Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չարութիւնը ինչո՛ւ կը շարունակուի

Չարութիւնը ինչո՛ւ կը շարունակուի

Չարութիւնը ինչո՛ւ կը շարունակուի

«ՏԷՐԸ արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Սաղմոս 145։17. Յայտնութիւն 15։3) Եւ Մովսէս մարգարէն նշեց. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) «Տէրը բազմագութ ու ողորմած է», կ’ըսէ Յակոբոս 5։11–ը։ Աստուած չարութիւն չի կրնար պատճառել, ո՛չ ալ կը պատճառէ։

Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ (Յակոբոս 1։13) Եհովա Աստուած ո՛չ մարդիկը չարութեամբ կը փորձէ, ո՛չ ալ զանոնք կը հրապուրէ որ չար արարքներ գործեն։ Արդ, չարութեան եւ անոր պատճառած տառապանքին համար ո՞վ մեղադրելի է։

Պատասխանատուութիւնը որո՞ւ վրայ կ’իյնայ

Աստուածաշունչի գրող մը՝ Յակոբոս, մասամբ մարդիկը կը մեղադրէ չարութեան համար։ Ան կ’ըսէ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի»։ (Յակոբոս 1։14, 15) Անհատներ կրնան իրենց անպատշաճ ցանկութիւններուն համաձայն գործել։ Նկատի առ նաեւ մարդուն ժառանգած մեղքը։ Մեղքին ազդեցութիւնը կրնայ սխալ տենչանքը զօրացնել եւ շատ գէշ հետեւանքներ յառաջ բերել։ (Հռովմայեցիս 7։21-23) Արդարեւ ժառանգուած մեղքը մարդկութեան վրայ ‘թագաւորած է’, մարդիկը մղելով որ չար գործեր ընեն, որոնք մեծ տառապանք կը պատճառեն։ (Հռովմայեցիս 5։21) Ասկէ զատ, ամբարիշտ մարդիկ կրնան ուրիշներու վրայ ազդեցութիւն բանեցնել որ փտած դառնան։—Առակաց 1։10-16

Սակայն չարութեան գլխաւոր պատճառը՝ Բանսարկուն է։ Ան չարութիւնը աշխարհ բերաւ։ Յիսուս Քրիստոս Սատանան կոչեց «չար»ը եւ «այս աշխարհին [անիրաւ մարդկային ընկերութեան] իշխանը»։ Մարդկութիւնը ընդհանուր առմամբ Սատանայի կը հնազանդի, անոր յորդորներուն անսալով որ Եհովա Աստուծոյ բարի ճամբաները անտեսեն։ (Մատթէոս 6։13. Յովհաննէս 14։30. Ա. Յովհաննէս 2։15-17) «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է», կ’ըսէ Ա. Յովհաննէս 5։19–ն։ Իրականութեան մէջ, Սատանան եւ իր հրեշտակները ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնեն’, ‘վայեր’ պատճառելով։ (Յայտնութիւն 12։9, 12) Ուստի գլխաւորաբար Բանսարկուն պէտք է մեղադրուի չարութեան համար։

Տառապանքին կամ նեղութեան այլ պատճառ մը յայտնելով, Ժողովող 9։11–ը կ’ըսէ. «Ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։ Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ աղէտի մը մասին որ 18 զոհ խլեց, աշտարակ մը փուլ գալով։ (Ղուկաս 13։4) Անոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին, քանի որ սխալ ժամանակին սխալ տեղ մը կը գտնուէին։ Նման բաներ այսօր ալ տեղի կ’ունենան։ Օրինակ, բարձր շէնքի մը տանիքէն աղիւս մը կրնայ փրթիլ եւ իյնալ անցորդի մը վրայ։ Աստուա՞ծ պէտք է մեղադրել։ Ո՛չ։ Ասիկա չմտադրուած եւ աննախատեսելի իրադարձութիւն մըն էր։ Յաճախ նոյնը կարելի է ըսել, երբ հիւանդութիւն մը հարուածէ ընտանիք մը կամ անակնկալ մահը մէջտեղ ձգէ որբեր եւ այրիներ։

Արդ, բացորոշ է թէ Աստուած չարութեան համար պատասխանատու չէ, ո՛չ ալ տառապանք կը պատճառէ։ Ընդհակառակը, Եհովայի նպատակն է որ չարութիւնը եւ զայն պատճառողները չքացնէ։ (Առակաց 2։22) Իրականութեան մէջ, ան ասկէ աւելին պիտի ընէ։ Սուրբ Գրութիւնները կը յայտնեն թէ Աստուած նպատակադրած է որ Քրիստոսի միջոցաւ «Սատանային գործերը քանդէ»։ (Ա. Յովհաննէս 3։8) Այսպէս՝ ագահութեան, ատելութեան եւ չար արարքներու վրայ հիմնուած ներկայ իրերու դրութիւնը պիտի ոչնչանայ։ Աստուած նոյնիսկ մարդոց «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ», տառապանքին վերջ դնելով։ (Յայտնութիւն 21։4) Բայց թերեւս հարց տաս. ‘Աստուած ինչո՞ւ ասիկա չէ ըրած։ Ան ինչո՞ւ թոյլատրած է որ չարութիւնն ու տառապանքը մինչեւ օրս շարունակուին’։ Պատասխանին մէկ բանալին կը գտնուի Աստուածաշունչի այն հատուածին մէջ, որ կը խօսի Ադամի եւ Եւայի մասին։

Կենսական հարց մը կը յարուցուի

Չարութեան թոյլտուութեան պատճառը առնչուած է մարդկային պատմութեան սկիզբը տեղի ունեցած դէպքերուն։ Այն ատեն միջադէպ մը յարուց կարեւոր հարց մը Ստեղծիչին նկատմամբ,– հարց մը որ արագօրէն կամ դիւրաւ կարելի չէր լուծել։ Պատահածը մօտէն քննենք։

Եհովա Աստուած առաջին մարդն ու կինը կատարեալ ստեղծեց եւ զանոնք Դրախտին մէջ դրաւ։ Անոնք օժտուած էին պարգեւով մը, որ զիրենք անասուններէն կը զանազանէր,– ազատ կամքի պարգեւը։ (Ծննդոց 1։28. 2։15, 19) Ընտրելու ազատութիւն ունենալով, Ադամ ու Եւա կրնային իրենց իմացականութիւնը գործածել ու ընտրել իրենց Ստեղծիչը սիրել, անոր ծառայել եւ հնազանդիլ։ Կամ, անոնք կրնային Աստուծմէ անկախ ընթացք մը ընտրել եւ դիտմամբ իրեն չհնազանդիլ։

Ադամի եւ Եւայի պատեհութիւն տալու համար որ իրեն հանդէպ իրենց սէրը ցուցաբերեն, ճշմարիտ Աստուածը զանոնք արգիլեց բան մը ընելէ։ Ան Ադամի պատուիրեց. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։16, 17) Աստուծոյ հաճութեան մէջ մնալու համար, իրենց եւ իրենց ապագայ զարմին օգտին համար, Ադամ ու Եւա այդ մասնայատուկ ծառին պտուղէն պէտք չէր ուտէին։ Անոնք ի՞նչպէս վարուեցան։

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ։ Օձ մը գործածելով որպէս իր խօսնակը, Բանսարկուն Եւայի ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Երբ Եւան Աստուծոյ պատուէրը կրկնեց, Սատանան անոր ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ Հետեւաբար, ծառը Եւայի ա՛յնքան ցանկալի երեւցաւ որ «առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ»։ Արձանագրութիւնը կը շարունակէ. «Իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ»։ (Ծննդոց 3։1-6) Թէ՛ Ադամը եւ թէ Եւան այսպիսով իրենց ազատ կամքը սխալ կերպով գործածեցին եւ մեղանչեցին՝ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելով։

Տեղի ունեցածին լրջութեան կ’անդրադառնա՞ս։ Բանսարկուին խօսքը հակասեց Աստուծոյ ըսածին, եւ հասկցուց թէ Ադամ ու Եւա բարին ու չարը որոշելու համար, Եհովայի պէտք պիտի չունենային։ Ուստի Սատանայի մարտահրաւէրը հարցականի տակ դրաւ՝ մարդուն վրայ Եհովայի իշխանութեան իրաւունքն ու վաւերականութիւնը։ Արդարեւ, Սատանայի յարուցած կարեւորագոյն հարցը՝ Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալն էր։ Ճշմարիտ Աստուածը այս մարտահրաւէրին ի՞նչպէս պատասխանեց։

Բաւարար ժամանակի կը կարօտի

Եհովա երեք ըմբոստները՝ Սատանան, Ադամը եւ Եւան բնաջնջելու զօրութիւն ունէր։ Անտարակոյս Աստուած անոնցմէ ուժեղ էր։ Բայց Սատանան Աստուծոյ զօրութիւնը հարցականի տակ չդրաւ։ Փոխարէն, ան Եհովայի իշխելու իրաւունքը հարցականի տակ դրաւ։ Այս հարցը ազատ կամք ունեցող բոլոր արարածներուն ազդեց։ Անոնք կարիք ունէին ըմբռնելու թէ ազատ կամքի պարգեւը պատշաճօրէն պէտք էր գործածուէր,– յարգելով Աստուծոյ ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեւոր ուղեգծերը։ Այլապէս, վնասներ յառաջ կու գան, ճիշդ ինչպէս որ վստահաբար պիտի վնասուի ան որ բարձր շէնքէ մը կը ցատկէ՝ անտեսելով ձգողականութեան օրէնքը։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Բոլոր մտացի արարածները պիտի օգտուէին՝ նկատելով Աստուծմէ անկախ ընթացք մը ընտրելուն գէշ հետեւանքները։ Ասիկա ժամանակ պահանջեց։

Հետեւեալ օրինակը կը լուսաբանէ այն իրողութիւնը թէ կարգ մը հարցեր լուծելու համար ժամանակ կը պահանջուի։ Ենթադրենք որ ընտանիքի մը հայրը ուրիշ ընտանիքի մը հօր ասպարէզ կը կարդայ, որ մրցումի մը մասնակցի, ապացուցանելու համար թէ ո՛վ աւելի զօրաւոր է։ Այս հարցը շուտով կարելի է լուծել։ Զօրութիւնը չափելու համար ժայռ վերցնելը որպէս մեթոտ գործածելով, այն հայրը որ ամենածանր ժայռը կը վերցնէ, միւսէն զօրաւոր կը նկատուի։ Բայց ենթադրենք որ մարտահրաւէրը կը պարփակէ թէ ո՛ր հայրը իրապէս իր զաւակները կը սիրէ եւ թէ անոնք զինք կը սիրե՛ն կամ ոչ, եւ ո՛ր հայրը իր ընտանիքը լաւագոյն կերպով կը կառավարէ։ Այս հարցը չի լուծուիր զօրութիւն ցուցաբերելով կամ խօսքեր ըսելով։ Հարկ է որ բաւարար ժամանակ անցնի, լաւ ուշադրութիւն ընծայուի եւ շիտակ եզրակացութիւններ հանուին։

Ժամանակը ի՛նչ ցոյց տուած է

Շուրջ 6,000 տարի անցած է այն օրէն, երբ Սատանան Աստուծոյ իշխելու իրաւունքը հարցականի տակ դրաւ։ Պատմութիւնը ի՞նչ երեւան հանած է։ Նկատի առ Աստուծոյ դէմ Սատանայի ամբաստանութեան երկու երեսակներ։ Ան յանդգնօրէն Եւայի ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ (Ծննդոց 3։4) Ըսելով թէ Ադամ ու Եւա արգիլուած պտուղէն ուտելով պիտի չմեռնէին, Սատանան Եհովան ստախօս կը կոչէր։ Արդարեւ լուրջ ամբաստանութիւն մը։ Եթէ այս առնչութեամբ Աստուած ճշմարտախօս չէր, ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլար իրեն վստահիլ ուրիշ բաներու մէջ։ Սակայն անցած ժամանակը ի՞նչ ցոյց տուած է։

Ադամ ու Եւա հիւանդութեան, ցաւի, ծերութեան եւ ի վերջոյ մահուան ենթակայ դարձան։ «Ադամին կեանքին բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան ու մեռաւ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ծննդոց 3։19. 5։5) Իսկ Ադամէն՝ այս ցաւալի ժառանգը ամբողջ մարդկութեան փոխանցուած է։ (Հռովմայեցիս 5։12) Անցած ժամանակը ապացուցանած է թէ Սատանան «ստախօս է եւ անոր հայրը», իսկ Եհովա՝ ‘ճշմարտութեան Աստուած’ է։—Յովհաննէս 8։44. Սաղմոս 31։5

Սատանան նաեւ Եւայի ըսաւ. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ [արգիլուած պտուղէն] ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ (Ծննդոց 3։5) Այս խորամանկ խօսքերով, Սատանան մարդուն ներկայացուց ինքնիշխանութեան կեղծ պատեհութիւնը։ Ան խաբէութեամբ հասկցուց թէ մարդիկ Աստուծմէ անկախ ըլլալով՝ աւելի լաւ պայմաններու տակ պիտի ապրէին։ Ասիկա տեղի ունեցա՞ծ է։

Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, կայսրութիւններ եկած ու գացած են։ Մարդկային ամէն տեսակի կառավարութիւն փորձուած է։ Սակայն շատ յաճախ մարդկային ընտանիքին ահռելի բաներ պատահած են։ Շուրջ 3,000 տարի առաջ, Աստուածաշունչի մէկ գրողը խոհեմօրէն եզրակացուց. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժողովող 8։9) Իսկ Երեմիա մարգարէն գրեց. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմիա 10։23) Նոյնիսկ արդի գիտական ու արուեստագիտական իրագործումները այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը չեն հերքած։ Ժամանակը ապացուցանած է թէ այս դիտարկութիւնները շիտակ են։

Ի՞նչ պիտի ընես

Աստուծոյ թոյլատրած ժամանակը փաստած է Սատանայի սխալը՝ Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն հարցին մէջ։ Եհովա Աստուած տիեզերքի բացարձակ Գերիշխանն է։ Ան իր ստեղծագործութեան վրայ իշխելու իրաւասութիւն ունի եւ իր իշխելու կերպը լաւագոյնն է։ Այս իրողութեան գիտակցելով՝ երկնային արարածներ, որոնք Աստուծոյ իշխանութիւնը մօտէն վայելած են, կը յայտարարեն. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։—Յայտնութիւն 4։10

Աստուծոյ իշխանութեան հարցին մէջ ի՞նչ է քու կեցուածքդ։ Համաձա՞յն ես որ Աստուած վրադ իշխելու արժանի է։ Եթէ այո՛, Եհովայի գերիշխանութիւնը պէտք է ընդունիս, իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հիանալի ճշմարտութիւններն ու խրատները կեանքիդ բոլոր երեսակներուն մէջ գործադրելով։ «Աստուած սէր է», եւ իր արարածներուն հանդէպ իր սէրէն ծագում կ’առնեն իր օրէնքներն ու պատուիրանները։ (Ա. Յովհաննէս 4։8) Եհովա մեզ չի զրկեր օգտակար եղող բաներէ։ Ուստի լրջօրէն նկատի առ Աստուածաշունչի յորդորը. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։—Առակաց 3։5, 6