Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յատկութիւններ մշակէ, որոնք կրնան քեզի օգնել աշակերտելու

Յատկութիւններ մշակէ, որոնք կրնան քեզի օգնել աշակերտելու

Յատկութիւններ մշակէ, որոնք կրնան քեզի օգնել աշակերտելու

«Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։19

1. Աստուծոյ վաղեմի ծառաներէն ոմանք ի՞նչ հմտութիւններու եւ կեցուածքներու կարիք ունեցան։

ԵՐԲԵՄՆ Եհովայի ծառաները պէտք է մշակեն հմտութիւններ ու կեցուածքներ, որոնք իրենց պիտի օգնեն իր կամքը կատարելու։ Օրինակ, Աստուծոյ հրամանին հնազանդելով, Աբրահամ ու Սառա ձգեցին բարգաւաճ Ուր քաղաքը, եւ հարկ եղաւ որ վրանաբնակներու յատուկ յատկութիւններ ու կարողութիւններ ունենան։ (Եբրայեցիս 11։8, 9, 15) Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիր առաջնորդելը պահանջեց որ Յեսու ունենայ քաջութիւն, Եհովայի հանդէպ վստահութիւն եւ Օրէնքին մասին գիտութիւն։ (Յեսու 1։7-9) Իսկ Բեսելիէլ ու Ոողիաբ ի՛նչ հմտութիւններ ալ ունենային, վստահաբար Աստուծոյ հոգին զանոնք բարելաւեց կամ զարգացուց, որպէսզի անոնք կարենան յաջողութեամբ բաժին բերել եւ վերահսկել խորանին շինարարութեան եւ առնչակից գործերուն վրայ։—Ելից 31։1-11

2. Աշակերտելու գործին վերաբերեալ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Դարեր ետք, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն սա յանձնարարութիւնը տուաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Երբեք մարդիկ ասոր նման բան մը ընելու առանձնաշնորհումը չէին ստացած։ Աշակերտելու գործին համար ի՞նչ յատկութիւններու կարիք կայ։ Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի առանձնայատկութիւններ մշակել։

Աստուծոյ հանդէպ խոր սէր ցուցաբերէ

3. Աշակերտելու պատուէրը ի՞նչ պատեհութիւն կու տայ մեզի։

3 Մարդոց մօտենալ եւ ջանալ զիրենք համոզել որ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեն, կը պահանջէ որ Եհովայի հանդէպ խոր սէր ունենանք։ Իսրայելացիները Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը կրնային ապացուցանել՝ իր պատուիրաններուն հնազանդելով, ընդունելի զոհեր մատուցանելով եւ օրհներգով զինք փառաբանելով։ (Բ. Օրինաց 10։12, 13. 30։19, 20. Սաղմոս 21։13. 96։1, 2. 138։5) Որպէս աշակերտ ընողներ, մենք ալ Աստուծոյ օրէնքները կը պահենք, բայց նաեւ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք՝ ուրիշներուն խօսելով իր եւ իր նպատակներուն մասին։ Համոզումով պէտք է խօսինք, պատշաճ բառերով արտայայտելով մեր սրտագին զգացումները մեր աստուածատուր յոյսին մասին։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։5. Ա. Պետրոս 3։15

4. Յիսուս ինչո՞ւ Եհովայի մասին մարդոց սորվեցնելով հաճոյք կը զգար։

4 Որովհետեւ Յիսուս խորապէս կը սիրէր Եհովան, մեծ հաճոյքով խօսեցաւ Աստուծոյ նպատակներուն, Թագաւորութեան եւ ճշմարիտ պաշտամունքին մասին։ (Ղուկաս 8։1. Յովհաննէս 4։23, 24, 31) Իրականութեան մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։ (Յովհաննէս 4։34) Սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքերը Յիսուսի կը կիրարկուին. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է։ Արդարութիւն քարոզեցի շատ ժողովուրդի մէջ։ Ահա շրթունքներս չարգիլեցի, ո՛վ Տէր, դուն գիտես»։—Սաղմոս 40։8, 9. Եբրայեցիս 10։7-10

5, 6. Աշակերտ ընողները ո՞ր գլխաւոր յատկութեան պէտք ունին։

5 Աստուծոյ սէրէ մղուած՝ նորեկներ, որոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը նոր սորված են, երբեմն Եհովայի ու Թագաւորութեան մասին ա՛յնքան համոզումով կը խօսին, որ ազդուօրէն ուրիշները կը մղեն Սուրբ Գրութիւնները քննելու։ (Յովհաննէս 1։41) Աստուծոյ սէրը բանալի ազդակն է որ մեզ կը խթանէ աշակերտելու գործին մասնակցելու։ Հետեւաբար այդ սէրը վառ պահենք, կանոնաւորաբար իր Խօսքը կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով։—Ա. Տիմոթէոս 4։6, 15. Յայտնութիւն 2։4

6 Անտարակոյս Եհովայի սէրը օգնեց Յիսուս Քրիստոսի որ նախանձախնդիր ուսուցիչ մը ըլլայ։ Բայց անիկա միակ պատճառը չէր որ ան Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մէջ ազդու էր։ Ուրիշ ի՞նչ յատկութիւն նպաստեց Յիսուսի յաջողութեան իբրեւ աշակերտ ընող։

Մարդոց հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ

7, 8. Յիսուս մարդիկը ի՞նչպէս նկատեց։

7 Յիսուս մարդոց հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն ունէր։ Նոյնիսկ որպէս Աստուծոյ «ճարտարապետ» իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, ան մարդկութեան վերաբերեալ բաներէն կ’ախորժէր։ (Առակաց 8։30, 31) Որպէս մարդ երկրի վրայ, Յիսուս մարդոց կարեկցեցաւ ու իրեն եկողները թարմացուց։ (Մատթէոս 11։28-30) Յիսուս Եհովայի սէրն ու կարեկցութիւնը արտացոլացուց, եւ ասիկա մարդիկը հրապուրեց որ միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեն։ Ամէն տեսակի անհատներ Յիսուսի մտիկ ըրին, քանի որ իրենցմով սիրալիրօրէն հետաքրքրուեցաւ ու իրենց պարագաները նկատի առաւ։—Ղուկաս 7։36-50. 18։15-17. 19։1-10

8 Երբ մարդ մը իրեն հարցուց թէ ի՛նչ պէտք է ընէ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար, «Յիսուս անոր նայելով՝ սիրեց զանիկա»։ (Մարկոս 10։17-21) Բեթանիոյ մէջ Յիսուսի ուսուցանած կարգ մը անհատներուն նկատմամբ կը կարդանք. «Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը»։ (Յովհաննէս 11։1, 5) Յիսուս մարդոցմով ա՛յնքան հետաքրքրուած էր որ իր հանգիստը զոհեց՝ անոնց սորվեցնելու համար։ (Մարկոս 6։30-34) Մարդոց հանդէպ այս խոր ու սիրալիր հետաքրքրութիւնը, Յիսուսը ոեւէ մէկէ աւելի ազդու ըրաւ՝ անհատները ճշմարիտ պաշտամունքին քաշելու մէջ։

9. Որպէս աշակերտ ընող՝ Պօղոս ի՞նչ կեցուածք ունէր։

9 Պօղոս առաքեալն ալ իր քարոզած մարդոցմով խորապէս հետաքրքրուած էր։ Օրինակ, ան Թեսաղոնիկէի մէջ Քրիստոնեայ դարձած անհատներուն ըսաւ. «Ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք»։ Պօղոսի սիրալիր ջանքերուն շնորհիւ, Թեսաղոնիկէի մէջ ոմանք ‘կուռքերէն Աստուծոյ դարձան՝ կենդանի Աստուծոյ ծառայելու’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։9. 2։8) Եթէ Յիսուսի եւ Պօղոսի նման՝ մարդոց հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ունինք, մենք ալ պիտի ուրախանանք տեսնելով թէ բարի լուրը կը հասնի անոնց սրտին՝ որոնք «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» են։—Գործք 13։48

Անձնազոհ հոգի ցուցաբերէ

10, 11. Անձնազոհ հոգին ինչո՞ւ անհրաժեշտ է, երբ կը ջանանք աշակերտել։

10 Ազդու աշակերտ–ընողներ անձնազոհ հոգի ունին։ Վստահաբար անոնք հարստութիւն դիզելը ամենակարեւոր բանը չեն նկատեր։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին»։ Աշակերտները ասիկա լսելով զարմացան, բայց Յիսուս աւելցուց. «Որդեա՛կներ, ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել իրենց հարստութեան յուսացողներուն։ Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ (Մարկոս 10։23-25) Յիսուս իր հետեւորդներուն պարզ կենցաղ մը յանձնարարեց, որպէսզի աշակերտելու գործին վրայ կեդրոնանան։ (Մատթէոս 6։22-24, 33) Անձնազոհ հոգին ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ աշակերտելու։

11 Յիսուսի պատուիրած բոլոր բաները ուսուցանելը, շատ ջանք կը պահանջէ։ Աշակերտ ընող մը ընդհանրապէս կը ջանայ հետաքրքրուած անհատին հետ ամէն շաբաթ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Անկեղծ անհատներ գտնելու իրենց պատեհութիւնները աւելցնելու համար, Թագաւորութիւնը ծանուցանողներէն ոմանք լիաժամ աշխատանքը ձգելով սկսած են մասնաժամով աշխատիլ։ Հազարաւոր Քրիստոնեաներ օտար լեզու մը սորված են, իրենց շրջանին մէջ գտնուող էթնիք խումբերուն քարոզելու համար։ Ուրիշ աշակերտ–ընողներ տարբեր շրջան կամ երկիր փոխադրուած են, հունձքին մէջ լիակատար բաժին բերելու համար։ (Մատթէոս 9։37, 38) Այս ամէնը անձնազոհ հոգի կը պահանջէ։ Բայց ազդու աշակերտ–ընող մը ըլլալու համար, յաւելեալ բաներու հարկ կայ։

Համբերող եղիր՝ առանց ժամանակ վատնելու

12, 13. Աշակերտելու համար համբերութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

12 Համբերութիւնը այլ յատկութիւն մըն է, որ մեզի կ’օգնէ աշակերտելու։ Մեր քրիստոնէական պատգամը անյետաձգելի գործունէութիւն կը պահանջէ, բայց աշակերտութիւնը յաճախ բաւական ժամանակ կ’առնէ ու համբերութեան կը կարօտի։ (Ա. Կորնթացիս 7։29) Յիսուս իր խորթ եղբօր՝ Յակոբոսի նկատմամբ անհամբեր չէր։ Յակոբոս ըստ երեւոյթին Յիսուսի քարոզչական գործունէութիւններուն քաջածանօթ ըլլալով հանդերձ, որոշ ժամանակ բան մը զինք ետ պահեց աշակերտ ըլլալէ։ (Յովհաննէս 7։5) Սակայն Քրիստոսի մահուան եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի միջեւ եղած կարճ ժամանակաշրջանին, ակներեւօրէն Յակոբոս աշակերտ եղաւ, քանի որ Սուրբ Գրութիւնները կը թելադրեն թէ ան կը յարատեւէր աղօթքի մէջ՝ իր մօր, իր եղբայրներուն եւ առաքեալներուն հետ։ (Գործք 1։13, 14) Յակոբոս հոգեւոր լաւ յառաջդիմութիւն արձանագրեց, եւ հետագային քրիստոնէական ժողովքին մէջ ծանր պատասխանատուութիւններ շալկեց։—Գործք 15։13. Ա. Կորնթացիս 15։7

13 Երկրագործներու նման՝ Քրիստոնեաները կը մշակեն բաներ, որոնք յաճախ դանդաղօրէն կ’աճին,– Աստուծոյ Խօսքին հասկացողութիւնը, Եհովայի սէրը եւ քրիստոսանման հոգին։ Ասիկա համբերութիւն կը պահանջէ։ Յակոբոս գրեց. «Համբերո՛ղ եղէք, ե՛ղբայրներ, մինչեւ Տէրոջը գալուստը։ Ահա երկրագործը կը սպասէ երկրին պատուական պտուղին՝ անոր համար համբերելով, մինչեւ առաջին ու վերջին անձրեւը առնէ։ Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք, սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք. վասն զի Տէրոջը գալուստը մօտ է»։ (Յակոբոս 5։7, 8) Յակոբոս հաւատակիցները կը յորդորէր որ ‘համբերեն մինչեւ Տէրոջը գալուստը’։ Երբ աշակերտները բան մը չէին հասկնար, Յիսուս համբերութեամբ կը բացատրէր կամ օրինակ մը կու տար։ (Մատթէոս 13։10-23. Ղուկաս 19։11. 21։7. Գործք 1։6-8) Հիմա որ Տէրը ներկայ է, համբերութեան նոյնանման կարիք կայ, մինչ կը ջանանք աշակերտել։ Ներկայիս անոնք որ Յիսուսի հետեւորդներ կ’ըլլան, պէտք ունին որ համբերութեամբ իրենց ցուցմունքներ տրուին։—Յովհաննէս 14։9

14. Համբերող ըլլալով հանդերձ, ի՞նչպէս կրնանք որպէս աշակերտ ընողներ մեր ժամանակը խոհեմութեամբ գործածել։

14 Թէեւ համբերող ենք, բայց խօսքը պտուղ չի տար շատերու մէջ, որոնց հետ կը սկսինք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ (Մատթէոս 13։18-23) Հետեւաբար, անոնց օգնելու համար բաւարար ջանք թափելէ յետոյ, խոհեմաբար կը դադրինք այսպիսիներու հետ ժամանակ անցընելէ եւ կը ջանանք անհատներ գտնել, որոնք հաւանաբար Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը արժեւորեն։ (Ժողովող 3։1, 6) Անշուշտ, նոյնիսկ երախտապարտ անհատներ կրնան յաւելեալ օգնութեան կարիք ունենալ, փոխելու համար իրենց տեսակէտները, կեցուածքները եւ նախապատուութիւնները։ Ուստի համբերող ենք, ճիշդ ինչպէս Յիսուս համբերութեամբ վարուեցաւ աշակերտներուն հետ, որոնք պատշաճ կեցուածք մը մշակելու մէջ դժուարութիւն ունեցան։—Մարկոս 9։32-36. 10։35-45

Սորվեցնելու արուեստը զարգացուր

15, 16. Պարզութիւնը եւ լաւ նախապատրաստութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր են երբ կ’աշակերտենք։

15 Աստուծոյ սէրը, մարդոցմով հետաքրքրուիլը, անձնազոհ հոգին եւ համբերութիւնը, յաջող աշակերտութեան կարեւոր ազդակներ են։ Ուսուցանելու հմտութիւններ ալ պէտք է մշակուին, քանի որ մեզ կարող կը դարձնեն որ հարցերը յստակ ու պարզ կերպով բացատրենք։ Օրինակ, Մեծ Ուսուցիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերէն շատերը յատկապէս ազդեցիկ էին՝ պարզութեան պատճառաւ։ Հաւանաբար կը յիշես Յիսուսի սա խօսքերը. «Ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը»։ «Սուրբ բանը շուներուն մի՛ տաք»։ «Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն»։ «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Մատթէոս 6։20. 7։6. 11։19. 22։21) Անշուշտ Յիսուս միայն կարճ խօսքեր չըսաւ։ Ան յստակութեամբ սորվեցուց եւ հարցերը բացատրեց, ի պահանջել հարկին։ Ի՞նչպէս կրնաս Յիսուսի ուսուցանելու մեթոտը ընդօրինակել։

16 Ուշադիր նախապատրաստութիւնը պարզութեան ու յստակութեան բանալին է։ Պատրաստութիւն չտեսնող քարոզիչը շատ խօսելու հակամէտ է։ Շատախօսութեան պատճառաւ, ան գլխաւոր կէտերը գրեթէ շուքի մէջ կը ձգէ, նիւթին շուրջ իր բոլոր գիտցածները նշելով։ Միւս կողմէ, լաւ պատրաստուած քարոզիչը իր ուսուցանած անհատին մասին կը մտածէ, նիւթին վրայ կը խոկայ եւ յստակօրէն կը ներկայացնէ միայն հարկ եղածը։ (Առակաց 15։28. Ա. Կորնթացիս 2։1, 2) Ան նկատի կ’առնէ թէ աշակերտը ո՛րքան գիտէ եւ ուսումնասիրութեան ընթացքին ո՛ր կէտերը պէտք է շեշտուին։ Քարոզիչը թերեւս նիւթին մասին բազմաթիւ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ գիտէ, բայց յստակութիւնը յառաջ կու գայ անհարկի տեղեկութիւններ չնշելով։

17. Ի՞նչպէս կրնանք մարդոց օգնել որ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանեն։

17 Յիսուս նաեւ մարդոց օգնեց որ պատճառաբանեն, փոխանակ անոնց պարզապէս իրողութիւններ ներկայացնելու։ Օրինակ, առիթով մը ան հարցուց. «Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն»։ (Մատթէոս 17։24) Աստուածաշունչը բացատրելէն կրնանք շատ հաճոյք առնել, ուստի ինքնազսպում պէտք է գործադրենք, որպէսզի աշակերտին թոյլ տանք որ արտայայտուի կամ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութեան ընթացքին նկատի առնուած նիւթը բացատրէ։ Բնական է որ մարդոց վրայ շատ հարցումներ պէտք չէ տեղացնենք։ Փոխարէն, կրնանք փափկանկատութեամբ, լաւ օրինակներով եւ լաւ մտածուած հարցումներով անոնց օգնել որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւններուն մէջ ներկայացուած աստուածաշնչական կէտերը գնահատեն։

18. «Սորվեցնելու արուեստ»ը զարգացնելը ի՞նչ կը պարփակէ։

18 Սուրբ Գրութիւնները կը խօսին «սորվեցնելու արուեստ»ին մասին։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2, ՆԱ) Այս ուսուցանելու կարողութիւնը շա՜տ աւելին կը պարփակէ քան անհատի մը օգնել որ իրողութիւններ գոց սորվի։ Աստուածաշունչի աշակերտին պէտք է օգնենք որ շիտակին ու սխալին, բարիին ու չարին, իմաստութեան ու անմտութեան տարբերութիւնը ըմբռնէ։ Մինչ ասիկա կ’ընենք եւ կը ջանանք անհատին սրտին մէջ Եհովայի սէրը մշակել, թերեւս ան հասկնայ թէ ինչո՛ւ Իրեն պէտք է հնազանդի։

Աշակերտելու գործին նախանձախնդրաբար մասնակցէ

19. Ի՞նչպէս բոլոր Քրիստոնեաները աշակերտելու գործին կը նպաստեն։

19 Քրիստոնէական ժողովքը աշակերտելու կազմակերպութիւն մըն է։ Երբ նորեկ մը աշակերտ ըլլայ, զինք գտնող եւ Աստուածաշունչի ուսուցումները անոր սորվեցնող Եհովայի Վկան միակը չէ որ ուրախանալու պատճառ ունի։ Երբ խումբ մը մարդիկ կորսուած երախայ մը փնտռեն, ընդհանրապէս միայն մէկը զայն կը գտնէ։ Բայց երբ երախան իր ծնողքին վերամիանայ, փնտռտուքին բոլոր մասնակցողները կ’ուրախանան։ (Ղուկաս 15։6, 7) Նմանապէս, աշակերտելը խմբային աշխատանք է։ Բոլոր Քրիստոնեաները կը փնտռեն այն անհատները, որոնք կրնան Յիսուսի աշակերտները ըլլալ։ Իսկ երբ նորեկ մը սկսի Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու ներկայ գտնուիլ, հոն եղող իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ անոր գնահատութիւնը կերտելու կը նպաստէ։ (Ա. Կորնթացիս 14։24, 25) Ուստի բոլոր Քրիստոնեաները կրնան ուրախանալ որ ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ աշակերտ կը դառնան։

20. Ի՞նչ պէտք է ընես եթէ կ’ուզես Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մէկու մը սորվեցնել։

20 Բազմաթիւ հաւատարիմ Քրիստոնեաներ ուրախ կ’ըլլան եթէ անհատի մը սորվեցնեն Եհովայի ու ճշմարիտ պաշտամունքին մասին։ Սակայն հակառակ իրենց լաւագոյն ջանքերուն, տակաւին չեն կրցած ասիկա ընել։ Եթէ այս պարագային մէջ ես, շարունակէ Եհովայի հանդէպ սէրդ զօրացնել, մարդոցմով հետաքրքրուէ, անձնազոհ եղիր, համբերութիւն ցուցաբերէ եւ ջանա՛ սորվեցնելու հմտութիւններդ բարելաւել։ Ամէն բանէ առաջ, ճշմարտութիւնը սորվեցնելու փափաքդ աղօթքի նիւթ դարձուր։ (Ժողովող 11։1) Մխիթարուէ գիտնալով թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ որ կ’ընես, աշակերտելու գործին կը նպաստէ, որ Աստուած կը փառաւորէ։

Կրնա՞ս բացատրել

• Աշակերտելու գործը ի՞նչպէս Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը փորձի կ’ենթարկէ։

• Աշակերտ ընողները ի՞նչ յատկութիւններու կարիք ունին։

• «Սորվեցնելու արուեստ»ը ի՞նչ կը պարփակէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]