Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի պաշտպանութեան ձորին մէջ մնա՛

Եհովայի պաշտպանութեան ձորին մէջ մնա՛

«Տէրը. . . այն ազգերուն հետ պիտի պատերազմի, ինչպէս պատերազմին օրը պատերազմեցաւ» (ԶԱՔ. 14։3

1, 2. Իսկական ի՞նչ պատերազմ կը տեսնուի հորիզոնին վրայ, եւ Աստուծոյ ծառաները այս պատերազմին ընթացքին հարկ պիտի չունենան ի՞նչ ընելու։

30 հոկտեմբեր 1938–ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ միլիոնաւորներ ձայնասփիւռէն հռչակաւոր յայտագրի մը կը հետեւէին։ Այդ գիշերուան նիւթը առնուած էր գիտաերեւակայական վէպէ մը՝ Աշխարհներուն պատերազմը։ Յայտագրին ընթացքին, թղթակիցներու դեր առնող դերասանները յայտարարեցին, թէ Հրատ մոլորակէն արարածներ երկրագունդին վրայ կը յարձակէին եւ զայն կը կործանէին։ Շատեր սարսափեցան եւ ոմանք նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան որոշ քայլեր առին։ Բայց այդ խուճապի մատնուած ունկնդիրները վայրկեան մը իսկ չմտածեցին, թէ կը հակազդէին ձայնասփիւռի՛ յայտագրի մը,– եւ ոչ թէ իսկական պատերազմի մը։

2 Ներկայիս սակայն, հորիզոնին վրայ իսկակա՛ն պատերազմ մը կը տեսնուի։ Բայց ծիծաղելին այն է որ մարդիկ ատոր առնչութեամբ չե՛ն հակազդեր։ Այդ պատերազմը կանխագուշակուած է ոչ թէ գիտաերեւակայական վէպի մը մէջ, այլ՝ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէջ։ Ատիկա Արմագեդոնի պատերազմն է,– Աստուծոյ պատերազմը այս չար աշխարհին դէմ (Յայտ. 16։14-16)։ Այդ պատերազմին ընթացքին, Աստուծոյ ծառաները հարկ պիտի չունենան ա՛յլ արարածներէ իրենք զիրենք պաշտպանելու։ Փոխարէն, Եհովան իր զօրութիւնը պիտի գործածէ զիրենք ապշեցուցիչ կերպով ազատելու համար։

3. Ո՞ր մարգարէութիւնը նկատի պիտի առնենք, եւ ատիկա ինչո՞ւ այժմ մեզի համար կարեւոր է։

3 Մարգարէութիւն մը, որ արձանագրուած է Զաքարիա 14–րդ գլուխին մէջ, մեզի շատ բան կ’ըսէ Արմագեդոն պատերազմին մասին։ Թէեւ շուրջ 2500 տարի առաջ գրուեցաւ, բայց այդ մարգարէութիւնը այժմ մեզի համար շա՛տ կարեւոր է (Հռով. 15։4)։ Ատիկա կը խօսի պարագաներու մասին, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին ազդած են, 1914–ին Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ի վեր. ինչպէս նաեւ կը խօսի հետաքրքրաշարժ դէպքերու մասին, որոնք շուտով տեղի պիտի ունենան։ Մարգարէութեան աչքառու երեսակները կը պարփակեն՝ «խիստ մեծ ձոր»ի մը կազմուիլը եւ «կենդանի ջուրեր»ու հոսիլը (Զաք. 14։4, 8)։ Եհովայի երկրպագուներուն պաշտպանութիւն հայթայթելու մէջ այս ձորը մեծ դեր կը խաղայ։ Իսկ երբ կենդանի ջուրերուն նշանակութիւնը հասկնանք, ոչ միայն զանոնք խմելու կարիքը պիտի զգանք, այլեւ՝ պիտի ուզե՛նք զանոնք խմել։ Ուստի, այս մարգարէութեան լաւ ուշադրութիւն ընծայելը մեր օգտին համար է (Բ. Պետ. 1։19, 20

«ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԸ» ԿԸ ՍԿՍԻ

4. ա) «Տէրոջը օրը» ե՞րբ սկսաւ։ բ) 1914–էն տասնամեակներ առաջ, Եհովայի երկրպագուները ի՞նչ կը յայտարարէին, եւ աշխարհի առաջնորդները ինչպէ՞ս հակազդեցին։

4 Զաքարիա 14–րդ գլուխին մարգարէութիւնը կը սկսի հետեւեալ բառերով. «Տէրոջը օրը կու գայ» (կարդա՛ Զաքարիա 14։1, 2Ի՞նչ է այդ օրը։ Ատիկա «Տէրունական օր»ն է, որ սկսաւ երբ «աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան» (Յայտ. 1։10, ստորանիշ. 11։15)։ Այդ օրը սկսաւ 1914–ին, երբ Մեսիական Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուեցաւ։ 1914–էն տասնամեակներ առաջ, Եհովայի երկրպագուները յայտարարեցին, թէ այդ տարի «ազգերուն ժամանակները» պիտի լմննային եւ թէ աշխարհը աննախընթաց խնդիրներու առջեւ պիտի գտնուէր (Ղուկ. 21։24)։ Մարդոց հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ Փոխանակ այդ ժամանակայարմար զգուշացումին անսալու, քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդները արհամարհեցին եւ հալածեցին այդ նախանձախնդիր օծեալ քարոզիչները։ Այսպիսով, այս աշխարհի առաջնորդները Ամենակալ Աստուածը ծաղրեցին, քանի որ այդ օծեալները,– որպէս Թագաւորութեան դեսպաններ,– կը ներկայացնեն «երկնաւոր Երուսաղէմ»ը՝ Մեսիական Թագաւորութիւնը, որուն մաս կը կազմեն (Եբ. 12։22, 28

5, 6. ա) Ազգերը ի՞նչ կանխագուշակուած քայլ առին «քաղաք»ին եւ անոր ‘քաղաքացիներուն’ դէմ։ բ) Որո՞նք էին «ժողովուրդին մնացորդը»։

5 Զաքարիա կանխագուշակեց, թէ Աստուծոյ թշնամիները ի՛նչ պիտի ընէին, երբ ըսաւ. «Քաղաքը [Երուսաղէմ] պիտի առնուի»։ «Քաղաքը» կը խորհրդանշէ Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը, եւ երկրի վրայ կը ներկայացուի իր ‘քաղաքացիներով’՝ օծեալ քրիստոնեաներու մնացորդով (Փլպ. 3։20)։ Քաղաքը ‘առնուեցաւ’ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին, երբ Եհովայի կազմակերպութեան պատասխանատու եղբայրները ձերբակալուեցան եւ բանտարկուեցան Ճորճիայի Աթլանթա քաղաքին մէջ (ԱՄՆ)։ Թշնամիները օծեալներուն հանդէպ անարդար եւ դաժան գտնուեցան, անոնց հրատարակութիւնները արգիլեցին եւ ջանացին անոնց քարոզչութիւնը կասեցնել։ Այսպէս ընելով, թշնամիները կարծես թէ քաղաքին տուները ‘կողոպտեցին’ կամ բռնի կերպով գողցան։

6 Թէեւ զօրեղ թշնամիներ Աստուծոյ ժողովուրդը հալածեցին եւ անոնց մասին սուտեր խօսեցան, բայց չկրցան ճշմարիտ պաշտամունքը մէջտեղէն վերցնել, քանի որ «ժողովուրդին մնացորդը»՝ օծեալ քրիստոնեաները, մերժեց ‘քաղաքէն հեռանալ’։

7. Օծեալները մեզի ի՞նչ օրինակ հանդիսացած են։

7 Արդեօք այս մարգարէութիւնը լիովի՞ն կատարուեցաւ Ա. Աշխարհամարտին վերջաւորութեան։ Ո՛չ։ Ազգերը տակաւին օծեալ մնացորդին եւ երկրային յոյս ունեցող հաւատարիմ ընկերակիցներուն վրայ յարձակումներ պիտի կատարէին (Յայտ. 12։17)։ Օրինակ, Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին եղբայրները սոսկալի հալածանքի առջեւ գտնուեցան։ Հաւատարիմ օծեալներուն օրինակը այժմ մեզ կը քաջալերէ տոկալու որեւէ փորձութեան, ներառեալ՝ անհաւատ ազգականներու, գործակիցներու կամ դասընկերներու կողմէ եկած հակառակութեան, որոնք մեզ կը ծաղրեն մեր հաւատքին համար (Ա. Պետ. 1։6, 7)։ Ո՛ւր որ ալ ապրինք, որեւէ ժամանակէ աւելի վճռած ենք ‘մէկ հոգիով հաստատուն կենալ’ առանց ‘զարհուրելու հակառակորդներէն’ (Փլպ. 1։27, 28)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք ապահով զգալ աշխարհի մը մէջ որ մեզ կ’ատէ (Յովհ. 15։17-19

ԵՀՈՎԱՆ «ԽԻՍՏ ՄԵԾ ՁՈՐ» ԿԸ ԿԱԶՄԷ

8. ա) Աստուածաշունչին մէջ, երբեմն լեռները ի՞նչ կը խորհրդանշեն։ բ) Ձիթենիներու լեռը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

8 Քանի որ Երուսաղէմը՝ «քաղաքը»՝ կը խորհրդանշէ երկնային Երուսաղէմը, այլաբանօրէն պէտք է առնուի նաեւ ‘ձիթենիներու լեռը, որ Երուսաղէմին առջեւն է’։ Այդ լեռը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ Ինչպէ՞ս «կէսէն պիտի պատռուի» եւ երկու լեռներ դառնայ։ Եհովան ինչո՞ւ կ’ըսէ՝ «լեռներուս ձորը» (ՆԱ) (կարդա՛ Զաքարիա 14։3-5Աստուածաշունչին մէջ, լեռները կրնան ներկայացնել թագաւորութիւններ կամ կառավարութիւններ։ Ինչպէս նաեւ օրհնութիւնները եւ պաշտպանութիւնը առնչուած են Աստուծոյ լերան (Սաղ. 72։3. Եսա. 25։6, 7)։ Ուստի, ձիթենիներու լեռը, որուն վրայ Աստուած կը կայնի երկրային Երուսաղէմին արեւելքը, կը ներկայացնէ Եհովայի տիեզերական գերիշխանութիւնը,– բոլոր ստեղծուածներուն վրայ իր ունեցած իշխանութիւնը։

9. Ձիթենիներու լեռը ի՞նչ առումով կը պատռուի։

9 Մարգարէութիւնը կ’ըսէ, թէ ձիթենիներու լեռը «կէսէն պիտի պատռուի»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Երուսաղէմի արեւելքը գտնուող լեռը կը պատռուի այն առումով որ Եհովան կը հաստատէ ուրիշ իշխանութիւն մը՝ երկրորդական իշխանութիւն մը, որ Մեսիական Թագաւորութիւնն է, որուն Թագաւորը Յիսուս Քրիստոս է։ Անոր համար է որ Եհովան կը խօսի յառաջ եկած երկու լեռներուն մասին որպէս՝ ‘լեռներս’։ Երկու լեռներն ալ իրն են։

10. Երկու լեռներուն միջեւ կազմուած «խիստ մեծ ձոր»ը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

10 Երբ այլաբանական լեռը կը պատռուի,– կէսը դէպի հիւսիս, իսկ միւս կէսը դէպի հարաւ,– Եհովային ոտքերը երկու լեռներուն վրայ կը մնան։ Եւ անոր ոտքերուն տակը «խիստ մեծ ձոր» կը կազմուի։ Այս այլաբանական ձորը աստուածային պաշտպանութիւնը կը ներկայացնէ։ Ճիշդ ինչպէս որ մարդիկ երկու լեռներու միջեւ եղած ձորին մէջ պաշտպանուած կը զգան, նոյնպէս Եհովային ժողովուրդը Իր տիեզերական գերիշխանութեան եւ իր Որդւոյն Մեսիական Թագաւորութեան ներքեւ ապահով կը զգայ։ Եւ Եհովան վստահ պիտի ըլլայ որ մաքուր պաշտամունքը բնա՛ւ չբնաջնջուի։ Ձիթենիներու լերան պատռուիլը տեղի ունեցաւ, երբ Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ 1914–ին, Ազգերուն ժամանակները լրանալով։ Իսկ ե՞րբ սկսաւ ճշմարիտ երկրպագուներուն փախչիլը դէպի այդ այլաբանական ձորը։

ԴԷՊԻ ՁՈՐ ՓԱԽՉԻԼԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

11, 12. ա) Դէպի այլաբանական ձորը փախչիլը ե՞րբ սկսաւ։ բ) Ի՞նչը կը փաստէ թէ Եհովային զօրեղ բազուկը իր ժողովուրդին հետ է։

11 Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց՝ ըսելով. «Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք» (Մատ. 24։9)։ Այդ ատելութիւնը մասնաւորաբար սաստկացած է 1914–էն ի վեր,– երբ վերջին օրերը սկսան։ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին, թշնամիները դաժանօրէն հալածեցին հաւատարիմ օծեալները, բայց չկարողացան ճշմարիտ պաշտամունքը բնաջնջել։ 1919–ին, օծեալները ազատեցան Մեծ Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ ճիրաններէն (Յայտ. 11։11, 12) *։ Ա՛յդ ատեն սկսաւ փախչիլը դէպի Եհովայի լեռներուն ձորը։

12 1919–էն ի վեր, աստուածային պաշտպանութեան ձորը կը շարունակէ պաշտպանել աշխարհի տարածքին գտնուող ճշմարիտ երկրպագուները։ Տասնամեակներէ ի վեր, բազմաթիւ կառավարութիւններ ջանացած են Եհովայի վկաներուն դաշտի ծառայութիւնը կասեցնել եւ անոնց հրատարակութիւնները արգիլել։ Այսպիսի խոչընդոտներ տակաւի՛ն առկայ են որոշ երկիրներու մէջ։ Սակայն, որքա՛ն ալ ազգերը ջանան ճշմարիտ պաշտամունքը բնաջնջել, պիտի չյաջողի՛ն, քանի որ Եհովային զօրեղ բազուկը պիտի շարունակէ իր ժողովուրդը պաշտպանել (Բ. Օր. 11։2

13. Եհովայի պաշտպանութեան ձորին մէջ ինչպէ՞ս կը մնանք, եւ ինչո՞ւ այս մէկը այժմ ընելը որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է։

13 Եթէ շարունակենք Եհովային հաւատարիմ մնալ՝ ճշմարտութեան մէջ հաստատուն կենալով, իր պաշտպանութեան ձորին մէջ կը մնանք։ Եւ ան թոյլ պիտի չտայ որ որեւէ բան կամ ոեւէ մէկը մեզ ‘իր ձեռքէն յափշտակէ’ (Յովհ. 10։28, 29)։ Եհովան պատրաստ է հարկ եղած օգնութիւնը հայթայթելու, որպէսզի իրեն որպէս տիեզերքի Գերիշխան հնազանդինք եւ Մեսիական Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակները մնանք։ Այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է որ պաշտպանութեան ձորին մէջ մնանք, քանի որ ատիկա մեզի համար աւելի մեծ արժէք պիտի ունենայ մօտալուտ մեծ նեղութեան ընթացքին։

«ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՕՐԸ» ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ

14, 15. Այդ օրը, երբ Եհովան իր թշնամիներուն դէմ պատերազմի, ի՞նչ պիտի պատահի անոնց՝ որոնք իր պաշտպանութեան ներքեւ չեն։

14 Ասկէ մինչեւ աշխարհին վախճանը, Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կատարած Սատանայի յարձակումները պիտի սաստկանան։ Բայց շուտով Սատանան իր վերջին յարձակումը պիտի կատարէ։ Այդ ատեն, պիտի գայ Աստուծոյ կանխագուշակուած «պատերազմին օրը», երբ պատերազմելով իր ժողովուրդին բոլո՛ր թշնամիները պիտի բնաջնջէ։ Այսպէս Եհովան իր փառաւոր Ռազմիկ ըլլալը աւելի պիտի փաստէ (Զաք. 14։3

15 Այդ օրը, երբ Եհովան իր թշնամիներուն դէմ պատերազմի, ի՞նչ պիտի պատահի անոնց՝ որոնք իր պաշտպանութեան ներքեւ չեն։ Զաքարիա 14։6–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Այդ օրը լոյս պիտի չըլլայ, հապա՝ ցուրտ ու սառ»։ Մարգարէութիւնը կը նշէ թէ անոնց վրայ «լոյս պիտի չըլլայ», այսինքն՝ Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի չունենան։ Իսկ ‘ձին, ջորին, ուղտն ու էշը եւ այն բանակներուն մէջի բոլոր անասունները’ պիտի ‘սառին’։ Սա կը նշանակէ թէ պատերազմի մէջ գործածուող զէնքերն ու գործիքները անգործածելի պիտի դառնան։ Ասկէ զատ, Եհովան իր թշնամիները պիտի պատժէ ‘աղէտով’ կամ հիւանդութեամբ. հետեւաբար, անոնց աչքերն ու լեզուները «պիտի հալի[ն]»։ Մենք չենք գիտեր թէ ասիկա բառացի հիւանդութիւն է կամ ոչ։ Բայց գիտենք որ անոնք պիտի չկարողանան մեզի վնասել կամ Աստուծոյ դէմ խօսիլ (Զաք. 14։7, 12, 15)։ Բոլոր «երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը» Սատանային կողմը դիրք պիտի բռնեն։ Բայց անոնք երկրի ո՛ր ծայրն ալ ըլլան, պիտի բնաջնջուին (Յայտ. 19։19-21)։ Արդարեւ, «այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին» (Եր. 25։32, 33

16. Ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի ուղղենք, եւ մեծ նեղութեան ընթացքին ի՞նչ պէտք է ընենք։

16 Պատերազմի մէջ բոլորը կը տառապին, նոյնիսկ յաղթականները։ Թերեւս բաւարար ուտելիք չըլլայ, ստացուածքները կորսուին, կենսամակարդակը իջնայ եւ անձնական իրաւունքները ոտնակոխուին։ Եթէ այսպիսի դժուարութիւններու առջեւ գտնուինք, ինչպէ՞ս պիտի հակազդենք։ Խուճապի պիտի մատնուի՞նք։ Ճնշումի ներքեւ մեր հաւատքը պիտի ուրանա՞նք։ Պիտի ընկճուինք ու մեր ամէն յոյսը կտրե՞նք։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, որքա՜ն կենսական պիտի ըլլայ Եհովային յարիլ ու իր պաշտպանութեան ձորին մէջ մնալ, վստահ ըլլալով որ ան մեզ պիտի պաշտպանէ (կարդա՛ Ամբակում 3։17, 18

«ԿԵՆԴԱՆԻ ՋՈՒՐԵՐ ՊԻՏԻ ՀՈՍԻՆ»

17, 18. ա) «Կենդանի ջուրեր»ը ի՞նչ են։ բ) «Արեւելեան ծովը» եւ «արեւմտեան ծովը» ի՞նչ կը ներկայացնեն։ գ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

17 Արմագեդոնէն ետք, առատօրէն «կենդանի ջուրեր պիտի հոսին» Մեսիական Թագաւորութեան աթոռանիստէն։ Այս «կենդանի ջուրեր»ը կը ներկայացնեն բոլոր այն բաները, որոնք Աստուած մարդոց շնորհած է, որպէսզի կարենան յաւիտեան ապրիլ։ Զաքարիայի մարգարէութեան մէջ, «արեւելեան ծովը» Մեռեալ ծովն է, եւ կը ներկայացնէ մարդկութեան հասարակաց գերեզմանին մէջ եղող ննջեցեալները, որոնք յարութիւն պիտի առնեն։ Իսկ «արեւմտեան ծովը» Միջերկրական ծովն է, որ կեանքով լի է, եւ կը պատկերացնէ մեծ բազմութիւնը՝ որ Արմագեդոնէն պիտի վերապրի (կարդա՛ Զաքարիա 14։8, 9. Յայտ. 7։9-15)։ Այսպէս, երկու խումբերը իրենց պապակը պիտի յագեցնեն՝ խմելով այլաբանական կենդանի ջուրերը,– «կեանքի ջուրի գետ»ը։ Առ ի արդիւնք, բոլորը կատարեալ պիտի ըլլան ու յաւիտեան պիտի ապրին (Յայտ. 22։1, 2

Վճռէ Եհովայի պաշտպանութեան ձորին մէջ մնալ

18 Եթէ Եհովայի պաշտպանութեան ներքեւ մնանք, այս չար աշխարհէն պիտի վերապրինք եւ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը պիտի մտնենք։ Թէեւ բոլո՛ր ազգերը մեզ կ’ատեն, բայց մենք հաստատօրէն վճռած ենք Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակները ըլլալ եւ իր պաշտպանութեան ձորին մէջ մնալ։

^ պարբ. 11 Տե՛ս Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է, էջ 169-170։