Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ ի՞նչպէս կը միանան

Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ ի՞նչպէս կը միանան

Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ ի՞նչպէս կը միանան

«ՄԻՈՒԹԻՒՆ»Ը ի՞նչպէս կը սահմանես։ Ոմանց համար այս բառը պարզապէս կը նշանակէ կռիւ կամ պայքար չըլլալ։ Օրինակ, եթէ երկու կամ երեք պետութիւններ դաշինք մը կնքեն եւ խաղաղութեան պայմանները ընդունին, կրնայ ըսուիլ թէ անոնք միութեան մէջ են։ Բայց պարագան իրապէս այդպէ՞ս է։ Պայման չէ։

Նկատի առ. ամբողջ պատմութեան ընթացքին, խաղաղութեան հազարաւոր դաշինքներ կնքուած են, բայց չեն յարգուած։ Ինչո՞ւ։ Յաճախ քանի որ աշխարհի առաջնորդները իրենց գերակայութեամբ աւելի հետաքրքրուած են քան՝ խաղաղութեամբ կամ միութեամբ։ Նաեւ, կարգ մը պետութիւններ ապագայէն կը վախնան, եթէ զինուորական գետնի վրայ ուրիշներ զիրենք գերազանցեն։

Արդ, երկու պետութիւններու միջեւ պատերազմ չըլլալը չի նշանակեր թէ խաղաղութեամբ միացած են։ Օրինակ, իրարու վրայ ատրճանակ քաշած երկու անհատ կրնա՞ն խաղաղութեան մէջ նկատուիլ, պարզապէս քանի որ անոնցմէ ո՛չ մէկը կրակած է։ Այսպէս խորհիլը անիմաստ է։ Այսուհանդերձ, ներկայիս շատ մը պետութիւններ իրենք զիրենք այս կացութեան մէջ կը գտնեն։ Հետզհետէ աճող անվստահութիւնը պատճառ եղած է որ անոնք վախնան թէ օրին մէկը զէնքերը պիտի գործածուին։ Այսպիսի աղէտի մը առաջքը առնելու համար ի՞նչ քայլեր առնուած են։

Կորիզային վախերը միութեան կը սպառնան

Շատեր իրենց յոյսը կը դնեն «Կորիզային զէնքերու հակա–ուռճացման դաշնագիր»ին վրայ, որ 1968–ին հաւանութիւն ստացաւ եւ այժմ աւելի քան 180 երկիրներու կողմէ վաւերացուած է։ Անիկա նոր երկիրներու մէջ կորիզային զէնքեր զարգացնելը կ’արգիլէ, իսկ զանոնք ունեցող երկիրներուն մէջ՝ տարածումը կը սահմանափակէ։ Դաշնագրին նպատակակէտն է՝ ի վերջոյ ամբողջական զինազերծում իրագործել։

Այդ նպատակակէտը վեհ թուելով հանդերձ, կարգ մը քննադատներ դաշնագիրը կը նկատեն փորձ մը, որոշ երկիրներու թոյլ չտալու որ կորիզային զէնքեր զարգացնեն։ Հետեւաբար վախ կայ որ դաշնագիրը ստորագրողներէն ոմանք իրենց միտքը փոխեն։ Արդարեւ, կարգ մը պետութիւններու աչքին անարդարութիւն է որ արգիլուին զէնքեր զարգացնելէ, որոնցմով կրնան պաշտպանուիլ։

Ինչ որ հարցը կը բարդացնէ ու թերեւս վտանգն ալ կ’աւելցնէ, այն իրողութիւնն է թէ ո՛չ մէկ պետութեան արգիլուած է կորիզային ուժականութիւն զարգացնել։ Ուստի ոմանք վախ ունին որ խաղաղասիրական նպատակներով կորիզային ուժականութիւն գործածող երկիրներէն ոմանք թերեւս գաղտնաբար կորիզային զէնքեր կը զարգացնեն։

Նոյնիսկ այն երկիրները, որոնք արդէն կորիզային զէնքեր ունին, կրնան «Կորիզային զէնքերու հակա–ուռճացման դաշնագիր»ը չյարգել։ Քննադատներ կ’ըսեն թէ միամտութիւն է ակնկալել որ մեծապէս սպառազինուած երկիրները իրենց զինամթերքը կործանեն կամ նոյնիսկ նուազեցնեն։ Աղբիւրի մը համաձայն, «ասիկա իրագործելը . . . հակադիր երկիրներու միջեւ բարեկամութեան եւ վստահութեան ա՛յնքան բարձր մակարդակ կը պահանջէ, որ [դժուար է հաւատալ թէ] օրին մէկը կրնայ տեղի ունենալ»։

Միութիւն իրագործելու համար թափուած մարդկային անկեղծ ջանքերը ապարդիւն եղած են։ Ասիկա Աստուածաշունչի աշակերտները չի զարմացներ, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմիա 10։23) Աստուածաշունչը նաեւ կը նշէ. «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է»։ (Առակաց 16։25) Մարդկային կառավարութիւնները ասկէ աւելի միութիւն չեն կրնար իրագործել։ Այսուհանդերձ վիճակը անյոյս չէ։

Իսկական միութեան Աղբիւրը

Աստուածաշունչը կը բովանդակէ Աստուծոյ խոստումը թէ աշխարհը պիտի միանայ, բայց ո՛չ թէ մարդկային ջանքերով։ Ստեղծիչը, որուն նպատակն էր որ մարդկութիւնը համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեամբ ապրի, պիտի իրագործէ ի՛նչ որ մարդը չի կրնար ընել։ Ոմանց համար՝ ասոր հաւատալը թերեւս դժուար է։ Բայց սկիզբէն իսկ Աստուծոյ նպատակն է որ մարդկութիւնը խաղաղութեամբ ու ներդաշնակութեամբ ապրի։ * Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ համարներ կ’ապացուցանեն թէ մարդկային ցեղը միութեան մէջ բերելը տակաւին Աստուծոյ նպատակն է։ Նկատի առ մի քանի օրինակներ.

«Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը, որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։ Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»։ՍԱՂՄՈՍ 46։8, 9

«Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ԵՍԱՅԻ 11։9

«Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. վասն զի Տէրը խօսեցաւ»։ԵՍԱՅԻ 25։8

«Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։Բ. ՊԵՏՐՈՍ 3։13

«[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։4

Այս խոստումները վստահելի են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Ստեղծիչն ըլլալով, Եհովա Աստուած մարդկութիւնը միութեան մէջ բերելու զօրութիւնն ու կարողութիւնը ունի։ (Ղուկաս 18։27) Ան նաեւ ասիկա ընելու փափաքը ունի։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կը նշէ թէ Աստուծոյ ‘հաճութիւնն է’ որ «ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ»։—Եփեսացիս 1։8-10

Արդար «նոր երկրի մը» նկատմամբ Աստուծոյ խոստումը պարզապէս բաղձալից մտածմունք մը չէ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Իր խոստումին առնչութեամբ Եհովա Աստուած կ’ըսէ. «Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։—Եսայի 55։11

Միացած՝ Աստուծոյ Խօսքով

Ինչպէս նախորդ յօդուածը ցոյց տուաւ, կրօնքը յաճախ մարդկութիւնը բաժնող՝ քան միացնող ազդակ մը եղած է։ Ասիկա լուրջ հարց մըն է, քանի որ Ստեղծիչին գոյութիւնը ընդունելով, տրամաբանական չէ՞ ակնկալել որ իր երկրպագուները իրարու հետ խաղաղութեան եւ միութեան մէջ ըլլան։ Վստա՛հաբար։

Եհովա Աստուծոյ ու իր Խօսքին կողմէ չէ կրօնքին պառակտիչ ազդեցութիւնը մարդկութեան վրայ։ Անիկա կը դատապարտէ այն կրօնքները, որոնք Աստուծոյ նպատակը վեր բռնելու տեղ, մարդակերտ ծրագիրները յառաջ կը մղեն։ Յիսուս իր օրուան կրօնական առաջնորդները «կեղծաւորներ» կոչեց եւ անոնց ըսաւ. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։—Մատթէոս 15։7-9

Ասոր հակառակը, ճշմարիտ պաշտամունքը միացնող ազդեցութիւն ունի մարդոց վրայ։ Եսայի մարգարէն նախագուշակեց. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։ Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։ Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։—Եսայի 2։2, 4

Ներկայիս աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները միութեան վերաբերեալ Եհովա Աստուծոյ ցուցմունքներուն կ’ընդառաջեն։ Անոնց միութեան հիմը ի՞նչ է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։ (Կողոսացիս 3։14) Պօղոսի գործածած «կապ» բառը կրնայ բնագիր լեզուին մէջ ակնարկել մարդկային մարմնին յօդակապներուն։ Այս յօդակապները պարանի պէս զօրաւոր են եւ երկու կենսական դեր կը կատարեն։ Անոնք մարմնի գործարանները իրենց տեղը կը պահեն եւ ոսկորները իրարու կը միացնեն։

Նոյնն է պարագան սիրոյ։ Այս յատկութիւնը մարդիկը զիրար սպաննելէ ետ պահելէն աւելին կ’իրագործէ։ Քրիստոսանման սէրը տարբեր ենթահողերէ անհատներու թոյլ կու տայ որ իրարու հետ խաղաղութեամբ գործեն։ Օրինակ, անիկա կարելի կը դարձնէ որ անհատներ Ոսկեղէն Կանոնին հետ ներդաշնակ ապրին։ Ինչպէս Մատթէոս 7։12–ի մէջ արձանագրուած է, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ Այս ուղեգծին հետեւելով՝ շատեր կանխադատութիւնը յաղթահարած են։

«Իրարու վրայ սէր»

Եհովայի Վկաները վճռած են ապացուցանել թէ Քրիստոսի աշակերտներ են, իր սա խօսքը պահելով. «Ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննէս 13։35) Այս սէրը՝ ցեղային խռովարարութեան եւ քաղաքական տուայտանքի ժամանակներուն արտակարգ կերպով ցոյց տրուած է։ Օրինակ, Ռուանտայի մէջ 1994–ի ցեղասպանութեան ընթացքին, Եհովայի Վկաները իրարու հանդէպ իրենց սէրը ցոյց տուին։ Հութու տոհմէն Վկաներ իրենց կեանքը վտանգելով պաշտպանեցին իրենց Թութցի եղբայրները։

Հարկաւ անիրատես է ակնկալել թէ աշխարհի ազգերը դրացիական սէր մշակեն ա՛յն տարողութեամբ որ համաշխարհային միութիւն իրագործուի։ Աստուածաշունչին համաձայն, անիկա Աստուծոյ կողմէ պիտի իրագործուի՝ ի՛ր որոշած ժամանակին։ Սակայն հիմա իսկ անհատներ կրնան սէր հագնիլ ու միութիւն վայելել։

Անցեալ տարուան ընթացքին, Եհովայի Վկաները աւելի քան մէկ միլիառ ժամ տրամադրեցին, որպէսզի մարդոց այցելեն եւ անոնց խօսին Աստուածաշունչին եւ անոր գործնական արժէքին մասին։ Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը միլիոնաւորներ միացուցած է, որոնցմէ ոմանք ատեն մը իրարու հանդէպ ատելութիւն ունէին, ինչպէս՝ Արաբներ ու Հրեաներ, Հայեր ու Թիւրքեր, Գերմանացիներ ու Ռուսեր։

Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միացուցիչ ազդեցութեան մասին կ’ուզե՞ս աւելի գիտնալ։ Եթէ այո՛, հաճիս քեզի մօտ եղող Եհովայի Վկաներուն հետ կապ պահէ, կամ՝ 2–րդ էջին նշած մէկ հասցէին նամակ գրէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Մարդկութեան առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 3–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 4]

Խաղաղութեան հազարաւոր դաշինքներ կնքուած են, բայց չեն յարգուած

[Մէջբերում՝ էջ 7]

Աստուածաշունչի սկզբունքներու կիրարկումը իրագործած է այն ինչ որ մարդկային կառավարութիւնները չեն կրցած

[Նկար՝ էջ 5]

Աստուծոյ Խօսքը իսկական միութեան Աղբիւրին կ’ակնարկէ

[Նկար՝ էջ 7]

Հութու եւ Թութցի ենթահողերէ Եհովայի Վկաներ միասնաբար պաշտամունքի սրահ մը կը կառուցանեն