Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի գերիշխանութիւնը եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Եհովայի գերիշխանութիւնը եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Եհովայի գերիշխանութիւնը եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

«Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են։ . . . Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է»։—Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 29։11

1. Եհովա ինչո՞ւ տիեզերքի իրաւացի Գերիշխանն է։

«ՏԷՐԸ իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ»։ (Սաղմոս 103։19) Այս խօսքերով սաղմոսերգուն իշխանութեան հիմնական հասկացութիւնը նշեց։ Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովա Աստուած իրաւացիօրէն տիեզերքի Գերիշխանն է։

2. Դանիէլ ի՞նչպէս նկարագրեց Եհովայի հոգեղէն ծիրը։

2 Հարկաւ կառավարիչ մը գերիշխելու համար, հպատակներ պէտք է ըլլան։ Սկիզբը, Եհովա իշխեց իր ստեղծած հոգեղէն արարածներուն վրայ,– նախ իր միածին Որդին, ապա հրեշտակային գունդերը։ (Կողոսացիս 1։15-17) Հետագային, Դանիէլ մարգարէն երկնային տեսարանին մասին նշմար մը ստացաւ։ Ան տեղեկագրեց. «Երբ կը դիտէի, աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը նստաւ։ . . . Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին անոր եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին»։ (Դանիէլ 7։9, 10) Անհամար դարեր, Եհովա՝ «Հինաւուրցը»՝ իբրեւ Գերիշխան գլխաւորեց իր հոգեղէն որդիներէն բաղկացած հսկայ ու կարգապահ ընտանիքը, որոնք ծառայեցին որպէս իր կամքը կատարող «պաշտօնեաներ»։—Սաղմոս 103։20, 21

3. Եհովայի գերիշխանութիւնը ի՞նչպէս տարածուեցաւ ֆիզիքական տիեզերքին վրայ։

3 Ժամանակի ընթացքին, Եհովա իր իշխանութիւնը ընդարձակեց, գոյացնելով ֆիզիքական անհուն եւ բարդ տիեզերքը, ի ներառեալ՝ երկրագունդը։ (Յոբ 38։4, 7) Երկրէն դիտողի մը համար, երկնային մարմինները ա՛յնքան կարգապահութեամբ ու ճշգրտութեամբ կը գործեն, որ կը թուի թէ զանոնք առաջնորդելու կամ ղեկավարելու համար մէկու մը հարկ չկայ։ Այսուհանդերձ սաղմոսերգուն յայտարարեց. «[Եհովա] հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան։ Զանոնք յաւիտեանս յաւիտենից հաստատեց, կանոն դրաւ որը չի խափանուիր»։ (Սաղմոս 148։5, 6) Եհովա միշտ իր գերիշխանութիւնը գործադրած է՝ հոգեղէն ոլորտին ու ֆիզիքական տիեզերքին մէջ տեղի ունեցած գործունէութիւնները ուղղելով, կարգաւորելով եւ ղեկավարելով։—Նէեմիա 9։6

4. Եհովա ի՞նչպէս իր գերիշխանութիւնը կը գործադրէ մարդոց վրայ։

4 Մարդկային առաջին զոյգին ստեղծագործութեամբ, Աստուած այլ կերպով մըն ալ գերիշխեց։ Նպատակալից ու գոհացուցիչ կեանք մը վարելու համար հարկ եղածը մարդոց հայթայթելէ զատ, Եհովա անոնց հեղինակութիւն շնորհեց որ երկրի ստորին արարածներուն տիրապետեն։ (Ծննդոց 1։26-28. 2։8, 9) Ուստի յստակ է թէ Աստուծոյ իշխանութիւնը ո՛չ միայն բարեսէր ու քաղցր է, այլ նաեւ՝ իր հպատակներուն պատիւ ու պատկառանք կը շնորհէ։ Այնքան ատեն որ Ադամ ու Եւա Եհովայի գերիշխանութեան կ’ենթարկուէին, երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունէին։—Ծննդոց 2։15-17

5. Եհովայի գերիշխանութեան գործադրման մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։

5 Այս բոլորէն ի՞նչ կ’եզրակացնենք։ Առաջին, Եհովա միշտ իր գերիշխանութիւնը գործադրած է իր ամբողջ ստեղծագործութեան վրայ։ Երկրորդ, Աստուծոյ իշխանութիւնը բարեսէր է եւ իր հպատակները կը պատուէ։ Երրորդ, Աստուծոյ իշխանութեան հնազանդելով եւ նեցուկ կանգնելով՝ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի վայելենք։ Զարմանալի չէ որ վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը մղուեցաւ ըսելու. «Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է։ Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես»։—Ա. Մնացորդաց 29։11

Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութեան կարիք կայ

6. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ կապ ունի իր գերիշխանութեան հետ։

6 Որովհետեւ Եհովա՝ Տիեզերքի Գերիշխանը միշտ իր հեղինակութիւնն ու զօրութիւնը գործադրած է, ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութեան կարիք կայ։ Գերիշխան մը ընդհանրապէս իր հեղինակութիւնը կը գործադրէ գործակալութեան մը միջոցաւ, որ իր հպատակներուն վրայ դրուած է։ Հետեւաբար Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, իր արարածներուն նկատմամբ Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութեան արտայայտութիւն կամ գործադրութիւն մըն է, իր կողմէ գործածուած միջոց կամ գործակալութիւն մը՝ իր իշխանութիւնը բանեցնելու համար։

7. Եհովա ինչո՞ւ իր գերիշխանութեան նոր արտայայտութիւն մը հաստատեց։

7 Եհովա իր գերիշխանութիւնը տարբեր ժամանակներուն՝ տարբեր կերպերով արտայայտած է։ Ան նոր զարգացումի մը հակազդելով՝ իր գերիշխանութեան նոր արտայայտութիւն մը հաստատեց։ Ասիկա տեղի ունեցաւ երբ Աստուծոյ դաւաճան հոգեղէն որդի մը՝ Սատանան, դրդեց Ադամն ու Եւան որ Եհովայի իշխանութեան դէմ ապստամբին։ Այդ ըմբոստութիւնը Աստուծոյ գերիշխանութեան ասպարէզ կարդաց։ Ի՞նչ կերպով։ Եւայի ըսելով թէ ‘անշուշտ պիտի չմեռնէր’ եթէ արգիլուած պտուղէն ուտէր, Սատանան ակնարկեց թէ Եհովա ճշմարտախօս չէ, հետեւաբար՝ անվստահելի է։ Սատանան նաեւ Եւայի ըսաւ. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ Սատանան կը դաւանէր թէ Ադամ ու Եւա կրնային աւելի լաւ ըլլալ, Աստուծոյ պատուէրը անտեսելով եւ անկախօրէն վարուելով։ (Ծննդոց 3։1-6) Ասիկա Աստուծոյ իշխանութեան իրաւացի ըլլալուն դէմ ուղղակի մարտահրաւէր մըն էր։ Եհովա ի՞նչ պիտի ընէր։

8, 9. (ա) Մարդկային կառավարիչը ի՞նչպէս կը վարուի իր երկրին մէջ ծագած ըմբոստութեան հետ։ (բ) Եհովա Եդեմական ըմբոստութեան ի՞նչպէս հակազդեց։

8 Կառավարիչէ մը ի՞նչ կ’ակնկալենք որ ընէ, եթէ իր իշխանութեան ծիրէն ներս բացայայտ ըմբոստութիւն ծագի։ Պատմութեան ծանօթ եղողներ կրնան այսպիսի դէպքեր մտաբերել։ Փոխանակ հարցը անտեսելու, սովորաբար իշխանը,– նոյնիսկ բարեսէր կառավարիչը,– ըմբոստներուն դէմ դատավճիռ կ’արձակէ, զանոնք դաւաճաններ նկատելով։ Ապա ան կրնայ անհատի մը լիազօրութիւն տալ, որ ըմբոստ գունդերը նուաճէ ու խաղաղութիւնը վերահաստատէ։ Նոյնպէս, Եհովա ցոյց տուաւ որ կացութիւնը իր հակակշռին տակ էր, երբ անմիջապէս քայլ առաւ եւ ըմբոստներուն դէմ դատավճիռ արձակեց։ Ան յայտարարեց թէ Ադամ ու Եւա յաւիտենական կեանքի պարգեւին արժանի չեն, եւ զանոնք Եդեմի պարտէզէն դուրս վռնտեց։—Ծննդոց 3։16-19, 22-24

9 Երբ Եհովա Սատանայի դէմ իր դատավճիռը յայտարարեց, իր գերիշխանութեան նոր արտայայտութիւն մը յայտնեց, որով խաղաղութիւնն ու կարգապահութիւնը պիտի վերահաստատէր։ Աստուած Սատանայի ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Այսպէս Եհովա յայտնեց թէ իր նպատակն է «սերունդ»ի մը լիազօրութիւն տալ, որ Սատանան ու իր գունդերը ճզմէ եւ Իր գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալը ապացուցանէ։—Սաղմոս 2։7-9. 110։1, 2

10. (ա) Որո՞նք «սերունդ»ը կազմեցին։ (բ) Պօղոս ի՞նչ ըսաւ առաջին մարգարէութեան կատարման մասին։

10 Այդ «սերունդ»ը Յիսուս Քրիստոսն էր, եւ՝ խումբ մը իշխանակիցներ։ Անոնք միասնաբար կը կազմեն Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը։ (Դանիէլ 7։13, 14, 27. Մատթէոս 19։28. Ղուկաս 12։32. 22։28-30) Սակայն ասիկա անմիջապէս չյայտնուեցաւ։ Իրականութեան մէջ, առաջին մարգարէութեան կատարումը «խորհուրդ» մնաց, «յաւիտենական ատեններէն ի վեր ծածկուած»։ (Հռովմայեցիս 16։25) Դարեր շարունակ, հաւատքի տէր մարդիկ անձկագին սպասեցին այն ժամանակին, երբ սրբազան «խորհուրդը» պիտի յայտնուէր եւ առաջին մարգարէութիւնը կատարուէր, Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելով։—Հռովմայեցիս 8։19-21

Սրբազան «խորհուրդը» աստիճանաբար կը յայտնուի

11. Եհովա Աբրահամի ի՞նչ յայտնեց։

11 Ժամանակի ընթացքին, Եհովա աստիճանաբար գիտցուց «Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդ»ին երեսակները։ (Մարկոս 4։11) Անհատներէն մէկը՝ որուն Եհովա տեղեկութիւններ տուաւ, Աբրահամն էր, որ «Աստուծոյ բարեկամ» կոչուեցաւ։ (Յակոբոս 2։23) Եհովա Աբրահամի խոստացաւ որ զինք ‘մեծ ազգ պիտի ընէ’։ Հետագային, ան յաւելեալ բաներ յայտնեց Աբրահամի, ըսելով. «Քեզմէ թագաւորներ պիտի ելլեն» եւ «երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին»։—Ծննդոց 12։2, 3. 17։6. 22։17, 18

12. Ջրհեղեղէն ետք, Սատանայի սերունդը ի՞նչպէս ի յայտ եկաւ։

12 Մինչեւ Աբրահամի օրերը, արդէն իսկ իշխելու եւ տիրելու մարդկային փորձեր եղած էին։ Օրինակ, Նոյի թոռնորդիին՝ Նեբրովթի նկատմամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ասիկա սկսաւ երկրի վրայ զօրանալ։ Ասիկա Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր»։ (Ծննդոց 10։8, 9) Բացայայտ է որ Նեբրովթ եւ այլ ինքնակոչ կառավարիչներ, Սատանայի ձեռքերուն մէջ խամաճիկներ էին։ Անոնք եւ անոնց համակիրները Սատանայի սերունդին մաս կազմեցին։—Ա. Յովհաննէս 5։19

13. Յակոբի միջոցաւ Եհովա ի՞նչ նախագուշակեց։

13 Հակառակ մարդկային կառավարիչներ մէջտեղ բերելու Սատանայի ջանքերուն, Եհովայի նպատակը շարունակած է յառաջ ընթանալ։ Աբրահամի թոռան՝ Յակոբի միջոցաւ, Եհովա յայտնեց. «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, մինչեւ որ Սելովը գայ ու ժողովուրդները անոր հնազանդին»։ (Ծննդոց 49։10) «Սելով» բառը կը նշանակէ՝ «Ան՝ որուն կը վայելէ. Ան՝ որուն կը պատկանի»։ Այսպէս այս մարգարէական խօսքերը ցոյց տուին թէ պիտի գայ մէկը, որ օրինական իրաւունք ունի «ժողովուրդներ»ուն կամ ամբողջ մարդկութեան տիրապետելու։ Անիկա ո՞վ պիտի ըլլար։

«Մինչեւ որ Սելովը գայ»

14. Եհովա Դաւիթի հետ ի՞նչ ուխտ ըրաւ։

14 Յուդայի սերունդէն առաջին անհատը որ Եհովա ընտրեց իր ժողովուրդին վրայ թագաւոր ըլլալու, Յեսսէի որդին՝ հովիւ Դաւիթն էր։ * (Ա. Թագաւորաց 16։1-13) Հակառակ իր մեղքերուն ու յանցանքներուն, Դաւիթ Եհովայի հաճութիւնը վայելեց, Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ իր հաւատարմութեան պատճառաւ։ Եդեմական մարգարէութեան վրայ յաւելեալ լոյս սփռելով, Եհովա Դաւիթի հետ ուխտ մը ըրաւ՝ ըսելով. «Քեզմէ ետքը քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ»։ Ասիկա Դաւիթի որդիէն ու յաջորդէն՝ Սողոմոնէ զատ, ուրիշներ ալ պիտի պարփակէր, քանի որ ուխտը նշեց. «Անոր թագաւորութեան աթոռը յաւիտեան պիտի կանգնեմ»։ Դաւիթենական ուխտը յստակ դարձուց թէ ժամանակի ընթացքին թագաւորական խոստացեալ «սերունդ»ը, Դաւիթի զարմէն պիտի գար։—Բ. Թագաւորաց 7։12, 13

15. Յուդայի թագաւորութիւնը ինչո՞ւ կրնար Աստուծոյ Թագաւորութեան մէկ նմոյշը նկատուիլ։

15 Դաւիթով սկսաւ թագաւորներու շարք մը, որոնք քահանայապետին կողմէ սուրբ իւղով կ’օծուէին։ Այս թագաւորները կրնային օծեալներ կամ մեսիաներ կոչուիլ։ (Ա. Թագաւորաց 16։13. Բ. Թագաւորաց 2։4. 5։3. Գ. Թագաւորաց 1։39) Կ’ըսուէր թէ անոնք Եհովայի աթոռին վրայ կը նստէին եւ Երուսաղէմի մէջ Եհովայի համար որպէս թագաւորներ կ’իշխէին։ (Բ. Մնացորդաց 9։8) Այդ առումով, Յուդայի թագաւորութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայացուց եւ Եհովայի գերիշխանութեան արտայայտութիւն մըն էր։

16. Յուդայի թագաւորներուն իշխանութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

16 Երբ թագաւորն ու ժողովուրդը Եհովայի գերիշխանութեան ենթարկուէին, Իր պաշտպանութիւնն ու օրհնութիւնը կը վայելէին։ Սողոմոնի իշխանութիւնը յատկապէս անհամեմատելի խաղաղութեան ու բարգաւաճութեան ժամանակաշրջան մըն էր, հայթայթելով Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան մասին մարգարէական նշմար մը, երբ Սատանայի ազդեցութիւնը ամբողջովին պիտի վերցուի եւ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովուի։ (Գ. Թագաւորաց 4։20, 25) Դժբախտաբար, Դաւիթի զարմէն եղող թագաւորներուն մեծամասնութիւնը Եհովայի պահանջներուն գոհացում չտուաւ, եւ ժողովուրդը կռապաշտութեան ու անբարոյութեան տեղի տուաւ։ Ի վերջոյ, Եհովա թոյլ տուաւ որ Բաբելոնացիները թագաւորութիւնը կործանեն՝ Հ.Դ.Ա. 607–ին։ Այնպէս թուեցաւ որ Սատանան Եհովայի գերիշխանութիւնը անվարկ դարձնելու մէջ յաջողած էր։

17. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա տակաւին իր գերիշխանութիւնը կը բանեցնէր, հակառակ անոր որ Դաւիթենական թագաւորութիւնը տապալեցաւ։

17 Դաւիթենական թագաւորութեան տապալումը,– եւ անկէ առաջ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան կործանումը,– ապացուցանեց ո՛չ թէ Եհովայի գերիշխանութեան թերի կամ ձախող ըլլալը, այլ՝ Սատանայի ազդեցութեան եւ մարդուն Աստուծմէ անկախ ըլլալուն դաժան հետեւանքները։ (Առակաց 16։25. Երեմիա 10։23) Ցոյց տալու համար թէ ինք տակաւին իր գերիշխանութիւնը կը բանեցնէր, Եհովա Եզեկիէլ մարգարէին միջոցաւ յայտարարեց. «Խոյրը վերցո՛ւր ու թագը հանէ՛. . . . զանիկա տակնուվրայ, տակնուվրայ, տակնուվրայ պիտի ընեմ ու ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է։ Անոր պիտի տամ»։ (Եզեկիէլ 21։26, 27) Այս խօսքերը ցոյց կու տան թէ խոստացեալ «սերունդ»ը, «անիկա՝ որուն իրաւունքն է», տակաւին պիտի գար։

18. Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամին ի՞նչ յայտարարեց։

18 Շուրջ վեց դար ետք, Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկուեցաւ Մարիամ անունով կոյս աղջկայ մը՝ Նազարէթի մէջ, Գալիլիոյ մէկ քաղաքը հիւսիսային Պաղեստինի մէջ։ Ան ըսաւ. «Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։—Ղուկաս 1։31-33

19. Յիսուսի ծնունդով, հետաքրքրաշարժ ի՞նչ դէպքերու ժամանակը մօտեցած էր։

19 Վերջապէս, սրբազան «խորհուրդը» յայտնուելու ժամանակը մօտեցած էր։ Խոստացեալ «սերունդ»ին գլխաւոր անդամը շուտով ի յայտ պիտի գար։ (Գաղատացիս 4։4. Ա. Տիմոթէոս 3։16) Սատանայի կողմէ անոր գարշապարը պիտի խայթուէր։ Բայց իր կարգին, այդ «սերունդ»ը Սատանային գլուխը պիտի ջախջախէ, զինք ու իր գումարտակները անգործունեայ դարձնելով։ Ան նաեւ պիտի վկայէր թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Սատանայի պատճառած վնասները պիտի յեղաշրջէ եւ Եհովայի գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ։ (Եբրայեցիս 2։14. Ա. Յովհաննէս 3։8) Յիսուս ասիկա ի՞նչպէս պիտի իրագործէր։ Ան մեզի ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։ Պատասխանները պիտի գտնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Սաւուղ, առաջին անհատը որ Աստուծոյ կողմէ ընտրուեցաւ Իսրայէլի վրայ իշխելու, Բենիամինի ցեղէն էր։—Ա. Թագաւորաց 9։15, 16. 10։1

Կրնա՞ս բացատրել

• Ի՞նչ բան Եհովան տիեզերքի իրաւացի Գերիշխանը կը դարձնէ։

• Եհովա ինչո՞ւ նպատակադրեց Թագաւորութիւնը հաստատել։

• Եհովա ի՞նչպէս աստիճանաբար յայտնեց սրբազան «խորհուրդը»։

• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա տակաւին իր գերիշխանութիւնը կը բանեցնէր, հակառակ անոր որ Դաւիթենական թագաւորութիւնը տապալեցաւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]