Համաշխարհային միութիւնը կարելի՞ է
Համաշխարհային միութիւնը կարելի՞ է
ՄԵՐ աշխարհը խաղաղութեա՞ն թէ աղէտի սեմին կը գտնուի։ Այնպէս կը թուի թէ երկու տեսակէտներն ալ համոզիչ ապացոյցներ ունին։
Մէկ կողմէ, աշխարհի առաջնորդներէն ոմանք համաշխարհային խաղաղութեան մասին վստահութեամբ կը խօսին որպէս հասանելի նպատակակէտ մը,– թերեւս քանի որ փոխընտրութիւնները սարսափելի են։ Միւս կողմէ, շատեր մտահոգութիւն կը յայտնեն այսպիսի հարցերու շուրջ. ո՞ր պետութիւնները զանգուածային կործանումի զէնքեր ունին։ Անոնք պիտի յանդգնի՞ն զանոնք գործածել։ Եթէ գործածեն, ի՞նչ կրնայ պատահիլ։
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ մրցակցութիւնն ու կանխադատութիւնը երկար ատեն միութեան խոչընդոտ հանդիսացած են, իսկ կրօնքը յաճախ կռիւներու կրակը արծարծած է, փոխանակ զայն մարելու։ Լրագրող Ճէյմս Ա. Հօթ կը գրէ. «Մարդիկը բաժնող որեւէ բան կրնայ թշնամութիւն հրահրել, եւ կրօնքը ամենազօրաւոր պառակտիչներէն մէկն է։ Հակառակ այն ընդհանրացած կարծիքին թէ կրօնքը մարդիկը ‘բարի’ կ’ընէ, բացայայտ է թէ անիկա պատճառ կ’ըլլայ որ ոմանք սոսկալի արարքներ գործեն»։ Հեղինակ Սթիվըն Ուէնպէրկ համանման տեսակէտ մը ունի։ Ան կը գրէ. «Միայն կրօնքն է որ բարի մարդիկ կը մղէ չարութիւն գործելու»։
Արդեօք մեր աշխարհը օրին մէկը պիտի միանա՞յ։ Այո՛։ Բայց համաշխարհային միութեան աղբիւրը մարդը կամ մարդակերտ կրօնքը չէ, ինչպէս պիտի տեսնենք։
[Մէջբերում՝ էջ 3]
Աշխարհը կը նմանի՞ ձեռնառումբի մը, որ պայթելու պատրաստ է