Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ովսէէի գիրքէն աչքառու կէտեր

Ովսէէի գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Ովսէէի գիրքէն աչքառու կէտեր

ՃՇՄԱՐԻՏ պաշտամունքը Իսրայէլի տասը–ցեղեան հիւսիսային թագաւորութենէն գրեթէ անհետացած է։ Յերոբովամ Բ.–ի իշխանութեան ներքեւ, Իսրայէլի մէջ նիւթական բարգաւաճութիւն կայ, բայց անոր մահէն ետք՝ շուտով կը նուազի։ Խռովութեան ու քաղաքական անկայունութեան ժամանակաշրջան մը կը սկսի։ Իրարայաջորդ վեց թագաւորներէն չորսը դաւադրաբար կը սպաննուին։ (Դ. Թագաւորաց 14։29. 15։8-30. 17։1-6) Հ.Դ.Ա. 804–էն սկսեալ, Ովսէէ 59 տարի կը մարգարէանայ, ի ներառեալ այս տագնապալի ժամանակը։

Կամակոր Իսրայէլի հանդէպ Եհովայի զգացումները վառ կերպով կը նկարագրուին՝ Ովսէէի ամուսնութեան մէջ տեղի ունեցող դէպքերով։ Ովսէէի պատգամին նիւթերն են՝ Իսրայէլի յանցանքները քօղազերծել եւ անոր ու Յուդայի թագաւորութեան դէմ մարգարէական դատաստաններ հաղորդել։ Ովսէէ այս ամէնը գրի առած է՝ իր անունը կրող գիրքին մէջ, գործածելով փափկանկատ եւ նուրբ ոճ մը, ինչպէս նաեւ՝ զօրաւոր եւ արտայայտիչ լեզու մը։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէկ մասը ըլլալով, անոր պատգամը կենարար է եւ ազդու։—Եբրայեցիս 4։12

«ՔԵԶԻ ՊՈՌՆԿՈՒԹԵԱՆ ԿԻՆ ՄԸ . . . Ա՛Ռ»

(Ովսէէ 1։1–3։5)

Եհովա Ովսէէի կ’ըսէ. «Գնա՛, քեզի պոռնկութեան կին մը . . . ա՛ռ»։ (Ովսէէ 1։2) Ովսէէ կը հնազանդի, եւ Գոմեր իրեն որդի մը կը ծնի։ Ապա Գոմեր երկու զաւակ կը ծնի, որոնք ակներեւօրէն ապօրինի են։ Անոնց անունները՝ Լօրուհամա եւ Լօամմի, կը նշեն թէ Եհովա Իսրայէլի պիտի չողորմի եւ իր անհաւատարիմ ժողովուրդը պիտի մերժէ։

Եհովա իր ըմբոստ ժողովուրդին հանդէպ իրապէս ի՞նչ կը զգայ։ Ան Ովսէէի կ’ըսէ. «Նորէն գնա՛, իր բարեկամէն սիրուած շնացող կին մը սիրէ, ինչպէս Տէրը Իսրայէլի որդիները կը սիրէ, թէեւ անոնք օտար աստուածներու կը դառնան»։—Ովսէէ 3։1

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։1—Ովսէէ ինչո՞ւ իր ծառայութեան ընթացքին Յուդայի վրայ իշխող չորս թագաւորներուն անունները կը նշէ, բայց Իսրայէլի թագաւորներէն՝ միայն մէկ թագաւորի անունը։ Քանի որ միայն Դաւիթի սերունդէն եղող թագաւորները ընդունուած էին որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին իրաւացի կառավարիչները։ Հիւսիսային թագաւորութեան թագաւորները Դաւիթի սերունդէն չէին, մինչդեռ Յուդայի թագաւորները՝ էին։

1։2-9—Ովսէէ ի՞րապէս պոռնկութեան կին մը առաւ։ Այո՛, Ովսէէ ամուսնացաւ կնոջ մը հետ, որ հետագային շնութիւն գործեց։ Մարգարէն որեւէ կերպով չի նշեր թէ իր ընտանեկան կեանքին մասին իր ըսածը երազ կամ տեսիլք մըն էր։

1։7—Աստուած ե՞րբ Յուդայի տան ողորմութիւն ըրաւ ու փրկեց։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 732–ին, Եզեկիա թագաւորին օրերուն։ Այդ ժամանակ, Եհովա Երուսաղէմի դէմ Ասորեստանցիներուն սպառնալիքին վերջ դրաւ հրեշտակի մը միջոցաւ, որ մէկ գիշերուան մէջ թշնամիին զօրքէն 185,000 զինուոր զարկաւ։ (Դ. Թագաւորաց 19։34, 35) Այսպէս Եհովա Յուդան ազատեց ո՛չ թէ «աղեղով կամ սուրով կամ պատերազմով, ձիերով կամ ձիաւորներով», այլ՝ հրեշտակի մը միջոցաւ։

1։10, 11—Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը նուաճուեցաւ Հ.Դ.Ա. 740–ին, ուստի ի՞նչպէս Իսրայէլի որդիներն ու Յուդայի որդիները ‘մէկտեղ հաւաքուեցան’։ Հ.Դ.Ա. 607–ին Յուդայի երկրին բնակիչները Բաբելոն աքսորուելէ առաջ, հիւսիսային թագաւորութենէն շատեր Յուդա փոխադրուած էին։ (Բ. Մնացորդաց 11։13-17. 30։6-12, 18-20, 25) Երբ Հ.Դ.Ա. 537–ին Հրեայ աքսորեալները իրենց հայրենիքը վերադարձան, անոնց մէջ կային Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութենէն եղողներուն զաւակները։—Եզրաս 2։70

2։21-23—Ի՞նչ նախագուշակեցին Եհովայի սա խօսքերը. ‘[Յեզրայէլը] ինծի համար երկրի վրայ պիտի սերմանեմ ու անոր պիտի ողորմիմ’։ Ովսէէի ու Գոմերի անդրանիկ որդիին անունը Յեզրայէլ էր։ (Ովսէէ 1։2-4) Այս անուան նշանակութիւնը՝ «Աստուած պիտի սերմանէ», մարգարէական է, թէ ինչպէս Եհովա հաւատարիմ մնացորդ մը պիտի հաւաքէր Հ.Դ.Ա. 537–ին, եւ Յուդայի մէջ զանոնք պիտի սերմանէր։ Երկիրը որ 70 տարի անբնակ էր, այժմ ցորեն, գինի եւ իւղ պէտք էր արտադրէր։ Բանաստեղծական ոճով մարգարէութիւնը կը նշէ թէ այս լաւ բաները երկրէն պիտի խնդրէին որ իր սնուցիչները արձակէ, իսկ երկիրը երկնքէն պիտի խնդրէր որ անձրեւ տեղացնէ։ Իր կարգին, երկինքը Աստուծմէ պիտի խնդրէր որ ամպեր հայթայթէ։ Այս բոլորին նպատակն էր՝ վերադարձող մնացորդին կարիքներուն մեծապէս հոգ տանիլ։ Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները Ովսէէ 2։23–ը կը կիրարկեն հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդին հաւաքման։—Հռովմայեցիս 9։25, 26. Ա. Պետրոս 2։10

Դասեր՝ մեզի համար.

1։2-9. 3։1, 2. Խորհէ թէ Ովսէէ ի՜նչ զոհողութիւն ըրաւ, երբ Աստուծոյ կամքին ենթարկուելով իր ամուսնութիւնը պահեց։ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար, ո՞ր տարողութեամբ պատրաստ ենք մեր նախընտրութիւններէն հրաժարելու։

1։6-9. Եհովա հոգեւոր շնութիւնը կ’ատէ, ինչպէս որ բառացի շնութիւնը կ’ատէ։

1։7, 10, 11. 2։14-23. Ինչ որ Եհովա նախագուշակեց Իսրայէլի եւ Յուդայի մասին՝ կատարուեցաւ։ Եհովայի խօսքը միշտ կ’իրականանայ։

2։16, 19, 21-23. 3։1-4. Եհովա պատրաստ է ներելու անոնց՝ որոնք սրտանց կը զղջան։ (Նէեմիա 9։17) Եհովայի նման, ուրիշներուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ կարեկից ու գթած պէտք է ըլլանք։

«ՏԷՐԸ . . . ՎԷՃ ՈՒՆԻ»

(Ովսէէ 4։1–13։16)

«Տէրը երկրի բնակիչներուն հետ վէճ ունի»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «երկրի վրայ ճշմարտութիւն չկայ ու ողորմութիւն չկայ ու Աստուծոյ գիտութիւնը չկայ»։ (Ովսէէ 4։1) Դաւաճան Իսրայելացիները անիրաւութիւն ըրած են, արիւն թափած են եւ բառացի ու հոգեւոր պոռնկութիւն գործած են։ Փոխանակ Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրելու, անոնք «Եգիպտացիները կը կանչեն, Ասորեստան կ’երթան»։—Ովսէէ 7։11

Եհովա իր դատաստանը կը յայտարարէ՝ ըսելով. ‘Իսրայէլ պիտի կլլուի’։ (Ովսէէ 8։8) Յուդայի թագաւորութիւնը յանցապարտութենէ զերծ չէ։ Ովսէէ 12։3–ը կ’ըսէ. «Տէրը Յուդայի հետ ալ վէճ ունի ու Յակոբը՝ անոր ճամբաներուն համեմատ՝ պիտի պատժէ ու անոր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ անոր»։ Բայց վերահաստատումը ստոյգ է, քանի որ Աստուած կը խոստանայ. «Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ, զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ»։—Ովսէէ 13։14

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

6։1-3—Ո՞վ կ’ըսէր. «Եկէ՛ք, Տէրոջը դառնանք»։ Անհաւատարիմ Իսրայելացիները թերեւս զիրար կը քաջալերէին որ Եհովայի վերադառնան։ Եթէ այս է պարագան, անոնք պարզապէս կը ձեւացնէին թէ զղջացած են։ Անոնց բարութիւնը կարճատեւ եւ անցողական էր, «առաւօտեան ամպին պէս ու շուտով ցնդող ցօղի պէս»։ (Ովսէէ 6։4) Միւս կողմէ, կրնայ ըլլալ որ խօսողը Ովսէէն էր, ժողովուրդին թախանձելով որ Եհովայի վերադառնայ։ Յամենայն դէպս, Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան կամակոր բնակիչները պէտք էր հարազատ զղջում ցուցաբերէին եւ իրապէս Եհովայի վերադառնային։

7։4—Շնացող Իսրայելացիները ի՞նչ կերպով «տաք թոնիրի» կը նմանէին։ Այս նմանութիւնը կը լուսաբանէ անոնց սրտին մէջ եղող չար ցանկութիւններուն սաստկութիւնը։

Դասեր՝ մեզի համար.

4։1, 6. Եթէ կ’ուզենք Եհովայի հաճութեան մէջ մնալ, պէտք է շարունակենք իր մասին գիտութիւն ստանալ եւ մեր սորվածին համաձայն ապրիլ։

4։9-13. Եհովա սեռային անբարոյութիւն գործողները եւ անմաքուր պաշտամունքի միջամուխ եղողները պիտի պատժէ։—Ովսէէ 1։4

5։1. Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն առնողները պէտք է ամբողջովին մերժեն հաւատուրացութիւնը։ Այլապէս, անոնք կրնան կարգ մը անհատներ մղել որ սուտ պաշտամունքի մասնակցին, անոնց ‘որոգայթ ու վարմ’ դառնալով։

6։1-4. 7։14, 16. Միայն խօսքով զղջալը կեղծաւորութիւն է եւ անօգուտ։ Աստուծոյ ողորմութիւնը ստանալու համար, յանցագործ մը պէտք է սրտանց զղջայ, «Բարձրեալին» վեհ պաշտամունքին վերադառնալով։ Անոր արարքները Աստուծոյ բարձր չափանիշներուն հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլան։

6։6. Մեղք գործելը սովորութիւն դարձնելը Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ սիրոյ պակաս ցոյց կու տայ։ Հոգեւոր զոհերը ո՛րքան ալ շատ ըլլան, չեն կրնար այս թերութիւնը ծածկել։

8։7, 13. 10։13. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ» սկզբունքը, կռապաշտ Իսրայելացիներուն պարագային շիտակ ելաւ։—Գաղատացիս 6։7, 8

8։8. 9։17. 13։16. Հիւսիսային թագաւորութեան վերաբերեալ մարգարէութիւնները կատարուեցան, երբ Ասորեստան անոր մայրաքաղաքը՝ Սամարիան նուաճեց։ (Դ. Թագաւորաց 17։3-6) Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած իր ըսածը պիտի ընէ եւ իր խօսածը պիտի հաստատէ։—Թուոց 23։19

8։14. Հ.Դ.Ա. 607–ին, Բաբելոնացիներուն ձեռքով Եհովա Յուդայի «քաղաքներուն վրայ կրակ» թափեց, Երուսաղէմի եւ Յուդայի երկրին նախագուշակուած ամայացումը բերելով։ (Բ. Մնացորդաց 36։19) Աստուծոյ խօսքը երբեք չի ձախողիր։—Յեսու 23։14

9։10. Ճշմարիտ Աստուծոյ նուիրուած ըլլալով հանդերձ, Իսրայելացիները «Բելփեգովր մտան ու իրենց անձը ամօթալից գործերու նուիրեցին»։ Խոհեմութիւն է որ անոնց գէշ օրինակը ի մտի ունենալով զգուշանանք Եհովայի ըրած մեր նուիրումը բեկանելէ։—Ա. Կորնթացիս 10։11

10։1, 2, 12. Անկեղծ սիրտով Աստուած պէտք է պաշտենք։ Երբ ‘արդարութեամբ կը ցանենք մեզի, Աստուծոյ ողորմութեամբ կը հնձենք’։

10։5. Բեթաւան (որ կը նշանակէ «վնասակարութեան տուն») Բեթէլի (որ կը նշանակէ «Աստուծոյ տունը») տրուած նսեմացուցիչ անուն մըն է։ Երբ Բեթաւանի հորթը գերութեան տարուեցաւ, Սամարիայի բնակիչները իրենց պաշտամունքի առարկային կորուստին համար ողբացին։ Ի՜նչ անմտութիւն է վստահիլ անկենդան կուռքի մը, որ նոյնիսկ ինքզինք չի կրնար պաշտպանել։—Սաղմոս 135։15-18. Երեմիա 10։3-5

11։1-4. Եհովա իր ժողովուրդին հետ միշտ սիրալիրօրէն կը վարուի։ Աստուծոյ հպատակիլը բնաւ կեղեքիչ չէ։

11։8-11. 13։14. Եհովայի այն խօսքը թէ իր ժողովուրդը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ պիտի վերահաստատէ, ‘իրեն պարապ չդարձաւ’։ (Եսայի 55։11) Հ.Դ.Ա. 537–ին, բաբելոնական գերութիւնը վերջ գտաւ եւ մնացորդ մը Երուսաղէմ վերադարձաւ։ (Եզրաս 2։1. 3։1-3) Եհովա ի՛նչ որ ըսած է իր մարգարէներուն միջոցաւ, անպայման պիտի կատարուի։

12։7. Հաստատօրէն պէտք է վճռենք հաւատարիմ սէր ցուցաբերել, արդարութիւն գործադրել եւ յարատեւաբար Եհովայի յուսալ։

13։6. Իսրայելացիները «կշտացան ու անոնց սիրտը հպարտացաւ։ Անոր համար [Եհովան] մոռցան»։ Ինքնահաւանութեան որեւէ հակումէ պէտք է զգուշանանք։

«ՏԷՐՈՋԸ ՃԱՄԲԱՆԵՐԸ ՇԻՏԱԿ ԵՆ»

(Ովսէէ 14։1-9)

Ովսէէ կ’աղերսէ. «Ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուծոյդ դարձիր, քանզի քու անօրէնութեանդ պատճառով գլորեցար»։ Ան ժողովուրդը կը յորդորէ որ Եհովայի ըսէ. «Ամէն անօրէնութիւն վերցո՛ւր եւ բարութիւնը ընդունէ՛ ու մեր շրթունքներուն պտուղները պիտի մատուցանենք»։—Ովսէէ 14։1, 2

Զղջացող յանցագործը Եհովայի պէտք է վերադառնայ, Իր ճամբաները ընդունի եւ իրեն փառաբանութեան զոհեր մատուցանէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «Տէրոջը ճամբաները շիտակ են, արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն»։ (Ովսէէ 14։9) Ո՜րքան կ’ուրախանանք որ տակաւին շատեր «վերջին օրերը Տէրոջը ու անոր բարութեանը պիտի գան»։—Ովսէէ 3։5

[Նկար՝ էջ 7]

Ովսէէի ընտանեկան կեանքը լուսաբանեց Իսրայէլի հետ Եհովայի գործառնութիւնները