Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լաւ ծրագրուած արշաւ մը արդիւնք կու տայ

Լաւ ծրագրուած արշաւ մը արդիւնք կու տայ

Մարիա Իզապէլ նախանձախնդիր պարմանուհի հրատարակիչ մըն է, Չիլիի Սան Պէրնարտօ քաղաքին մէջ, Հարաւային Ամերիկա։ Իր ընտանիքը կը պատկանի մափուչի բնիկ ցեղախումբին։ Ընտանեօք, անոնք խանդավառօրէն բաժին բերած են մափուչիներու մափուտանկան լեզուով նոր ժողովք մը կազմուելու ջանքերուն մէջ։

Երբ ծանուցանուեցաւ թէ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենար նաեւ մափուտանկան լեզուով, եւ թէ այդ լեզուով 2000 հրաւիրագիր բաշխուելու մատչելի էին, Մարիա Իզապէլ պահ մը խորհեցաւ, թէ այս առնչութեամբ ինք ի՛նչ կրնար ընել։ Ան մտաբերեց փորձառութիւններ ա՛յլ պատանի վկաներու, որոնք դասընկերներու եւ ուսուցիչներու քարոզելով, լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։ Ան ասոր մասին իր ծնողքին հետ խօսեցաւ, եւ միասնաբար որոշեցին, որ Մարիա Իզապէլ ծրագրէ դպրոցին մէջ ինչպէ՛ս հրաւիրագիրները բաշխել։ Ան ի՞նչ ծրագիր յղացաւ։

Նախ, Մարիա Իզապէլ դպրոցի տնօրէնութենէն արտօնութիւն խնդրեց, որ հրաւիրագրէն օրինակ մը դպրոցին գլխաւոր մուտքի ցուցատախտակին վրայ տեղաւորէ։ Տնօրէնութիւնը իր խնդրանքը ընդունեց եւ այս նախաձեռնութեան համար զինք գովեց։ Առաւօտ մը, երբ ներկայ–բացակայ կ’առնուէր, տնօրէնը նոյնիսկ հրաւիրագրին մասին բարձրախօսով ծանուցում մը ըրաւ։

Ապա, Մարիա Իզապէլ դպրոցի տնօրէնութենէն խնդրեց, որ բոլոր դասարանները այցելէ։ Ուսուցիչներուն արտօնութիւնը առնելէ ետք, ան իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտներուն հարցուց, թէ արդեօք մափուչի ցեղախումբին պատկանող կա՞յ։ Ան կ’ըսէ. «Կարծեցի որ ամբողջ դպրոցին մէջ թերեւս 10 կամ 15 աշակերտներ մափուչի են, բայց մէջտեղ ելաւ որ շա՜տ աւելի կային,– վերջաւորութեան 150 հրաւիրագիր բաշխեցի»։

«ԱՆ ՏԱՐԻՔՈՎ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՄԷԿԸ Կ’ԱԿՆԿԱԼԷՐ»

Կին մը, որ դպրոցին մուտքի ցուցատախտակին վրայ հրաւիրագիրը տեսաւ, հարցուց թէ Յիշատակատօնին նկատմամբ որո՛ւն հետ պէտք էր խօսէր։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն անակնկալի եկաւ, երբ զինք ծանօթացուցին 10 տարեկան աղջնակի մը։ Մարիա Իզապէլ քմծիծաղով մը կ’ըսէ. «Ան տարիքով աւելի մեծ մէկը կ’ակնկալէր»։ Կնոջ հրաւիրագիր մը եւ հակիրճ բացատրութիւն մը տալէ ետք, Մարիա Իզապէլ անոր հասցէն խնդրեց, որպէսզի կարենար իր ծնողքին ընկերակցութեամբ իրեն այցելել, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին աւելի տեղեկութիւններ տալու համար։ Իսկ մափուտանկան դաշտին մէջ ծառայող 20 հրատարակիչները որքա՜ն ուրախացան, երբ այդ կինը եւ 26 ա՛յլ հետաքրքրուած մափուչի անհատներ, Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան։ Այդ պզտիկ խումբը այժմ ուռճացող ժողովք մըն է։

Ի՛նչ որ ալ ըլլայ տարիքդ, դուն ալ կրնա՞ս համանման նախաձեռնութիւն առնել, դասընկերներդ կամ գործակիցներդ հրաւիրելով՝ Յիշատակատօնին, հանրային դասախօսութեան կամ նահանգային համաժողովի։ Ինչո՞ւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ չփնտռես փորձառութիւններ, որոնցմէ կրնաս գաղափարներ առնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այսպիսի ծրագիրներ յաջողցնել։ Նաեւ, աղօթքով Եհովայի սուրբ հոգին խնդրէ, որպէսզի քեզի համարձակութիւն տայ՝ իր մասին խօսելու (Ղուկ. 11։13)։ Եթէ այդպէս ընես, դուն ալ լաւ ծրագրուած ջանքերուդ շնորհիւ՝ ուրախ անակնկալի առջեւ պիտի գտնուիս եւ շատ պիտի քաջալերուիս։