաշատ կ’ըլլան, բայց հակառակ անոնց լաւագոյն ջանքերուն, երբեք պիտի չկարենան իրերու այս դրութիւնը արդար ու բարի դարձնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «ամբողջ աշխարհը Չարին [Սատանայի] ենթակայ» է, եւ ան չ’ուզեր անոր փոխուիլը։—Ա. Յովհաննէս 5։19, Անթիլիաս

10. Հաւատարիմները ե՞րբ «ճշմարիտ կեանքը» պիտի վայելեն։

10 Ո՜րքան ցաւալի է եթէ անհատ մը ներկայ կեանքէն զատ ուրիշ յոյս մը չունի։ «Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք», գրեց Պօղոս։ Անոնք որ կը հաւատան թէ կեանքը միայն այս է, կ’ըսեն. «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք»։ (Ա. Կորնթացիս 15։19, 32) Բայց կա՛յ ապագայ մը. Աստուծոյ «խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Այդ ժամանակ, Քրիստոնեաները կրնան «ճշմարիտ կեանքը» վայելել, այսինքն՝ «յաւիտենական կեանք» կատարելութեան մէջ, կա՛մ երկինքը եւ կամ Աստուծոյ Թագաւորութեան կառավարութեան սիրալիր իշխանութեան ներքեւ։—Ա. Տիմոթէոս 6։12

11. Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու գործունէութիւնը ինչո՞ւ նպատակալից է։

11 Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը լիովին պիտի յաջողի մարդկութեան խնդիրները լուծել։ Ուստի Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու գործունէութիւնը ամենէն նպատակալից ասպարէզն է, որուն անհատ մը կրնայ հետամուտ ըլլալ։ (Յովհաննէս 4։34) Մինչ այդ գործին կը մասնակցինք, մեր երկնաւոր Հօր հետ օրհնեալ յարաբերութիւն մը կը վայելենք։ Նաեւ կեանքի մէջ նոյն նպատակը հետապնդող միլիոնաւոր հոգեւոր եղբայրներու եւ քոյրերու կողքին ծառայելու ուրախութիւնը կ’ունենանք։

Շիտակ զոհողութիւնը ընել

12. Ներկայ կեանքը բաղդատէ «ճշմարիտ կեանք»ին հետ։

12 Ներկայ աշխարհը «կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ Սատանայի աշխարհին ո՛չ մէկ մասը պիտի խնայուի, ի ներառեալ անոր համբաւն ու հարստութիւնը, «բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննէս 2։15-17) Ներկայ դրութեան անստոյգ հարստութեան, ժամանակաւոր փառքին եւ անցողական հաճոյքներուն հակառակը, «ճշմարիտ կեանքը»,– Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ յաւիտենական կեանքը,– մնայուն է եւ արժանի՝ մեր ըրած շիտակ զոհողութեան։

13. Ամոլ մը ի՞նչպէս շիտակ զոհողութիւնը ըրաւ։

13 Նկատի առ Հէնրին ու Սիւզանը։ Անոնք լման հաւատք ունին Աստուծոյ խոստումին հանդէպ, թէ բոլոր անոնք որ Թագաւորութիւնը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնեն, իր օգնութիւնը պիտի ստանան։ (Մատթէոս 6։33) Ուստի, փոխանակ երկուքն ալ աշխարհիկ գործեր աշխատելու, նախընտրեցին աժանագին տան մը մէջ բնակիլ, որպէսզի կարենան իրենց երկու դուստրերուն հետ հոգեւոր գործունէութիւններու համար աւելի ժամանակ յատկացնել։ (Եբրայեցիս 13։15, 16) Բարենպատակ բարեկամուհի մը անոնց ընտրութիւնը չհասկնալով՝ Սիւզանին ըսաւ. «Սիրելի՛ս, եթէ երբեք ուզես աւելի լաւ տան մը մէջ բնակիլ, բան մը պէտք է զոհես»։ Սակայն Հէնրին ու Սիւզանը գիտէին թէ Եհովան առաջնակարգ տեղը դնելը՝ «թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8. Տիտոս 2։12) Անոնց դուստրերը մեծցան եւ նախանձախնդիր լիաժամ աւետարանիչներ եղան։ Որպէս ընտանիք, անոնք կը զգան թէ բանէ մը չզրկուեցան. փոխարէն, «ճշմարիտ կեանք»ին հետամուտ ըլլալը իրենց նպատակը ընելով՝ մեծապէս օգտուեցան։—Փիլիպպեցիս 3։8. Ա. Տիմոթէոս 6։6-8

‘Աշխարհը մի՛ չարաշահեր’

14. Մեր իսկական նպատակը մեր մտքէն հեռացնելը ի՞նչ ողբերգութիւններու կրնայ առաջնորդել։

14 Սակայն իսկական վտանգ կայ եթէ մեր բուն նպատակը մոռնանք եւ «ճշմարիտ կեանքը» ամուր չբռնենք. կրնանք «հոգերով ու հարստութիւնով եւ այս կեանքին ցանկութիւններով զբաղած» դառնալ։ (Ղուկաս 8։14) Անզուսպ ցանկութիւնները եւ «կեանքին հոգեր»ը կրնան պատճառ ըլլալ որ չափազանց մխրճուինք իրերու այս դրութեան մէջ։ (Ղուկաս 21։34, ԱՎ) Դժբախտաբար, ոմանք հարստանալու բուռն փափաքով կլանուեցան եւ ‘հաւատքէն մոլորելով ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին’, նոյնիսկ Եհովայի հետ իրենց թանկարժէք յարաբերութիւնը կորսնցնելով։ Արդարեւ ո՜րքան սուղի կը նստի ‘յաւիտենական կեանքը ամուր չբռնելը’։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10, 12. Առակաց 28։20

15. Ընտանիք մը ի՞նչպէս օգտուեցաւ ‘աշխարհը չչարաշահելով’։

15 Պօղոս խրատեց. «Անոնք որ այս աշխարհը կ’օգտագործեն, [այնպէս ըլլան՝] որպէս թէ չեն չարաշահեր»։ (Ա. Կորնթացիս 7։31, ԱՎ) Գիթը եւ Պոնին այս խրատին անսացին։ Գիթ կը պատմէ. «Ատամնաբուժական ճիւղը աւարտելու վրայ էի երբ Եհովայի Վկայ մը եղայ։ Առջեւս ընտրութիւն մը կար։ Կրնայի բազմաթիւ հիւանդներ ընդունիլ եւ շատ դրամ շահիլ, բայց մեր հոգեւոր կեանքին հաշւոյն։ Որոշեցի գործս սահմանափակել, որպէսզի աւելի ժամանակ ունենամ մեր ընտանիքին հոգեւոր ու զգացական բարօրութեան համար, որ ի վերջոյ հինգ դուստր պարփակեց։ Թէեւ քիչ կը պատահէր որ մեր ձեռքը յաւելեալ դրամ ըլլար, բայց սորվեցանք խնայողութիւն ընել, եւ մեզի հարկ եղածը միշտ ունէինք։ Սերտ, ջերմ եւ երջանիկ ընտանեկան կեանք մը վայելեցինք։ Ժամանակի ընթացքին, բոլորս ալ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցինք։ Ներկայիս, մեր դուստրերը երջանիկ ամուսնութիւն մը կը վայելեն, եւ անոնցմէ երեքը զաւակներ ունին։ Անոնց ընտանիքներն ալ երջանիկ են, մինչ կը շարունակեն Եհովայի նպատակը առաջնակարգ տեղը դնել»։

Աստուծոյ նպատակը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դիր

16, 17. Աստուածաշունչը ո՞ր տաղանդաւոր մարդոց օրինակները կու տայ, եւ անոնք ի՞նչպէս կը յիշուին։

16 Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ Աստուծոյ նպատակին համաձայն ապրող ու չապրող անհատներու օրինակներ։ Անոնցմէ քաղուած դասերը կը կիրարկուին ամէն տարիքի ու մշակոյթի պատկանող եւ այլազան պարագաներ ունեցող անհատներու։ (Հռովմայեցիս 15։4. Ա. Կորնթացիս 10։6, 11) Նեբրովթ Եհովայի հակառակ կենալով մեծ քաղաքներ կառուցանեց։ (Ծննդոց 10։8, 9) Բազմաթիւ ուրիշներ լաւ օրինակ հանդիսացան։ Մովսէս իր նպատակը չդարձուց իր դիրքը պահպանել որպէս Եգիպտացի ազնուական։ Փոխարէն, ան իր հոգեւոր առանձնաշնորհումները արժեւորեց, ‘աւելի մեծ հարստութիւն սեպելով զանոնք՝ քան թէ Եգիպտոսի գանձերը’։ (Եբրայեցիս 11։26) Բժիշկ Ղուկասը հաւանաբար օգնութիւն մատուցանեց՝ Պօղոսի եւ ուրիշներու հիւանդութիւնները բուժելու համար։ Բայց Ղուկաս իր մեծագոյն բարիքը ըրաւ իբրեւ աւետարանիչ եւ Աստուածաշունչը գրող։ Իսկ Պօղոս ճանչցուած է ո՛չ թէ որպէս Օրէնքի մասնագէտ, այլ՝ միսիոնար եւ «հեթանոսներուն առաքեալ»։—Հռովմայեցիս 11։13

17 Դաւիթ գլխաւորաբար կը յիշուի որպէս Աստուծոյ «սրտին համեմատ մարդ մը», եւ ո՛չ թէ՝ հրամանատար, երաժիշտ կամ երգահան։ (Ա. Թագաւորաց 13։14) Կը ճանչնանք Դանիէլը իբրեւ Եհովայի հաւատարիմ մարգարէ, եւ ո՛չ թէ՝ Բաբելոնի բարձրաստիճան պաշտօնեայ. Եսթերը՝ քաջութեան ու հաւատքի տիպար եւ ո՛չ թէ Պարսկաստանի թագուհի. Պետրոսը, Անդրէասը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը՝ Յիսուսի առաքեալներ եւ ո՛չ թէ յաջող ձկնորսներ։ Իսկ Յիսուս մեզի համար «հիւսնը» չէ, այլ՝ «Քրիստոսը»։ (Մարկոս 6։3. Մատթէոս 16։16) Այս բոլոր անհատները լաւ հասկցած էին թէ ի՛նչ որ ալ ըլլային իրենց տաղանդները, ստացուածքները կամ դիրքերը, իրենց կեանքին առանցքը պէտք էր ըլլար Աստուծոյ ծառայութիւնը եւ ո՛չ թէ աշխարհիկ ասպարէզը։ Անոնք գիտցան թէ աստուածավախ տղամարդ կամ կին մը ըլլալով, կրնային ամենէն վեհ ու վարձահատոյց նպատակը ունենալ։

18. Երիտասարդ Քրիստոնեայ մը որոշեց իր կեանքը ի՞նչպէս գործածել, եւ ի՞նչ բանի անդրադարձաւ։

18 Սկիզբը նշուած Սէնկ Ժինն ալ ասոր գիտակցեցաւ։ Ան կը բացատրէ. «Փոխանակ իմ ամբողջ կորովս բժշկութեան, արուեստի կամ ուսուցչութեան յատկացնելու, վճռեցի կեանքս գործածել Աստուծոյ կատարած նուիրումիս համաձայն։ Այժմ կը ծառայեմ հո՛ն՝ ուր Աստուածաշունչը ուսուցանողներու մեծ կարիք կայ, մարդոց օգնելով յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ քալելու։ Անցեալին կը խորհէի թէ լիաժամ քարոզիչ մը ըլլալը ոգեւորիչ մարտահրաւէր մը չէր։ Այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեմ, մինչ կը ջանամ բարելաւել անձնաւորութիւնս եւ զանազան մշակոյթներու պատկանող անհատներու ուսուցանելու կարողութիւնս։ Կը գիտակցիմ որ Եհովայի նպատակը մե՛ր նպատակը ընելը, միակ իմաստալից կենցաղն է»։

19. Ի՞նչպէս կրնանք կեանքի մէջ իսկական նպատակ գտնել։

19 Քրիստոնեաներ ըլլալով, օրհնուած ենք փրկաբեր գիտութեամբ եւ փրկութեան յոյսով։ (Յովհաննէս 17։3) Ուստի ‘Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ չընդունինք’։ (Բ. Կորնթացիս 6։1) Փոխարէն, մեր թանկարժէք օրերն ու տարիները գործածենք Եհովան փառաբանելու համար։ Տարածենք այն գիտութիւնը որ հիմա իսկական երջանկութիւն կը բերէ ու յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Ասիկա ընելով պիտի շօշափենք Յիսուսի խօսքին ճշմարիտ ըլլալը. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Եւ կեանքի մէջ իսկական նպատակ գտած պիտի ըլլանք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 1 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

Կրնա՞ս բացատրել

• Կեանքի մէջ ո՞ր ամենավեհ նպատակը կրնանք ունենալ։

• Նիւթական բաներու համար ապրիլը ինչո՞ւ անիրատես է։

• Աստուծոյ խոստացած «ճշմարիտ կեանքը» ի՞նչ է։

• Ի՞նչպէս կրնանք մեր կեանքը Աստուծոյ նպատակին համար գործածել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]