Մեր արխիւէն
«Անմոռանալի»ն ճիշդ ժամանակին եկաւ
«ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ»։ Շատեր «Արարչագործութեան թատերախաղը» այդպէս նկարագրեցին, զայն դիտելէ ետք։ Անիկա յարմար ժամանակին եկաւ եւ անջնջելի տպաւորութիւն ձգեց դիտորդներուն վրայ։ Իրապէս, Հիթլերի վարչաձեւը Եւրոպայի մէջ Եհովայի ժողովուրդին վրայ վայրագ հալածանք բերելէ քիչ առաջ, «Արարչագործութեան թատերախաղը» մե՜ծ վկայութիւն տուաւ եւ Եհովայի փառաբանութեան նպաստեց։ Բայց ի՞նչ էր «Արարչագործութեան թատերախաղը»։
1914–ին, Նիւ Եորքի Պրուքլինի մէջ Եհովայի ծառաներուն կեդրոնատեղին արտադրեց «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը»։ Ատիկա ութ ժամ տեւող լուսապատկերներու եւ շարժապատկերի արտադրութիւն մըն էր, օժտուած՝ գոյներով եւ ձայնով։ Աշխարհի տարածքին, միլիոնաւորներ զայն դիտեցին։ Անոր կարճ տարբերակը՝ «Եւրէքա տրամա»՝ նաեւ արտադրուեցաւ 1914–ին։ 1920–ական թուականներուն սակայն, լուսապատկերները, ֆիլմերը եւ ցուցադրող մեքենաները մաշած էին։ Այսուհանդերձ, շատեր կը պահանջէին «Պատկերատրամը» դիտել։ Օրինակի համար, Գերմանիոյ Լուտվիկսպըրկ քաղաքի բնակիչները հարց տուին. «‘Պատկերատրամը’ ե՞րբ դարձեալ պիտի դիտենք»։ Ի՞նչ կարելի էր ընել։
Այդ կարիքին գոհացում տալու համար, 1920–ական թուականներուն, Գերմանիոյ Մակտըպըրկի մէջ Բեթէլի ընտանիքի ներկայացուցիչները, Փարիզի մէկ լուրերու գործակալութենէն ֆիլմեր գնեցին, իսկ Լայփցիկի եւ Տրեզտենի գծանկարչութեան հաստատութիւններէն՝ լուսապատկերներ։ Ասոնք մէկտեղ դրուեցան «Պատկերատրամ»ին հին լուսապատկերներուն հետ, որոնք տակաւին գործածելի էին։
Եղբայր Էրիք Ֆրոսթ, որ տաղանդաւոր երաժիշտ մըն էր, ֆիլմերուն եւ լուսապատկերներուն ընկերակցող երաժշտութիւն յօրինեց։ Պատմութիւնը մասամբ հիմնուեցաւ մեր Արարչագործութիւն գրքին վրայ։ Անոր համար «Պատկերատրամ»ին վերանայուած տարբերակին նոր անուն մը տրուեցաւ. «Արարչագործութեան թատերախաղը»։
Նոր թատերախաղը «Պատկերատրամ»ին նոյն երկարութիւնը ունէր,– 8 ժամ,– եւ իրարայաջորդ երեկոներու ընթացքին մաս առ մաս ցուցադրուեցաւ։ Անիկա հոյակապ մանրամասնութիւններ ներկայացուց ստեղծագործական օրերուն մասին, նկատի առաւ աստուածաշնչական ու աշխարհային պատմութիւնը եւ ցոյց տուաւ թէ սուտ կրօնքը մարդկութիւնը յուսախաբ ըրած էր։ «Արարչագործութեան թատերախաղը» ցուցադրուեցաւ Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Լիւքսամպուրկի եւ Զուիցերիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ այլուր՝ գերմանախօս դիտորդներու։
Էրիք Ֆրոսթ բացատրեց. «Թատերախաղին ներկայացումին
ընթացքին, քաջալերեցի գործակիցներս,– մանաւանդ նուագախումբի անդամները,– որ դադարին ժամանակ հանդիսատեսներուն քով երթալով՝ մեր սքանչելի գիրքերն ու գրքոյկները առաջարկեն։ Այս կերպով աւելի՛ հրատարակութիւններ բաշխեցինք, քան՝ դռնէ դուռ»։ Եոհաննէս Ռոթ, որ Լեհաստանի եւ արդի Չեխիայի Հանրապետութեան մէջ թատերախաղին ցուցադրութիւնները կազմակերպեց, կը յիշէ թէ ներկայ եղողներէն շատեր իրենց հասցէները տուին, որպէսզի մեր եղբայրները իրենց այցելեն։ Այդ հասցէները արդիւնաբեր վերայցելութիւններու հիմը կազմեցին։1930–ական թուականներուն, սրահները լեցո՛ւն էին մարդոցմով, որոնք եկած էին «Արարչագործութեան թատերախաղը» դիտելու, իսկ Եհովայի վկաներուն մասին ամէնուրեք կը խօսուէր։ 1933–ին, արդէն գրեթէ մէկ միլիոն անհատներ ներկայ գտնուած էին թատերախաղին ցուցադրութիւններուն, որոնք Գերմանիոյ մասնաճիւղը կազմակերպած էր։ Քեթի Քրոս կը յիշէ. «Այդ հինգ օրերուն ընթացքին միայն թատերախաղը դիտելու համար, իւրաքանչիւր օր շուրջ 20 քմ քալեցինք, կտրելով անտառներ, բլուրներ ու հովիտներ»։ Իսկ Էլզէ Պիլհարց կ’ըսէ. «‘Արարչագործութեան թատերախաղը’ ճշմարտութեան հանդէպ իմ սիրոյս հիմը կազմեց»։
Ալֆրէտ Ալմենտինկըր կը պատմէ, թէ երբ իր մայրը ներկայ գտնուեցաւ Թատերախաղին, «ա՛յնքան ոգեւորուեցաւ որ Աստուածաշունչ գնեց եւ փնտռեց ‘քաւարան’ բառը»։ Զայն չգտնելով՝ ան դադրեցաւ եկեղեցի յաճախելէ եւ մկրտուեցաւ։ Իսկ Էրիք Ֆրոսթ նշեց. «‘Արարչագործութեան թատերախաղը’ պատճառ եղաւ որ անհամար մարդիկ ճշմարտութեան գան» (Գ. Յովհ. 1-3)։
Հազիւ «Արարչագործութեան թատերախաղ»ի ներկայացումները իրենց գագաթնակէտին հասան, նացիականութիւնը իր ձեռքը Եւրոպային վրայ դրաւ։ 1933–էն սկսեալ, Գերմանիոյ մէջ Վկաներուն գործունէութիւնները արգիլուեցան։ Եւ այդ տարուընէ մինչեւ Բ. Աշխարհամարտին աւարտը (1945), Եւրոպայի մէջ Եհովային ծառաները դառն հալածանքի ենթարկուեցան։ Էրիք Ֆրոսթ շուրջ ութ տարի արգելափակուեցաւ։ Բայց վերապրեցաւ եւ յետագային Բեթէլին մէջ ծառայեց, Գերմանիոյ Վիսպատեն քաղաքին մէջ։ Ի՜նչ լաւ եղաւ որ անմոռանալի «Արարչագործութեան թատերախաղը» ճիշդ ժամանակին եկաւ, զօրացնելու համար բազմաթիւ քրիստոնեաները, որոնց հաւատքը փորձի պիտի ենթարկուէր Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին (Գերմանիոյ մեր արխիւէն)։