«Աստուծոյ խորունկ բաները» քննել
«Աստուծոյ խորունկ բաները» քննել
«Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2։10
1. Աստուածաշունչի ո՞ր կարգ մը ճշմարտութիւնները ուրախութիւն կը պատճառեն Աստուածաշունչի նորեկ աշակերտներուն։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ժողովքին մէջ, մեզմէ շատեր կրնան յիշել այն ուրախութիւնը որ ունեցան, երբ առաջին անգամ ճշմարտութիւնը գիտցան։ Հասկցանք թէ Եհովայի անունը ինչո՛ւ կարեւոր է, ան ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը, ոմանք ինչո՛ւ երկինք կ’երթան, եւ ապագան ի՛նչ վերապահած է հաւատարիմ մարդկութեան։ Թերեւս նախապէս Աստուածաշունչը կարդացած էինք, բայց այս կէտերը ծածկուած էին մեզմէ, ինչպէս որ է պարագան մարդոց մեծամասնութեան։ Կը նմանէինք անհատի մը որ բստային ժայռեր կը դիտէ։ Յարմար սարքեր չունենալով, ան ջուրի մակերեսին տակ գտնուող գեղեցիկ բաներէն չնչին մէկ մասը կը տեսնէ։ Բայց ակնապահ խոշոր ակնոց կամ ապակեայ յատակ ունեցող նաւ մը գործածելով, ան կը խայտայ երբ առաջին անգամ կը տեսնէ գունագեղ բուստեր, ձուկեր, բուսակերպ ծովային կենդանիներ ու այլ գրաւիչ էակներ։ Նմանապէս, երբ մէկը սկսաւ մեզի օգնել որ Սուրբ Գրութիւնները հասկնանք, մեր առաջին ակնարկը նետեցինք «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն վրայ։—Ա. Կորնթացիս 2։8-10
2. Աստուծոյ Խօսքէն սորվելու ուրախութիւնը ինչո՞ւ կրնայ անվերջ ըլլալ։
2 Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին միայն գաղափար մը ունենալով պէ՞տք է գոհանանք։ «Աստուծոյ խորունկ բաները» արտայայտութիւնը կը պարփակէ Աստուծոյ իմաստութեան հասկացողութիւնը, որ սուրբ հոգիին միջոցաւ Քրիստոնեաներուն յայտնուած է, բայց ուրիշներէն ծածկուած է։ (Ա. Կորնթացիս 2։7) Աստուծոյ իմաստութիւնը հաճելի հետազօտութեան ի՜նչ անսահման դաշտ մըն է։ Երբեք պիտի չկարենանք Աստուծոյ ճամբաներուն իմաստութեան մասին ամէն բան գիտնալ։ Աստուածաշունչի սկզբնական ուսուցումները սորվելու ատեն մեր ունեցած ուրախութիւնը կրնանք առյաւէտ վայելել, եթէ շարունակենք «Աստուծոյ խորունկ բաները» անդադար քննել։
3. Ինչո՞ւ մեր հաւատալիքներուն պատճառներուն նկատմամբ ամբողջական հասկացողութեան կարիք ունինք։
3 Ինչո՞ւ այդ «խորունկ բաները» պէտք է հասկնանք։ Մեր հաւատքն ու վստահութիւնը կը զօրանան, երբ հասկնանք ո՛չ միայն խնդրոյ առարկայ կէտը, այլ նաեւ՝ պատճառները,– մեր հաւատալիքներուն հիմնական պատճառները։ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն որ մեր ‘բանաւորութիւնը’ գործածենք, ‘որպէսզի քննենք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է’։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2) Երբ հասկնանք թէ Եհովա ինչո՛ւ մեզմէ կը խնդրէ որոշ կենցաղի մը հետեւիլ, ասիկա իրեն հնազանդելու մեր վճռականութիւնը կ’ամրապնդէ։ Հետեւաբար, «խորունկ բաներ»ուն մասին գիտութիւն ձեռք ձգելը մեզի զօրութիւն կու տայ, որ անօրէն արարքներու միջամուխ ըլլալու փորձութեան դէմ դնենք, եւ կրնայ մեզ մղել որ «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլանք։—Տիտոս 2։14
4. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։
4 Խորունկ բաներ հասկնալը ուսումնասիրութիւն կը պահանջէ։ Սակայն ուսումնասիրութիւնը մակերեսային ընթերցանութեան չի նմանիր։ Անիկա կը պարփակէ տեղեկութիւն մը ուշադրութեամբ քննել, տեսնելու համար թէ անիկա մեր գիտցած բաներուն ի՛նչպէս կը յարմարի։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Անիկա կ’ընդգրկէ ըսուած բաներուն պատճառները ըմբռնել։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մաս պէտք է կազմէ խոկալ՝ թէ մեր սորվածը ի՛նչպէս կրնայ օգնել իմաստուն որոշումներ կայացնելու եւ ուրիշներուն օգտակար ըլլալու։ Նաեւ, քանի որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է», մեր ուսումնասիրութիւնը պէտք է պարփակէ ‘այն ամէն խօսքը՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Մատթէոս 4։4) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը կրնայ ծանր աշխատանք ըլլալ, բայց կրնայ նաեւ հաճելի ըլլալ, իսկ «Աստուծոյ խորունկ բաները» հասկնալը շատ դժուար չէ։
Եհովա հեզերուն կ’օգնէ որ հասկնան
5. Ո՞վ կրնայ «Աստուծոյ խորունկ բաները» հասկնալ։
5 Նոյնիսկ եթէ դպրոցին մէջ գերազանցիկ աշակերտ մը չէիր եւ ուսումնասիրելու վարժութիւնը չունիս, պէտք չէ խորհիս թէ «Աստուծոյ խորունկ բաները» ըմբռնողութենէդ վեր են։ Յիսուսի երկրային ծառայութեան ընթացքին, Եհովա Իր նպատակին հասկացողութիւնը յայտնեց ո՛չ թէ իմաստուններուն եւ գիտուններուն, այլ՝ տգէտ ու առանց ուսման մարդոց, որոնք խոնարհ ըլլալով ընդունեցին որ Աստուծոյ ծառան իրենց սորվեցնէր։ Ուսեալներու հետ բաղդատած՝ անոնք երախաներու նման էին։ (Մատթէոս 11։25. Գործք 4։13) Իսկ ինչ կը վերաբերի ‘այն բաներուն որոնք Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստած է’, Պօղոս առաքեալ հաւատակիցներուն գրեց. «Աստուած մեզի յայտնեց իր հոգիովը, վասն զի հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ»։—Ա. Կորնթացիս 2։9, 10
6. Ա. Կորնթացիս 2։10–ն ի՞նչ կը նշանակէ։
6 Աստուծոյ հոգին ի՞նչպէս «ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ»։ Փոխանակ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի անջատ յայտնութիւն մը տալու, Եհովա սուրբ հոգին կը գործածէ իր կազմակերպութիւնը ուղղելու, որպէսզի Աստուածաշունչի հասկացողութիւն հայթայթէ Իր միակամ ժողովուրդին։ (Գործք 20։28. Եփեսացիս 4։3-6) Համայն աշխարհի մէջ, բոլոր ժողովքները Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան նոյնանման յայտագրի մը կը հետեւին։ Քանի մը տարուան ընթացքին, անոնք Աստուածաշունչի բոլոր ուսուցումները կը ծածկեն։ Սուրբ հոգին ժողովքին միջոցաւ կը ներգործէ, մարդոց օգնելու որ «Աստուծոյ խորունկ բաները» հասկնալու համար հարկ եղած կեցուածքը որդեգրեն։—Գործք 5։32
«Աստուծոյ խորունկ բաները» ի՛նչ կը պարփակեն
7. Շատեր ինչո՞ւ «Աստուծոյ խորունկ բաները» չեն հասկնար։
7 Պէտք չէ խորհինք թէ «Աստուծոյ խորունկ բաները» անպայման դժուար են։ «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն գիտութիւնը մարդոց մեծամասնութենէն ծածկուած է, ո՛չ թէ քանի որ Աստուծոյ իմաստութիւնը ձեռք ձգելը շատ դժուար է, այլ՝ քանի որ Սատանան մարդիկը կը խաբէ որ մերժեն Եհովայի հայթայթած օգնութիւնը Իր կազմակերպութեան միջոցաւ։—Բ. Կորնթացիս 4։3, 4
8. Եփեսացիներուն գրած իր նամակին երրորդ գլուխին մէջ, Պօղոս ի՞նչ խորունկ բաներու ակնարկեց։
8 Եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոսի նամակին երրորդ գլուխը ցոյց կու տայ թէ «Աստուծոյ խորունկ բաները» կը պարփակեն բազմաթիւ ճշմարտութիւններ, որոնք Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը շատ լաւ կը հասկնայ, ինչպէս՝ խոստացեալ Սերունդին ինքնութիւնը, մարդոց մէջէն երկնային յոյս ունեցող անհատներուն ընտրութիւնը եւ Մեսիական Թագաւորութիւնը։ Պօղոս գրեց. «Ուրիշ դարերու մէջ մարդոց որդիներուն չերեւցաւ, ինչպէս հիմա սուրբ հոգիով յայտնուեցաւ իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն. որպէս զի հեթանոսները Քրիստոսով ժառանգակից ու մարմնակից եւ անոր խոստումին հաղորդ ըլլան»։ Պօղոս ըսաւ թէ ինք նշանակուած էր «ամէնքը լուսաւորելու, որպէս զի գիտնան թէ ի՛նչ է այն խորհուրդին տնօրէնութիւնը՝ որ յաւիտեանս ծածկուած էր Աստուծոյ քով»։—Եփեսացիս 3։5-9
9. «Աստուծոյ խորունկ բաները» հասկնալը ինչո՞ւ առանձնաշնորհում մըն է։
9 Պօղոս շարունակեց բացատրել թէ նաեւ Աստուծոյ կամքն է որ «Աստուծոյ բազմատեսակ իմաստութիւնը եկեղեցիին ձեռքով յայտնի ըլլայ երկինքը»։ (Եփեսացիս 3։10) Հրեշտակները կ’օգտուին քրիստոնէական ժողովքին հետ Եհովայի գործառնութեանց իմաստութիւնը հասկնալով եւ դիտելով։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է ըմբռնել բաներ, որոնք նոյնիսկ հրեշտակները կը հետաքրքրեն։ (Ա. Պետրոս 1։10-12) Պօղոս կը շարունակէ ըսել թէ պէտք է ջանանք «հասկնալ բոլոր սուրբերուն հետ մէկտեղ, թէ ի՞նչ է [քրիստոնէական հաւատքին] լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը»։ (Եփեսացիս 3։11, 18) Այժմ նկատի առնենք խորունկ բաներու կարգ մը օրինակներ, որոնք կրնան մեր հասկացողութեան տարողութիւնը ընդարձակել։
Խորունկ բաներու կարգ մը օրինակներ
10, 11. Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն, Յիսուս ե՞րբ Աստուծոյ երկնային «կնոջ» «սերունդ»ին գլխաւոր մասը եղաւ։
10 Գիտենք թէ Յիսուս Ծննդոց 3։15–ի մէջ նշուած Աստուծոյ երկնային «կնոջ» «սերունդ»ին գլխաւոր մասն է։ Մեր հասկացողութեան տարողութիւնը ընդարձակելու համար, կրնանք հարց տալ. ‘Յիսուս ե՞րբ խոստացեալ Սերունդը եղաւ։ Իր նախամարդկային գոյութեա՞ն ընթացքին, որպէս մարդ իր ծննդեա՞ն ժամանակ, իր մկրտութեա՞ն ատեն թէ իր յարութենէն ետք’։
11 Աստուած խոստացած էր թէ իր կազմակերպութեան երկնային մասը, որ մարգարէութեան մէջ ակնարկուած էր որպէս իր «կին»ը, սերունդ մը յառաջ պիտի բերէր որ օձին գլուխը պիտի ջախջախէր։ Բայց հազարաւոր տարիներ անցան, եւ Աստուծոյ կինը յառաջ չբերաւ սերունդ մը որ կարող էր Սատանան ու իր գործերը կործանել։ Հետեւաբար Եսայիի մարգարէութիւնը զինք «ամուլ» եւ «հոգիով վշտացած» կը կոչէ։ (Եսայի 54։1, 5, 6) Վերջապէս, Յիսուս ծնաւ Բեթլեհէմի մէջ։ Բայց միայն իր մկրտութենէն ետքն էր,– երբ ան հոգիէն ծնաւ Աստուծոյ հոգեւոր որդի մը ըլլալու համար,– որ Եհովա ծանուցանեց. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս»։ (Մատթէոս 3։17. Յովհաննէս 3։3) Կնոջ «սերունդ»ին գլխաւոր մասը ի վերջոյ ինքզինք ներկայացուցած էր։ Հետագային, Յիսուսի հետեւորդներն ալ սուրբ հոգիով օծուեցան ու ծնան։ Եհովայի «կինը», որ երկար ատեն «չծնանող» կնոջ մը զգացումը ունէր, ի վերջոյ կրնար ‘ցնծալ’։—Եսայի 54։1. Գաղատացիս 3։29
12, 13. Ո՞ր համարները ցոյց կու տան թէ երկրի վրայ բոլոր օծեալ Քրիստոնեաները կը կազմեն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։
12 Մեզի յայտնուած խորունկ բաներուն երկրորդ օրինակը կը վերաբերի մարդոց մէջէն 144,000 անհատներ ընտրելու Աստուծոյ նպատակին։ (Յայտնութիւն 14։1, 4) Կ’ընդունինք այն ուսուցումը թէ որեւէ տուեալ ժամանակի մէջ, երկրի վրայ ապրող բոլոր օծեալները կը կազմեն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որ Յիսուս ըսաւ թէ ատենին իր ծառաներուն «կերակուր» պիտի տար։ (Մատթէոս 24։45) Աստուածաշունչի ո՞ր համարները կ’ապացուցանեն թէ այս հասկացողութիւնը շիտակ է։ Կարելի՞ է որ Յիսուս ընդհանրական իմաստով կ’ակնարկէր ոեւէ Քրիստոնեայի որ իր եղբայրները կը կերտէ՝ զանոնք հոգեւորապէս սնուցանելով։
13 Աստուած Իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Իմ վկաներս դուք էք, . . . նաեւ իմ ընտրած ծառաս»։ (Եսայի 43։10) Բայց Հ.Դ. 33–ի Նիսան 11–ին, Յիսուս Իսրայէլի առաջնորդներուն ըսաւ թէ Աստուած մերժած էր իրենց ազգը որ Իր ծառան ըլլար։ Ան ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ»։ Յիսուս ամբոխին ըսաւ. «Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։ (Մատթէոս 21։43. 23։38) Որպէս Եհովայի ծառան, Իսրայէլի տունը ո՛չ հաւատարիմ, ո՛չ ալ իմաստուն էր։ (Եսայի 29։13, 14) Նոյն օրը աւելի ուշ, երբ Յիսուս հարցուց. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», իրականութեան մէջ ան կը հարցնէր. ‘Ո՞ր իմաստուն ազգը պիտի փոխարինէ Իսրայէլը, եւ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան պիտի ըլլայ’։ Պետրոս առաքեալ ասոր պատասխանը տուաւ, երբ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին ըսաւ. ‘Դուք սուրբ ազգ էք, սեփական ժողովուրդ մը’։ (Ա. Պետրոս 1։4. 2։9) Այս հոգեւոր ազգը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը՝ Եհովայի նոր ծառան եղաւ։ (Գաղատացիս 6։16) Ճիշդ ինչպէս որ վաղեմի Իսրայէլի բոլոր անդամները մէկ «ծառայ» կը կազմէին, նոյնպէս ալ երկրի վրայ բոլոր օծեալ Քրիստոնեաները, որեւէ ժամանակի մէջ, կը կազմեն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Մեզի համար ի՜նչ առանձնաշնորհում է Աստուծոյ ծառային միջոցաւ «կերակուր» ստանալ։
Անձնական ուսումնասիրութիւնը կրնայ հաճոյալի ըլլալ
14. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչո՞ւ պարզ ընթերցանութենէն աւելի ուրախութիւն կը պատճառէ։
14 Երբ Սուրբ Գրութիւններուն վերաբերեալ նոր հասկացողութիւն մը ձեռք ձգենք, ասիկա մեզի ուրախութիւն չի՞ պատճառեր, քանի որ կրնայ մեր հաւատքը զօրացնել։ Այս պատճառաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, պարզ ընթերցանութենէն աւելի, կրնայ ուրախութեան աղբիւր մը ըլլալ։ Հետեւաբար, երբ քրիստոնէական հրատարակութիւններ կը կարդաս, դուն քեզի հարց տուր. ‘Այս բացատրութիւնը ի՞նչ կապ ունի նիւթին շուրջ իմ նախկին հասկացողութեանս հետ։ Ի՞նչ այլ համարներ կամ փաստեր գիտեմ, որոնք կրնան այս յօդուածին մէջ ներկայացուած եզրակացութիւններուն թիկունք կանգնիլ’։ Եթէ յաւելեալ պրպտում պահանջուի, նոթագրէ այն հարցումը՝ որուն պատասխանը կ’ուզես ունենալ, եւ զայն ուսումնասիրութեան ապագայ ծրագրի մը նիւթը դարձուր։
15. Ուսումնասիրութեան ո՞ր ծրագիրները կրնան հաճոյալի ըլլալ, եւ անոնք ի՞նչպէս կրնան մնայուն օգուտ ունենալ։
15 Ուսումնասիրութեան ո՞ր ծրագիրները նոր խորատեսութիւն ձեռք ձգելու ուրախութիւնը կրնան տալ քեզի։ Մարդկութեան օգտին համար Աստուծոյ ըրած տարբեր ուխտերուն խորազնին քննարկում մը կրնայ լուսաբանող ծրագիր մը ըլլալ։ Կրնաս հաւատքդ զօրացնել՝ Յիսուս Քրիստոսի ակնարկող մարգարէութիւնները ուսումնասիրելով կամ Աստուածաշունչի մարգարէական գրքերէն մէկը համար առ համար քննարկելով։ Հաւատքդ կրնայ նաեւ զօրանալ Եհովայի Վկաներուն արդի պատմութիւնը վերաքաղ ընելով, գործածելով Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը։ * Իսկ Դիտարան–ի մէջ նախապէս լոյս տեսած «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածները աչքէ անցընելը, վստահաբար քեզի պիտի օգնէ որ կարգ մը համարներուն մասին աւելի յստակ հասկացողութիւն ձեռք ձգես։ Մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայէ աստուածաշնչական պատճառաբանութիւններուն, որոնք գործածուած են եզրակացութիւններու յանգելու համար։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ «ըմբռնելու կարողութիւնը» մարզելու եւ խորատեսութիւն մշակելու։ (Եբրայեցիս 5։14, ՆԱ) Մինչ կ’ուսումնասիրես, Աստուածաշունչիդ մէջ կամ թուղթի մը վրայ նոթեր առ, որպէսզի ուսումնասիրութիւնդ մնայուն օգուտներ ունենայ թէ՛ քեզի եւ թէ անոնց՝ որոնց կրնաս օգնել։
Դեռատիներուն օգնել որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէն հաճոյք առնեն
16. Ի՞նչպէս կրնաս դեռատիներուն օգնել որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէն հաճոյք առնեն։
16 Ծնողներ շատ բան կրնան ընել իրենց զաւակներուն հոգեւոր ախորժակը սրելու համար։ Խորունկ բաներ հասկնալու ձեր զաւակներուն կարողութիւնը մի՛ թերագնահատէք։ Եթէ դեռատիներուն նշանակես նիւթ մը պրպտել՝ առ ի պատրաստութիւն Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան, կրնաս անոնց հարցնել թէ անկէ ի՛նչ սորվեցան։ Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կրնայ նաեւ փորձի նիստեր պարփակել, դեռատիներուն օգնելու որ սորվին թէ ի՛նչպէս կրնան իրենց հաւատքը պաշտպանել ու փաստել թէ իրենց սորված բաները ճիշդ են։ Ասկէ զատ, կրնաս գործածել Տեսէ՛ք «բարի երկիրը» գրքոյկը, * Աստուածաշունչի աշխարհագրութիւնը սորվեցնելու եւ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան բովանդակած տեղեկութիւնները յստակացնելու համար։
17. Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան մեր ծրագիրներուն մէջ ինչո՞ւ հաւասարակշիռ պէտք է ըլլանք։
17 Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան ծրագիրները կրնան գրաւիչ եւ հաւատք զօրացնող ըլլալ, սակայն զգո՛յշ եղիր թոյլ չտալու որ անոնք ժողովներուն պատրաստութիւնը շուքի մէջ ձգեն։ Ժողովները ուրիշ կերպ մըն են, որով Եհովա մեզի կը սորվեցնէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։ Սակայն յաւելեալ պրպտում ընելդ կրնայ ժողովներուն մէջ իմաստալից մեկնաբանութիւններ տալու նպաստել,– օրինակ՝ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ կամ երբ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութենէն աչքառու կէտեր նկատի կ’առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ։
18. Ինչո՞ւ «Աստուծոյ խորունկ բաները» ուսումնասիրելու համար կ’արժէ ջանք թափել։
18 Աստուծոյ Խօսքին անձնական խոր ուսումնասիրութիւնը կրնայ քեզի օգնել Եհովայի մօտենալու։ Այս ուսումնասիրութեան արժէքը ցոյց տալով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստութեան հովանաւորութիւնը արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ»։ (Ժողովող 7։12) Հետեւաբար, հոգեւոր բաներու մասին հասկացողութիւնդ խորացնելու համար կ’արժէ ջանք թափել։ Յարատեւաբար փնտռտուք ընողին՝ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։—Առակաց 2։4, 5
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 15 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 16 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Կրնա՞ս բացատրել
• «Աստուծոյ խորունկ բաները» ի՞նչ են։
• Ինչո՞ւ խորունկ բաներու մասին շարունակ պէտք է ուսումնասիրենք։
• «Աստուծոյ խորունկ բաները» հասկնալու ուրախութիւնը ինչո՞ւ բոլոր Քրիստոնեաներուն մատչելի է։
• Ի՞նչպէս կրնաս «Աստուծոյ խորունկ բաներ»էն լիովին օգտուիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 28]
Յիսուս ե՞րբ խոստացեալ Սերունդը եղաւ
[Նկար՝ էջ 31]
Ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն պրպտումի նիւթեր նշանակել, առ ի պատրաստութիւն ընտանեկան ուսումնասիրութեան