Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Խօսքը գործածելով՝ դուն քեզի եւ ուրիշներուն օգնէ

Աստուծոյ Խօսքը գործածելով՝ դուն քեզի եւ ուրիշներուն օգնէ

«Ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարեմ» (ՍԱՂ. 119։128

1. Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ ինչո՞ւ լման վստահութիւն պէտք է ունենանք։

ԵՐԲ երէցները նկատի կ’առնեն, թէ Աստուածաշունչի աշակերտ մը դաշտի ծառայութեան մասնակցելու որակեա՛լ է կամ ոչ, իրենք իրենց հարց կու տան. ‘Անհատին արտայայտութիւնները ցոյց կու տա՞ն թէ կը հաւատայ որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է’ *։ Բոլորս պէտք է մեր խօսքով ու վարքով ցոյց տանք, թէ Աստուածաշունչին կը վստահինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ լիովին կը վստահինք Աստուածաշունչին եւ զայն ծառայութեան մէջ լաւագոյն կերպով կը գործածենք, պիտի կարենանք օգնել ուրիշներուն որ Եհովան ճանչնան եւ փրկուին։

2. Ինչո՞ւ ‘մեր սորված բաներուն մէջ’ պէտք է յարատեւենք։

2 Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ Խօսքին կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ Տիմոթէոսին գրեց. «Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր»։ Պօղոսի նշած «բաներ»ը, աստուածաշնչական ճշմարտութիւններն են, որոնք Տիմոթէոսը մղեցին որ բարի լուրին հաւատայ։ Այդ ճշմարտութիւնները ներկայիս մեր վրայ նոյն ազդեցութիւնը ունին եւ մեզի կ’օգնեն որ ‘փրկութեան համար իմաստուն’ մնանք (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Իսկ Պօղոսի յաջորդ խօսքերը յաճախ կը գործածենք, ուրիշներուն ցոյց տալու որ Սուրբ Գիրքը աստուածային ծագում ունի։ Բայց Բ. Տիմոթէոս 3։16–ի խօսքերէն անձամբ կրնանք յաւելեալ օգուտ քաղել (կարդա՛)։ Մանրամասնօրէն նկատի առնենք այդ համարը։ Այսպէս, ա՛լ աւելի վստահութիւն պիտի ունենանք թէ Եհովայի ուսուցումները «ուղիղ» են (Սաղ. 119։128

‘ՕԳՏԱԿԱՐ Է ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ’

3-5. ա) Պէնտէկոստէին, բազմութիւն մը Պետրոսի դասախօսութեան ինչպէ՞ս ընդառաջեց եւ ինչո՞ւ։ բ) Թեսաղոնիկէի մէջ ինչո՞ւ շատեր ճշմարտութիւնը ընդունեցին։ գ) Ներկայիս, մեր ծառայութեան նկատմամբ ի՞նչ բան կը տպաւորէ մարդիկը։

3 Յիսուս իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Ահա ես կը ղրկեմ ձեզի մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ» (Մատ. 23։34)։ Ան կը խօսէր իր աշակերտներուն մասին, որոնց կը սորվեցնէր Սուրբ Գրութիւնները գործածել իրենց ծառայութեան մէջ։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, այդ «դպիրներ»էն կամ ուսուցիչներէն մէկը՝ Պետրոս առաքեալ, Երուսաղէմի մէջ հսկայ բազմութեան մը առջեւ դասախօսութիւն տուաւ, որուն ընթացքին Եբրայերէն Գրութիւններէն զանազան հատուածներ մէջբերեց։ Երբ այդ հատուածներուն մեկնաբանութիւնը լսեցին, ունկնդիրներէն ոմանք «իրենց սրտերուն մէջ զղջացին»։ Անոնք իրենց անցեալի սխալներուն համար զղջացին եւ Աստուծմէ ներում խնդրեցին։ Այդ օրը շուրջ 3000 հոգի մկրտուեցան եւ քրիստոնեայ դարձան (Գործք 2։37-41

4 Ուրիշ ուսուցիչ մը՝ Պօղոս առաքեալ, Երուսաղէմէն դուրս բարի լուրը քարոզեց։ Օրինակ՝ Մակեդոնիոյ Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ, ան ժողովարանի մը մէջ պաշտամունք մատուցանողներուն քարոզեց։ «Պօղոս. . . երեք շաբաթ օր խօսեցաւ անոնց հետ գրքերէն, մեկնելով եւ անոնց առջեւ դնելով թէ՝ պէտք էր որ Քրիստոս չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր»։ Առ ի արդիւնք, «[հրեաներէն] ոմանք հաւատացին. . . յոյներէն ալ մեծ բազմութիւն» (Գործք 17։1-4

5 Այսօր Աստուածաշունչը գործածելու Աստուծոյ ծառաներուն կերպը շատերը կը տպաւորէ։ Զուիցերիոյ մէջ, մեր քոյրերէն մէկը ծառայութեան մէջ համար մը կարդալէ ետք, տանտէրը հարցուց. «Ո՞վ կը ներկայացնես»։ Քոյրը պատասխանեց. «Ընկերակիցս եւ ես Եհովայի վկաներ ենք»։ Տանտէրը ըսաւ. «Պէ՛տք էր գիտնայի։ Եհովայի վկաներէն զատ ո՞վ պիտի գար տունս՝ ինծի Աստուածաշունչէն կարդալու»։

6, 7. ա) Ժողովքէն ներս ուսուցանողները ինչպէ՞ս կրնան Աստուածաշունչը լաւագոյնս գործածել։ բ) Մինչ ուրիշներուն կ’ուսուցանենք, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչը լաւագոյնս գործածել։

6 Մինչ ուրիշներուն կ’ուսուցանենք, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչը լաւագոյնս գործածել։ Եթէ առանձնաշնորհում ունիս ամպիոնէն ժողովքին ուսուցանել, Աստուածաշունչի մասնայատուկ համարներ գործածէ։ Փոխանակ բանալի համարները յարասելու կամ համակարգիչի միջոցաւ տպուած կամ ցուցադրուած համարները գործածելու, Աստուածաշունչը բաց եւ անկէ կարդա՛, ու ներկաները քաջալերէ որ նոյնը ընեն։ Նաեւ, բացատրէ համարներուն նշանակութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս ատոնք ներկաներուն կ’օգնեն որ Եհովայի հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենան։ Խրթին լուսաբանութիւններ կամ զուարճալի փորձառութիւններ գործածելու տեղ, ժամանակը օգտագործէ Աստուծոյ Խօսքը քննարկելու։

7 Մինչ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ կը վարենք, ի՞նչ բան պէտք է ի մտի ունենանք։ Երբ մեր հրատարակութիւնները կը գործածենք, ուշադիր պէտք է ըլլանք որ Աստուածաշունչի ակնարկութիւնները չանտեսենք։ Պէտք է քաջալերենք աշակերտը որ նշուած համարները կարդայ, եւ օգնենք՝ որ անոնց իմաստը ըմբռնէ։ Ինչպէ՞ս։ Ո՛չ թէ երկար–բարակ բացատրութիւններ տալով,– ինչ որ ուսումնասիրութիւնը դասախօսութեան կը վերածէ,– այլ՝ քաջալերելով աշակերտը որ արտայայտուի։ Փոխանակ անոր ըսելու թէ ի՛նչ բանի հաւատայ կամ ինչպէ՛ս վարուի, կրնանք լաւ–մտածուած հարցումներ ուղղել, որպէսզի կարենայ պատշաճ եզրակացութիւններու յանգիլ *։

‘ՕԳՏԱԿԱՐ Է ՅԱՆԴԻՄԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ’

8. Պօղոս ի՞նչ ներքին պայքար կը մղէր։

8 Յաճախ կը խորհինք թէ «յանդիմանելու» հարցը երէցներուն տրուած է։ Եւ իրապէս, տեսուչները պատասխանատուութիւն ունին յանդիմանելու «անոնք որ մեղք կը գործեն» (Ա. Տիմ. 5։20. Տիտ. 1։13)։ Բայց մենք մեզ յանդիմանելը նաեւ կարեւոր է։ Պօղոս օրինակելի քրիստոնեայ մըն էր, որ մաքուր խղճմտանք ունէր (Բ. Տիմ. 1։3)։ Ասով հանդերձ, ան գրեց. «Ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին»։ Այդ խօսքերուն բովանդակութիւնը ուսումնասիրելով, աւելի լաւ կերպով պիտի հասկնանք թէ Պօղոս մղելիք ի՛նչ պատերազմ ունէր, իր մեղաւոր բնոյթը հակակշռելու համար (կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։21-25

9, 10. ա) Պօղոս հաւանաբար ի՞նչ տկարութիւններ ունէր։ բ) Պօղոս մեղքին դէմ հաւանաբար ինչպէ՞ս պայքարեցաւ։

9 Պօղոս ջանաց ինչպիսի՞ տկարութիւններ յաղթահարել։ Թէեւ զանոնք չնշեց, բայց Տիմոթէոսին գրեց թէ «թշնամանող» էր (Ա. Տիմ. 1։13)։ Քրիստոնեայ դառնալէ առաջ, Պօղոս քրիստոնեաներուն հանդէպ շատ գէշ վերաբերմունք ցուցաբերած էր։ Անոնց նկատմամբ իր ունեցած զգացումներուն մասին, ան խոստովանեցաւ. «Անոնց դէմ սաստիկ կատղած [էի]» (Գործք 26։11)։ Ան սորվեցաւ իր բարկութիւնը զսպել, բայց հաւանաբար շարունակեց ջանք թափել որ իր զգացումներն ու խօսքերը հակակշռի տակ առնէ (Գործք 15։36-39)։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ յաջողի։

10 Երբ Կորնթոսի քրիստոնեաներուն կը գրէր, Պօղոս բացատրեց թէ ի՛նչ ըրաւ ինքզինք յանդիմանելու համար (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 9։26, 27Ան իր տկարութիւններուն նկատմամբ լուրջ քայլեր առաւ։ Շատ հաւանաբար, Սուրբ Գրութիւններէն խրատներ փնտռեց, զանոնք կիրարկելու համար Եհովայի օգնութիւնը խնդրեց եւ շատ ջանք թափեց որ բարելաւուի *։ Իր օրինակէն կրնանք օգտուիլ, քանի որ մենք ալ համանման պատերազմ կը մղենք մեր անկատար հակումներուն դէմ։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ ‘փորձել’, տեսնելու համար թէ ճշմարտութեան ճամբուն մէջ ենք կամ ոչ։

11 Մեր պաշտամունքին մէջ բնա՛ւ ինքնագոհ պէտք չէ ըլլանք։ Փոխարէն, պէտք է ‘փորձենք’ մեր անձերը, վստահ ըլլալու համար որ իրապէս ճշմարտութեան ճամբուն մէջ ենք (Բ. Կոր. 13։5Կողոսացիս 3։5-10–ի նման համարներ կարդալով, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Իրապէս ջանք կը թափե՞մ իմ մեղաւոր հակումներս սպաննելու, թէ ոչ բարոյական գետնի վրայ ետեւ կ’երթամ։ Համացանցը գործածելու ատեն, եթէ անբարոյ կայքէջ մը աչքիս առջեւ բացուի, անկէ դուրս կ’ելլե՞մ, թէ ոչ անպատշաճ կայքէջեր կը փնտռեմ’։ Մեր անձնական կեանքին մէջ Աստուծոյ Խօսքին խրատը այսպէս կիրարկելը, մեզի պիտի օգնէ որ «արթուն ու զգաստ ըլլանք» (Ա. Թես. 5։6-8

‘ՕԳՏԱԿԱՐ Է ՇՏԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ’

12, 13. ա) Հարցեր «շտկելու» մէջ մեր նպատակակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, եւ այս մարզին մէջ Յիսուսի օրինակը ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել։ բ) Երբ ուրիշներու հետ հարցեր ‘կը շտկենք’, ո՞ր խօսակցական կերպէն պէտք է խուսափինք։

12 «Շտկել» թարգմանուած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ «ուղղել, կարգի բերել, սրբագրել, բարւոքել»։ Ատեններ, պէտք է նախաքայլը առնենք ուրիշներու հետ հարցերը շտկելու, երբ մեզ կամ մեր արարքները սխալ կերպով հասկնան։ Օրինակի համար, հրեայ կրօնական առաջնորդները դժգոհեցան որ Յիսուս «մաքսաւորներու ու մեղաւորներու» հետ ազնուութեամբ կը վարուէր։ Յիսուս հակազդեց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։ Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’» (Մատ. 9։11-13)։ Ան համբերութեամբ եւ քաղցրութեամբ Աստուծոյ խօսքերը բոլորին բացատրեց։ Այսպէս, խոնարհները սկսան ճանչնալ Եհովան որպէս՝ «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» (Ել. 34։6)։ Հարցերը «շտկելու» Աստուծոյ Որդիին թափած ջանքերուն շնորհիւ, շատեր բարի լուրին հաւատացին։

13 Յիսուսի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ ուրիշներուն հետ ինչպէ՛ս վարուիլ։ Մէկը որ վիրաւորուած է, կրնայ կոշտ ոճով ըսել. ‘Մեր միջեւ եղած հարցը պէտք է շտկե՛նք’։ Բայց այսպիսի մօտեցում մը Բ. Տիմոթէոս 3։16–ի նշածին համապատասխան չէ։ Սուրբ Գրութիւնները մեզի իրաւասութիւն չեն տար, որ անհատի մը հետ անզգամութեամբ խօսինք։ «Սուրի պէս», խիստ քննադատութիւնը յաճախ ցաւ կը պատճառէ եւ օգուտներ յառաջ չի բերեր (Առ. 12։18

14-16. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան հարցերը այնպէս մը ‘շտկել’, որ ուրիշներուն օգնեն իրենց խնդիրները լուծելու։ բ) Հարցերը սուրբ գրային կերպով ‘շտկելը’ ինչո՞ւ կարեւոր է, երբ զաւակներ կը մեծցնենք։

14 Ուստի, հարցեր «շտկելու» մէջ ինչպէ՞ս կրնանք համբերութեամբ եւ ազնուութեամբ վարուիլ։ Ենթադրենք թէ քրիստոնեայ զոյգ մը երէցի մը օգնութիւնը կը հայցէ, իրենց յաճախակի վիճաբանութիւններուն վերջ դնելու համար։ Երէցը ի՞նչ պիտի ընէ։ Առանց կողմ բռնելու, ան կրնայ զոյգին հետ նկատի առնել Աստուածաշունչի սկզբունքները,– թերեւս ինչ որ նշուած է Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գրքին 3–րդ գլուխին մէջ։ Քննարկութեան ընթացքին, ամուսինն ու կինը թերեւս զատորոշեն, թէ ո՛ր խրատը պէտք է աւելի լիովին կիրարկեն։ Յետագային, երէցը կրնայ զոյգին հարցնել, թէ պարագան կը բարելաւուի՛ կամ ոչ, եւ հարկ եղած օգնութիւնը հայթայթել։

 15 Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան հարցերը այնպէս մը ‘շտկել’, որ իրենց զաւակներուն հոգեւորութիւնը զօրանայ։ Երեւակայէ թէ որպէս ծնող կ’ուզես պատանի աղջկանդ օգնել, որ հարցական բարեկամութենէ մը խուսափի։ Նախ, պէտք է իրողութիւններուն տեղեակ ըլլաս։ Ապա, եթէ մտահոգութեան պատճառ կայ, կրնաս անոր հետ խօսիլ,– թերեւս Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր 2, գրքին կէտերը գործածելով։ Յաջորդող օրերուն, անոր հետ յաւելեալ ժամանակ անցուր։ Նաեւ իր կեցուածքին ուշադրութիւն ընծայէ, մինչ ան ծառայութեան մէջ է կամ երբ ընտանեօք ժամանակ կ’անցընէք։ Եթէ համբերութիւն եւ ազնուութիւն ցուցաբերես, աղջիկդ սիրալիր հետաքրքրութիւնդ պիտի շօշափէ։ Եւ հաւանաբար պիտի մղուի խրատդ կիրարկելու եւ ետ կենայ կեանքին մէջ ցաւալի ընտրութիւն ընելէ։

Իրենց զաւակներուն հետ հարցեր «շտկելու» համար Աստուածաշունչը քաղցրութեամբ գործածելով, ծնողները անոնց կ’օգնեն սրտացաւէ խուսափելու (տե՛ս  15–րդ պարբերութիւնը)

16 Համանման համբերութեամբ եւ քաղցրութեամբ, կրնանք քաջալերել անոնք՝ որոնք իրենց առողջութեան նկատմամբ մտահոգ են, գործազրկութեան պատճառաւ վհատած են կամ որոշ սուրբ գրային ուսուցումներու պատճառաւ շփոթութեան մատնուած են։ Հարցեր «շտկելու» համար Աստուծոյ Խօսքը գործածելը, Եհովայի ծառաներուն մեծ օգուտներ կը բերէ։

‘ՕԳՏԱԿԱՐ Է ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԽՐԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ’

17. Խրատը ինչո՞ւ երախտապարտութեամբ պէտք է ընդունինք։

17 «Ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն» (Եբ. 12։11)։ Քրիստոնեայ չափահասներուն մեծամասնութիւնը կը համաձայնի, թէ իրենց հաւատացեալ ծնողքէն ստացած կրթութիւնը իրենց օգնած է։ Եւ երէցներուն միջոցաւ Եհովայէն մեր ստացած խրատը ընդունիլը, մեզ կեանքի ճամբուն մէջ կը պահէ (Առ. 4։13

18, 19. ա) Առակաց 18։13–ի խրատը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է «արդարութեան մէջ խրատելու համար»։ բ) Յանցագործներուն հետ իրենց գործառնութեան մէջ երբ երէցները քաղցրութիւն եւ սէր ի գործ կը դնեն, արդիւնքը յաճախ ի՞նչ կ’ըլլայ։

18 Ազդու խրատ տալը հմտութիւն է։ Եհովան քրիստոնեաներուն ըսաւ որ «արդարութեան մէջ» խրատեն (Բ. Տիմ. 3։16)։ Ուստի, Աստուածաշունչի սկզբունքները որպէս ուղեցոյց պէտք է գործածենք։ Այսպիսի մէկ սկզբունք կը գտնուի Առակաց 18։13–ի մէջ, որ կ’ըսէ. «Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն»։ Ուստի, երբ մէկը երէցներուն ըսէ թէ եղբայր մը կամ քոյր մը մեղանչած է, անոնք վստահ պիտի ըլլան որ բոլոր իրողութիւնները ունին, առա՛ջ որ անհատը խրատեն (Բ. Օր. 13։14)։ Միայն ա՛յդ ատեն կրնան «արդարութեան մէջ» խրատել։

19 Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ երէցները որ ուրիշները «քաղցրութեամբ» սրբագրեն (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։24-26Ճիշդ է որ անհատը կրնայ Եհովայի անուան նախատինք բերել եւ անմեղ մարդոց վնաս հասցնել։ Բայց եթէ երէցը զայրանայ մինչ այսպիսի անհատ մը կը խրատէ, անոր օգնած պիտի չըլլայ։ Միւս կողմէ, երբ երէցները «Աստուծոյ քաղցրութիւնը» կ’ընդօրինակեն, մեղանչողը թերեւս մղուի զղջալու (Հռով. 2։4

20. Մինչ իրենց զաւակները կը կրթեն, ծնողները ի՞նչ սկզբունքներ պէտք է կիրարկեն։

20 Երբ իրենց զաւակները «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» կը մեծցնեն, ծնողները պէտք է Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկեն (Եփ. 6։4)։ Հայր մը պէտք չէ իր զաւակը պատժէ, երբ հարցը տակաւին մէկ անկիւնէ լսած է։ Իսկ վայրագ բարկութիւնը քրիստոնէական ընտանիքէն ներս տեղ չունի։ «Տէրը բազմագութ ու ողորմած է», եւ երեխաները կրթելու պատասխանատուութիւնը ունեցողները պէտք է ջանան նոյն սիրալիր յատկութիւնները ցուցաբերել (Յակ. 5։11

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ՊԱՐԳԵՒՆ Է

21, 22. Սաղմոս 119։97-104–ի ո՞ր արտայայտութիւնը լաւագոյնս կը նկարագրէ Եհովայի Խօսքին հանդէպ ունեցած զգացումներդ։

21 Աստուածավախ մարդ մը անցեալին յայտնեց, թէ ինչո՛ւ Եհովային օրէնքը կը սիրէր (կարդա՛ Սաղմոս 119։97-104Զայն ուսումնասիրելով՝ ան իմաստութիւն, հանճար եւ հասկացողութիւն ձեռք ձգեց։ Ատոր խրատին հետեւիլը իրեն օգնեց որ խուսափի սխալ ճամբաներէ, որոնք կրնային ուրիշներուն սրտացաւ պատճառել։ Իրեն համար, Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելը հաճելի եւ գոհացուցիչ էր։ Ան վճռած էր՝ ամբողջ իր կեանքին ընթացքին Աստուծոյ հնազանդիլ։

22 Աստուածաշունչը կ’արժեւորե՞ս։ Ատիկա կրնայ քեզի օգնել որ հաւատաս թէ Եհովան իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Ատոր ներշնչեալ խրատը քեզ կը պաշտպանէ, որ մահուան առաջնորդող մեղքեր չգործես։ Եւ զայն հմտութեամբ բացատրելով՝ կրնաս ուրիշներուն օգնել որ կեանքի ճամբան ընտրեն եւ մէջը մնան։ Թող որ «բոլոր գիրքը» լիովին գործածենք, մինչ մեր ամէնիմաստուն եւ սիրալիր Հօր՝ Եհովային՝ կը ծառայենք։

^ պարբ. 1 Տե՛ս Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքը, էջ 79 (անգլերէն)։

^ պարբ. 7 Ուսուցանած ատեն, Յիսուս յաճախ հարցուց. «Ինչպէ՞ս կ’երեւնայ ձեզի», կամ «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը» (ԱԾ)։ Եւ ապա անոնց պատասխանին սպասեց (Մատ. 18։12. 21։28. 22։42

^ պարբ. 10 Պօղոսի նամակները շատ կը քաջալերեն որ մեղաւոր հակումները յաղթահարենք (Հռով. 6։12. Գաղ. 5։16-18)։ Տրամաբանական է եզրակացնել թէ ուրիշներուն տուած իր խրատները ի՛նք ալ կիրարկեց (Հռով. 2։21