Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի գերիշխանութիւնը կը պաշտպանե՞ս

Եհովայի գերիշխանութիւնը կը պաշտպանե՞ս

Եհովայի գերիշխանութիւնը կը պաշտպանե՞ս

«Հեթանոսներուն մէջ ըսէք. ‘Տէրը կը թագաւորէ’»։—ՍԱՂՄՈՍ 96։10

1, 2. (ա) Շուրջ Հ.Դ. 29–ի Հոկտեմբերին, ի՞նչ նշանակալից դէպք մը տեղի ունեցաւ։ (բ) Այդ դէպքը Յիսուսի համար ի՞նչ իմաստ ունէր։

ՇՈՒՐՋ Հ.Դ. 29–ի Հոկտեմբերին, երկրի վրայ նշանակալից եւ աննախընթաց դէպք մը տեղի ունեցաւ։ Աւետարանիչ Մատթէոս կը տեղեկագրէ. «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու [Յովհաննէս Մկրտիչ] տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար [Յիսուսի] վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. ‘Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’»։ Ասիկա այն քիչ դէպքերէն մէկն է, որ չորս Աւետարանիչներն ալ արձանագրած են։—Մատթէոս 3։16, 17. Մարկոս 1։9-11. Ղուկաս 3։21, 22. Յովհաննէս 1։32-34

2 Տեսանելիօրէն սուրբ հոգիին թափուիլը Յիսուսի վրայ, զինք բնորոշեց որպէս Օծեալը, որ կը նշանակէ՝ Մեսիա կամ Քրիստոս։ (Յովհաննէս 1։33) Ի վերջոյ, խոստացեալ «սերունդ»ը յայտնուեցաւ։ Յովհաննէս Մկրտիչին առջեւ կայնած էր ան՝ որուն գարշապարը պիտի խայթուէր Սատանայի կողմէ, եւ որ իր կարգին Եհովայի ու Իր գերիշխանութեան գլխաւոր թշնամիին գլուխը պիտի ճզմէր։ (Ծննդոց 3։15) Այդ ժամանակէն սկսեալ, Յիսուս լիովին կը գիտակցէր թէ պէտք էր ջանար Եհովայի Գերիշխանութեան ու Թագաւորութեան նկատմամբ Անոր նպատակը իրագործել։

3. Յիսուս ինքզինք ի՞նչպէս պատրաստեց որ Եհովայի գերիշխանութիւնը պաշտպանէ։

3 Իրեն նշանակուած գործին պատրաստուելու համար, «Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ Յորդանանէն դարձաւ ու Հոգիէն անապատը տարուեցաւ»։ (Ղուկաս 4։1. Մարկոս 1։12) Հոն, Յիսուս 40 օր ժամանակ ունէր խոր կերպով մտածելու Սատանայի կողմէ յարուցուած գերիշխանութեան հարցին մասին եւ թէ ի՛նչպէս Եհովայի գերիշխանութիւնը պիտի պաշտպանէր։ Այդ հարցը կը պարփակէ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ գտնուող բոլոր մտացի արարածները։ Ուստի տեղին է որ Յիսուսի հաւատարիմ ընթացքը նկատի առնենք ու տեսնենք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք ցոյց տալու համար թէ մենք ալ կը փափաքինք Եհովայի գերիշխանութիւնը պաշտպանել։—Յոբ 1։6-12. 2։2-6

Գերիշխանութեան հարցը կ’ընդգծուի

4. Սատանային ո՞ր արարքը ուշադրութիւն հրաւիրեց գերիշխանութեան հարցին վրայ։

4 Հարկաւ Սատանան վերոնշեալ դէպքերը նկատեց։ Առանց ժամանակ կորսնցնելու, ան յարձակեցաւ Աստուծոյ «կնոջ» գլխաւոր «սերունդ»ին վրայ։ (Ծննդոց 3։15) Սատանան Յիսուսը երեք անգամ փորձեց, առաջարկելով որ ընէ ի՛նչ որ իրեն շահաւէտ է, քան ի՛նչ որ Հայրը կ’ուզէ որ ընէ։ Յատկապէս երրորդ փորձութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրեց գերիշխանութեան հարցին վրայ։ Յիսուսի ցոյց տալով «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը», Սատանան յանդգնօրէն ըսաւ. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես»։ Լիովին գիտակցելով թէ «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններ»ուն վրայ իրապէս Բանսարկուն կը տիրէր, Յիսուս յայտնեց իր կեցուածքը գերիշխանութեան հարցին մէջ՝ պատասխանելով. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։—Մատթէոս 4։8-10

5. Յիսուս ի՞նչ դժուար առաքելութիւն մը ունէր։

5 Յիսուսի կենցաղը յստակօրէն ցոյց տուաւ թէ իրեն համար Եհովայի գերիշխանութեան նեցուկ ըլլալը առաջնակարգ նպատակն էր։ Յիսուս շատ լաւ գիտէր որ Աստուծոյ գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալը ապացուցանելու համար, պէտք էր հաւատարիմ մնար մինչեւ իր մահը Սատանայի ձեռքով,– մարգարէաբար նախագուշակուած որպէս կնոջ «սերունդ»ի գարշապարին խայթուիլը։ (Մատթէոս 16։21. 17։12) Ան նաեւ պէտք էր վկայէր թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Եհովայի կողմէ լիազօրութիւն ստացած այն գործակալութիւնն է, որ ապստամբ Սատանան պիտի նուաճէ եւ ամբողջ ստեղծագործութեան խաղաղութիւն ու կարգապահութիւն պիտի վերահաստատէ։ (Մատթէոս 6։9, 10) Յիսուս այս դժուար առաքելութիւնը կատարելու համար ի՞նչ ըրաւ։

«Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է»

6. Յիսուս ի՞նչպէս գիտցուց թէ Աստուած Թագաւորութեան միջոցաւ ‘Սատանային գործերը պիտի քանդէ’։

6 Սկիզբը, «Յիսուս Գալիլիա գալով, Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու կ’ըսէր. ‘Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է’»։ (Մարկոս 1։14, 15) Իրականութեան մէջ, ան ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ . . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ (Ղուկաս 4։18-21, 44) Յիսուս Իսրայէլի երկրին չորս կողմը ճամբորդեց, ‘քարոզելով եւ աւետարանելով Աստուծոյ թագաւորութիւնը’։ (Ղուկաս 8։1) Ան նաեւ բազմաթիւ հրաշքներ գործեց,– ամբոխները կերակրեց, բնութեան տարրերը սանձեց, հիւանդները բուժեց եւ մեռելները յարուցանեց։ Այս հրաշքներով, Յիսուս ապացուցանեց թէ Աստուած կրնայ Եդեմական ըմբոստութենէն յառաջ եկած բոլոր վնասներն ու տառապանքը չքացնել եւ այսպէս ‘Սատանային գործերը քանդել’։—Ա. Յովհաննէս 3։8

7. Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ ըսաւ որ ընեն, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

7 Թագաւորութեան բարի լուրը կարելի եղածին չափ լայն տարողութեամբ ծանուցանելու համար, Յիսուս հաւատարիմ հետեւորդներու խումբ մը հաւաքեց եւ զանոնք այս գործին համար մարզեց։ Նախ ան իր 12 առաքեալներուն յանձնարարութիւն տուաւ եւ «զանոնք ղրկեց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն»։ (Ղուկաս 9։1, 2) Ապա, ան 70 ուրիշներ ղրկեց սա պատգամը ծանուցանելու. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է»։ (Ղուկաս 10։1, 8, 9) Երբ այս աշակերտները վերադարձան եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ իրենց ձեռք ձգած յաջողութիւնը նշեցին, Յիսուս ըսաւ. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի»։—Ղուկաս 10։17, 18

8. Յիսուսի կենցաղը յստակօրէն ի՞նչ ցոյց տուաւ։

8 Յիսուս Թագաւորութեան մասին վկայելու համար ամէն ջանք թափեց եւ ամէն պատեհութիւն օգտագործեց։ Ան անխոնջօրէն գիշեր–ցերեկ աշխատեցաւ, նոյնիսկ սովորական հանգստացուցիչ բաներէն հրաժարելով։ «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ», ըսաւ ան։ (Ղուկաս 9։58. Մարկոս 6։31. Յովհաննէս 4։31-34) Իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ խիզախօրէն ըսաւ. «Ասոր համար աշխարհ եկած [եմ], որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննէս 18։37) Յիսուսի ամբողջ կենցաղը ցոյց տուաւ թէ ինք եկած էր, ո՛չ թէ պարզապէս մեծ ուսուցիչ կամ հրաշագործ կամ նոյնիսկ անձնազոհ Փրկիչ ըլլալու համար, այլ՝ Գերիշխան Եհովայի կամքին նեցուկ կանգնելու եւ այդ կամքը Թագաւորութեան միջոցաւ կատարելու Աստուծոյ կարողութեան մասին վկայելու համար։—Յովհաննէս 14։6

«Ամէն բան կատարուեցաւ»

9. Սատանան ի վերջոյ ի՞նչպէս կրցաւ Աստուծոյ կնոջ «սերունդ»ին գարշապարը խայթել։

9 Թշնամին՝ Բանսարկուն չախորժեցաւ Թագաւորութեան առնչութեամբ Յիսուսի ըրած բոլոր բաներէն։ Իր «սերունդ»ին երկրային մասին միջոցաւ,– քաղաքական եւ կրօնական,– Սատանան բազմիցս փորձեց Աստուծոյ կնոջ «սերունդ»ը լռեցնել։ Յիսուս իր ծնունդէն մինչեւ իր երկրային կեանքին վախճանը, Սատանայի եւ իր գումարտակներուն թիրախն էր։ Ի վերջոյ՝ Հ.Դ. 33–ի գարնան, ժամանակը եկած էր որ մարդու Որդին Հակառակորդին մատնուէր, որպէսզի իր գարշապարը խայթուէր։ (Մատթէոս 20։18, 19. Ղուկաս 18։31-33) Աւետարանները յստակօրէն ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս Սատանան առաջնորդեց մարդիկ,– Իսկարիովտացի Յուդա, աւագ քահանաներ, դպիրներ, Փարիսեցիներ ու Հռովմէացիներ,– որ Յիսուսը դատապարտեն ու տանջանքի ցիցի վրայ ցաւալի մահուան ենթարկեն։—Գործք 2։22, 23

10. Տանջանքի ցիցին վրայ իր մահով, Յիսուս գլխաւորաբար ի՞նչ իրագործեց։

10 Միտքդ ի՞նչ կու գայ երբ խորհիս տանջանքի ցիցին վրայ Յիսուսի դանդաղ ու տանջալից մահուան մասին։ Թերեւս մտաբերես փրկանքի զոհը, զոր Յիսուս անձնուրացօրէն հայթայթեց մեղաւոր մարդկութեան համար։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 15։13) Այդ զոհը կարգադրելով Եհովայի ցուցաբերած մեծ սիրոյն վրայ կրնաս հիանալ։ (Յովհաննէս 3։16) Թերեւս Հռովմէացի հարիւրապետին պէս զգաս, որ մղուեցաւ ըսելու. «Արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր»։ (Մատթէոս 27։54) Այդ բոլորը վստահաբար պատշաճ ընդառաջումներ են։ Միւս կողմէ, մտաբերէ տանջանքի ցիցին վրայ Յիսուսի վերջին խօսքը. «Ամէն բան կատարուեցաւ»։ (Յովհաննէս 19։30) Ի՞նչ բան կատարուեցաւ։ Թէեւ Յիսուս իր կեանքով ու մահով շատ բաներ իրագործեց, սակայն գլխաւորաբար Եհովայի գերիշխանութեան հարցը լուծելու համար չեկա՞ւ։ Նախագուշակուած չէ՞ր որ իբրեւ «սերունդ» ան Սատանայի ձեռքով ծայրայեղ փորձութեան պիտի ենթարկուէր, որպէսզի Եհովայի անունը ամէն նախատինքէ մաքրէր։ (Եսայի 53։3-7) Ասոնք ծանր պատասխանատուութիւններ էին, բայց Յիսուս զանոնք ամբողջովին կատարեց։ Ի՜նչ իրագործում։

11. Յիսուս Եդեմական մարգարէութիւնը լման կերպով կատարելու համար ի՞նչ պիտի ընէ։

11 Իր հաւատարմութեան համար, Յիսուս յարուցանուեցաւ, ո՛չ թէ իբր մարդ, այլ՝ որպէս «կենդանարար հոգի»։ (Ա. Կորնթացիս 15։45. Ա. Պետրոս 3։18) Իր փառաւորեալ Որդիին Եհովայի տուած խոստումն էր. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։ (Սաղմոս 110։1) «Թշնամիներ»ը կը պարփակեն գլխաւոր յանցապարտը՝ Սատանան եւ բոլոր անոնք որ իր «սերունդ»ը կը կազմեն։ Յիսուս Քրիստոս, որպէս Եհովայի Մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը, երկնքի մէջ ու երկրի վրայ բոլոր ապստամբները բնաջնջելու մէջ առաջնորդութիւն պիտի առնէ։ (Յայտնութիւն 12։7-9. 19։11-16. 20։1-3, 9, 10) Ապա լման կերպով պիտի կատարուի Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ իր հետեւորդներուն Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքը. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։10. Փիլիպպեցիս 2։8-11

Տիպար մը՝ որուն պէտք է հետեւինք

12, 13. (ա) Ներկայիս Թագաւորութեան բարի լուրին ի՞նչ ընդառաջում կայ։ (բ) Քրիստոսի շաւիղներուն հետեւելու առնչութեամբ ի՞նչ բաներ պէտք է նկատի առնենք։

12 Ինչպէս Յիսուս մարգարէացաւ, ներկայիս Թագաւորութեան բարի լուրը բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը քարոզուի։ (Մատթէոս 24։14) Ասոր շնորհիւ, միլիոնաւորներ իրենց կեանքը Աստուծոյ նուիրած են։ Անոնք Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն նկատմամբ ոգեւորուած են։ Անոնք կ’ակնկալեն դրախտային երկրին վրայ խաղաղութեամբ ու ապահովութեամբ յաւիտեան ապրիլ, եւ իրենց յոյսին մասին ուրախութեամբ ուրիշներուն կը պատմեն։ (Սաղմոս 37։11. Բ. Պետրոս 3։13) Եթէ այս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներէն մէկն ես, գովելի ես։ Սակայն իւրաքանչիւրս յաւելեալ կէտ մը պէտք է նկատի առնենք։

13 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։ (Ա. Պետրոս 2։21) Նկատի առ թէ այս համարին մէջ Պետրոս ո՛չ թէ քարոզչութեան մէջ Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը կամ ուսուցանելու մէջ անոր հմտութիւնը նշեց, այլ՝ անոր տառապանքը։ Ականատես մը ըլլալով, Պետրոս գիտակից էր թէ Յիսուս ո՛ր տարողութեամբ պատրաստ էր տառապելու, որպէսզի Եհովայի գերիշխանութեան ենթարկուէր ու Սատանային ստախօս ըլլալը փաստէր։ Հետեւաբար, ի՞նչ կերպերով կրնանք Յիսուսի շաւիղներուն հետեւիլ։ Մենք մեզի պէտք է հարց տանք. ‘Ո՞ր տարողութեամբ պատրաստ եմ տառապելու, Եհովայի գերիշխանութեան թիկունք կանգնելու եւ զայն պատուելու համար։ Ապրելակերպս ու ծառայութիւնս ցոյց կու տա՞ն թէ Եհովայի գերիշխանութիւնը պաշտպանելը գլխաւոր հետաքրքրութիւնս է’։—Կողոսացիս 3։17

14, 15. (ա) Յիսուս մոլորեցուցիչ թելադրութիւններուն եւ առաջարկներուն ի՞նչպէս հակազդեց եւ ինչո՞ւ։ (բ) Ո՞ր հարցը միշտ ի մտի պէտք է ունենանք։ (Պարփակէ «Եհովայի կողքին դիրք բռնէ» խորագրով շրջանակը։)

14 Ամէն օր փորձութիւններ եւ որոշումներ կը դիմագրաւենք, մեծ թէ պզտիկ։ Ո՞ր ազդակին համաձայն կ’որոշենք մեր ընդառաջումը։ Օրինակ, երբ մեր քրիստոնէական կեցուածքը վտանգող փորձութիւն մը դիմագրաւենք, ի՞նչպէս կը հակազդենք։ Երբ Պետրոս Յիսուսի ըսաւ որ իր անձին հետ մեղմութեամբ վարուի, ի՞նչ էր Յիսուսի հակազդեցութիւնը։ Ան բացագանչեց. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, . . . վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։ (Մատթէոս 16։21-23) Կամ, երբ մեր հոգեւոր բարօրութեան հաշւոյն մեզի կ’առաջարկուի նիւթական բարգաւաճութիւն կամ պաշտօնի բարձրացում, Յիսուսի նման կը հակազդե՞նք։ Երբ Յիսուս անդրադարձաւ որ իր հրաշքներուն ականատես եղողները «պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէսզի զինք թագաւոր ընեն», անոնցմէ արագօրէն հեռացաւ։—Յովհաննէս 6։15

15 Յիսուս այդ եւ այլ առիթներով ինչո՞ւ ուժգնօրէն հակազդեց։ Քանի որ ան յստակօրէն տեսաւ թէ իր անձնական ապահովութենէն կամ շահերէն աւելին պարփակուած էր։ Ան ուզեց ամէն գնով իր Հօր կամքը ընել եւ Եհովայի գերիշխանութիւնը պաշտպանել։ (Մատթէոս 26։50-54) Հետեւաբար, Յիսուսի նման, եթէ իսկական հարցը ամէն ատեն յստակօրէն ի մտի չունենանք, համակերպելու կամ ձախողելու վտանգը միշտ առկայ է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ դիւրաւ կրնանք Սատանայի հնարքներուն զոհ երթալ, որ սխալ բանը ցանկալի դարձնելու մէջ վարպետ է, ինչպէս ըրաւ Եւան փորձելու ատեն։—Բ. Կորնթացիս 11։14. Ա. Տիմոթէոս 2։14

16. Ի վերջոյ, ուրիշներու օգնելու մեր նպատակակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

16 Մեր ծառայութեան մէջ կը ջանանք մարդոց հետ խօսակցիլ իրենց մտահոգութիւններուն շուրջ եւ ցոյց տալ Աստուածաշունչին պատասխանները։ Ասիկա ազդու կերպ մըն է անոնց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն։ Սակայն վերջաւորութեան՝ մեր նպատակակէտը չէ պարզապէս մարդոց օգնել որ գիտնան Աստուածաշունչին ըսածը կամ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւնները։ Անոնց պէտք է օգնենք իսկական հարցը ըմբռնելու։ Անոնք կը յօժարի՞ն ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ըլլալ ու իրենց տանջանքի ցիցը վերցնել եւ Թագաւորութեան սիրոյն տառապիլ։ (Մարկոս 8։34) Անոնք պատրա՞ստ են միանալու Եհովայի գերիշխանութեան կողմը դիրք բռնողներուն, եւ այսպէս փաստեն թէ Սատանան ստախօս ու զրպարտիչ մըն է։ (Առակաց 27։11) Մեր առանձնաշնորհումն է որ մենք մեզի եւ ուրիշներու օգնենք ասիկա ընելու։—Ա. Տիմոթէոս 4։16

Երբ Աստուած ըլլայ «ամէնը ամէն բանի մէջ»

17, 18. Եթէ ցոյց տանք թէ Եհովայի գերիշխանութեան կողքին ենք, կրնանք անձկագին սպասել ո՞ր փառահեղ ժամանակին։

17 Մինչ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որպէսզի մեր վարքով ու ծառայութեամբ ցոյց տանք թէ Եհովայի գերիշխանութեան կողքին ենք, կրնանք անձկագին սպասել այն ժամանակին, երբ Յիսուս Քրիստոս «թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը»։ Ասիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։ Վասնզի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ [Աստուած] բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ . . . Այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ»։—Ա. Կորնթացիս 15։24, 25, 28

18 Երբ Աստուած ըլլայ «ամէնը ամէն բանի մէջ», ասիկա ի՜նչ փառահեղ ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ Թագաւորութիւնը իր առաքելութիւնը կատարած պիտի ըլլայ։ Եհովայի գերիշխանութեան բոլոր հակառակորդները չքացած պիտի ըլլան։ Ամբողջ տիեզերքին մէջ խաղաղութիւնն ու կարգապահութիւնը վերահաստատուած պիտի ըլլայ։ Սաղմոսերգուին խօսքերով, ամբողջ ստեղծագործութիւնը պիտի տաղերգէ. «Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը. . . . հեթանոսներուն մէջ ըսէք. ‘Տէրը կը թագաւորէ’»։—Սաղմոս 96։8, 10

Կրնա՞ս պատասխանել

• Յիսուս Աստուծոյ գերիշխանութեան հարցը ի՞նչպէս առաջնակարգ տեղը պահեց։

• Յիսուս իր ծառայութեամբ ու մահով գլխաւորաբար ի՞նչ իրագործեց։

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ, ցոյց տալու համար թէ Եհովայի գերիշխանութեան կողքին դիրք բռնած ենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 29]

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿՈՂՔԻՆ ԴԻՐՔ ԲՌՆԷ

Ինչպէս Քորէայի մէջ եւ այլուր բազմաթիւ եղբայրներ գիտեն, երբ Քրիստոնեաները դառն փորձութիւններ դիմագրաւեն, լաւ կ’ըլլայ որ յստակօրէն ի մտի ունենան այն պատճառը, որուն համար այսպիսի փորձութիւններ իրենց վրայ կու գան։

Նախկին Սովետական վարչաձեւին ներքեւ բանտարկուած Եհովայի Վկայ մը ըսաւ. «Ինչ որ մեզի օգնեց տոկալու, Եդեմի պարտէզին մէջ յարուցուած հարցին յստակ հասկացողութիւնն էր,– Աստուծոյ իշխելու իրաւունքին հարցը։ . . . Գիտէինք թէ Եհովայի իշխանութեան կողքին դիրք բռնելու պատեհութիւն մը ունէինք։ . . . Ասիկա մեզ զօրացուց եւ կարող դարձուց որ մեր ուղղամտութիւնը պահպանենք»։

Ուրիշ Վկայ մը բացատրեց թէ տաժանակրութեան ճամբարի մը մէջ ի՛նչ բան իրեն եւ ուրիշ Վկաներու օգնեց։ Ան ըսաւ. «Եհովա մեզի թիկունք կանգնեցաւ։ Հակառակ դժուար պարագաներուն, հոգեւորապէս արթուն էինք։ Միշտ զիրար կ’ուրախացնէինք այն դրական գաղափարով թէ տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ Եհովայի կողքին դիրք բռնած ենք»։