Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ ծնողներ եւ զաւակներ, սիրով հաղորդակցեցէք

Ո՛վ ծնողներ եւ զաւակներ, սիրով հաղորդակցեցէք

«Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ» (ՅԱԿ. 1։19

1, 2. Ծնողներն ու զաւակները ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կը զգան իրարու հանդէպ, բայց ատեններ ի՞նչ դժուարութիւն կը դիմագրաւեն։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ մէջ, Շոնթի Ֆելտհան եւ Լիսա Ռայս իրենց գրքին մէջ (For Parents Only), նշեցին փորձագիտանք մը, որ հետեւեալ հարցումը ուղղեց հարիւրաւոր երեխաներու. «Եթէ գիտնայիր որ ծնողներդ վաղը պիտի մահանան, ի՞նչ պիտի ուզէիր ըսել անոնց»։ Փոխանակ կեդրոնանալու զիրենք նեղացնող առկայ խնդիրներուն եւ անհամաձայնութիւններուն վրայ, շուրջ 95 տոկոսը պատասխանեց, թէ պիտի ըսէր. «Ներէ իմ գործած սխալներս եւ թերութիւններս», եւ «Ես քեզ շա՜տ կը սիրեմ»։

2 Ընդհանրապէս, երեխաները իրենց ծնողքը կը սիրեն, եւ ծնողները իրենց զաւակները կը սիրեն։ Այսպէս է պարագան մասնաւորաբար քրիստոնէական ընտանիքներէն ներս։ Թէեւ ծնողներն ու զաւակները կը տենչան իրարու մօտ ըլլալ, բայց հաղորդակցիլը ատեններ դժուար կ’ըլլայ։ Ինչո՞ւ կարգ մը նիւթեր բնաւ չեն արծարծուիր, նոյնիսկ երբ խօսակցութիւնը անկեղծ է։ Ի՞նչ են լաւ հաղորդակցութեան կարգ մը խոչընդոտները եւ ինչպէ՞ս կրնանք զանոնք յաղթահարել։

Թոյլ մի՛ տար որ զբաղումները եւ մեկուսացումը ընտանիքէդ ներս հաղորդակցութեան արգելք հանդիսանան

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ «ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԾԱԽՈՒ ԱՌԷՔ»

3. ա) Լաւ հաղորդակցութիւնը ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն է բազմաթիւ ընտանիքներու։ բ) Իրարու հետ ժամանակ անցընելը ինչո՞ւ խնդիր մը չէր վաղեմի իսրայէլացի ընտանիքներուն համար։

3 Բազմաթիւ ընտանիքներ կը նկատեն թէ դժուար է իմաստալից հաղորդակցութեան համար ժամանակ տրամադրել։ Բայց պարագան միշտ այդպէս չէ եղած։ Մովսէս իսրայէլացի հայրերուն հետեւեալ ցուցմունքը տուաւ. «[Աստուծոյ խօսքերը] քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր» (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Երեխաները իրենց օրը կ’անցընէին կա՛մ տունը՝ իրենց մօր հետ, եւ կամ դաշտը կամ աշխատավայրը՝ իրենց հօր հետ։ Շատ ժամանակ կար որ զաւակները իրենց ծնողներուն հետ ըլլային եւ իրենց հետ խօսակցէին։ Հետեւաբար, ծնողները ի վիճակի էին գիտնալու իրենց զաւակներուն կարիքները, փափաքները եւ անձնաւորութիւնը։ Նմանապէս, զաւակներն ալ ժամանակ եւ բաւարար պատեհութիւն ունէին իրենց ծնողները մօտէն ճանչնալու։

4. Ներկայիս իմաստալից հաղորդակցութիւնը ինչո՞ւ խնդիր մըն է բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ։

4 Ներկայիս, կեանքի պայմանները որքա՜ն փոխուած են։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, երեխաները իրենց մատղաշ տարիքին իսկ կը սկսին մանկապարտէզ յաճախել,– ատեններ երբ միայն երկու տարեկան են։ Բազմաթիւ հայրերու ու մայրերու աշխատավայրը տունէն հեռու կ’ըլլայ։ Իսկ երբ ծնողներն ու զաւակները մէկտեղ գտնուին, իրենց ժամանակը կ’անցընեն հեռատեսիլ դիտելով, եւ համակարգիչ կամ հեռախօսիկ գործածելով։ Բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ ծնողներ ու զաւակներ իրապէս զիրար չեն ճանչնար, քանի որ ինքնագլուխ կ’ապրին ու չեն հաղորդակցիր։

5, 6. Կարգ մը ծնողներ ինչպէ՞ս ժամանակը ‘ծախու կ’առնեն’, որպէսզի իրենց զաւակներուն հետ աւելի ըլլան։

5 Կրնա՞ս ժամանակը ‘ծախու առնել’, որպէսզի ընտանիքիդ հետ աւելի ժամանակ անցընես (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16Կարգ մը ընտանիքներ համաձայնած են հեռատեսիլ դիտելը կամ համակարգիչ գործածելը սահմանափակել։ Ուրիշ ընտանիքներ կը ջանան ամէն օր առնուազն մէկ անգամ միասնաբար ճաշել։ Իսկ ընտանեկան պաշտամունքի կարգադրութիւնը ի՜նչ լաւ պատեհութիւն մըն է ծնողներուն եւ զաւակներուն, որպէսզի զիրար մօտէն ճանչնան եւ հանդարտօրէն հոգեւոր հարցեր քննարկեն։ Ընտանեկան պաշտամունքին համար շաբաթը մէկ ժամ տրամադրելը լաւ սկիզբ մըն է, բայց խոր խօսակցութիւններ ունենալը աւելի՛ն կը պահանջէ։ Անոր համար, կանոնաւոր եւ յաճախակի հաղորդակցութիւնը շատ կարեւոր է։ Զաւակդ առաջ որ դպրոց երթայ, քաջալերական խօսք մը ըսէ, անոր հետ օրուան համարը քննարկէ կամ անոր հետ աղօթէ։ Ասոնցմէ մէկը ընելը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ անոր օրուան վրայ։

6 Կարգ մը ծնողներ կրցած են իրենց կենցաղակերպին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել, որպէսզի իրենց երեխաներուն հետ աւելի ժամանակ անցընեն։ Օրինակ, Լորան *՝ որ երկու երեխաներու մայր է, այդ նպատակով իր լիաժամ գործը ձգեց։ Ան կ’ըսէ. «Առտուն բոլորս աճապարանօք դուրս կ’ելլէինք, գործի կամ դպրոց երթալու համար։ Երբ գիշերը տուն կը վերադառնայի, մանկատածը արդէն զաւակներս քնացուցած կ’ըլլար։ Գործս ձգելը նշանակեց աւելի քիչ եկամուտ ունենալ, բայց կը զգամ որ այժմ մօտէն տեղեակ եմ զաւակներուս մտածումներուն ու խնդիրներուն։ Անոնց աղօթքները ուշի–ուշով մտիկ կ’ընեմ, որպէսզի կարենամ զիրենք ուղղել, քաջալերել եւ սորվեցնել»։

‘ԼՍԵԼՈՒ ՄԷՋ ԱՐԱԳ’ ԵՂԷՔ

7. Թէ՛ երեխաներ եւ թէ ծնողներ ի՞նչ հասարակաց գանգատ ունին։

7 Պատանիներու հետ բազմաթիւ տեսակցութիւններ ունենալէ ետք, For Parents Only գրքին հեղինակները նկատեցին հաղորդակցութեան ա՛յլ խոչընդոտ մը։ Անոնք ըսին. «Երեխաներուն առաջին եւ գլխաւոր գանգատն էր՝ թէ ծնողները իրենց ‘մտիկ չեն ըներ’»։ Յաճախ ծնողներն ալ նոյն բանը կ’ըսեն իրենց զաւակներուն մասին։ Հաղորդակցութեան գիծը բաց պահելու համար, ընտանիքի անդամները պէտք է իրարու իսկապէս մտիկ ընեն (կարդա՛ Յակոբոս 1։19

8. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն իսկապէս մտիկ ընել։

8 Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն իսկապէս մտիկ կ’ընէ՞ք։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ երբ յոգնած էք կամ երբ խօսակցութիւնը ձեզի անիմաստ կամ անկարեւոր թուի։ Բայց այն ինչ որ ձեզի անկարեւոր կը թուի, կրնայ ձեր զաւակին համար մե՜ծ կարեւորութիւն ունենալ։ ‘Լսելու մէջ արագ ըլլալ’ կը նշանակէ ուշադիր ըլլալ ոչ միայն ձեր զաւակին ըսածներուն, այլեւ՝ ըսած կերպին։ Ձայնի թոնն ու մարմնի շարժուձեւերը շատ բան կը յայտնեն, թէ զաւակդ ինչպէ՛ս կը զգայ հարցերու շուրջ։ Հարցումներ ուղղելը նաեւ կարեւոր է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ» (Առ. 20։5)։ Խորատեսութիւնը եւ խորաթափանցութիւնը մասնաւորաբար կարեւոր են, երբ կը քննարկուի հարց մը, որ զաւակը կ’անհանգստացնէ։

9. Զաւակները ինչո՞ւ իրենց ծնողքին պէտք է մտիկ ընեն։

9 Ո՛վ զաւակներ, ձեր ծնողներուն կը հնազանդի՞ք։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր» (Առ. 1։8)։ Յիշէ թէ ծնողքդ քեզ կը սիրէ եւ քեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ, ուստի իրենց մտիկ ընելը եւ հնազանդիլը իմաստութիւն է (Եփ. 6։1)։ Հնազանդ գտնուիլը դիւրին կ’ըլլայ, երբ լաւ հաղորդակցութիւն կայ եւ երբ գիտնաս թէ սիրուած ես։ Ծնողքիդ յայտնէ քու զգացումներդ։ Ասիկա իրենց պիտի օգնէ որ քեզ հասկնան։ Անշուշտ դո՛ւն ալ պէտք է ջանաս զիրենք հասկնալ։

10. Ռոբովամի պատմութենէն ի՞նչ դասեր կը քաղենք։

10 Երբ կ’ուզես հասակակիցներէդ խրատ առնել, ուշադիր եղիր։ Անոնք թերեւս քեզի ըսեն այն ինչ որ դուն կ’ուզես լսել, բայց անոնց խրատը կրնայ բնա՛ւ տեղին չըլլալ։ Իրականութեան մէջ, ատիկա կրնայ նոյնիսկ քեզի վնասել։ Տարեցներուն իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը չունենալով, պատանիներուն մեծամասնութիւնը հեռատես չէ եւ չի կրնար որոշ արարքներու հետեւանքները զատորոշել։ Յիշէ Սողոմոնի որդիին՝ Ռոբովամի օրինակը։ Երբ Իսրայէլի թագաւորը եղաւ, իմաստութիւն էր որ ծերերուն խրատին ականջ տար։ Փոխարէն, ան իր հասակակից ընկերներուն յիմար խրատին ականջ կախեց, եւ իր հպատակներուն մեծամասնութեան աջակցութիւնը կորսնցուց (Գ. Թագ. 12։1-17Փոխանակ Ռոբովամի յիմար ընթացքը ընդօրինակելու, ջանա՛ ծնողքիդ հետ հաղորդակցութեան գիծը բաց պահել։ Անոնց հետ մտածումներդ բաժնէ, անոնց խրատէն օգտուէ եւ իրենց իմաստութենէն դասեր քաղէ (Առ. 13։20

11. Եթէ ծնողքը զաւակին մատչելի չըլլայ, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

11 Ո՛վ ծնողներ, եթէ չէք ուզեր որ ձեր զաւակները խրատի համար իրենց հասակակիցներուն դիմեն, դուք ձեզ մատչելի դարձուցէք եւ դիւրահաղորդ եղէք։ Պատանի քոյր մը գրեց. «Երբ տղու մը անունը տամ, արդէն կը նկատեմ թէ ծնողքս ջղագրգիռ դարձաւ։ Այսպէս, խօսակցութիւնս շարունակելու կը վարանիմ»։ Ուրիշ պատանի քոյր մը գրեց. «Բազմաթիւ պատանիներ իրենց ծնողքին խրատը կ’ուզե՛ն առնել, բայց երբ ծնողքը իրենց ըսածը լուրջի չառնէ, այն ատեն անոնք պիտի դիմեն ուրիշներու, նոյնիսկ հասակակիցներու»։ Եթէ պատրաստ ես կարեկցութեամբ զաւակներուդ մտիկ ընելու՝ ի՛նչ նիւթ ալ խօսին, հաւանաբար պիտի նկատես թէ անոնք հանգստութեամբ քեզի հետ կը խօսին եւ ուղղութիւնդ կ’ընդունին։

‘ԽՕՍԵԼՈՒ ՄԷՋ ԾԱՆՐ’ ԵՂԷՔ

12. Ծնողքին հակազդեցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ հաղորդակցութեան արգելք հանդիսանալ։

12 Ծնողներուն բացասական հակազդեցութիւնը ե՛ւս կրնայ հաղորդակցութեան արգելք հանդիսանալ։ Հասկնալիօրէն, քրիստոնեայ ծնողներ կ’ուզեն իրենց զաւակները պաշտպանել, քանի որ այս «վերջին օրերը» բազմաթիւ վտանգներով լեցուն են (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Բայց զաւակները հարցերը միշտ չեն դիտեր իրենց ծնողքին տեսանկիւնէն եւ թերեւս զգան թէ իրենց ծնողքը բաւարար ազատութիւն չի տար իրենց։

13. Ծնողները ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլան որ հարցի մը շուրջ իրենց կարծիքը անմիջապէս չտան։

13 Իմաստութիւն է որ ծնողքը իր կարծիքը շուտով չյայտնէ։ Ճիշդ է որ միշտ դիւրին չէ լուռ մնալ, մանաւանդ երբ զաւակներդ մտահոգիչ բաներ կը խօսին. բայց կարեւոր է որ հակազդելէ առաջ, ուշի–ուշով մտիկ ընես։ Սողոմոն Իմաստուն գրեց. «Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն» (Առ. 18։13)։ Եթէ հանդարտ մնաս, զաւակդ պիտի շարունակէ խօսիլ, եւ այսպէս աւելի՛ն լսելով պիտի գիտնաս անոր ‘անսանձ խօսակցութեան’ ետին գտնուող պատճառը (Յոբ 6։1-3, ՆԱ)։ Զաւակիդ կրնաս օգնել միայն եթէ ամբողջ պարագան հասկնաս։ Որպէս սիրալիր ծնող, ջանա՛ լաւ լսել ու հասկնալ զաւակդ, որպէսզի կարենաս իրեն իսկապէս օգնել։

14. Զաւակները ինչո՞ւ ‘խօսելու մէջ ծանր’ պէտք է ըլլան։

14 Ո՛վ զաւակներ, դուք ալ կրնաք ‘խօսելու մէջ ծանր’ ըլլալ, անմիջապէս չհակառակելով ձեր ծնողքին ըսածին, քանի որ ձեզ մարզելու աստուածատուր պատասխանատուութիւնը ունին (Առ. 22։6)։ Անոնք թերեւս ձեր նոյն պարագաներէն անցած են։ Ասկէ զատ, անոնք իրենց ըրած սխալներուն համար կը զղջան եւ անկեղծօրէն կ’ուզեն ձեզ պաշտպանել որ նոյն սխալները դուք ալ չգործէք։ Ուստի, ծնողքդ դաշնակիցդ նկատէ եւ ոչ թէ թշնամիդ, խրատատուդ՝ եւ ոչ թէ հակառակորդդ (կարդա՛ Առակաց 1։5«Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» եւ ցոյց տուր որ զիրենք կը սիրես, ինչպէս որ իրենք՝ քեզ։ Ասիկա պիտի դիւրացնէ որ ‘քեզ մեծցնեն Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը’ (Եփ. 6։2, 4

‘ԲԱՐԿԱՆԱԼՈՒ ՄԷՋ ԾԱՆՐ’ ԵՂԷՔ

15. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ մեր համբերութիւնը չկորսնցնենք եւ մեր սիրելիներէն չնեղանանք։

15 Մեր սիրած անհատներուն հետ միշտ համբերատար չենք գտնուիր։ «Կողոսայի մէջ եղող Քրիստոսով սուրբ ու հաւատացեալ եղբայրներուն» Պօղոս առաքեալ գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։ Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին» (Կող. 1։1, 2. 3։19, 21)։ Պօղոս եփեսացիները յորդորեց. «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ» (Եփ. 4։31)։ Երկայնամտութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն,– հոգիին պտուղին երեսակները,– զարգացնելը մեզի պիտի օգնէ որ հանդարտ մնանք, նոյնիսկ ճնշուածութեան ներքեւ (Գաղ. 5։22, 23

16. Յիսուս ինչպէ՞ս առաքեալները ճշդեց, եւ իր այս արարքը ինչո՞ւ յատկանշական էր։

16 Ո՛վ ծնողներ, նկատի առէք Յիսուսի օրինակը։ Երեւակայեցէք թէ ան որքա՜ն ճնշուած էր վերջին ընթրիքին ընթացքին։ Ան գիտէր թէ քանի մը ժամ ետք դանդաղ ու ցաւալի մահ պիտի դիմագրաւէր։ Իր Հօր անուան սրբացումը եւ մարդկութեան փրկութիւնը իր հաւատարմութենէն կախեալ էին։ Բայց այդ գիշեր, «վէճ մըն ալ եղաւ [առաքեալներուն] մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի»։ Յիսուս անոնց վրայ չպոռաց, ոչ ալ անոնց դէմ դառնացաւ։ Փոխարէն, ան հանդարտօրէն անոնց հետ տրամաբանեց, եւ անոնց յիշեցուց թէ ինչպէ՛ս դժուար պարագաներու ներքեւ իր կողքին կեցած էին։ Թէեւ Սատանան կ’ուզէր զիրենք ցորենի նման մաղել, բայց Յիսուս վստահ էր թէ անոնք հաւատարիմ պիտի մնային։ Ան նոյնիսկ անոնց հետ ուխտ ըրաւ (Ղուկ. 22։24-32

Զաւակներուդ ուշի–ուշով մտիկ կ’ընե՞ս

17. Ի՞նչը պիտի օգնէ զաւակներուն որ հանդարտ մնան։

17 Զաւակներն ալ հարկ է որ հանդարտ մնան։ Մանաւանդ երբ իրենց պատանեկութեան տարիքին մէջ ըլլան, անոնք թերեւս իրենց ծնողքին կողմէ ուղղութիւն ստանալը չսիրեն, խորհելով որ ծնողքը իրենց չի վստահիր։ Թէեւ ատեններ պարագան այդպէս թուի, յիշէ թէ ծնողքիդ մտահոգութիւնը իր սիրոյն արդիւնքն է։ Եթէ անոնց հանդարտօրէն մտիկ ընես եւ անոնց ուղղութիւնը ընդունիս, անոնք քեզ պիտի յարգեն ու վստահին։ Ինչպէս նաեւ անոնք քեզի աւելի ազատութիւն պիտի տան որոշ մարզերու մէջ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ ժուժկալ անհատը իմաստուն կ’ըլլայ, երբ կ’ըսէ. «Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ, բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ» (Առ. 29։11

18. Երբ սէր ըլլայ, հաղորդակցութիւնը ինչպէ՞ս կը բարելաւուի։

18 Ուստի ո՛վ ծնողներ եւ զաւակներ, մի՛ յուսահատիք եթէ տան մէջ չէք հաղորդակցիր այնպէս՝ ինչպէս դուք կ’ուզէք։ Այս մարզին մէջ անդադար ջանք թափեցէք եւ շարունակեցէք ճշմարտութեան մէջ քալել (Գ. Յովհ. 4)։ Նոր աշխարհին մէջ, կատարեալ մարդիկ կատարեալ կերպով իրարու հետ պիտի հաղորդակցին, առանց թիւրիմացութիւններու եւ վէճերու։ Բայց հիմա, բոլորս կ’ընենք բաներ, որոնց համար յետագային կը զղջանք։ Հետեւաբար, ետ մի՛ կենաք ներողութիւն խնդրելէ եւ առատապէս ներեցէք։ «Սիրով միացած» մնացէք (Կող. 2։2)։ Սէրը զօրեղ է։ ‘Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ’ (Ա. Կոր. 13։4-7)։ Եթէ շարունակէք սէր ցուցաբերել, ձեր ընտանիքէն ներս հաղորդակցութիւնը պիտի բարելաւուի, ձեզ ուրախացնելով եւ Եհովան փառաւորելով։

^ պարբ. 6 Անունը փոխուած է։