Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներսէն եկող ձայնը լսէ

Ներսէն եկող ձայնը լսէ

Ներսէն եկող ձայնը լսէ

‘Հեթանոսները, որոնք [Աստուծոյ] օրէնքը չունին, բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն’։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 2։14

1, 2. (ա) Շատեր ուրիշներով հետաքրքրուելով ի՞նչպէս վարուած են։ (բ) Աստուածաշնչական ո՞ր օրինակները կը լուսաբանեն ուրիշներով հետաքրքրուիլը։

ԳԵՏՆՈՒՂԻԻ մը մէջ, 20 տարեկան երիտասարդ մը ուշաթափ ըլլալով՝ երկաթուղագծերուն վրայ ինկաւ։ Դիտորդ մը անմիջապէս իր երկու դուստրերուն ձեռքերը ձգելով՝ ցատկեց ու քաշեց լուսնոտը դէպի խրամ մը երկաթուղագծերուն միջեւ, զինք պաշտպանելով ճչող շոգեկառքէն, որ իրենց վրայ կանգ առաւ։ Ոմանք ազատարարը հերոս պիտի կոչէին, բայց ան ըսաւ. «Մենք շիտակ բանը ընելու ենք։ Ազնուութենէ մղուած զայն ըրի, եւ ո՛չ թէ ճանաչումի կամ փառքի համար»։

2 Թերեւս կը ճանչնաս մէկը որ վտանգը աչքն առնելով ուրիշներուն օգնեց։ Շատեր այս կերպով վարուեցան Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, օտարները պատսպարելով։ Նաեւ մտաբերէ Պօղոս առաքեալի եւ 275 անհատներու փորձառութիւնը, երբ նաւակոծութեան հանդիպեցան Մելիտէի ծովեզերքը, Սիկիլիոյ մօտ։ Բնիկները այս օտարներուն օգնութեան փութացին եւ «քիչ մարդասիրութիւն չցուցուցին»։ (Գործք 27։27–28։2) Իսկ Իսրայելացի աղջնակը, թերեւս առանց իր կեանքը վտանգելու, ազնուօրէն հետաքրքրուեցաւ իր Սուրիացի մէկ գերիչին բարօրութեամբ։ (Դ. Թագաւորաց 5։1-4) Եւ նկատի առ Յիսուսի հանրածանօթ առակը բարի Սամարացիին մասին։ Քահանայ մը եւ Ղեւտացի մը անտեսեցին կիսամեռ ազգակիցը, բայց Սամարացի մը յատուկ ջանքեր թափեց անոր օգնելու համար։ Այս առակը դարերու ընթացքին բազմաթիւ մշակոյթներու պատկանող անհատներու սրտին դպչած է։—Ղուկաս 10։29-37

3, 4. Այլասիրութեան զգացումներուն տիրական ըլլալը ի՞նչ կը յայտնէ բարեշրջութեան տեսութեան մասին։

3 Ճիշդ է որ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք, եւ շատեր «դաժանաբարոյ» ու «բարին չսիրող» են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-3) Այսուհանդերձ, բարեացակամութեան արարքներ չե՞նք տեսած ու թերեւս անոնցմէ օգտուած։ Ուրիշներու օգնելու հակումը, նոյնիսկ զոհողութիւններ ընելով, ա՛յնքան սովորական է որ ոմանք զայն կը կոչեն «մարդկայնութիւն»։

4 Օգնելու կամեցողութիւնը՝ նոյնիսկ զոհողութիւններ ընելով, կը տեսնուի բոլոր ցեղերու եւ մշակոյթներու մէջ, եւ կը հակասէ այն դաւանութեան թէ մարդը բարեշրջուեցաւ անտառի օրէնքով՝ «յարմարագոյնին վերապրումը»։ Ժառանգականութեան մասնագէտ Ֆրէնսիս Ս. Գոլլինզ, որ մարդկային Տի.Էն.Էյ–ի նշանագրերը լուծելու Մ.Ն. կառավարութեան ջանքերը առաջնորդեց, ըսաւ. «Բարեշրջականներուն համար այլասիրութիւնը մեծ խնդիր մըն է։ . . . Անիկա չի բացատրուիր եսամոլ ծիներուն հակումով որ իրենք զիրենք յաւերժացնեն»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ոմանք անձնուրացօրէն զոհողութիւն կ’ընեն անոնց համար, որոնք իրենց խումբին չեն պատկանիր ու հասարակաց ո՛չ մէկ բան ունին։ . . . Ասիկա Տարվինական տեսութեամբ մը կարելի չէ բացատրել»։

«Խղճմտանքին ձայնը»

5. Յաճախ մարդոց մէջ ի՞նչ նկատուած է։

5 Տոքթ. Գոլլինզ մեր այլասիրութեան մէկ երեսակը կը նշէ. «Խղճմտանքին ձայնը մեզ կը կանչէ որ ուրիշներուն օգնենք, նոյնիսկ առանց հատուցում ակնկալելու»։ * «Խղճմտանք»ին ակնարկելը մեզի կը յիշեցնէ այն իրողութիւնը որ Պօղոս առաքեալ ընդգծեց. «Հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը»։—Հռովմայեցիս 2։14, 15

6. Ինչո՞ւ բոլոր մարդիկ Ստեղծիչին համարատու են։

6 Հռովմայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս ցոյց տուաւ թէ մարդիկ Աստուծոյ համարատու են, քանի որ տեսնուած բաները կը յայտնեն Իր գոյութիւնն ու յատկութիւնները։ Այս է պարագան՝ «աշխարհի սկիզբէն» ի վեր։ (Հռովմայեցիս 1։18-20. Սաղմոս 19։1-4) Ճիշդ է որ շատեր իրենց Ստեղծիչը կ’անտեսեն եւ շուայտ կենցաղակերպի հետամուտ կ’ըլլան, բայց Աստուծոյ կամքն է որ մարդիկ իր արդարութիւնը ճանչնան եւ իրենց չար գործերուն համար զղջան։ (Հռովմայեցիս 1։22–2։6) Հրեաները ասիկա ընելու վաւերական պատճառ մը ունէին,– անոնք Մովսէսի միջոցաւ Աստուծոյ Օրէնքը ստացան։ Բայց նոյնիսկ անոնք որ «Աստուծոյ պատգամները» չունէին, պէտք էր զատորոշէին թէ Աստուած գոյութիւն ունի։—Հռովմայեցիս 2։8-13. 3։2

7, 8. Արդարութեան զգացումը ո՞րքան սովորական է, եւ ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։

7 Շիտակի ու սխալի հանդէպ մարդոց ներքին զգացումը զօրաւոր պատճառ մըն է թէ ինչո՛ւ ամէն ոք Աստուած պէտք է ճանչնայ եւ ըստ այնմ գործէ։ Արդարութեան մեր զգացումը կը նշէ թէ խղճմտանք ունինք։ Երեւակայէ սա տեսարանը. քանի մը երախաներ օրօրոցը գործածելու համար կարգի կեցած են։ Երախայ մը շարքին սկիզբը կ’երթայ, միւսները անտեսելով։ Շատեր կը հակազդեն. «Ասիկա շիտակ բան չէ»։ Այժմ դուն քեզի հարց տուր. ‘Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ նոյնիսկ երախաներ ինքնաբերաբար ցոյց կու տան թէ արդարութեան զգացում ունին’։ Ասիկա անոնց ներքին բարոյական զգացումը կ’արտացոլացնէ։ Պօղոս գրեց. «Հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն»։ Ան չըսաւ «եթէ երբեք», որպէս թէ ասիկա հազուադէպ բան մըն էր։ Ան ըսաւ «երբ», թելադրելով թէ անիկա շատ յաճախ տեղի կ’ունենայ։ Նշելով թէ մարդիկ «բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն», ան ըսել ուզեց թէ անոնց ներքին բարոյական զգացումը զիրենք կը մղէ որ Աստուծոյ գրաւոր օրէնքին հետ ներդաշնակ գործեն։

8 Այս բարոյական հակումը բազմաթիւ երկիրներու մէջ բացայայտ է։ Քէմպրիճի փրոֆէսոր մը նշեց թէ Բաբելոնացիներուն, Եգիպտացիներուն ու Յոյներուն, ինչպէս նաեւ՝ Աւստրալիոյ ու Ամերիկայի նախաբնիկներուն չափանիշները կը պարփակէին «դատապարտել կեղեքումը, ոճիրը, նենգութիւնն ու ստութիւնը», եւ «տարեցներուն, երախաներուն ու տկարներուն հետ քաղցրութեամբ վարուելու նոյն պատուէրները» ունէին։ Իսկ Տոքթ. Գոլլինզ գրեց. «Շիտակի ու սխալի հասկացութիւնը կը թուի տիեզերական ըլլալ, գտնուելով մարդկային ցեղին բոլոր անդամներուն մէջ»։ Ասիկա քեզի չի՞ յիշեցներ Հռովմայեցիս 2։14–ը։

Խղճմտանքդ ի՞նչպէս կը գործէ

9. Ի՞նչ է խղճմտանքը, եւ ի՞նչպէս կրնայ քեզի օգնել՝ որոշ արարք մը ընելէ առաջ։

9 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ խղճմտանքը՝ արարքներուդ նայելու եւ զանոնք արժեւորելու ներքին կարողութիւն մըն է։ Անիկա կարծես թէ ներքին ձայն մըն է որ կ’ըսէ թէ որոշ ընթացք մը շիտա՛կ է կամ ոչ։ Պօղոս իր այս ներքին ձայնին ակնարկութիւն ըրաւ. «Իմ խիղճս ալ ինծի կը վկայէ Սուրբ Հոգիով»։ (Հռովմայեցիս 9։1) Օրինակ, այս ձայնը կանխաւ կրնայ խօսիլ, երբ մտածես ընել բան մը որ բարոյական անդրադարձներ ունի։ Խղճմտանքդ կրնայ քեզի օգնել ապագայ արարք մը արժեւորելու եւ թելադրել թէ ի՛նչ պիտի զգաս եթէ զայն ընես։

10. Խղճմտանքը յաճախ ի՞նչպէս կը գործէ։

10 Շատ յաճախ խղճմտանքդ գործի կը լծուի՝ բան մը ընելէդ յետոյ։ Երբ Սաւուղ թագաւորէն կը փախչէր, Դաւիթ առիթ ունեցաւ Աստուծոյ օծեալ թագաւորին դէմ անյարգալից բան մը ընելու, եւ զայն ըրաւ։ Ապա «Դաւիթին սիրտը զղջաց»։ (Ա. Թագաւորաց 24։1-6. Սաղմոս 32։3, 5) Թէեւ այս արձանագրութեան մէջ «խղճմտանք» բառը չէ գործածուած, սակայն Դաւիթ այս է որ զգաց,– իր խղճմտանքին հակազդեցութիւնը։ Բոլորս ալ նոյնպէս խղճահարուած ենք։ Բան մը ըրինք, ապա խռովեցանք եւ մեր ըրածին նկատմամբ անհանգստացանք։ Իրենց տուրքերը չվճարողներէն ոմանք ա՛յնքան խղճահարուեցան որ հետագային իրենց պարտքերը վճարեցին։ Ուրիշներ մղուեցան իրենց կողակիցին խոստովանելու իրենց գործած շնութիւնը։ (Եբրայեցիս 13։4) Երբ անհատ մը խղճմտանքին համաձայն գործէ, գոհունակութիւն եւ խաղաղութիւն կրնայ զգալ։

11. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ վտանգաւոր է պարզապէս ‘թոյլ տալ որ խղճմտանքդ քեզ առաջնորդէ’։

11 Հետեւաբար, կրնա՞նք պարզապէս ‘թոյլ տալ որ մեր խղճմտանքը մեզ առաջնորդէ’։ Թէեւ մեր խղճմտանքին ականջ տալը լաւ է, բայց անոր պատգամը կրնայ լրջօրէն մեզ մոլորեցնել։ Արդարեւ, «մեր ներսի մարդ»ուն ձայնը կրնայ մեզ յուսախաբ ընել։ (Բ. Կորնթացիս 4։16) Նկատի առ օրինակ մը։ Աստուածաշունչը կը խօսի Ստեփանոսի մասին, որ Քրիստոսի բարեպաշտ հետեւորդ մըն էր՝ «հաւատքով ու զօրութիւնով լեցուած»։ Կարգ մը Հրեաներ Ստեփանոսը Երուսաղէմէն դուրս հանեցին եւ զինք մինչեւ մահ քարկոծեցին։ Սօղոս (որ հետագային Պօղոս առաքեալը եղաւ) մօտակայքը կայնած էր եւ «կամակից էր անոր սպաննուելուն»։ Այնպէս կը թուի թէ այդ Հրեաները իրենց արարքին շիտակ ըլլալուն նկատմամբ ա՛յնքան համոզուած էին որ չխղճահարուեցան։ Պարագան նոյնը ըլլալու էր Սօղոսի հետ, քանի որ անկէ ետք ան «տակաւին Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ» կը փչէր։ Բացայայտ է որ անոր խղճմտանքը այդ ատեն ճշգրիտ ձայնով չէր խօսեր։—Գործք 6։8. 7։56–59. 9։1

12. Մեր խղճմտանքը ի՞նչ կերպով մը կրնայ ազդուիլ։

12 Ի՞նչ բան թերեւս Սօղոսի խղճմտանքին ազդած էր։ Ուրիշներու հետ սերտօրէն շփման մէջ գալը։ Շատերս հեռաձայնով խօսած ենք անհատի մը հետ, որուն ձայնը շատ կը նմանի իր հօր ձայնին։ Թէեւ որոշ չափով տղուն ձայնի թոնը կրնայ ժառանգուած ըլլալ, սակայն իր հօր խօսելակերպն ալ կրնայ իրեն ազդած ըլլալ։ Նմանապէս, Սօղոս ազդուած կրնար ըլլալ այն Հրեաներու սերտ յարաբերութենէն, որոնք Յիսուսը կ’ատէին եւ անոր ուսուցումներուն կը հակառակէին։ (Յովհաննէս 11։47-50. 18։14. Գործք 5։27, 28, 33) Այո, Սօղոսի ընկերակիցները թերեւս ազդած էին իր ներսէն եկած ձայնին, իր խղճմտանքին։

13. Անհատին միջավայրը ի՞նչպէս կրնայ խղճմտանքին ազդել։

13 Մշակոյթը կամ միջավայրն ալ կրնայ անհատին խղճմտանքը կաղապարել, ճիշդ ինչպէս որ շրջապատը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը որոշ խօսուածք կամ բարբառ գործածէ։ (Մատթէոս 26։73) Վաղեմի Ասորեստանցիներուն հետ ասիկա պատահած ըլլալու էր։ Անոնք ճանչցուած էին իրենց ռազմամոլութեամբ, եւ անոնց ցայտաքանդակները կը նկարագրեն թէ ի՛նչպէս իրենց գերիները կը չարչարէին։ (Նաւում 2։11, 12. 3։1) Յովնանի օրուան Նինուէցիները նկարագրուած են որպէս «աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը» չգիտցողներ, այսինքն՝ շիտակ չափանիշ մը չունէին դատելու համար թէ Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտուած՝ ի՛նչ բան պատշաճ կամ անպատշաճ էր։ Երեւակայէ թէ այսպիսի միջավայր մը ի՛նչպէս ազդած ըլլալու էր Նինուէի մէջ մեծցող անհատի մը խղճմտանքին։ (Յովնան 3։4, 5. 4։11) Նմանապէս այսօր, անհատին խղճմտանքը կրնայ ազդուիլ շրջապատին կեցուածքէն։

Ներքին ձայնը բարելաւել

14. Մեր խղճմտանքը ի՞նչպէս կ’արտացոլացնէ Ծննդոց 1։27–ի ըսածը։

14 Եհովա Ադամի ու Եւայի տուաւ խղճմտանքի պարգեւը, իսկ մենք իրենցմէ ժառանգեցինք զայն։ Ծննդոց 1։27–ն կը նշէ թէ մարդիկ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած են։ Ասիկա չի նշանակեր Աստուծոյ ֆիզիքական կերպարանքով, քանի որ ան հոգի է եւ մենք մարմնաւոր ենք։ Աստուծոյ պատկերով ենք, այն իմաստով որ իր յատկութիւնները ունինք, ի ներառեալ՝ բարոյական զգացում եւ գործող խղճմտանք։ Այս իրողութիւնը կը յայտնէ կերպ մը, որով կրնանք մեր խղճմտանքը զօրացնել ու աւելի վստահելի դարձնել,– Ստեղծիչին մասին աւելի սորվիլ եւ անոր մօտենալ։

15. Մեր Հայրը ճանչնալուն օգուտներէն մէկը ի՞նչ է։

15 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Եհովա առումով մը մեր բոլորին համար Հայր է։ (Եսայի 64։8) Հաւատարիմ Քրիստոնեաները, որոնց յոյսն է ապրիլ երկնքի մէջ թէ երկրային դրախտի մէջ, կրնան Աստուծոյ ակնարկել որպէս Հայր։ (Մատթէոս 6։9) Պէտք է փափաքինք մեր Հօր աւելի մօտենալ եւ այսպէս իր տեսակէտներն ու չափանիշները իւրացնել։ (Յակոբոս 4։8) Շատեր ասիկա ընելով հետաքրքրուած չեն։ Անոնք կը նմանին այն Հրեաներուն՝ որոնց Յիսուս ըսաւ. «Դուք անոր ձայնը չլսեցիք, ո՛չ ալ անոր կերպարանքը տեսաք, ո՛չ ալ անոր խօսքը ձեր մէջ բնակած է»։ (Յովհաննէս 5։37, 38) Թէեւ Աստուծոյ բառացի ձայնը չենք լսած, սակայն կրնանք իր խօսքը մեր մէջ ունենալ, եւ այսպէս իրեն նման ըլլալ ու զգալ։

16. Մեր խղճմտանքը մարզելու եւ անոր ընդառաջելու նկատմամբ Յովսէփի պատմութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։

16 Պետափրէսի տան մէջ Յովսէփի ունեցած փորձառութիւնը ասիկա ցոյց կու տայ։ Պետափրէսի կինը փորձեց Յովսէփը հրապուրել։ Թէեւ այդ ժամանակ տակաւին Աստուածաշունչի ո՛չ մէկ գիրքը գրուած էր եւ Տասը Պատուիրանները չէին տրուած, բայց Յովսէփ հակազդեց՝ ըսելով. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ (Ծննդոց 39։9) Ան այս կերպով չհակազդեց պարզապէս իր ընտանիքը հաճեցնելու համար,– անոնք շա՜տ հեռու տեղ մը կը բնակէին։ Ան գլխաւորաբար ուզեց Աստուած հաճեցնել։ Յովսէփ ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշը գիտէր,– մէկ մարդ՝ մէկ կնոջ համար, երկուքը «մէկ մարմին» ըլլալով։ Եւ հաւանաբար ան լսած էր թէ Աբիմելէք ի՛նչպէս զգաց, երբ իմացաւ թէ Ռեբեկա ամուսնացած էր,– զինք իբրեւ կին առնելը սխալ պիտի ըլլար եւ իր ժողովուրդին վրայ յանցանք պիտի բերէր։ Այս պարագային արդարեւ Եհովա արդիւնքը օրհնեց, շնութեան հանդէպ իր տեսակէտը ցոյց տալով։ Այս բոլորը գիտնալը հաւանաբար զօրացուց Յովսէփի ժառանգած խղճմտանքին խթանները, զինք մղելով սեռային անբարոյութիւնը մերժելու։—Ծննդոց 2։24. 12։17-19. 20։1-18. 26։7-14

17. Ինչո՞ւ Յովսէփէն աւելի ի վիճակի ենք մեր Հօր նման ըլլալու։

17 Հարկաւ մենք ներկայիս աւելի լաւ վիճակի մէջ ենք։ Ամբողջ Աստուածաշունչը ունինք որ սորվինք մեր Հօր մտածելակերպին եւ զգացումներուն մասին, ի ներառեալ՝ իր ընդունած ու արգիլած բաները։ Սուրբ Գրութիւնները ո՛րքան աւելի սերտենք, ա՛յնքան աւելի կրնանք Աստուծոյ մօտենալ ու իրեն նմանիլ։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, հաւանաբար մեր խղճմտանքին խթանները ա՛լ աւելի համաձայն ըլլան մեր Հօր մտածումին հետ։ Անոնք հետզհետէ աւելի ներդաշնակ պիտի ըլլան Իր կամքին հետ։—Եփեսացիս 5։1-5

18. Հակառակ նախկին ազդեցութիւններուն, ի՞նչ կրնանք ընել մեր խղճմտանքին վստահելիութիւնը բարելաւելու համար։

18 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ շրջապատին կողմէ մեր խղճմտանքին կաղապարուելուն մասին։ Թերեւս ազդուած ըլլանք մեր ազգականներուն մտածելակերպէն ու արարքներէն եւ մեր մեծցած միջավայրէն։ Ուստի մեր խղճմտանքին տուած պատգամը կրնայ խեղթուած կամ խեղաթիւրուած ըլլալ։ Անիկա մեր շուրջը գտնուողներուն «բարբառով» կրնայ խօսիլ։ Ճիշդ է որ մեր անցեալը չենք կրնար փոխել, սակայն կրնանք վճռել որ այնպիսի ընկերակիցներ ու միջավայր ընտրենք, որոնք մեր խղճմտանքին դրականօրէն պիտի ազդեն։ Բանալի քայլ մըն է՝ կանոնաւորաբար ընկերակցիլ անձնանուէր Քրիստոնեաներու հետ, որոնք երկար ատենէ ի վեր ջանացած են իրենց Հօր նմանիլ։ Ասիկա ընելու ընտիր պատեհութիւններ կը հայթայթեն ժողովքային հանդիպումները, ի ներառեալ՝ ընկերակցութիւնը անոնցմէ առաջ ու ետք։ Կրնանք Քրիստոնեայ հաւատակիցներու՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մտածելակերպն ու հակազդեցութիւնները նկատի առնել, մէջ ըլլալով խղճմտանքին ականջ տալու իրենց պատրաստակամութիւնը, երբ անիկա Աստուծոյ հայեցակէտը եւ ուղիները կ’արձագանգէ։ Ժամանակի ընթացքին, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ մեր խղճմտանքը աստուածաշնչական սկզբունքներուն հետ ներդաշնակենք ու Աստուծոյ պատկերը աւելի լաւ կերպով արտացոլացնենք։ Մեր ներքին ձայնը մեր Հօր սկզբունքներուն հետ ներդաշնակելով եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու դրական ազդեցութեան ենթարկուելով, մեր խղճմտանքը աւելի վստահելի պիտի դառնայ եւ անոր ըսածը մտիկ ընելու աւելի հակամէտ պիտի ըլլանք։—Եսայի 30։21

19. Խղճմտանքին ո՞ր երեսակները տակաւին մեր ուշադրութեան արժանի են։

19 Այսուհանդերձ ոմանք ամէն օր կը մաքառին որ իրենց խղճմտանքին ընդառաջեն։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ Քրիստոնեաներու դիմագրաւած կարգ մը պարագաները։ Այսպիսի պարագաներ քննարկելով, կրնանք աւելի յստակօրէն տեսնել խղճմտանքին դերը, թէ խղճմտանքներ ինչո՛ւ կը տարբերին եւ թէ ի՛նչպէս կրնանք անոր ձայնին աւելի ընդառաջել։—Եբրայեցիս 6։11, 12

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Նմանապէս, Օէն Կինկրիչ՝ Հարվըրտ Համալսարանի մէջ աստղագիտութեան հետազօտիչ ուսուցչապետ, գրեց. «Արդարեւ այլասիրութիւնը հարց մը կը յարուցանէ, որուն գիտական պատասխանը չենք գտներ՝ անասնական աշխարհը քննելով։ Թերեւս աւելի համոզիչ պատասխանը գտնուի տարբեր մարզի մը մէջ եւ կապ ունենայ մարդկայնութեան աստուածատուր յատկութիւններուն հետ, ի ներառեալ խղճմտանքը»։

Ի՞նչ սորվեցար

• Ինչո՞ւ բոլոր մշակոյթներու մէջ շիտակի ու սխալի զգացում՝ կամ խղճմտանք՝ կայ։

• Ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ ըլլանք պարզապէս թոյլ տալէ որ մեր խղճմտանքը մեզ առաջնորդէ։

• Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք մեր ներսէն եկող ձայնը բարելաւել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 11]

Դաւիթ խղճահարուեցաւ . . .

բայց Տարսոնցի Սօղոսի խղճմտանքը զինք չտանջեց

[Նկար՝ էջ 12]

Կրնանք մեր խղճմտանքը մարզել