Անգէի եւ Զաքարիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր
Եհովայի խօսքը կենդանի է
Անգէի եւ Զաքարիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր
ՏԱՐԻՆ Հ.Դ.Ա. 520 է։ Տասնըվեց տարի անցած է այն օրէն երբ բաբելոնական գերեվարութենէն վերադարձող Հրեաները Երուսաղէմի մէջ Եհովայի տաճարին հիմը դրին։ Տակաւին տաճարը չէ ամբողջացած, եւ շինարարութեան աշխատանքը արգելումի ենթարկուած է։ Եհովա Անգէ մարգարէն կը հանէ եւ երկու ամիս ետք՝ Զաքարիա մարգարէն, որպէսզի Իր խօսքը ծանուցանեն։
Անգէ եւ Զաքարիա մէկ նպատակ ունին. ժողովուրդը խթանել որ վերսկսին տաճարը կառուցանել։ Այս մարգարէներուն ջանքերը արդիւնաբեր կ’ըլլան, եւ հինգ տարի ետք տաճարը կ’ամբողջանայ։ Անգէի ու Զաքարիայի ծանուցանած բաները արձանագրուած են իրենց անունները կրող գրքերուն մէջ։ Անգէի գիրքը ամբողջացաւ Հ.Դ.Ա. 520–ին, իսկ Զաքարիայի գիրքը՝ Հ.Դ.Ա. 518–ին։ Այս մարգարէներուն նման, մենք ալ աստուածատուր գործ մը ունինք, որ իրերու ներկայ դրութեան վախճանը գալէն առաջ պէտք է աւարտի։ Անիկա Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործն է։ Տեսնենք թէ Անգէի եւ Զաքարիայի գիրքերէն ի՛նչ քաջալերութիւն կրնանք քաղել։
«ՁԵՐ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾԵՑԷ՛Ք»
Անգէ 112 օրուան մէջ, չորս խթանիչ պատգամներ կը հաղորդէ։ Առաջինը. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։ Լեռը ելէ՛ք, փայտ բերէ՛ք ու տունը շինեցէ՛ք եւ անոր պիտի հաճիմ ու պիտի փառաւորուիմ’»։ (Անգէ 1։7, 8) Ժողովուրդը նպաստաւոր կերպով կ’ընդառաջէ։ Երկրորդ պատգամը կը բովանդակէ Եհովայի խոստումը. «Այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ»։—Անգէ 2։7
Երրորդ պատգամին համաձայն, տաճարին վերակառուցումը անտեսելը պատճառ եղած է որ ‘ժողովուրդը եւ իրենց ձեռքերուն ամբողջ գործը’ պիղծ ըլլան Եհովայի առջեւ։ Սակայն, երբ նորոգութեան գործը սկսի, Եհովա այն օրէն սկսեալ ‘պիտի օրհնէ’ զանոնք։ Իսկ չորրորդ պատգամը կը նշէ թէ Եհովա ‘ազգերու թագաւորութիւններուն զօրութիւնը պիտի կորսնցնէ’ եւ Զօրաբաբէլ կուսակալը ‘կնիքի պէս պիտի դնէ’։—Անգէ 2։14, 19, 22, 23
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
1։6, ԱՎ—«Խմեցիք, սակայն չյագեցաք [կամ՝ չգինովցաք]» արտայայտութեան իմաստը ի՞նչ է։ Այս խօսքը պարզապէս գինիին սակաւութիւնը կը նշէ։ Եհովայի օրհնութիւնը չըլլալով, գինիին քանակը սահմանափակ պիտի ըլլար,– գինովնալու համար անբաւարար։
2։6, 7, 21, 22—Ո՞վ կամ ի՞նչ բան կը պատճառէ շարժումը, եւ ի՞նչ է անոր ազդեցութիւնը։ Եհովա ‘բոլոր ազգերը կը շարժէ’՝ Թագաւորութեան պատգամին համաշխարհային քարոզչութեան միջոցաւ։ Քարոզչութեան շնորհիւ նաեւ «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները» կու գան ու Եհովայի տունը փառքով կը լեցնեն։ Ժամանակի ընթացքին, «զօրքերու Տէրը» պիտի շարժէ «երկինքն ու երկիրը, ծովն ու ցամաքը», իրերու ներկայ ամբողջ դրութեան վերջ դնելով։—Եբրայեցիս 12։26, 27
2։9—Ի՞նչ կերպերով ‘վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլար’։ Ասիկա առնուազն երեք կերպով պիտի ըլլար. տաճարին գոյութեան տարիները, ո՛վ հոն սորվեցուց եւ որո՛նք հոն խմբուեցան Եհովան պաշտելու համար։ Սողոմոնի փառաւոր տաճարը 420 տարի գոյատեւեց, Հ.Դ.Ա. 1027–էն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 607, բայց ‘վերջին տունը’ աւելի քան 580 տարի գործածուեցաւ, իր ամբողջացումէն՝ Հ.Դ.Ա. 515–ին, մինչեւ իր կործանումը Հ.Դ. 70–ին։ Ասկէ զատ, «վերջին տան» մէջ Մեսիան՝ Յիսուս Քրիստոսը սորվեցուց, իսկ Աստուած պաշտելու համար շատ աւելի մարդիկ եկան։—Գործք 2։1-11
Դասեր՝ մեզի համար.
1։2-4. Մեր քարոզչութեան դէմ դրուիլը պատճառ պէտք չէ ըլլայ որ մեր նախապատուութիւնները փոխենք,– ‘առաջ Թագաւորութիւնը խնդրելու’ տեղ, սկսինք նա՛խ մեր շահերը փնտռել։—Մատթէոս 6։33
1։5, 7. Օգտակար է որ ‘մեր ճամբաներուն մասին մտածենք’ ու խոկանք թէ մեր ապրելակերպը ի՛նչպէս Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան կ’ազդէ։
1։6, 9-11. 2։14-17. Անգէի օրուան Հրեաները անձնական հետապնդումներու համար ծանր կ’աշխատէին, բայց իրենց աշխատանքին արդիւնքը չէին վայելեր։ Անոնք տաճարը կ’անտեսէին, ուստի Աստուծոյ օրհնութիւնը չունէին։ Նախապատուութիւնը պէտք է տանք հոգեւոր հետապնդումներու եւ բոլորանուէր ծառայութիւն մատուցանենք Աստուծոյ, չմոռնալով թէ նիւթական գետնի վրայ ունենանք քիչ թէ շատ՝ «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ»։—Առակաց 10։22
2։15, 18, ԱՎ. Եհովա Հրեաները յորդորեց որ ‘ուշադրութիւն դարձնեն այդ օրէն ետք պատահելիքին’, ո՛չ թէ իրենց անցեալի զանցառութեան, այլ՝ վերաշինութեան գործին։ Մենք ալ պէտք է ջանանք դէպի առջեւ նայիլ, մինչ մեր Աստուածը կը պաշտենք։
«ՈՒԺՈՎ ՉԷ, ՀԱՊԱ ԻՄ ՀՈԳԻՈՎՍ»
Զաքարիա իր մարգարէական գործունէութիւնը կը սկսի՝ Հրեաներուն կոչ ուղղելով որ ‘Եհովայի վերադառնան’։ (Զաքարիա 1։3) Ապա ութ տեսիլքներ կը հաստատեն թէ Աստուած տաճարին վերաշինութեան թիկունք կը կանգնի։ (Տես՝ «Զաքարիայի ութ տեսիլքները» խորագրով շրջանակը։) Շինարարութիւնը պիտի ամբողջանայ ‘ո՛չ զօրութեամբ, ո՛չ ալ ուժով, հապա Եհովայի հոգիով’։ (Զաքարիա 4։6) Շառաւիղ անունով մարդը «պիտի շինէ Տէրոջը տաճարը» եւ «քահանայ պիտի ըլլայ իր աթոռին վրայ»։—Զաքարիա 6։12, 13
Երբ պատուիրակութիւն մը քահանաներուն կը հարցնէ Երուսաղէմի կործանումը յիշատակող ծոմերուն մասին, Եհովա Զաքարիայի կ’ըսէ թէ այդ չորս ծոմերը «ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ու խնդալից տօներ պիտի ըլլան»։ (Զաքարիա 7։2. 8։19) Ապա երկու յայտարարութիւններ կը ներկայացուին, որոնք կը պարփակեն՝ ազգերու եւ սուտ մարգարէներու դէմ դատաստաններ, Մեսիական մարգարէութիւններ, եւ Աստուծոյ ժողովուրդին վերահաստատման մասին պատգամ մը։—Զաքարիա 9։1. 12։1
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
2։1—Մարդ մը ինչո՞ւ Երուսաղէմը չուանով կը չափէր։ Բացայայտ է որ այս արարքը ակնարկեց քաղաքին շուրջ պաշտպանական պարիսպ մը կառուցանելուն։ Հրեշտակը մարդուն կ’իմացնէ թէ Երուսաղէմը պիտի ընդարձակուի եւ Եհովայի պաշտպանութիւնը պիտի վայելէ։—Զաքարիա 2։3-5
6։11-13—Յեսու քահանայապետին գլուխը թագ դնելը զինք թագաւոր–քահանայ ըրա՞ւ։ Ո՛չ. Յեսու Դաւիթի արքայական զարմէն չէր։ Սակայն թագ ստանալով, ան Մեսիայի մարգարէական մէկ տիպը եղաւ։ (Եբրայեցիս 6։20) «Շառաւիղ»ին վերաբերեալ մարգարէութիւնը կը կատարուի երկնային Թագաւոր–Քահանայ Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ (Երեմիա 23։5) Ինչպէս Յեսու վերադարձող Հրեաներուն ծառայեց որպէս քահանայապետ վերակառուցուած տաճարին մէջ, նոյնպէս Յիսուս Քահանայապետն է ճշմարիտ պաշտամունքին համար Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ։
8։1-23—Այս համարներուն մէջ նշուած տասը յայտարարութիւնները ե՞րբ կը կատարուին։ «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ» արտայայտութիւնը կը կանխէ յայտարարութիւնները, որոնցմով Աստուած իր ժողովուրդին համար խաղաղութիւն կը խոստանայ։ Այս յայտարարութիւններէն ոմանք Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն կատարուեցան, բայց բոլորն ալ կա՛մ 1919–էն ի վեր կատարուած են, եւ կամ այժմ կը կատարուին։ *
8։3—Երուսաղէմ ինչո՞ւ «Ճշմարտութեան քաղաք» կը կոչուի։ Հ.Դ.Ա. 607–ին իր կործանումէն առաջ, Երուսաղէմ «հարստահարութիւն ընող քաղաք» էր, ունենալով փտած մարգարէներ ու քահանաներ եւ անհաւատարիմ ժողովուրդ։ (Սոփոնիա 3։1. Երեմիա 6։13. 7։29-34) Սակայն տաճարը վերակառուցանուելով ու ժողովուրդը Եհովան պաշտելու յանձնառու ըլլալով, հոն մաքուր պաշտամունքի ճշմարտութիւնները պիտի խօսուէին, եւ Երուսաղէմ «ճշմարտութեան քաղաք» պիտի կոչուէր։
11։7-14—Զաքարիայի կողմէ «Գեղեցկութիւն» ու «Կապեր» կոչուած գաւազաններուն կոտրուիլը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Զաքարիա կը նկարագրուի որպէս անհատ մը որ կը ղրկուի ‘մորթուելու ոչխարները արածելու’,– իրենց առաջնորդներուն կողմէ շահագործուած ոչխարանման անհատներ։ Իբրեւ հովիւ իր դերին մէջ, Զաքարիա Յիսուս Քրիստոսը նախապատկերացուց, որ Աստուծոյ ուխտեալ ժողովուրդին ղրկուեցաւ, բայց զինք մերժեցին։ «Գեղեցկութիւն» գաւազանին կոտրուիլը խորհրդանշեց թէ Աստուած Հրեաներուն հետ ըրած Օրէնքի ուխտին վերջ պիտի դնէր եւ այլեւս անոնց հետ հաճելի կերպով պիտի չվարուէր։ «Կապեր» գաւազանին կոտրուիլը նշանակեց թէ Յուդայի եւ Իսրայէլի միջեւ եղող եղբայրութեան աստուածպետական կապը պիտի խզուէր։
12։11—«Մակեդդովի դաշտին մէջ Ադադ–Ռեմօնի ողբ»ը ի՞նչ է։ Յուդայի Յովսիա թագաւորը սպաննուեցաւ երբ «Մակեդդովի հովիտը» Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորին դէմ պատերազմ կը մղէր, եւ տարիներու ընթացքին անոր մահը «ողբեր»ով կը յիշատակուէր։ (Բ. Մնացորդաց 35։22-25) Հետեւաբար, «Ադադ–Ռեմօնի ողբ»ը թերեւս կ’ակնարկէ Յովսիայի մահուան համար եղած ողբին։
Դասեր՝ մեզի համար.
1։2-6. 7։11-14. Եհովա կը հաճի եւ կը վերադառնայ անոնց՝ որոնք զղջում յայտնելով յանդիմանութիւնը կ’ընդունին ու իրեն կը վերադառնան, բոլորանուէր պաշտամունք մատուցանելով։ Միւս կողմէ, ան չ’օգներ անոնց՝ որոնք ‘չեն ուզեր մտիկ ընել, իրենց ուսը կը թօթուեն եւ ականջնին կը ծանրացնեն, որպէսզի չլսեն’ իր պատգամը։
4։6, 7. Եհովայի հոգին ամէն խոչընդոտ յաղթահարեց, որպէսզի տաճարի վերակառուցումը յաջողապէս աւարտի։ Եհովա Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած խնդիրները կրնանք յաղթահարել՝ իրեն հաւատք ընծայելով։—Մատթէոս 17։19
4։10. Եհովայի մանրակրկիտ քննութեան ներքեւ, Զօրաբաբէլ եւ իր ժողովուրդը տաճարը ամբողջացուցին Աստուծոյ բարձր չափանիշներուն համաձայն։ Եհովայի ակնկալածին համաձայն ապրիլը՝ անկատար մարդոց համար շատ դժուար չէ։
7։8-10. 8։16, 17. Եհովայի հաճութիւնը շահելու համար, արդարութիւն պէտք է գործադրենք, հաւատարիմ սէր ցուցաբերենք, գթութեամբ վարուինք եւ իրարու հետ ճշմարտութիւնը խօսինք։
8։9-13. Եհովա մեզ կ’օրհնէ, երբ մեզի նշանակած գործը ‘ուժովցած ձեռքերով’ կը կատարենք։ Այս օրհնութիւնները կը պարփակեն՝ խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ հոգեւոր յառաջդիմութիւն։
12։6. Եհովայի ժողովուրդին մէջ վերատեսչութեան դիրքերու վրայ եղողները «կրակի ջահի պէս» պէտք է ըլլան,– արտակարգօրէն նախանձախնդիր։
13։3. Ճշմարիտ Աստուծոյ ու իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը պէտք է գերազանցէ ոեւէ անհատի հանդէպ մեր ունեցած հաւատարմութիւնը, ո՛րքան ալ մտերիմ ըլլայ։
13։8, 9. Եհովայի մերժած հաւատուրացներուն թիւը մեծ էր, «երկրին երկու երրորդ մասը»։ Միայն մէկ երրորդը զտուեցաւ՝ որպէս թէ կրակով։ Մեր օրերուն, Եհովա մերժած է Քրիստոնեայ Աշխարհը, որ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն մեծամասնութիւնը կը կազմէ։ Միայն քիչ թիւով անհատներ՝ օծեալ Քրիստոնեաները, ‘Եհովայի անունը կանչած են’ եւ զտումին ենթարկուած են։ Անոնք եւ իրենց հաւատակիցները փաստած են թէ միայն անունով Եհովայի Վկաներ չեն։
Նախանձախնդրաբար գործենք
Անգէի ու Զաքարիայի յայտարարած բաները ի՞նչպէս մեզի կ’ազդեն։ Երբ խոկանք թէ անոնց պատգամը ի՛նչպէս Հրեաները խթանեց որ տաճարի վերաշինութեան ուշադրութիւն ընծայեն, չե՞նք մղուիր Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ նախանձախնդրաբար բաժին բերելու։
Զաքարիա նախագուշակեց թէ Մեսիան «իշու վրայ հեծած» պիտի գար, «երեսուն արծաթ»ի համար պիտի մատնուէր, պիտի զարնուէր եւ ‘ոչխարները պիտի ցրուէին’։ (Զաքարիա 9։9. 11։12. 13։7) Զաքարիայի նշած Մեսիական մարգարէութիւններուն կատարման վրայ խոկալը, ի՜նչ ազդեցութիւն ունի մեր հաւատքին վրայ։ (Մատթէոս 21։1-9. 26։31, 56. 27։3-10) Եհովայի Խօսքին եւ մեր փրկութեան համար իր ըրած հայթայթումներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրանայ։—Եբրայեցիս 4։12
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Տես՝ Դիտարան 1 Փետրուար 1996, էջ 22-31։
[Շրջանակ՝ էջ 15]
ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՈՒԹ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ
1։8-17. Կ’երաշխաւորէ տաճարին ամբողջացումը եւ ցոյց կու տայ թէ Երուսաղէմն ու Յուդայի այլ քաղաքները պիտի օրհնուին։
1։18-21. Կը խոստանայ թէ վերջ պիտի գտնեն ‘Յուդան ցրուող չորս եղջիւրները’, այսինքն՝ Եհովայի պաշտամունքին հակառակող բոլոր կառավարութիւնները։
2։1-13. Կը նշէ թէ Երուսաղէմ պիտի ընդարձակուի եւ թէ Եհովա «անոր բոլորտիքը հրեղէն պարիսպ» պիտի ըլլայ,– պաշտպանութիւն։
3։1-10. Ցոյց կու տայ թէ Սատանան տաճարի վերաշինութեան հակառակելու մէջ դեր ունէր եւ թէ Յեսու քահանայապետը կ’ազատուի ու կը մաքրուի։
4։1-14. Երաշխիք կու տայ թէ լեռնանման խոչընդոտները պիտի վերցուին եւ թէ Զօրաբաբէլ կուսակալը տաճարին կառուցումը պիտի ամբողջացնէ։
5։1-4. Անէծք կը յայտարարէ չարագործներուն դէմ։
5։5-11. Կը նախագուշակէ չարութեան վախճանը։
6։1-8. Կը խոստանայ հրեշտակային վերատեսչութիւն ու պաշտպանութիւն։
[Նկար՝ էջ 12]
Անգէի եւ Զաքարիայի պատգամներուն նպատակը ի՞նչ էր
[Նկար՝ էջ 14]
Վերատեսչութեան դիրքերու վրայ եղողները ի՞նչպէս «կրակի ջահի պէս» են