Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Իսրայէլացիները ոճրագործները մահապատիժի կ’ենթարկէին ցիցէ՞ մը կախելով։

Վաղեմի օրերուն բազմաթիւ ազգեր որոշ ոճրագործներ մահապատիժի կ’ենթարկէին, զանոնք ցիցի մը կամ ձողի մը գամելով։ Հռոմայեցիները ոճրագործը կը կապէին կամ կը գամէին ցիցին կամ ձողին վրայ, եւ ժամանակ մը ետք ան կը մահանար, քանի որ իր մարմինը ա՛լ չէր տոկար ցաւին, ծարաւին, անօթութեան եւ օդի պայմաններուն։ Հռոմայեցիները ցցահարութիւնը ամենացած դասակարգի ոճրագործներու համար վերապահուած ամօթալի պատիժ մը կը նկատէին։

Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել վաղեմի իսրայէլ ազգին մասին։ Արդեօք անո՞նք ալ մահապատիժի այս կերպը կը գործածէին։ Մովսիսական օրէնքը նշեց. «Երբ մարդ մը մահու արժանի մեղք մը գործէ, զանիկա մեռցնելու համար [«մեռցնելէ ետք», ՆԱ] ծառէ մը կախէ, անոր մարմինը ծառին վրայ գիշերը պէտք չէ մնայ, հապա նոյն օրը անպատճառ պէտք է թաղուի» (Բ. Օր. 21։22, 23)։ Բացայայտ է որ, Եբրայերէն Գրութիւններուն ժամանակ, այն անհատը որ մահուան արժանի էր, նա՛խ մահուան կը մատնուէր, ապա անոր դիակը ցիցէ մը կամ ծառէ մը կը կախուէր։

Այս առնչութեամբ, Ղեւտացւոց 20։2–ը կը նշէ. «Իսրայէլի որդիներէն եւ Իսրայէլի մէջ պանդխտացող օտարականներէն ով որ իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տայ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Երկրին ժողովուրդը քարերով թող քարկոծեն զանիկա»։ Իսկ «վհուկ կամ հմայող եղող»ն ալ կը մեռցուէր։ Ինչպէ՞ս։ Համարը կ’ըսէ. «Քարերով թող քարկոծեն զանոնք» (Ղեւ. 20։27

Բ. Օրինաց 22։23, 24–ի մէջ կը կարդանք. «Եթէ կոյս աղջիկ մը մարդու մը նշանուած ըլլայ ու ուրիշ մարդ մը քաղաքին մէջ գտնելով զանիկա՝ անոր հետ պառկի, երկուքն ալ այն քաղաքին դուռը պէտք է հանէք ու զանոնք քարկոծէք, որպէս զի մեռնին։ Աղջիկը՝ քանզի քաղաքին մէջ գտնուելով չկանչուըռտեց եւ մարդը՝ քանզի ուրիշին նշանածը լլկեց։ Այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի»։ Ուրեմն, նախկին իսրայէլացիներուն մէջ գարշելի ոճիր գործողը մահապատիժի ենթարկելու գլխաւոր մեթոտը՝ քարկոծելն էր *։

Բացայայտ է որ, Եբրայերէն Գրութիւններուն ժամանակ, այն անհատը որ մահուան արժանի էր, նա՛խ մահուան կը մատնուէր, ապա անոր դիակը ցիցէ մը կամ ծառէ մը կը կախուէր

Բ. Օրինաց 21։23–ը կը նշէ. «Կախուածը Աստուծոյ անիծածն է»։ «Աստուծոյ անիծած» չարագործի մը դիակը հրապարակաւ ցուցադրելը վստահաբար ազդեցութիւն պիտի ունենար իսրայէլացիներուն վրայ, որպէս ազդարարութիւն ծառայելով։

^ պարբ. 6 Բազմաթիւ ուսումնականներ կ’ընդունին, թէ Մովսիսական օրէնքին ներքեւ, ոճրագործը նա՛խ կը սպաննուէր, ապա անոր դիակը ցիցէ մը կը կախուէր։ Սակայն, ապացոյց կայ թէ առաջին դարուն, հրեաները որոշ ոճրագործներ ողջ–ողջ կը ցցահարէին ու կը ձգէին որ ցիցին վրայ մեռնէին։