Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Միայն այսօրուա՞ն համար պէտք է ապրիս

Միայն այսօրուա՞ն համար պէտք է ապրիս

Միայն այսօրուա՞ն համար պէտք է ապրիս

«ԵՐԲԵՔ ապագային մասին չեմ խորհիր։ Անիկա շուտով կու գայ»։ Յաճախ մէջբերուած այս խօսքը կը վերագրուի հռչակաւոր գիտնական՝ Ալպերթ Այնշթայնի։ Շատեր նոյնանման միտքեր կ’արտայայտեն, ինչպէս՝ «Ապագայի նկատմամբ ինչո՞ւ մտահոգուինք», «Առօրեայ գործունէութիւններդ պարզապէս շարունակէ», «Այսօրուան համար ապրէ», «Վաղը մոռցի՛ր»։

Հարկաւ այդ ընդհանուր մօտեցումը նորութիւն մը չէ։ «Կե՛ր, խմէ՛, զուարճացի՛ր։ Մնացեալը կարեւոր չէ»։ Ասիկա վաղեմի Եպիկուրեաններուն նշանաբանն էր։ Պօղոս առաքեալի ժամանակակիցներէն ոմանք նոյնանման տեսակէտ մը ունէին,– «Ուտենք ու խմենք, վասնզի վաղը պիտի մեռնինք»։ (Ա. Կորնթացիս 15։32) Անոնք կը հաւատային թէ միայն այս կարճատեւ կեանքը ունինք, ուստի յառաջ մղեցին այն գաղափարը թէ կեանքը ծայր աստիճան պէտք է օգտագործենք։

Երկրի բնակիչներէն միլիոնաւորներու համար, կեանքը չափազանց օգտագործելը չի նշանակեր հաճոյապաշտ ըլլալ։ Ահռելի պարագաներ ունեցողներուն կեանքը միայն անողոք ու դառն պայքար է՝ վերապրելու համար։ Անոնք ինչո՞ւ պիտի խորհին ապագային մասին, «վաղը» որ յաճախ անտանելիօրէն մռայլ ու անյոյս կը թուի։

Վաղուան համար պէ՞տք է ծրագրենք

Նոյնիսկ նուազ դժուար պարագաներ ունեցողներ, վաղուան համար ծրագրելը յաճախ անօգուտ կը նկատեն։ «Ինչո՞ւ դուն քեզ յոգնեցնես», կ’ըսեն անոնք։ Ոմանք կը պատճառաբանեն թէ ծրագրողներէն շատեր ի վերջոյ հիասթափ ու յուսախաբ կ’ըլլան։ Նոյնիսկ Յոբ նահապետը մեծապէս յուսահատեցաւ, երբ իր մտադրութիւնները պարզապէս «խափանուեցան», քանդելով ի՛նչ որ իրեն ու իր ընտանիքին երջանիկ ապագայ մը պիտի բերէր։—Յոբ 17։11. Ժողովող 9։11

Սկովտիացի բանաստեղծ Ռապըրթ Պըրնզ, մեր դժուարին կացութիւնը նմանցուց պզտիկ դաշտամուկի մը պարագային, որուն որջը անգիտակցաբար քանդեց իր արօրով։ Իր աշխարհը տակնուվրայ ըլլալէ յետոյ, դաշտամուկը փախաւ՝ վերապրելու համար։ Բանաստեղծը նշեց. ‘Արդարեւ, մեր հակակշռէն դուրս եղող դէպքերու դիմաց յաճախ անզօր կը զգանք ու նոյնիսկ լաւ մտածուած ծրագիրները ամբողջովին ձախողութեան կը մատնուին’։

Արդ, ապագային համար ծրագրելը անիմա՞ստ է։ Իրողութիւնը այն է թէ պատշաճ ծրագրումի պակասը կրնայ կործանարար հետեւանքներ ունենալ, երբ ոլորամրրիկներ կամ բնական այլ աղէտներ հարուածեն։ Օրինակ, ո՛չ ոք կրնար Քաթրինա ծովամրրիկը կասեցնել։ Բայց աւելի լաւ նախապատրաստութիւններ տեսնելն ու ծրագիրներ դնելը մեծապէս պիտի չնուազեցնէի՞ն անոր ազդեցութիւնը քաղաքին ու բնակիչներուն վրայ։

Ի՞նչ կը խորհիս։ Իրապէս խոհեմութի՞ւն է՝ միայն այսօրուան համար ապրիլ եւ վաղը անտեսել։ Նկատի առ թէ յաջորդ յօդուածը այս նիւթին շուրջ ի՛նչ կ’ըսէ։

[Նկարներ՝ էջ 3]

«Կե՛ր, խմէ՛, զուարճացի՛ր։ Մնացեալը կարեւոր չէ»

[Նկար՝ էջ 4]

Հեռատեսութիւնը եւ ծրագրումը Քաթրինա ծովամրրիկին ազդեցութիւնները պիտի նուազեցնէի՞ն

[Նկարին աղբիւրը]

U.S. Coast Guard Digital