Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Չթուլնանք»

«Չթուլնանք»

«Բարիք գործելէն չձանձրանանք» (ԳԱՂ. 6։9

1, 2. Եհովայի տիեզերական կազմակերպութեան վրայ խոկալով ինչպէ՞ս մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ։

ՇԱՏ հիանալի է խոկալ թէ մենք տիեզերական հսկայ կազմակերպութեան մը մաս կը կազմենք։ Եզեկիէլի առաջին գլուխին եւ Դանիէլի 7–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած տեսիլքները հոյակապ կերպով կը նկարագրեն, թէ Եհովան իր նպատակը իրագործելու համար ինչպէ՛ս կը գործէ։ Յիսուս Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասը կ’առաջնորդէ։ Ան անոր ուղղութիւն կու տայ, որ քարոզչութեան գործը կատարէ, այդ աշխատանքին մասնակցողներուն ցուցմունքներ տայ ու քաջալերէ, եւ ուրիշներուն օգնէ որ Եհովայի երկրպագուները դառնան։ Ասիկա մեզ կը մղէ որ Եհովայի կազմակերպութեան վստահինք (Մատ. 24։45

2 Այս հոյակապ կազմակերպութեան հետ անձամբ քայլ կը պահե՞նք։ Ճշմարտութեան հանդէպ մեր խանդավառութիւնը հետզհետէ կ’աւելնա՞յ թէ ոչ կը պաղի։ Երբ նկատի կ’առնենք այսպիսի հարցումներ, թերեւս նշմարենք թէ սկսած ենք թուլնալ կամ որոշ չափով մեր նախանձախնդրութիւնը կորսնցուցած ենք։ Ասիկա կարելի՛ է որ պատահի։ Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ ստիպուեցաւ իր հաւատակիցները յորդորել, որ Յիսուսի նախանձախնդիր օրինակը նկատի առնեն։ Ան ըսաւ թէ ասիկա իրենց պիտի օգնէր որ ‘չյոգնէին ու չթուլնային’ (Եբ. 12։3)։ Համանման կերպով, Եհովայի կազմակերպութեան օրինակը ներկայիս մեզի կ’օգնէ, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ տոկանք եւ մեր նախանձախնդրութիւնը պահպանենք։

3. Չթուլնալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Սակայն Պօղոս ցոյց տուաւ, թէ չթուլնալու համար պէտք է նաեւ ‘բարիք գործենք’ (Գաղ. 6։9)։ Նկատի առնենք հինգ մարզեր, որոնք կրնան մեզի օգնել որ հաստատ մնանք եւ Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահենք։ Ապա, կրնանք անձամբ որոշել թէ արդեօք հարկ կա՛յ, որ մենք կամ մեր ընտանիքը որոշ մարզի մը յաւելեալ ուշադրութիւն ընծայենք։

ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՀԱՄԱՐ՝ ԺՈՂՎՈՒԻԼ

4. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ մէկտեղ հաւաքուիլը ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է։

4 Ժողովները Եհովայի ծառաներուն համար միշտ կարեւոր գործունէութիւն մը եղած են։ Երկնքի մէջ, հրեշտակները Եհովայի հետ կը ժողվուին (Գ. Թագ. 22։19. Յոբ 1։6. 2։1. Դան. 7։10)։ Վաղեմի իսրայէլի մէջ, ժողովուրդը մէկտեղ կը հաւաքուէր ‘լսելու եւ սորվելու’ համար (Բ. Օր. 31։10-12)։ Առաջին դարու հրեաները սովորութիւն ունէին ժողովարաններ երթալու՝ Սուրբ Գրութիւնները կարդալու համար (Ղուկ. 4։16. Գործք 15։21)։ Երբ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ, մէկտեղ հաւաքուիլը դարձեալ կարեւոր էր։ Իսկ ներկայիս ատիկա մեր պաշտամունքին գլխաւոր մասը կը կազմէ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները ‘իրարու հոգ կը տանին՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով’։ Անոր համար, պէտք է շարունակենք ‘մէկզմէկ յորդորել ու այնչափ աւելի՝ որչափ [Եհովայի] օրուան մօտենալը կը տեսնենք’ (Եբ. 10։24, 25

5. Ժողովներուն ընթացքին ինչպէ՞ս կրնանք զիրար քաջալերել։

5 Մէկզմէկ քաջալերելու կարեւոր կերպ մըն է՝ ժողովներուն ընթացքին մեր մասնակցութիւնը բերել։ Օրինակ, կրնանք պարբերութեան հարցումին պատասխանել, համարի մը շուրջ մեկնաբանութիւն տալ կամ պատմել հակիրճ փորձառութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները մեզի ինչպէ՛ս կ’օգտեն (Սաղ. 22։22. 40։9)։ Վստահաբար կը համաձայնիս թէ թէեւ մեզմէ ոմանք տարիներէ ժողովներու ներկայ կը գտնուին, բայց բոլորիս համար միշտ քաջալերական է լսել թէ՛ տարեց եւ թէ պատանի եղբայրներուն ու քոյրերուն սրտագին մեկնաբանութիւնները։

6. Մեր ժողովները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն հոգեւորապէս գործունեայ մնալու։

6 Իսկ ուրիշ ի՞նչ պատճառներու համար Աստուած կանոնաւորաբար մեր մէկտեղ հաւաքուելուն կարեւորութիւն կու տայ։ Մեր ժողովները եւ համաժողովները մեզի կ’օգնեն, որ թաղամասին մէջ մեր դիմագրաւած հակառակութեան ու անտարբերութեան հետ գլուխ ելլենք եւ քաջութիւն ունենանք համարձակութեամբ խօսելու (Գործք 4։23, 31)։ Սուրբ գրային քննարկութիւնները մեզ կը զօրացնեն եւ հաւատքի մէջ հաստատ կը պահեն (Գործք 15։32. Հռով. 1։11, 12)։ Ժողովներուն մէջ մեր ստացած ուսուցումը եւ փոխադարձ քաջալերութիւնը, մեզի կ’օգնեն որ իրապէս ուրախ ըլլանք եւ ‘չարութեան օրերուն մէջ հանգչինք’ (Սաղ. 94։12, 13)։ Կառավարիչ մարմինին Ուսուցումի յանձնախումբը կը վերահսկէ մեր հոգեւոր յայտագիրներուն պատրաստութեան վրայ։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք այն բոլոր կարգադրութիւններուն համար, որոնց շնորհիւ ամբողջ տարուան ընթացքին ամէն շաբաթ մեր ժողովներուն մէջ օգտակար ուսուցում կը ստանանք։

7, 8. ա) Մեր ժողովներուն գլխաւոր նպատակը ի՞նչ է։ բ) Հոգեւոր գետնի վրայ, ժողովները քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնեն։

7 Բայց ժողովներուն ներկայ գտնուելու աւելի կարեւոր պատճառ կայ, քան՝ մեր անձնական օգուտը։ Մէկտեղ հաւաքուելու գլխաւոր նպատակն է՝ Եհովան պաշտել (կարդա՛ Սաղմոս 95։6Ի՜նչ առանձնաշնորհում է մեր հոյակապ Աստուածը փառաբանել (Կող. 3։16)։ Եհովան արժանի է որ զինք կանոնաւորաբար պաշտենք՝ ժողովներու մեր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ (Յայտ. 4։10բ)։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ մեզի յորդոր կը տրուի որ «մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին» (Եբ. 10։25

8 Մեր ժողովները Եհովային կարգադրութիւնն են, որոնք մեզի կ’օգնեն տոկալու մինչեւ որ ան այս չար աշխարհը կործանէ։ Բայց անձամբ այսպէս կը զգա՞նք։ Եթէ այո՛, ժողովները պիտի ըլլան այն «աւելի կարեւոր բաներ»էն, որոնց միշտ ժամանակ կը տրամադրենք մեր խճողուած կեանքէն ներս (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։ Բնաւ պէտք չէ բացակայինք ժողովներէն, եթէ լուրջ պատճառ մը չունինք։

ԱԶՆՈՒԱՍԻՐՏ ՄԱՐԴԻԿԸ ՓՆՏՌԵՆՔ

9. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ քարոզչութիւնը կարեւոր է։

9 Քարոզչութեան մէջ լիովին բաժին բերելը նաեւ մեզի կ’օգնէ, որ Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահենք։ Յիսուս այս գործունէութեան սկիզբ տուաւ երբ հոս երկրի վրայ էր (Մատ. 28։19, 20)։ Անկէ ի վեր, Թագաւորութեան մասին քարոզելը եւ աշակերտելը Եհովայի ամբողջ կազմակերպութեան գլխաւոր կեդրոնացումը եղած է։ Բազմաթիւ արդի փորձառութիւններ ցոյց կու տան, թէ հրեշտակները մեր գործունէութեան կ’աջակցին եւ մեզ կ’առաջնորդեն դէպի անոնց՝ որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են (Գործք 13։48, ՆԱ. Յայտ. 14։6, 7)։ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին ամբողջ նպատակն է՝ քարոզչութիւնը կազմակերպել եւ ատոր աջակցիլ։ Արդեօք ծառայութիւնը նաեւ մեր կեանքին առա՞նցքն է։

10. ա) Լուսաբանէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ճշմարտութեան հանդէպ մեր խանդավառութիւնը պահպանել։ բ) Ծառայութիւնը քեզի ինչպէ՞ս օգնած է որ չթուլնաս։

10 Ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալը մեզի կ’օգնէ, որ ճշմարտութեան հանդէպ մեր խանդավառութիւնը պահպանենք։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կ’ըսէ Միչըլ, որ տարիներէ ի վեր որպէս երէց կը ծառայէ ու կանոնաւոր ռահվիրայ մըն է. «Կը սիրեմ մարդոց հետ ճշմարտութեան մասին խօսիլ։ Դիտարան–ի կամ Զարթի՛ր–ի մէկ յօդուածին մասին կը մտածեմ եւ կը սքանչանամ իւրաքանչիւր թիւի բովանդակած իմաստութեան, խորատեսութեան եւ հաւասարակշռուած մօտեցումին վրայ։ Կ’ուզեմ ծառայութեան ելլել, տեսնելու համար թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն եւ թէ ես ինչպէ՛ս կրնամ անոնց հետաքրքրութիւնը շարժել»։ Ան նաեւ կ’ըսէ, թէ ծառայութիւնը իրեն կ’օգնէ որ ամէնէն կարեւոր բաները առաջին տեղը գրաւեն իր կեանքին մէջ, եւ թէ ինք ո՛չ մէկ բանի թոյլ կու տայ որ ծառայութեան յատկացուած ժամանակը խլէ։ Համանման կերպով, սուրբ ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը կրնայ մեզի օգնել, որ այս վերջին օրերուն մէջ հաստատուն մնանք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՕԳՏՈՒԻՆՔ

11. Եհովայի հայթայթած հոգեւոր սնունդէն ինչո՞ւ լիովին պէտք է օգտուինք։

11 Եհովան մեզի առատ հոգեւոր սնունդ կու տայ՝ մեզ զօրացնելու համար։ Անկասկած կրնաս յիշել պահ մը, երբ հրատարակութիւն մը կարդալէ ետք, մտածած ես. ‘Ճիշդ այս նիւթին պէտք ունէի։ Կարծես թէ Եհովան ինծի՛ համար զայն գրել տուած է’։ Ասիկա դիպուած մը չէ։ Այս կարգադրութիւններուն միջոցաւ Եհովան մեզի ցուցմունքներ կու տայ ու մեզ կ’առաջնորդէ։ Ան ըսած է. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի» (Սաղ. 32։8)։ Արդեօք կը ջանա՞նք մեզի հայթայթուած ամբո՛ղջ հոգեւոր սնունդէն օգտուիլ եւ անոր վրայ խոկալ։ Ասիկա ընելը մեզի պիտի օգնէ որ այս վերջին օրերուն մէջ ‘պտուղ տանք’ եւ ոչ թէ հոգեւորապէս ‘չորնանք’ (կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3. 35։28. 119։97

12. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ մեր հրատարակութիւնները արժեւորենք։

12 Մեր հրատարակութիւնները աւելի՛ պիտի արժեւորենք, եթէ պահ մը մտածենք այն ամբողջ աշխատանքին մասին որ կը տարուի՝ զանոնք պատրաստելու համար։ Մեր տպուած հրատարակութիւններուն եւ մեր ցանցակայքին մէջ դրուած նիւթերուն առնչութեամբ, Կառավարիչ մարմինին Գրական յանձնախումբը կը վերահսկէ փնտռտուքներ կատարելու, նիւթեր գրելու ու զանոնք սրբագրելու, պատկերներ պատրաստելու եւ թարգմանելու գործընթացին վրայ։ Իսկ տպող մասնաճիւղերը հրատարակութիւնները կ’ուղարկեն ժողովքներուն, ըլլան մօտ թէ հեռու։ Այս ամբողջ աշխատանքը կը կատարուի, որպէսզի Եհովայի ժողովուրդը հոգեւոր լա՛ւ սնունդ ստանայ (Եսա. 65։13)։ Ուստի, թող որ օգտուինք բոլո՛ր հրատարակութիւններէն, որոնք Եհովայի կազմակերպութիւնը կը հայթայթէ (Սաղ. 119։27

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՋԱԿՑԻԼ

13, 14. Երկնքի մէջ, որո՞նք Եհովայի կարգադրութիւններուն կ’աջակցին, իսկ երկրի վրայ մենք ինչպէ՞ս կրնանք համանման աջակցութիւն ցուցաբերել։

13 Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով կը տեսնէ Յիսուսը ճերմակ ձիու վրայ հեծած, որպէսզի Եհովային դէմ ըմբոստացողներուն յաղթէ (Յայտ. 19։11-15)։ Մեր հաւատքը որքա՜ն կը զօրանայ, գիտնալով որ ճիշդ Յիսուսի ետեւը կան հաւատարիմ հրեշտակները եւ երկրէն առնուած օծեալները՝ որոնք իրենց երկնային վարձատրութիւնը ձեռք ձգած են (Յայտ. 2։26, 27)։ Անոնք մեզի հոյակապ օրինակ կը հանդիսանան, որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն աջակցինք։

14 Համանման կերպով, մեծ բազմութիւնը լիովին կ’աջակցի Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն աշխատանքին, որոնք տակաւին երկրի վրայ են եւ ներկայիս կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն (կարդա՛ Զաքարիա 8։23Ինչպէ՞ս կրնանք անձամբ Եհովայի կարգադրութիւններուն աջակցիլ։ Կերպերէն մէկն է՝ առաջնորդութիւն առնողներուն ենթարկուիլ (Եբ. 13։7, 17)։ Այս մէկը մեր ժողովքին մէջէն կը սկսի։ Երէցներուն մասին մեր ըրած ակնարկութիւնները, անոնց եւ անոնց վերատեսչական պաշտօնին հանդէպ յարգանք կը յայտնե՞ն։ Մեր զաւակները կը քաջալերե՞նք որ այս հաւատարիմ տղամարդիկը յարգեն եւ սուրբ գրային խրատի համար անոնց դիմեն։ Ասկէ զատ, ընտանեօք կը քննարկե՞նք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր նիւթականը գործածել համաշխարհային գործին թիկունք կանգնելու համար (Առ. 3։9. Ա. Կոր. 16։2. Բ. Կոր. 8։12)։ Նաեւ, Թագաւորութեան սրահի մաքրութեան ու պահպանման կը մասնակցի՞նք։ Եհովայի սուրբ հոգին ազատօրէն կը յորդի հոն՝ ուր այսպիսի յարգանք եւ միաբանութիւն կը տիրէ։ Այդ հոգին շարունակ մեզի կ’օգնէ, որ այս վերջին օրերուն մէջ չթուլնանք (Եսա. 40։29-31

ՄԵՐ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՀԵՏ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԱՊՐԻՆՔ

15. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակ մաքառինք, Եհովայի վեհ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրելու համար։

15 Վերջապէս, տոկալու եւ Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահելու համար, Եհովան հաճեցնող կենցաղակերպ պէտք է ունենանք (Եփ. 5։10, 11)։ Սատանան, այս չար աշխարհը եւ մեր անկատար մարմինը կը դժուարացնեն որ ճիշդը ընենք։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք ամէն օր կը մաքառին, Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը պահպանելու համար։ Եհովան մեր թափած ջանքերուն համար մեզ կը սիրէ։ Ուստի, մի՛ յանձնուիր։ Եհովայի նպատակին հետ ներդաշնակ կեանք վարելը մեզի մեծ գոհունակութիւն պիտի տայ եւ հաւաստիացնէ թէ մեր պաշտամունքը անօգուտ չէ (Ա. Կոր. 9։24-27

16, 17. ա) Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։ բ) Էնի օրինակէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։

16 Սակայն եթէ լուրջ մեղք գործենք, շուտով օգնութիւն պէտք է խնդրենք։ Մեղքը գաղտնի պահելը հարցերը պիտի դժուարացնէ։ Յիշէ թէ Դաւիթ ըսաւ որ երբ իր ‘մեղքերը չխոստովանեցաւ, իր ոսկորները մաշեցան ամէն օր իր աղաղակելէն’ (Սաղ. 32։3)։ Արդ, մեղքերը գաղտնի պահելը միայն պատճառ պիտի դառնայ որ զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ թուլնանք. բայց «զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ» (Առ. 28։13

17 Նկատի առ Էնի օրինակը *։ Իր պատանեկութեան վերջին տարիներուն, ան որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայեց։ Բայց ան սկսաւ կրկնակի կեանք վարել։ Առ ի արդիւնք, յանցաւոր խիղճ ունեցաւ։ Էն կ’ըսէ. «Միշտ տխուր ու ընկճուած էի»։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Էն կը նշէ, թէ օր մը երբ ժողովին ընթացքին Յակոբոս 5։14, 15–ը քննարկուեցաւ, գիտակցեցաւ թէ օգնութեան կարիք ունէր, ուստի երէցներուն դիմեց։ Դէպքը վերյիշելով՝ ան կ’ըսէ. «Այդ համարները Եհովային կողմէ դեղագիր մըն են՝ հոգեւոր բուժման համար։ Այս դեղը առնելը դիւրին չէ, սակայն կը բուժէ՛։ Համարներուն տուած խրատին անսացի, եւ ասիկա ինծի օգնեց»։ Այժմ, քանի մը տարի անցած է, եւ Էն վերանորոգուած զօրութեամբ եւ մաքուր խղճմտանքով նախանձախնդրաբար Եհովային կը ծառայէ։

18. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

18 Ի՜նչ առանձնաշնորհում է այս վերջին օրերուն մէջ ապրիլ եւ Եհովայի հոյակապ կազմակերպութեան մաս կազմել։ Վճռենք այս առանձնաշնորհումը թեթեւի չառնել։ Փոխարէն, ընտանեօք ջանանք կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, մեր թաղամասին մէջ ժրաջանօրէն ազնուասիրտ անհատները փնտռել եւ մեր հրատարակութիւնները արժեւորել։ Նաեւ առաջնորդութիւն առնողներուն աջակցինք եւ մեր կրած պատգամին հետ ներդաշնակ կեանք վարենք։ Այսպիսով, ոչ միայն Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պիտի պահենք, այլեւ՝ բարիք գործելէ բնա՛ւ պիտի չձանձրանանք։

^ պարբ. 17 Անունը փոխուած է։