«Անոր անհաւատալի հաստատամտութեան վրայ կը հիանայի»
«Անոր անհաւատալի հաստատամտութեան վրայ կը հիանայի»
ԿՈՒՆԹՐ ԿՐԱՍ՝ Գերմանացի հեղինակ, որ 1999–ին գրականութեան մարզին մէջ Նոպէլեան Մրցանակը շահեցաւ, 2006–ին հրատարակեց իր ինքնակենսագրութիւնը։ Գիրքին մէջ ան կը նկարագրէ այն ժամանակը երբ զօրակոչի ենթարկուելով՝ միացաւ Գերմանիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան։ Ան նաեւ կը պատմէ մարդու մը մասին, որ զինք ա՛յնքան տպաւորեց որ աւելի քան 60 տարի ետք տակաւին զայն կը յիշէ։ Այն մարդը հալածանքի ներքեւ իր հաւատքին կառչած մնաց։
Օրաթերթի մը մէջ (Frankfurter Allgemeine Zeitung) հրատարակուած հարցազրոյցի մը մէջ, Կրաս մտաբերեց այս բացառիկ անհատը որ մերժած էր զէնք կրել։ Կրաս ըսաւ թէ ան «տիրական եղող որեւէ գաղափարախօսութիւն չէր որդեգրած։ Ան ո՛չ Նացի, ո՛չ Համայնավար, ո՛չ ալ Ընկերվարական մըն էր։ Ան Եհովայի Վկայ մըն էր»։ Կրաս այս Վկային անունը չյիշելով՝ զայն կոչեց Ասանկ–բաներ–չենք–ըներ։ Եհովայի Վկայ եղող հետազօտիչներ անոր ինքնութիւնը բնորոշեցին,– Եոաքիմ Ալֆէման։ Ան բազմիցս ծեծուեցաւ ու նուաստացուեցաւ, ապա առանձնացած բանտարկութեան ենթարկուեցաւ։ Բայց Ալֆէման հաստատ մնաց եւ մերժեց զէնք կրել։
Կրաս նշեց. «Անոր անհաւատալի հաստատամտութեան վրայ կը հիանայի։ Ես ինծի հարց կու տայի. Ան ի՞նչպէս կրնայ ա՛յսքան ճնշումի տոկալ։ Ի՞նչ կերպ կը գործածէ»։ Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը բեկանելու երկարատեւ փորձերուն տոկալէ յետոյ, Ալֆէման ի վերջոյ Շթութհոֆի կեդրոնացման ճամբարը ուղարկուեցաւ՝ 1944–ի Փետրուարին։ Ան 1945–ի Ապրիլին ազատագրուեցաւ, պատերազմէն վերապրեցաւ եւ մնաց հաւատարիմ Եհովայի Վկայ մը մինչեւ իր մահը՝ 1998–ին։
Ալֆէմանը շուրջ 13,400 Վկաներէն մէկն էր,– Գերմանիոյ մէջ եւ Նացիներու կողմէ գրաւուած երկիրներուն մէջ,– որոնք իրենց հաւատքին համար գէշ վերաբերմունքի ենթարկուեցան։ Անոնք Աստուածաշունչի ուղղութեան հետեւեցան, քաղաքական գետնի վրայ չէզոք մնալով եւ մերժելով զէնք կրել։ (Մատթէոս 26։52. Յովհաննէս 18։36) Շուրջ 4,200 Վկաներ կեդրոնացման ճամբարներու մէջ արգելափակուեցան, իսկ 1,490 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Նոյնիսկ այսօր, անոնց կեցուածքը կը տպաւորէ շատեր, որոնք անոնց հաւատքը չեն բաժներ բայց անոնց հաստատամտութեան վրայ կը հիանան։
[Նկար՝ էջ 32]
Եոաքիմ Ալֆէման