Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’

‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’

‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (ՓԼՊ. 1։10, ՆԱ

1, 2. Վերջին օրերու նկատմամբ կանխագուշակուած ո՞ր մարգարէութիւնը Յիսուսի աշակերտները հետաքրքրած ըլլալու էր եւ ինչո՞ւ։

ՅԻՍՈՒՍ տակաւին նոր պատմած էր իր աշակերտներուն, թէ տաճարը պիտի կործանուէր։ Իր այս խօսքերը մտահոգեցին Պետրոսը, Յակոբոսը, Յովհաննէսը եւ Անդրէասը (Մար. 13։1-4)։ Ուստի, երբ վերջապէս անոր հետ առանձին եղան, անոր հարցուցին. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։1-3)։ Յիսուս սկսաւ անոնց պատմել միջադէպերու կամ իրավիճակներու մասին, որոնք ոչ միայն հսկայ փոփոխութիւններ յառաջ պիտի բերէին, այլեւ՝ Սատանայի չար աշխարհին վերջին օրերը պիտի բնորոշէին։ Մասնայատուկ մէկ միջադէպ հետաքրքրած ըլլալու էր իր աշակերտները։ Պատերազմներու, սովերու եւ անօրէնութեան շատնալուն նման ընկճիչ հարցեր նշելէ ետք, Յիսուս կանխագուշակեց թէ վերջին օրերուն աչքառու դրական նշան մըն ալ պիտի ըլլար։ Ան ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։7-14

2 Յիսուսի աշակերտները արդէն անոր հետ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզէին (Ղուկ. 8։1. 9։1, 2)։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք յիշեցին անոր սա խօսքը. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Ղուկ. 10։2)։ Բայց անոնք ինչպէ՞ս պիտի քարոզէին «բովանդակ աշխարհի մէջ» եւ «բոլոր ազգերուն վկայութիւն» տային։ Մշակները ուրկէ՞ պիտի գային։ Երանի՜ թէ աշակերտները կարենային երեւակայել թէ Մատթէոս 24։14–ի խօսքը ի՜նչ հոյակապ կերպով պիտի կատարուէր։

3. Ղուկաս 21։34–ը ներկայիս ինչպէ՞ս կը կատարուի, եւ ի՞նչ ինքնաքննութիւն պէտք է ընենք։

3 Յիսուսի մարգարէութեան կատարման օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Աշխարհի տարածքին, միլիոնաւորներ ուս–ուսի Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն (Եսա. 60։22)։ Բայց Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ, թէ ոմանց համար դժուար պիտի ըլլար իրենց կեանքին մէջ քարոզչութիւնը առաջին տեղը դասել։ Անոնք մտացիր պիտի դառնային եւ ծանրաբեռնուէին (կարդա՛ Ղուկաս 21։34Ասոր կատարման ալ ականատես կ’ըլլանք։ Աստուծոյ ժողովուրդէն ոմանք կը շեղին։ Ասիկա կարելի է նշմարել՝ աշխարհիկ գործին, բարձր ուսման եւ ստացուածքներ դիզելու նկատմամբ անոնց առած որոշումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մարզանքին եւ ժամանցին շատ ժամանակ տրամադրելուն մէջ։ Ուրիշներ ամէնօրեայ կեանքի ճնշումներուն եւ մտահոգութիւններուն պատճառաւ կը թուլնան։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ կարելի է ըսել իմ մասիս։ Որոշումներս ի՞նչ կը յայտնեն կեանքիս առանցքին մասին’։

4. ա) Պօղոս Փիլիպպէի քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ աղօթեց, եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք այս ու յաջորդ յօդուածին մէջ, եւ անոնք մեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնեն։

4 Առաջին դարու քրիստոնեաները իրենց հոգեւոր առաջնահերթութիւնները պահպանելու համար, ջանք պէտք է թափէին։ Պօղոս առաքեալ հարկ տեսաւ աղօթել փիլիպպեցիներու համար, որ ‘աւելի կարեւոր բաները ընտրեն’ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։9-11Պօղոս առաքեալի նման, այդ ատեն մեծամասնութիւնը ‘համարձակեցաւ Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի’ (Փլպ. 1։12-14)։ Համանման կերպով, ներկայիս մեր մեծամասնութիւնը Աստուծոյ Խօսքը անվախօրէն կը քարոզէ։ Ուստի, շատ քաջալերական է քննարկել այս յօդուածին մէջ, թէ ինչպէ՛ս Եհովան իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ, Մատթէոս 24։14–ը կատարելու համար։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ ծառայութեան մէջ աւելի՛ նախանձախնդիր ըլլանք։ Եհովայի կազմակերպութեան առաջնահերթութիւնը ի՞նչ է, եւ ասիկա գիտնալը ինչպէ՞ս մեզ եւ մեր ընտանիքները կը քաջալերէ։ Իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք տոկալ եւ Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահել։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ՄԱՍԸ Կ’ԸՆԹԱՆԱՅ

5, 6. ա) Իր կազմակերպութեան երկնային մասին նկատմամբ, Եհովան ինչո՞ւ տեսիլքներ հայթայթած է։ բ) Եզեկիէլ տեսիլքին մէջ ի՞նչ տեսաւ։

5 Շատ բաներ կան, որոնց մասին Եհովան ընտրած է իր Խօսքին մէջ չխօսիլ։ Օրինակի համար, ան մարդկային ուղեղին եւ տիեզերքին մասին մանրամասնութիւններ չէ տուած, թէեւ այսպիսի տեղեկութիւններ շատ հրապուրիչ պիտի ըլլային։ Փոխարէն, Եհովան հայթայթեց այնպիսի տեղեկութիւններ՝ որոնց պէտք ունինք, իր նպատակները հասկնալու եւ անոնց հետ ներդաշնակ ապրելու համար (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Ուստի, հետաքրքրական է որ Եհովան ընտրած է իր կազմակերպութեան անտեսանելի մասին շուրջ տեղեկութիւններ հայթայթել մեզի։ Եւ որքա՜ն ոգեւորիչ է զանոնք կարդալ՝ Եսայի, Եզեկիէլ, Դանիէլ եւ Յայտնութիւն գիրքերուն մէջ (Եսա. 6։1-4. Եզեկ. 1։4-14, 22-24. Դան. 7։9-14. Յայտ. 4։1-10բ)։ Լաւ, ան ինչո՞ւ այս տեղեկութիւնները տուած է։

6 Եհովան կ’ուզէ որ բնաւ չմոռնանք, թէ տիեզերական կազմակերպութեան մը մէկ մասն ենք։ Եհովայի կազմակերպութեան անտեսանելի մասը շատ ջանք կը թափէ Իր կամքը կատարելու համար։ Օրինակ՝ Եզեկիէլ Եհովայի կազմակերպութեան անտեսանելի մասը որպէս երկնային վիթխարի կառք տեսաւ։ Այս կառքը կրնար շատ արագօրէն շարժիլ եւ իսկոյն իր ուղղութիւնը փոխել (Եզեկ. 1։15-21)։ Տեսիլքին մէջ, Եզեկիէլ նաեւ կրցաւ կառքը Հեծնողը տեսնել։ Ան ըսաւ. «Ոսկեպղնձի նման՝ բոլորտիքը ու ներսը կրակի նմանութեան պէս տեսայ. . . Ասիկա Տէրոջը փառքին նմանութեանը երեւոյթն էր» (Եզեկ. 1։25-28)։ Ասիկա որքա՜ն երկիւղ ներշնչող տեսիլք մըն էր Եզեկիէլի համար։ Ան տեսաւ թէ Եհովան իր կազմակերպութիւնը իր հակակշռին տակ առած է եւ զայն իր սուրբ հոգիին միջոցաւ կ’առաջնորդէ։ Ի՜նչ հետաքրքրաշարժ նկարագրութիւն մը Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասին որ յառաջ կ’ընթանայ։

7. Դանիէլի տեսած տեսիլքը ինչպէ՞ս մեզ կը հաւաստիացնէ։

7 Դանիէլն ալ տեսաւ տեսիլք մը որ մեզ կը հաւաստիացնէ։ Ան տեսաւ Եհովան՝ նկարագրուած որպէս «Հինաւուրց», նստած աթոռի մը վրայ, որ կրակի բոցի պէս էր ու անիւներ ունէր (Դան. 7։9)։ Եհովան ուզեց որ Դանիէլ տեսնէ թէ Իր կազմակերպութիւնը յառաջ կ’ընթանայ՝ Իր նպատակը իրագործելով։ Դանիէլ նաեւ տեսաւ «Որդի մարդոյ նման մէկը»՝ Յիսուսը, որուն վերատեսչութիւն տրուեցաւ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին վրայ։ Քրիստոսի կատարեալ իշխանութիւնը միայն քանի մը տարի տեւող իշխանութիւն չէ. այլ՝ «անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի» (Դան. 7։13, 14)։ Այս տեսիլքը մեզ կը մղէ Եհովային վստահելու եւ իր իրագործած բաները գիտնալու։ Ան «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն» տուաւ իր Որդիին, անոր վստահելով։ Ուստի, մենք ալ կրնանք Յիսուսի իշխանութեան հանդէպ վստահութիւն ունենալ։

8. Եհովայի տեսիլքները ինչպէ՞ս ազդեցին Եզեկիէլի ու Եսայիի, եւ ինչպէ՞ս պէտք է ազդեն մեզի։

8 Եհովայի կազմակերպութեան առնչուող այս տեսիլքները մեզի ինչպէ՞ս կ’ազդեն։ Եզեկիէլի նման, Եհովայի արարքներով խորապէս կը տպաւորուինք (Եզեկ. 1։28. 2։1)։ Եհովայի կազմակերպութեան վրայ խոկալը կրնայ մեզ գործի մղել, ճիշդ ինչպէս որ Եսային մղեց։ Երբ ան պատեհութիւն ունեցաւ Եհովայի արարքներուն մասին ուրիշներուն պատմելու, անվարան գործի լծուեցաւ (կարդա՛ Եսայի 6։5, 8Ան վստահ էր թէ Եհովայի օգնութեամբ կրնար որեւէ մարտահրաւէր դիմագրաւել։ Եսայիի նման, կը մղուինք Եհովայի կազմակերպութեան աջակցելու, Անոր աւելի՛ ծառայելով։ Շատ քաջալերական է գիտնալ թէ մենք մաս կը կազմենք կազմակերպութեան մը, որ Եհովայի կամքը կատարելով շարունակ զբաղած է։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐԱՅԻՆ ՄԱՍԸ

9, 10. Եհովայի կազմակերպութեան տեսանելի մասին ինչո՞ւ հարկ կայ։

9 Իր Որդիին միջոցաւ, Եհովան հոս երկրի վրայ կարգադրութիւն մը հաստատեց, որ կազմակերպութեան անտեսանելի մասին հետ ներդաշնակ է։ Մատթէոս 24։14–ի մէջ նկարագրուած աշխատանքը կատարելու համար, ինչո՞ւ տեսանելի կարգադրութեան հարկ կայ։ Նկատի առ երեք պատճառ։

10 Առաջին, Յիսուս նշեց թէ այդ քարոզչութիւնը իր աշակերտները պիտի տանէր «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Երկրորդ, աշխատանքին մասնակցողները հոգեւոր սնունդի, ցուցմունքներու եւ քաջալերութեան պէտք պիտի ունենային (Յովհ. 21։15-17)։ Երրորդ, կարգադրութիւններ պէտք էր ըլլային, որպէսզի բարի լուրը քարոզողները կարենային մէկտեղ հաւաքուիլ Եհովան պաշտելու եւ սորվելու ինչպէ՛ս աշխատանքը կատարել (Եբ. 10։24, 25)։ Այս նպատակակէտերը չէին կրնար դիպուածով իրագործուիլ։ Որպէսզի Քրիստոսի հետեւորդները յաջողէին, աշխատանքը պէտք է լաւ կերպով կազմակերպուէր։

11. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, թէ Եհովայի կազմակերպութեան ըրած կարգադրութիւններուն կ’աջակցինք։

11 Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, թէ Եհովայի կազմակերպութեան ըրած կարգադրութիւններուն կ’աջակցինք։ Կարեւոր կերպերէն մէկն է միշտ վստահիլ՝ Եհովայի եւ Յիսուսի նշանակած անհատներուն, որոնք քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն։ Այս եղբայրները իրենց ժամանակն ու կորովը չեն գործածեր ջանալու համար այս աշխարհի խնդիրները լուծել։ Նկատի առնենք, թէ Եհովայի կազմակերպութեան տեսանելի մասին առաջնահերթութիւնը միշտ ի՛նչ եղած է։

‘ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆԵՐՈՒՆ’ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼ

12, 13. Երէցները իրենց նշանակումը ինչպէ՞ս կը կատարեն, եւ ասիկա ինչո՞ւ քաջալերական է քեզի համար։

12 Աշխարհի տարածքին, փորձառու երէցներ պատասխանատուութիւն ունին իրենց ծառայած երկիրներուն մէջ քարոզչութիւնը կազմակերպելու եւ առաջնորդելու։ Մինչ անոնք որոշումներ կը կայացնեն, Աստուծոյ Խօսքին ուղղութիւնը կը փնտռեն, զայն ընելով ‘իրենց ոտքերուն ճրագ եւ իրենց շաւիղներուն լոյս’, եւ աղօթքով անկեղծօրէն կը խնդրեն Եհովայի առաջնորդութիւնը (Սաղ. 119։105. Մատ. 7։7, 8

13 Առաջին դարուն առաջնորդութիւն առնողներուն նման, երէցները՝ որոնք քարոզչութեան վրայ կը վերահսկեն, «Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով [կը] պարապին» (Գործք 6։4)։ Անոնք մեծապէս կ’ուրախանան տեսնելով բարի լուրի քարոզչութեան յառաջդիմութիւնը թէ՛ իրենց երկրին մէջ եւ թէ աշխարհի տարածքին (Գործք 21։19, 20)։ Անվերջ գործընթացներ եւ կանոններ դնելու փոխարէն, երէցները Սուրբ Գրութիւններուն եւ սուրբ հոգիին առաջնորդութեան կը հետեւին, մինչ հարկ եղած կարգադրութիւնները կ’ընեն՝ քարոզչութիւնը յառաջ տանելու համար (կարդա՛ Գործք 15։28Այսպէս ընելով, այս պատասխանատու եղբայրները լաւ օրինակ կը հանդիսանան ժողովքի բոլոր անդամներուն (Եփ. 4։11, 12

14, 15. ա) Աշխարհի տարածքին, քարոզչութեան աջակցելու ի՞նչ կարգադրութիւններ կան։ բ) Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ բերած բաժինիդ նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։

14 Շատերս չենք տեսներ այն եղբայրներուն աշխատանքը, որոնք վարագոյրին ետեւէն յարատեւաբար հոգեւոր սնունդ կը պատրաստեն,– մեր հրատարակութիւնները, ժողովքներու եւ համաժողովներու յայտագիրները։ Իսկ հազարաւոր կամաւորներ անխոնջօրէն կ’աշխատին այդ հոգեւոր սնունդը աւելի քան 600 լեզուներով թարգմանելու, որպէսզի կարելի եղածին չափ շա՛տ մարդիկ կարենան «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» իրենց մայրենի լեզուով սորվիլ (Գործք 2։7-11)։ Երիտասարդ եղբայրներ եւ քոյրեր կ’աշխատին՝ արագընթաց տպագրամեքենաներով եւ կազմիչ սարքերով հրատարակութիւնները արտադրելու համար։ Ապա, այս հրատարակութիւնները կը բաշխուին նոյնիսկ հեռաւոր շրջաններու մէջ գտնուող ժողովքներուն։

15 Բազմաթիւ կարգադրութիւններ եղած են, որպէսզի կարենանք մեր ժողովքի անդամներուն հետ բարի լուրը քարոզելու վրայ կեդրոնանալ։ Օրինակի համար, հազարաւոր կամաւորներ կ’աջակցին Թագաւորութեան սրահներ կամ Համաժողովի սրահներ կառուցանելու, կ’օգնեն անոնց՝ որոնք բնական աղէտներէ կը տառապին կամ բժշկական ստիպողական պարագաներ կը դիմագրաւեն, մեր համաժողովները կը կազմակերպեն եւ աստուածպետական դպրոցներու մէջ կ’ուսուցանեն։ Այս ամբողջ աշխատանքին նպատակն է՝ բարի լուրի քարոզչութիւնը դիւրացնել, ճշմարտութեան մէջ յառաջդիմել եւ աւելի՛ մարդոց օգնել՝ որ Եհովայի երկրպագուն դառնան։ Արդ, Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասը իրապէս աւելի կարեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած մնացած է։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՀԵՏԵՒԷ

16. Ընտանեկան պաշտամունքին կամ անձնական ուսումնասիրութեան համար, ի՞նչ բանի մասին կրնաս փնտռտուքներ ընել։

16 Պարբերաբար ժամանակ կը տրամադրե՞նք Եհովայի կազմակերպութեան գործունէութեան վրայ խոկալու համար։ Ոմանք ընտրած են իրենց ընտանեկան պաշտամունքին կամ անձնական ուսումնասիրութեան մէջ պարփակել այսպիսի նիւթերու շուրջ փնտռտուքներ ընել եւ անոնց վրայ խոկալ։ Եսայիի, Եզեկիէլի, Դանիէլի եւ Յովհաննէսի տրուած տեսիլքները ուսումնասիրելը շատ ոգեւորիչ է։ Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը եւ ա՛յլ հրատարակութիւններ ու թուային տեսասկաւառակներ, որոնք քու գիտցած լեզուներովդ մատչելի են, Աստուծոյ կազմակերպութեան մասին հետաքրքրական բազմաթիւ բաներ կը սորվեցնեն։

17, 18. ա) Այս քննարկութիւնը քեզի ինչպէ՞ս օգտեց։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պէտք է նկատի առնենք։

17 Իր կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի իրագործած բաներուն վրայ խոկալը մեզի համար լաւ է։ Այս հոյակապ կազմակերպութեան հետ, վճռենք կեդրոնացած մնալ աւելի կարեւոր բաներու վրայ։ Ասիկա մեզ պիտի զօրացնէ որ Պօղոսի նոյն վճռականութիւնը ունենանք, որ գրեց. «Այս պաշտօնը ստացանք Աստուծոյ ողորմութիւնով, ուստի չենք ձանձրանար» (Բ. Կոր. 4։1)։ Ան նաեւ եղբայրները քաջալերեց՝ ըսելով. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք» (Գաղ. 6։9

18 Արդեօք հարկ կա՞յ որ դուն կամ ընտանիքդ որոշ ճշդումներ ընէք, որպէսզի ձեր առօրեայ կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բաները առաջին տեղը գրաւեն։ Կրնա՞ս կեանքդ պարզ դարձնել կամ շեղումները թեթեւցնել, որպէսզի քարոզչութեան վրայ աւելի՛ կեդրոնանաս։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք հինգ բաներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահելու։