Ապագայի հեռանկարով ապրիլ
Ապագայի հեռանկարով ապրիլ
ԳԱԼԻԼԻՈՅ մէջ, իր համբաւաւոր Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ»։—Մատթէոս 6։34
Ի՞նչ կը նշանակէ՝ «վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ»։ Անիկա կը թելադրէ՞ թէ պէտք է ապրիս միայն այսօրուան համար եւ անտեսես ապագան։ Ասիկա Յիսուսի եւ իր հետեւորդներուն հաւատալիքներուն հետ իրապէս ներդաշնա՞կ է։
«Հոգ մի՛ ընէք»
Անձամբ կարդա՛ Մատթէոս 6։25-32–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը։ Մասամբ ան ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ . . . Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ . . . Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ Ու հագուստի համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք. նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն։ . . . Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են»։
Յիսուս իր քարոզին այս մասը կ’եզրափակէ՝ երկու խրատ տալով։ Առաջինը. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ [Աստուծոյ] արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ Իսկ երկրորդը. «Ուստի վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը»։—Մատթէոս 6։33, 34
Ձեր Հայրը գիտէ թէ ի՛նչ բաներ պէտք են ձեզի
Կը խորհի՞ս թէ Յիսուս չէր քաջալերեր իր աշակերտները, ի ներառեալ՝ երկրագործները, որ ‘սերմանեն, հնձեն կամ իրենց բերքը ժողվեն ամբարի մէջ’, կամ ‘աշխատին ու մանեն’, իրենց հարկ եղած հագուստները ունենալու համար։ (Առակաց 21։5. 24։30-34. Ժողովող 11։4) Վստահաբար ո՛չ։ Եթէ անոնք չաշխատէին, ի վերջոյ ‘հունձքի ատեն պիտի մուրային’, ուտելիք կամ հագուելիք չունենալով։—Առակաց 20։4
Իսկ ինչ կը վերաբերի անձկութեան, Յիսուս ըսել կ’ուզէ՞ր թէ իր ունկնդիրները կրնային բոլորովին մտահոգութենէ զերծ ըլլալ։ Ասիկա անիրատես բան մը պիտի ըլլար։ Իր ձերբակալութեան գիշերը, Յիսուս ինք զգացական խոր նեղութիւն ու անձկութիւն ունեցաւ։—Ղուկաս 22։43, 44
Յիսուս պարզապէս հիմնական ճշմարտութիւն մը կը նշէր։ Անտեղի մտահոգութիւնը երբեք պիտի չօգնէ խնդիրներդ լուծելու։ Օրինակ, անիկա պիտի չօգնէ քեզի որ աւելի երկար ապրիս։ Անիկա ‘հասակիդ վրայ կանգուն մը պիտի չաւելցնէ’, ըսաւ Յիսուս։ (Մատթէոս 6։27) Իրականութեան մէջ, խոր ու երկարատեւ մտահոգութիւնը կրնայ կեանքդ կարճեցնել։
Անոր խրատը ուշագրաւօրէն գործնական էր։ Մեր մտահոգութիւններէն շատերը երբեք տեղի չեն ունենար։ Բրիտանացի քաղաքագէտ Ուինսթըն Չըրչիլ ասոր անդրադարձաւ, երբ Բ. Աշխարհամարտի խաւար օրերուն իր ունեցած կարգ մը մտահոգութիւններուն առնչութեամբ գրեց. «Յետադարձ ակնարկ մը նետելով այդ ատեն ունեցած բոլոր մտատանջութիւններուս վրայ, կը յիշեմ ծեր մարդուն պատմութիւնը, որ մահուան անկողինին վրայ ըսաւ թէ իր կեանքը բազմաթիւ նեղութիւններով լեցուն էր, որոնց մեծ մասը բնաւ տեղի չունեցաւ»։ Արդարեւ խոհեմութիւն է կեդրոնանալ իւրաքանչիւր օրուան վրայ, մանաւանդ երբ մեր դիմագրաւած ճնշումներն ու խնդիրները դիւրաւ կրնան մեր մէջ մեծ մտահոգութիւն ստեղծել։
«Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»
Իրականութեան մէջ, Յիսուս ունկնդիրներուն ֆիզիքական ու զգացական բարօրութենէն շա՜տ աւելին ի մտի ունէր։ Ան գիտէր թէ կեանքի անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելու Փիլիպպեցիս 1։10) Թերեւս խորհիս. ‘Ի՞նչ բան կրնայ կեանքի անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելէն աւելի կարեւոր ըլլալ’։ Պատասխանն է՝ Աստուծոյ պաշտամունքին վերաբերեալ հոգեւոր բաները։ Յիսուս ընդգծեց թէ մեր կեանքին մէջ գլխաւոր բանը պէտք է ըլլայ՝ ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’։—Մատթէոս 6։33
մտահոգութիւնը եւ ստացուածքներ ու հաճոյքներ վայելելու տենչը կրնան աւելի կարեւոր բաները շուքի մէջ ձգել։ (Յիսուսի ժամանակակիցներէն շատեր անձկագին հետամուտ կ’ըլլային նիւթական բաներու։ Հարստութիւն դիզելը անոնց առաջնագոյն նախապատուութիւնն էր։ Սակայն Յիսուս ունկնդիրները յորդորեց որ տարբեր հայեցակէտ մը ունենան։ Որպէս Աստուծոյ նուիրուած անհատներ, անոնց «բոլոր պարտականութիւն»ն էր՝ ‘Աստուծմէ վախնալ ու անոր պատուիրանքները պահել’։—Ժողովող 12։13
Նիւթական բաներով զբաղած ըլլալը,– «աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը»,– կրնար ունկնդիրներուն հոգեւորութիւնը կործանել։ (Մատթէոս 13։22) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9) Իր հետեւորդներուն օգնելու համար որ այս «որոգայթ»էն խուսափին, Յիսուս անոնց յիշեցուց թէ իրենց երկնաւոր Հայրը գիտէր որ այդ բոլոր բաներուն կարիք ունէին։ Աստուած զիրենք պիտի հոգար, ճիշդ ինչպէս որ «երկնքի թռչուններուն» հոգ կը տանի։ (Մատթէոս 6։26, 32) Փոխանակ թոյլ տալու որ անձկութիւնը զիրենք ծանրաբեռնէր, անոնք իրենց ապրուստը ճարելու համար իրենց կարելին պէտք էր ընէին, ապա վստահութեամբ հարցը Եհովայի յանձնէին։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7
Երբ Յիսուս ըսաւ թէ «վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ», պարզապէս ըսել ուզեց թէ այսօրուան խնդիրները չաւելցնենք անտեղի մտահոգութեամբ թէ վաղը ի՛նչ կրնայ պատահիլ։ Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանութիւն մը իր խօսքերը հետեւեալ կերպով կը հաղորդէ. «Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է»։—Մատթէոս 6։34, Անթիլիաս
«Քու թագաւորութիւնդ գայ»
Սակայն վաղուան մասին անտեղիօրէն չմտահոգուելուն եւ զայն բոլորովին անտեսելուն միջեւ հսկայ տարբերութիւն մը կայ։ Յիսուս բնաւ իր աշակերտները չքաջալերեց որ ապագան անտեսեն։ Ընդհակառակը, ան զանոնք յորդորեց որ ապագայով մեծապէս հետաքրքրուին։ Անոնք պէտք էր աղօթէին ներկայ կարիքներուն համար,– իրենց ամէնօրեայ հացը։ Բայց նա՛խ պէտք էր աղօթէին ապագային ըլլալիք բաներուն մասին,– Աստուծոյ Թագաւորութեան գալը եւ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը ըլլալը։—Մատթէոս 6։9-11
Նոյի ժամանակակիցներուն պէս պէտք չէ ըլլանք։ Անոնք ա՛յնքան զբաղած էին ‘ուտելով, խմելով, կին առնելով ու էրկան տալով’, որ «չգիտցան» թէ շուտով ի՛նչ տեղի պիտի ունենար։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ «Ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։ (Մատթէոս 24։36-42) Պետրոս առաքեալ այս պատմական դէպքը գործածեց՝ մեզի յիշեցնելու որ ապագան ի մտի ունենալով պէտք է ապրինք։ Ան գրեց. «Քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։—Բ. Պետրոս 3։5-7, 11, 12
Երկինքը գանձեր դիզեցէք
Այո, թող Եհովայի օրը մեր մտքին մէջ պահենք։ Ասիկա ընելը մեծապէս պիտի ազդէ՝ մեր ժամանակը, կորովը, տաղանդները, նիւթական միջոցները եւ կարողութիւնները գործածելուն կերպին։ Պէտք չէ ա՛յնքան զբաղած ըլլանք նիւթական բաներ հետապնդելով,– կեանքի անհրաժեշտութիւնները թէ հաճոյքները,– որ «բարեպաշտութիւն» արտացոլացնող արարքներուն համար ժամանակ չմնայ։ Միա՛յն այսօրուան վրայ կեդրոնանալը երեւութապէս անմիջական օգուտներ կը բերէ, բայց լաւագոյն պայմաններու մէջ՝ անոնք կարճատեւ պիտի ըլլան։ Յիսուս ըսաւ թէ աւելի խոհեմութիւն է որ Մատթէոս 6։19, 20
‘երկինքը գանձեր դիզենք’, քան՝ երկրի վրայ։—Յիսուս այդ կէտը շեշտեց իր առակին մէջ՝ մարդու մը մասին որ ապագային համար մեծ ծրագիրներ ըրաւ, առանց Աստուած նկատի առնելու։ Մարդուն արտը շատ արգասաբեր էր։ Ան որոշեց իր ամբարները քանդել եւ աւելի մեծ ամբարներ կառուցանել, որպէսզի կարենար հանգստաւէտ կեանք մը վարել, ուտել, խմել ու զուարճանալ։ Ի՞նչ էր սխալը։ Ան իր աշխատանքին արդիւնքը չվայելած՝ մահացաւ։ Բայց աւելի գէշը, ան Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն չէր կերտած։ Յիսուս եզրափակեց. «Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։—Ղուկաս 12։15-21. Առակաց 19։21
Ի՞նչ կրնաս ընել
Յիսուսի նկարագրած մարդուն սխալը մի՛ կրկներ։ Քննէ թէ Աստուած ապագային համար ի՛նչ վերապահած է, ապա կեանքդ անոր շուրջ կերտէ։ Աստուած իր ընելիքին նկատմամբ մարդիկը մութի մէջ չէ ձգած։ Ամովս մարգարէն գրեց. «Տէր Եհովան բան մը չ’ըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ»։ (Ամովս 3։7) Իր մարգարէներուն միջոցաւ Եհովայի յայտնած բաները այժմ քեզի մատչելի են, իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչի էջերուն մէջ։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
Աստուածաշունչը կը յայտնէ ի՛նչ որ մօտ ապագային տեղի պիտի ունենայ եւ աննախընթաց տարողութեամբ ամբողջ երկրին պիտի ազդէ։ Յիսուս ըսաւ. «Այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ»։ (Մատթէոս 24։21) Ո՛չ ոք կրնայ այդ դէպքին արգելք հանդիսանալ։ Արդարեւ, ճշմարիտ երկրպագուներն ալ պիտի չուզեն զայն արգիլել, քանի որ երկիրը ամէն չարութենէ պիտի մաքրագործէ եւ պիտի բերէ «նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը»,– երկնային նոր կառավարութիւն եւ երկրային նոր ընկերութիւն։ Այդ նոր աշխարհին մէջ, Աստուած մարդոց «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։—Յայտնութիւն 21։1-4
Արդ, տրամաբանական չէ՞ ժամանակ տրամադրել քննելու համար թէ Աստուածաշունչը այդ զարգացումին մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Ասիկա ընելու համար օգնութեան կարիք ունի՞ս։ Եհովայի Վկաներէն խնդրէ որ քեզի օգնեն, կամ՝ այս պարբերաթերթին հրատարակիչներուն գրէ։ Ամէն գնով, ո՛չ միայն այսօրուան համար ապրէ, այլեւ՝ հոյակապ ապագայի մը համար։
[Նկարներ՝ էջ 7]
«Հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ»