Եհովայի խօսքը բնաւ գետին չ’իյնար
Եհովայի խօսքը բնաւ գետին չ’իյնար
«Ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան»։—ՅԵՍՈՒ 23։14
1. Ո՞վ էր Յեսու, եւ իր կեանքի վերջաւորութեան ի՞նչ ըրաւ։
ԱՆ ԱՇԽՈՅԺ ու քաջարի հրամանատար մըն էր, ուղղամիտ եւ հաւատքի տէր մարդ մը։ Ան Մովսէսի հետ քալեց եւ Եհովա զինք ընտրեց՝ Իսրայէլ ազգը վախազդու անապատէն դուրս հանելու եւ կաթ ու մեղր բխող երկիրը առաջնորդելու համար։ Իր կեանքի վերջաւորութեան, այս մեծապէս յարգուած մարդը՝ Յեսու, Իսրայէլի ծերերուն հրաժեշտի յուզիչ խօսք մը ուղղեց։ Անկասկած այդ խօսքը իրեն մտիկ ընողներուն հաւատքը ամրապնդեց։ Անիկա կրնայ քու հաւատքդ ալ զօրացնել։
2, 3. Երբ Յեսու հրաժեշտի խօսք ուղղեց Իսրայէլի ծերերուն, Իսրայէլ ի՞նչ կացութեան մէջ էր եւ Յեսու ի՞նչ ըսաւ։
2 Պատկերացուր Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած տեսարանը. «Բաւական ժամանակ անցած էր այն օրէն, երբ Տէրը հանգստացուց Իսրայէլը անոր բոլորտիքի բոլոր թշնամիներէն։ Յեսու, որ ծերացած ու տարիքը առած էր, կանչեց բոլոր Իսրայէլը, անոր ծերերը, իշխանները, դատաւորներն ու ոստիկանները եւ անոնց ըսաւ. ‘Ես ծերացայ ու տարիքս առի’»։—Յեսու 23։1-3
3 Յեսու շուրջ 110 տարեկան էր եւ Աստուծոյ ժողովուրդին պատմութեան ամենէն հետաքրքրաշարժ ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին ապրած էր։ Ան Աստուծոյ հզօր արարքներուն ականատես եղած էր եւ Եհովայի շատ մը խոստումներուն կատարումը տեսած էր։ Հետեւաբար, ականատեսի մը ունեցած բացարձակ համոզումով, ան ըսաւ. «Ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ»։—Յեսու 23։14
4. Եհովա Իսրայելացիներուն ի՞նչ երաշխիքներ տուաւ։
4 Յեսուի կեանքի տեւողութեան Եհովայի ո՞ր խօսքերը կատարուեցան։ Նկատի պիտի առնենք երեք երաշխիքներ, զորս Եհովա Իսրայելացիներուն տուաւ։ Առաջին, Աստուած զիրենք ստրկութենէն պիտի ազատագրէր։ Երկրորդ, ան զիրենք պիտի պաշտպանէր։ Երրորդ, ան անոնց նեցուկ պիտի կանգնէր։ Եհովա իր այժմու ծառաներուն նոյնանման երաշխիքներ տուած է, եւ մեր կեանքի տեւողութեան անոնց կատարման ականատես եղած ենք։ Սակայն արդի օրերուն Եհովայի ըրած բաները քննարկելէ առաջ, նկատի առնենք թէ Յեսուի օրերուն ի՛նչ ըրաւ։
Եհովա իր ժողովուրդը կ’ազատէ
5, 6. Եհովա ի՞նչպէս ազատագրեց Իսրայելացիները Եգիպտոսէն, եւ ասիկա ի՞նչ ապացուցանեց։
5 Երբ Իսրայելացիները Եգիպտոսի մէջ իրենց ստրկութեան նկատմամբ իրեն աղաղակեցին, Եհովա ուշադրութիւն ընծայեց։ (Ելից 2։23-25) Կրակով վառող մորենիին քով, Եհովա Մովսէսի ըսաւ. «[Ժողովուրդս] Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը . . . տանելու եկայ»։ (Ելից 3։8) Եհովայի այս իրագործումին ականատես ըլլալը ո՜րքան հետաքրքրաշարժ ըլլալու էր։ Երբ Փարաւոն մերժեց որ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելլէ, Մովսէս զինք տեղեկացուց թէ Աստուած Նեղոսի ջուրերը արիւնի պիտի վերածէր։ Եհովայի խօսքը գետին չինկաւ։ Նեղոս գետին ջուրերը արիւնի վերածուեցան, ձուկերը մեռան, եւ գետին ջուրը անըմպելի եղաւ։ (Ելից 7։14-21) Փարաւոն իր յամառութեան մէջ շարունակեց, եւ Եհովա ինը այլ պատուհասներ բերաւ, իւրաքանչիւրը կանխաւ նկարագրելով։ (Ելից, գլուխ ) Տասներորդ պատուհասը Եգիպտոսի անդրանիկները հարուածելէ յետոյ, Փարաւոնին հրամանով Իսրայելացիները արդարեւ մեկնեցան։— 8-12Ելից 12։29-32
6 Այդ ազատագրումը ճամբան հարթեց որ Եհովա Իսրայէլը որդեգրէ որպէս իր ընտրեալ ազգը։ Անիկա Եհովան մեծարեց որպէս իր խոստումները Կատարող, որուն խօսքը բնաւ գետին չ’իյնար։ Անիկա Եհովայի գերակայութիւնը ապացուցանեց՝ ազգերու աստուածներուն հետ բաղդատած։ Այդ ազատագրութեան մասին կարդալը, մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Պատկերացուր անոր ականատես ըլլալը։ Յեսու եզրակացուց թէ Եհովա անկասկած ‘Բարձրեալ է բոլոր երկրի վրայ’։—Սաղմոս 83։18
Եհովա իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ
7. Եհովա ի՞նչպէս Իսրայելացիները Փարաւոնի բանակէն պաշտպանեց։
7 Իսկ ինչ կը վերաբերի երկրորդ երաշխիքին թէ Եհովա իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէր, անոր ակնարկութիւն եղաւ՝ Եգիպտոսէն ազատագրելու եւ Խոստացեալ Երկիրը մտցնելու Եհովայի խոստումին մէջ։ Մտաբերէ թէ զայրացած Փարաւոն Իսրայէլը հալածեց իր հզօր բանակով, որ հարիւրաւոր կառքերով օժտուած էր։ Այդ ամբարտաւան մարդը ո՜րքան ինքնավստահ ըլլալու էր, մանաւանդ երբ թուեցաւ թէ Իսրայելացիները լեռներուն եւ ծովուն միջեւ ծուղակ ինկած էին։ Այդ պահուն Աստուած միջամտեց իր ժողովուրդը պաշտպանելու համար, երկու բանակավայրերուն միջեւ ամպ մը դնելով։ Եգիպտացիներուն կողմը խաւար էր, իսկ Իսրայելացիներուն կողմը՝ լոյս։ Մինչ ամպը Եգիպտացիներուն յառաջանալուն արգելք եղաւ, Մովսէս իր գաւազանը վերցուց եւ Կարմիր ծովուն ջուրերը ճեղքուեցան, հայթայթելով փախչելու ճամբայ մը Իսրայելացիներուն, իսկ թակարդ մը՝ Եգիպտացիներուն։ Եհովա Փարաւոնին զինուորական հզօր մեքենան ամբողջովին կործանեց ու Իր ժողովուրդը ստոյգ նուաճումէ պահպանեց։—Ելից 14։19-28
8. Իսրայելացիները ի՞նչ պաշտպանութիւն վայելեցին (ա) անապատին մէջ եւ (բ) երբ Խոստացեալ Երկիր մտան։
8 Կարմիր ծովը կտրելէ յետոյ, Իսրայելացիները թափառեցան շրջանի մը մէջ, որ նկարագրուեցաւ որպէս «մեծ ու ահագին եւ խայթող օձերով ու կարիճներով լեցուն, չոր ու անջուր անապատ»։ (Բ. Օրինաց 8։15) Եհովա հոն ալ իր ժողովուրդը պաշտպանեց։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Խոստացեալ Երկիր մտնելուն, հզօր Քանանացի բանակները անոնց դէմ դրին։ Այսուհանդերձ Եհովա Յեսուի ըսաւ. «Ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։ Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ Ինչպէս Մովսէսին հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ։ Քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ»։ (Յեսու 1։2, 5) Եհովայի այս խօսքերը գետին չինկան։ Շուրջ վեց տարուան մէջ, Յեսու նուաճեց 31 թագաւոր եւ Խոստացեալ Երկրին մեծ մասը։ (Յեսու 12։7-24) Առանց Եհովայի պաշտպանիչ հոգատարութեան՝ այդ նուաճումը անկարելի պիտի ըլլար։
Եհովա իր ժողովուրդին նեցուկ կը կանգնի
9, 10. Եհովա անապատին մէջ իր ժողովուրդին ի՞նչպէս նեցուկ կանգնեցաւ։
9 Այժմ նկատի առ երրորդ երաշխիքը,– Եհովա իր ժողովուրդին նեցուկ պիտի կանգնէր։ Եգիպտոսի լուծէն ազատագրուելէ քիչ ետք, Աստուած Իսրայելացիներուն խոստացաւ. «Ահա ես ձեզի երկնքէն հաց պիտի տեղամ եւ ժողովուրդը պիտի ելլէ ու օրէ օր հաւաքէ ամէն մէկ օրուան պէտք եղածը»։ Եւ Աստուած իր ըսածը գործադրեց՝ «երկնքէն հաց» հայթայթելով։ «Երբ Իսրայէլի որդիները տեսան, իրարու ըսին. ‘Ի՞նչ է այս’»։ Անիկա մանանայ էր, Եհովայի խոստացած հացը։—Ելից 16։4, 13-15
10 Անապատին մէջ 40 տարի Եհովա Իսրայելացիներուն հոգ տարաւ, անոնց ուտելիք եւ ջուր հայթայթելով։ Ան նոյնիսկ հոգ տարաւ որ անոնց լաթերը չհիննան եւ անոնց ոտքերը չուռին։ (Բ. Օրինաց 8։3, 4) Յեսու այս բոլորին ականատես եղաւ։ Եհովա իր ժողովուրդը ազատագրեց, պաշտպանեց եւ նեցուկ կանգնեցաւ, ճիշդ ինչպէս որ խոստացած էր։
Ազատում՝ արդի ժամանակներուն
11. 1914–ին՝ Պրուքլինի մէջ ի՞նչ տեղի ունեցաւ, եւ այդ ատեն ի՞նչ բանի ժամանակը եկած էր։
11 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր օրերուն մասին։ Ուրբաթ առաւօտ՝ 2 Հոկտեմբեր 1914–ին, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ, որ այդ ատեն Աստուածաշունչի Աշակերտներուն մէջ առաջնորդութիւն առած էր, Պրուքլինի (Նիւ Եորք) Պէթէլին ճաշասրահը մտնելով՝ ըսաւ. «Բարի լոյս բոլորիդ»։ Ապա նստելէ առաջ, ան ուրախութեամբ ծանուցանեց. «Հեթանոսաց ժամանակները վերջացա՛ն. անոնց թագաւորները իրենց ժամանակը ունեցան»։ Անգամ մը եւս, ժամանակը եկած էր որ տիեզերքի Գերիշխանը՝ Եհովա, իր ժողովուրդին ի նպաստ գործէր, ինչ որ արդարեւ ըրաւ։
12. Ի՞նչ ազատագրութիւն տեղի ունեցաւ 1919–ին, եւ ասիկա ճամբան հարթեց ի՞նչ բանի։
12 Միայն հինգ տարի ետք, Եհովա իր ժողովուրդը ազատագրեց «Մեծ Բաբելոն»էն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային հզօր կայսրութենէն։ (Յայտնութիւն 18։2) Մեզմէ քիչեր այդ ոգեւորիչ ազատագրութեան ականատես եղած են։ Այսուհանդերձ անոր արդիւնքները յստակօրէն կը տեսնենք։ Եհովա մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեց եւ զինք պաշտել տենչացողները միացուց։ Ասիկա նախագուշակուած էր Եսայի մարգարէին կողմէ. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր»։—Եսայի 2։2
13. Եհովայի ժողովուրդին մէջ ի՞նչ յաւելում տեսած ես։
13 Եսայիի խօսքերը գետին չինկան։ Օծեալ մնացորդը 1919–ին վկայութեան համաշխարհային խիզախ արշաւ մը սկսաւ, որ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը բարձրացուց։ Յովհաննէս 10։16) Նախ հազարաւորներ եկան, ապա հարիւր հազարաւորներ, իսկ այժմ միլիոնաւորներ դիրք կը բռնեն մաքուր պաշտամունքի կողքին։ Յովհաննէս առաքեալին տրուած տեսիլքի մը մէջ, անոնք նկարագրուած են որպէս «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ (Յայտնութիւն 7։9) Կեանքիդ ընթացքին դո՛ւն ի՞նչ բանի ականատես եղած ես։ Երբ առաջին անգամ ճշմարտութիւնը լսեցիր, երկրագունդի տարածքին քանի՞ Եհովայի Վկաներ կային։ Ներկայիս, Եհովայի ծառայողներուն թիւը աւելի քան 6,700,000 է։ Մեծ Բաբելոնէն իր ժողովուրդը ազատագրելով, Եհովա ճամբան հարթեց այն ոգեւորիչ ու աշխարհածաւալ յաւելումին, զոր այժմ կը տեսնենք։
Բացայայտ դարձաւ 1930–ական թուականներուն, որ «ուրիշ ոչխարներ»ը սկսած էին հաւաքուիլ։ (14. Տակաւին ի՞նչ ազատում պիտի գայ։
14 Ազատումի այլ արարք մը տակաւին մեր դիմացն է,– անիկա երկրի բոլոր բնակիչներուն պիտի ազդէ։ Զօրութեան ապշեցուցիչ ցուցադրութեամբ մը, Եհովա իրեն հակառակ կեցողները պիտի բնաջնջէ եւ իր ժողովուրդը ազատելով՝ զանոնք նոր աշխարհ մը պիտի մտցնէ, ուր արդարութիւնը կը բնակի։ Ի՜նչ բերկրալի պիտի ըլլայ տեսնել չարութեան վախճանը եւ մարդկային պատմութեան ամենէն փառաւոր դարաշրջանին արշալոյսը։—Յայտնութիւն 21։1-4
Եհովայի պաշտպանութիւնը՝ մեր օրերուն
15. Ինչո՞ւ արդի օրերուն Եհովայի պաշտպանութեան կարիք եղած է։
15 Ինչպէս տեսանք, Յեսուի ժամանակակից Իսրայելացիները Եհովայի պաշտպանութեան կարիք ունէին։ Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդին պարագան տարբե՞ր է։ Բնաւ երբեք։ Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Մատթէոս 24։9) Տարիներու ընթացքին, Եհովայի Վկաները բազմաթիւ երկիրներու մէջ դառն հակառակութեան եւ բիրտ հալածանքի տոկացած են։ Այսուհանդերձ Եհովա փաստած է թէ իր ժողովուրդին կողքին կանգնած է։ (Հռովմայեցիս 8։31) Իր Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ ոչինչ,– ‘մեզի վնասող ո՛չ մէկ գործիք’,– պիտի կասեցնէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը։—Եսայի 54։17
16. Ի՞նչ ապացոյց տեսած ես թէ Եհովա իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ։
16 Հակառակ աշխարհի ատելութեան, Եհովայի ժողովուրդը բարգաւաճած է։ Եհովայի Վկաները կ’ուռճանան 236 երկիրներու մէջ,– արդարեւ համոզիչ ապացոյց մը թէ Եհովա մեզի հետ է, մեզ պաշտպանելու համար անոնցմէ՝
որոնք կ’ուզեն մեզ բնաջնջել կամ լռեցնել։ Կրնա՞ս մտաբերել քաղաքական կամ կրօնական հզօր առաջնորդներ, որոնք կեանքիդ ընթացքին բրտօրէն Աստուծոյ ժողովուրդը հարստահարեցին։ Անոնց ի՞նչ պատահած է։ Անոնք ո՞ւր են ներկայիս։ Մեծամասնութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի, ճիշդ Մովսէսի ու Յեսուի ժամանակակից Փարաւոնին նման։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Աստուծոյ այժմու ծառաներուն մասին, որոնք հաւատարիմ մահացած են։ Անոնք Եհովայի յիշողութեան մէջ պաշտպանուած են։ Անոնց համար աւելի ապահով տեղ մը չկայ։ Բացայայտ է որ պաշտպանութեան հարցին մէջ, Եհովայի խօսքերը ճշմարիտ ելած են։Ներկայիս Եհովա իր ժողովուրդին նեցուկ կը կանգնի
17. Եհովա հոգեւոր սնունդի նկատմամբ ի՞նչ երաշխիք տուաւ։
17 Եհովա անապատին մէջ իր ժողովուրդին նեցուկ կանգնեցաւ եւ ներկայիս ալ անոնց նեցուկ կը կանգնի։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզ հոգեւորապէս կը սնուցանէ։ (Մատթէոս 24։45) Դարեր շարունակ գաղտնի պահուած հոգեւոր ճշմարտութիւններու մասին գիտութիւն կը ստանանք։ Հրեշտակը Դանիէլի ըսաւ. «Այս խօսքերը գոցէ ու գիրքը կնքէ մինչեւ վերջին ժամանակը։ Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ»։—Դանիէլ 12։4
18. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ ներկայիս ճշգրիտ գիտութիւնը առատ է։
18 Այժմ կ’ապրինք վերջին ժամանակին մէջ, եւ ճշգրիտ գիտութիւնը արդարեւ առատ է։ Համայն աշխարհի մէջ, սուրբ հոգին ճշմարտութիւն սիրողները առաջնորդած է՝ ճշմարիտ Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելու։ Ներկայիս երկրագունդի տարածքին մեծ քանակով Աստուածաշունչեր կան, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւններ՝ որոնք մարդոց կ’օգնեն Աստուածաշունչի բովանդակած թանկարժէք ճշմարտութիւնները հասկնալու։ Նկատի առ, զոր օրինակ, Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին բովանդակութեան ցանկը։ * Անոր կարգ մը գլուխներն են. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին», «Մեռելները ո՞ւր են», «Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը» եւ «Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը»։ Մարդիկ հազարաւոր տարիներ այս հարցումներուն մասին խորհած են։ Այժմ անոնց պատասխանները դիւրամատչելի են։ Դարաւոր տգիտութեան եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի հաւատուրաց ուսուցումներուն դիմաց Աստուծոյ Խօսքը յաղթած է, Իրեն ծառայել տենչացող բոլոր անհատներուն նեցուկ կանգնելով։
19. Ո՞ր խոստումներուն կատարումը տեսած ես, եւ ի՞նչ եզրակացութեան յանգած ես։
19 Վստահաբար, մեր աչքերով տեսած բաներուն ի տես, կրնանք ըսել. «Ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ»։ (Յեսու 23։14) Եհովա իր ծառաները կ’ազատէ, կը պաշտպանէ եւ նեցուկ կը կանգնի։ Կրնա՞ս նշել իր խոստումներէն մէկը, որ չէ կատարուած իր որոշած ժամանակին։ Ասիկա անկարելի է։ Աստուծոյ վստահելի Խօսքին խոհեմօրէն կ’ապաւինինք։
20. Ինչո՞ւ կրնանք վստահութեամբ նայիլ ապագային։
20 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ապագային մասին։ Եհովա մեզի ըսած է թէ մեզմէ շատեր կրնան յուսալ հաճելի դրախտի մը վերածուած երկրին վրայ ապրիլ։ Մեզմէ քիչեր Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ իշխելու յոյսը ունին։ Մեր յոյսը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, բաւարար պատճառներ ունինք որ Յեսուի նման հաւատարիմ մնանք։ Պիտի գայ այն օրը, երբ մեր յոյսը պիտի իրականանայ։ Այն ատեն Եհովայի բոլոր խոստումներուն վրայ յետադարձ ակնարկ մը պիտի նետենք, եւ մենք ալ պիտի ըսենք. «Անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան»։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 18 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Կրնա՞ս բացատրել
• Յեսու Եհովայի ո՞ր երաշխիքներուն կատարման ականատես եղաւ։
• Աստուածային ո՞ր երաշխիքներուն կատարման ականատես եղած ես։
• Աստուծոյ խօսքին նկատմամբ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 19]
Եհովա միջամտեց իր ժողովուրդը ազատագրելու համար
[Նկար՝ էջ 19]
Կարմիր ծովուն քով, Եհովա ի՞նչպէս իր ժողովուրդը պաշտպանեց
[Նկար՝ էջ 20]
Անապատին մէջ, Եհովա իր ժողովուրդին ի՞նչպէս նեցուկ կանգնեցաւ
[Նկարներ՝ էջ 21]
Եհովա ներկայիս իր ժողովուրդը կը հոգայ