Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աբդիայի, Յովնանի եւ Միքիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր

Աբդիայի, Յովնանի եւ Միքիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Աբդիայի, Յովնանի եւ Միքիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր

«ԱԲԴԻԱՅԻ տեսիլքը»։ (Աբդիա 1, ԱՎ) Այս խօսքով կը սկսի Աստուածաշունչի Աբդիայի գիրքը։ Հ.Դ.Ա. 607–ին գրած իր գրքին մէջ, մարգարէն իր անունէն զատ ոչինչ կը յայտնէ իր մասին։ Աւելի քան երկու դար առաջ ամբողջացած գրքի մը մէջ, Յովնան մարգարէն անկեղծօրէն կը պատմէ իր փորձառութիւնը՝ իր միսիոնարական նշանակումին առնչութեամբ։ Յովնանէ ետք ու Աբդիայէ առաջ, Միքիա 60 տարի կը ծառայէ որպէս մարգարէ, Հ.Դ.Ա. 777–էն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 717–ն։ Միակ բանը որ Միքիա իր անձին մասին կ’ըսէ այն է թէ ինք «Մօրստացի» է եւ թէ Եհովայի խօսքը իրեն ուղղուեցաւ՝ «Յուդայի թագաւորներուն, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը»։ (Միքիա 1։1) Ան գիւղական կեանքին քաջածանօթ է, ինչպէս կը յայտնեն իր գործածած օրինակները՝ իր պատգամին կէտերը շեշտելու համար։

ԵԴՈՎՄ ‘ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԲՆԱՋԻՆՋ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ’

(Աբդիա 1-21)

Եդովմի նկատմամբ Աբդիա կ’ըսէ. «Քու եղբօրդ Յակոբին եղած անիրաւութեանը համար ամօթը քեզ պիտի ծածկէ ու յաւիտեան բնաջինջ պիտի ըլլաս»։ Տակաւին մարգարէին մտքին մէջ թարմ են Յակոբի որդիներուն՝ Իսրայելացիներուն դէմ Եդովմայեցիներու կատարած վերջին բռնարարքները։ Հ.Դ.Ա. 607–ին, երբ Բաբելոնացիները Երուսաղէմը կործանեցին, Եդովմայեցիները ‘անոր դէմ կայնեցան’ եւ ներխուժող «օտարազգիներ»ուն հետ դաշնակցեցան։—Աբդիա 10, 11

Միւս կողմէ, Յակոբի տան համար վերահաստատում վերապահուած է։ Աբդիայի մարգարէութիւնը կը նշէ. «Սիօն լերանը վրայ փրկութիւն պիտի ըլլայ եւ սրբութիւն պիտի ըլլայ»։—Աբդիա 17

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

5-8—Եդովմի կործանումը ինչո՞ւ համեմատուած է գիշերային աւազակներու եւ այգի կթողներու գալուն հետ։ Եթէ գողեր Եդովմ գային, անոնք միայն իրենց ուզածը պիտի առնէին։ Եթէ հնձողներ գային, ճռաքաղութեան համար իրենց ետին քիչ մը հունձք պիտի ձգէին։ Սակայն երբ Եդովմ նուաճուի, անոր ծածուկ տեղերը՝ ուր գանձեր պահուած են՝ լիովին պիտի խուզարկուին եւ ան ամբողջովին պիտի թալանուի իր «դաշնակիցներ»ուն կողմէ,– Բաբելոնացիները։—Երեմիա 49։9, 10

10—Եդովմ ի՞նչպէս ‘յաւիտեան բնաջինջ եղաւ’։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, Եդովմի ազգը՝ որ երկրագունդի որոշ մէկ շրջանին մէջ կառավարութիւն ու հպատակներ ունէր, գոյութենէ դադրեցաւ։ Շուրջ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարու կէսին, Բաբելոնացի Նաբունիտոս թագաւորը Եդովմը նուաճեց։ Հ.Դ.Ա. չորրորդ դարուն, Նաբատացիները կը բնակէին Եդովմի երկրամասին մէջ, իսկ Եդովմայեցիները՝ Հրէաստանի հարաւը գտնուող Նագեբի շրջանը։ Հ.Դ. 70–ին՝ Հռովմէացիները Երուսաղէմը կործանելէ յետոյ, Եդովմայեցիները անգոյացան։

Դասեր՝ մեզի համար.

3, 4. Որովհետեւ Եդովմայեցիները անհարթ շրջանի մը մէջ կ’ապրէին, ուր բարձր լեռներն ու խոր ձորերը ռազմավարական հոյակապ առաւելութիւններ կը ներկայացնէին, թերեւս անոնք յաւակնոտութեամբ ենթադրեցին թէ ապահով են։ Բայց Եհովայի դատաստանները անխուսափելի են։

8, 9, 15. Մարդկային իմաստութիւնն ու զօրութիւնը պաշտպանութիւն չեն հայթայթեր «Տէրոջը օրը»։—Երեմիա 49։7, 22

12-14. Եդովմայեցիները որպէս ազդարարական օրինակ կը ծառայեն անոնց, որոնք կ’ուրախանան երբ Աստուծոյ ծառաները նեղութիւններու մատնուին։ Եհովա իր ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուած գէշ վերաբերմունքը թեթեւի չ’առներ։

17-20. Յակոբի որդիներուն վերաբերեալ այս վերահաստատման մարգարէութիւնը սկսաւ կատարուիլ, երբ մնացորդ մը Բաբելոնէն Երուսաղէմ վերադարձաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին։ Եհովայի խօսքը միշտ ճշմարիտ է։ Կրնանք իր խոստումներուն լիովին վստահիլ։

«ՆԻՆՈՒԷՆ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻ»

(Յովնան 1։1–4։11)

‘Նինուէ մեծ քաղաքը երթալու’ եւ անոր դէմ դատաստանական պատգամ մը ‘քարոզելու’ Աստուծոյ պատուէրին հնազանդելու փոխարէն, Յովնան հակառակ ուղղութեամբ կը փախչի։ ‘Ծովուն մէջ մեծ հով մը հանելով’ եւ «մեծ ձուկ» մը գործածելով, Եհովա Յովնանի ուղղութիւնը կը փոխէ ու կրկին կը յանձնարարէ որ Ասորեստանի մայրաքաղաքը երթայ։—Յովնան 1։2, 4, 17. 3։1, 2

Յովնան Նինուէ կը մտնէ ու կը սկսի ուղղակի պատգամ մը յայտարարել. «Դեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի»։ (Յովնան 3։4) Քարոզչութեան անսպասելի արդիւնքը պատճառ կ’ըլլայ որ Յովնան ‘խիստ վշտանայ ու նեղուի’։ Եհովա «դդմենի» մը կը գործածէ՝ ողորմութեան մասին Յովնանի դաս մը սորվեցնելու համար։—Յովնան 4։1, 6

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

3։3—Նինուէ ի՞րապէս «երեք օրուան ճամբու տարածութեամբ» էր։ Այո՛։ Վաղեմի ժամանակներուն, հաւանաբար Նինուէ կը պարփակէր որոշ գիւղեր՝ հիւսիսը գտնուող Քորսապատէն մինչեւ հարաւը գտնուող Նեմրուտը։ Նինուէի միացած բոլոր գիւղերը կը կազմէին քառանկիւն մը, որուն շրջագիծը 100 քիլոմեթր էր։

3։4—Նինուէցիներուն քարոզելու համար, Յովնան Ասորերէն լեզուն պէ՞տք էր սորվէր։ Յովնան թերեւս Ասորերէն լեզուն գիտէր, կամ՝ հրաշալիօրէն ստացաւ զայն խօսելու կարողութիւնը։ Ուրիշ կարելիութիւն մըն է որ ան իր ամփոփ պատգամը Եբրայերէնով հաղորդեց, իսկ անհատ մը զայն թարգմանեց։ Եթէ պարագան այս էր, իր խօսքերը աւելի հետաքրքրութիւն արթնցուցած ըլլալու էին իր պատգամին հանդէպ։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։1-3. Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին լիովին չմասնակցելու համար՝ դիտումնաւոր կերպով այլ գործունէութիւններ յայտագրելը, սխալ շարժառիթ ցոյց կու տայ։ Այսպէս վարուողը աստուածատուր նշանակումէ մը խոյս կու տայ,– այլաբանօրէն խօսելով։

1։1, 2. 3։10. Եհովայի ողորմութիւնը մէկ ազգի կամ ցեղի կամ մասնայատուկ խումբի սահմանափակուած չէ։ «Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են»։—Սաղմոս 145։9

1։17. 2։10. Յովնանի երեք օր ու երեք գիշեր մեծ ձուկի մը փորը մնալը մարգարէաբար կ’ակնարկէ Յիսուսի մահուան եւ յարութեան։—Մատթէոս 12։39, 40. 16։21

1։17. 2։10. 4։6. Եհովա Յովնանը ալեկոծ ծովէն ազատեց։ Աստուած նաեւ «դդմենիի մը հրամայեց, որ Յովնանին վրայ ելլէ եւ անոր գլխուն վրայ հովանի ըլլայ, որպէս զի անիկա իր տառապանքէն ազատէ»։ Եհովայի այժմու երկրպագուները կրնան իրեն ու իր հաւատարիմ սիրոյն վստահիլ, որ զիրենք պաշտպանէ ու ազատէ։—Սաղմոս 13։5. 40։11

2։1, 2, 9, 10. Եհովա իր ծառաներուն աղօթքները կը լսէ եւ անոնց աղերսանքներուն ուշադրութիւն կ’ընծայէ։—Սաղմոս 120։1. 130։1, 2

3։8, 10. Ճշմարիտ Աստուածը «գթաց» ու «այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Նինուէցիները «իրենց չար ճամբաներէն դարձան»։ Նմանապէս այսօր, եթէ մեղաւոր մը իսկական զղջում ցուցաբերէ, կրնայ Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռէն խուսափիլ։

4։1-4. Ո՛չ մէկ մարդ կրնայ պատճառ ըլլալ որ Աստուած Իր ողորմութեան սահման դնէ։ Զգոյշ պէտք է ըլլանք որ Եհովայի ողորմած ճամբաները չքննադատենք։

4։11. Եհովա համբերութեամբ թոյլ կու տայ որ Թագաւորութեան պատգամը համայն աշխարհի մէջ քարոզուի, քանի որ՝ ինչպէս Նինուէի 120,000 մարդոց ըրաւ, կը խղճայ անոնց՝ «որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր»։ Մենք ալ պէտք չէ՞ մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց խղճանք եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին նախանձախնդրաբար մասնակցինք։—Բ. Պետրոս 3։9

‘ԱՆՈՆՑ ԿՆՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՏՆԱՅ’

(Միքիա 1։1–7։20)

Միքիա Իսրայէլի ու Յուդայի մեղքերը կը քօղազերծէ, անոնց մայրաքաղաքներուն ամայացումը կը նախագուշակէ եւ վերահաստատում կը խոստանայ։ Սամարիան «դաշտի քարակոյտի» պիտի վերածուի։ Իրենց կռապաշտական ընթացքին պատճառաւ, Իսրայէլ ու Յուդա «կնտութեան» կամ ամօթի արժանի են։ Գերութեան ենթարկուելով, անոնց կնտութիւնը պիտի շատնայ «արծիւի պէս»,– ըստ երեւոյթին՝ անփետուր գլխով անգղ։ Եհովա կը խոստանայ. «Ո՛վ Յակոբ, ամէնքդ անշուշտ պիտի հաւաքեմ»։ (Միքիա 1։6, 16. 2։12) Փտած առաջնորդներուն եւ պարտազանց մարգարէներուն պատճառաւ, Երուսաղէմն ալ ‘աւերակներու դէզեր պիտի ըլլայ’։ Բայց Եհովա իր ժողովուրդը ‘պիտի հաւաքէ’։ ‘Բեթլեհէմ Եփրաթայէ պիտի ելլէ ա՛ն՝ որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ’։—Միքիա 3։12. 4։12. 5։2

Արդեօք Եհովա Իսրայէլի հետ անարդա՞ր կերպով կը վարուի։ Անոր պահանջները շատ խի՞ստ են։ Ո՛չ։ Եհովա իր երկրպագուներէն կը պահանջէ՝ ‘միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութեամբ իրենց Աստուծոյն հետ քալել’։ (Միքիա 6։8) Սակայն Միքիայի ժամանակակիցները ա՛յնքան չար եղած են, որ «անոնց աղէկը՝ փուշի պէս, շիտակը փշեղէն ցանկէն գէշ է», մօտեցողին վնաս ու ցաւ պատճառելով։ Բայց մարգարէն կը հարցնէ. «[Եհովայի] պէս Աստուած ո՞վ կայ»։ Աստուած իր ժողովուրդին դարձեալ պիտի գթայ ու ‘անոնց բոլոր մեղքերը ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետէ’։—Միքիա 7։4, 18, 19

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։12—‘Իսրայէլի մնացորդը հաւաքելու’ վերաբերեալ մարգարէութիւնը ե՞րբ կատարուեցաւ։ Անոր առաջին կատարումը Հ.Դ.Ա. 537–ին էր, երբ Հրեայ մնացորդ մը բաբելոնական գերեվարութենէն իր հայրենիքը վերադարձաւ։ Արդի ժամանակներուն, մարգարէութիւնը կը կատարուի «Աստուծոյ Իսրայէլին» վրայ։ (Գաղատացիս 6։16) Օծեալ Քրիստոնեաները 1919–էն ի վեր կը հաւաքուին «իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս»։ Իսկ «մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ» եղած է յատկապէս 1935–էն ի վեր, անոնց միանալով «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննէս 10։16) Միասնաբար անոնք ճշմարիտ պաշտամունքը նախանձախնդրաբար կը յառաջացնեն։

4։1-4—«Վերջին օրերը» Եհովա ի՞նչպէս ‘շատ ժողովուրդներու մէջ դատաստան կ’ընէ եւ զօրաւոր ազգերը կը յանդիմանէ’։ «Շատ ժողովուրդներ» եւ «զօրաւոր ազգեր» արտայայտութիւնները որոշ ժողովուրդներու կամ պետութիւններու չեն ակնարկեր։ Անոնք կը վերաբերին բոլոր ազգերէն եկող անհատներու, որոնք Եհովայի երկրպագուներ եղած են։ Եհովա հոգեւոր կերպով անոնց մէջ կը դատէ ու կը յանդիմանէ։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։6, 9. 3։12. 5։2. Ասորեստանցիները Սամարիան կործանեցին Հ.Դ.Ա. 740–ին, երբ Միքիա տակաւին ողջ էր։ (Դ. Թագաւորաց 17։5, 6) Եզեկիայի իշխանութեան ընթացքին, Ասորեստանցիները մինչեւ Երուսաղէմ եկան։ (Դ. Թագաւորաց 18։13) Հ.Դ.Ա. 607–ին, Բաբելոնացիները Երուսաղէմը այրեցին։ (Բ. Մնացորդաց 36։19) Իսկ ինչպէս մարգարէացուած էր, Մեսիան ‘Բեթլեհէմ Եփրաթայի’ մէջ ծնաւ։ (Մատթէոս 2։3-6) Եհովայի մարգարէական խօսքը բնաւ չի ձախողիր։

2։1, 2. Ո՜րքան վտանգաւոր է դաւանիլ թէ Աստուծոյ կը ծառայենք, բայց հարստութեան հետամուտ կ’ըլլանք, փոխանակ ‘առաջ խնդրելու Աստուծոյ թագաւորութիւնն ու անոր արդարութիւնը’։—Մատթէոս 6։33. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10

3։1-3, 5. Եհովա իր ժողովուրդին մէջ եղող պատասխանատուներէն կ’ակնկալէ որ արդարութեամբ վարուին։

3։4. Եթէ կ’ուզենք որ Եհովա մեր աղօթքներուն պատասխանէ, պէտք չէ մեղք գործելը սովորութիւն դարձնենք կամ կրկնակի կեանք վարենք։

3։8. Բարի լուրը քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը, որ դատաստանական պատգամներ կը պարփակէ, կրնայ կատարուիլ միայն եթէ Եհովայի սուրբ հոգին մեզ զօրացնէ։

5։5. Այս Մեսիական մարգարէութիւնը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ երբ Աստուծոյ ժողովուրդը իր թշնամիներուն կողմէ յարձակման ենթարկուի, «եօթը [ամբողջութիւն նշող] հովիւ» եւ «ութ իշխան»,– բաւարար թիւով ատակ տղամարդիկ,– ոտքի կը հանուին որ Եհովայի ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն առնեն։

5։7, 8. Ներկայիս շատերու համար՝ օծեալ Քրիստոնեաները ‘Տէրոջմէ եկող ցօղի պէս’ են,– Աստուծմէ օրհնութիւն մը,– քանի որ զիրենք կը գործածէ Թագաւորութեան պատգամը յայտարարելու համար։ «Ուրիշ ոչխարներ»ը մարդոց հոգեւոր թարմացում բերելու կը նպաստեն, քարոզչութեան մէջ գործօն կերպով օծեալներուն թիկունք կանգնելով։ (Յովհաննէս 10։16) Ի՜նչ առանձնաշնորհում է այս գործին մասնակցիլը, որ ուրիշներուն իսկական թարմացում կը բերէ։

6։3, 4. Եհովա Աստուածը պէտք է ընդօրինակենք եւ քաղցրաբար ու կարեկցաբար վարուինք նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք վիճասէր կամ հոգեւորապէս տկար են։

7։7. Մինչ իրերու այս չար դրութեան վախճանին խնդիրներ կը դիմագրաւենք, պէտք չէ վհատինք։ Փոխարէն, Միքիայի նման, պէտք է ‘մեր Աստուծոյն սպասենք’։

7։18, 19. Ինչպէս Եհովա կը կամենայ մեր յանցանքները ներել, մենք ալ պէտք է կամենանք ներել անոնց՝ որոնք մեզի դէմ կը մեղանչեն։

Շարունակէ Եհովա ‘Աստուծոյ անունով քալել’

Աստուծոյ ու իր ժողովուրդին դէմ կռուողները ‘յաւիտեան բնաջինջ պիտի ըլլան’։ (Աբդիա 10) Միւս կողմէ, Եհովա իր բարկութիւնը կը դադրեցնէ, երբ աստուածային ազդարարութեան անսանք ու ‘չար ճամբաներէն դարձի գանք’։ (Յովնան 3։10) Այս «վերջին օրեր»ուն, ճշմարիտ պաշտամունքը բոլոր սուտ կրօնքներէն վեր կը բարձրանայ եւ հնազանդ անհատներ հեղեղի պէս անոր կը դիմեն։ (Միքիա 4։1. Բ. Տիմոթէոս 3։1) Հետեւաբար վճռենք ‘յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը քալել’։—Միքիա 4։5

Աբդիայի, Յովնանի եւ Միքիայի գիրքերը ի՜նչ թանկարժէք դասեր կը սորվեցնեն մեզի։ Աւելի քան 2,500 տարի առաջ գրուելով հանդերձ, անոնց պատգամը նոյնիսկ այսօր «կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

[Նկար՝ էջ 23]

Աբդիա մարգարէացաւ. ‘Եդովմ յաւիտեան բնաջինջ պիտի ըլլայ’

[Նկար՝ էջ 25]

Միքիայի նման, կրնաս ‘Եհովա Աստուծոյ սպասել’

[Նկար՝ էջ 26]

Քարոզչութիւնը թանկարժէք առանձնաշնորհում մըն է