Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովայի հնազանդելով մեծապէս օրհնուած եմ

Եհովայի հնազանդելով մեծապէս օրհնուած եմ

«Ի՜նչ հոյակապ դաս կը սորվինք Նոյէն», բացատրեց հայրս։ «Նոյ Եհովային հնազանդեցաւ ու իր ընտանիքը սիրեց, եւ բոլո՛րը Ջրհեղեղէն վերապրեցան, քանի որ ամբողջ ընտանիքը տապան մտաւ»։

ԱՍԻԿԱ շատ հին յիշատակ մըն է հօրս մասին, որ խոնարհ ու ժրաջան տղամարդ մըն էր։ Ան արդարութիւնը կը սիրէր, անոր համար 1953–ին Աստուածաշունչի պատգամը լսելով՝ անմիջապէս հրապուրուեցաւ։ Անկէ ի վեր, ան շատ ջանք թափեց իր սորվածները մեզի փոխանցելու։ Սկիզբը մայրս տատամսեցաւ իր կաթողիկէ սովորութիւնները լքելու։ Բայց ժամանակի ընթացքին ան ալ սկսաւ Աստուածաշունչի ուսուցումները իւրացնել։

Ծնողքիս համար դժուար էր մեզի հետ ուսումնասիրել,– մայրս գրել–կարդալ գրեթէ չէր գիտեր, իսկ հայրս երկար ժամանակ դաշտերուն մէջ ժրաջանօրէն կ’աշխատէր։ Ատեններ ան ա՛յնքան յոգնած կ’ըլլար որ ուսումնասիրութեան ընթացքին չէր կրնար արթուն մնալ։ Բայց իր ջանքերը արդիւնաբեր էին։ Ես տան անդրանիկ զաւակն էի, ուստի իմ քրոջս եւ երկու եղբայրներուս օգնեցի ուսումնասիրելու։ Յաճախ կը խօսէինք, թէ Նոյ որքա՜ն իր ընտանիքը կը սիրէր եւ Աստուծոյ կը հնազանդէր։ Ի՜նչ կը սիրէի այս պատմութիւնը։ Անկէ քիչ ետք, ընտանեօք սկսանք ժողովներու ներկայ գտնուիլ՝ Իտալիոյ Ատրիական ծովափը գտնուող Ռոզէթօ տէլի Ապրութսի քաղաքի Թագաւորութեան սրահին մէջ։

1955–ին, միայն 11 տարեկան էի, երբ ես եւ մայրս լեռները կտրելով անցանք արեւմուտք, ներկայ գտնուելու համար մեր առաջին համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ։ Անկէ ի վեր, այս մեծ համախմբումները քրիստոնէական կեանքին ամէնէն գեղեցիկ մէկ մասը նկատած եմ։

Յաջորդ տարին մկրտուեցայ եւ անկէ քիչ ետք լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցի։ Երբ 17 տարեկան էի, մասնաւոր ռահվիրայ եղայ Հռոմի հարաւը գտնուող Լադինա քաղաքին մէջ, որ մեր տունէն շուրջ 300 քմ. հեռու էր։ Ատիկա նոր քաղաք մըն էր, ուստի մարդիկ իրենց դրացիներուն կարծիքին շատ կարեւորութիւն չէին տար։ Իմ ընկերակիցս եւ ես ոգեւորուեցանք բազմաթիւ հրատարակութիւններ բաշխելով, սակայն քանի որ տարիքով փոքր էի, տնեցիները շա՜տ կը կարօտնայի։ Բայց եւ այնպէս ուզեցի տրուած ուղղութեան հնազանդիլ։

Մեր ամուսնութեան օրը

Յետագային, Միլանօ նշանակուեցայ, որպէսզի 1963–ի «Յաւիտենական բարի լուր» խորագրով միջազգային համաժողովին պատրաստութիւններուն մէջ բաժին բերեմ։ Համաժողովին ընթացքին, կամաւորաբար աշխատեցայ ուրիշներու կողքին, որոնց մէջ կար նաեւ Փաոլօ Փիչոլին, որ Ֆլորանս քաղաքէն էր։ Համաժողովին երկրորդ օրը ան ամուրիութեան մասին եռանդուն դասախօսութիւն մը տուաւ։ Կը յիշեմ, թէ այն ատեն մտածեցի. ‘Այս եղբայրը վստահաբար բնաւ պիտի չամուսնանայ’։ Բայց, սկսանք իրարու հետ նամակցիլ եւ յստակ դարձաւ որ հասարակաց շատ բան ունէինք,– մեր նպատակակէտերը, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը եւ Անոր հնազանդելու մեր զօրաւոր փափաքը։ Փաոլոն եւ ես 1965–ին ամուսնացանք։

ԿՂԵՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Տասը տարի Ֆլորանսի մէջ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայեցի։ Հետաքրքրական էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս ժողովքները կ’ուռճանային եւ մասնաւորաբար ինչպէ՛ս պատանիները կը յառաջդիմէին։ Փաոլոն եւ ես կը սիրէինք անոնց հետ հոգեւոր նիւթեր քննարկել, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակ անցընել։ Ասիկա կը նշանակէր թէ Փաոլոն յաճախ անոնց հետ ոտնագնդակ խաղար։ Ճիշդ է որ կ’ուզէի ամուսինիս հետ աւելի ժամանակ անցընել, բայց կը տեսնէի թէ այդ պատանիները եւ ժողովքին պատկանող ընտանիքները ինչպէ՛ս կ’օգտուէին Փաոլոյի ազնիւ հոգատարութենէն եւ տրամադրած ժամանակէն։

Տակաւին կ’ուրախանամ մտածելով մեր վարած բազմաթիւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն մասին։ Այդ ուսումնասիրութիւններէն մէկը Ատրիանայի հետ էր, որ երկու ա՛յլ ընտանիքներու հետ իր սորվածը բաժնեց։ Անոնք վարդապետի մը հետ նիստ մը կարգադրեցին, որպէսզի Երրորդութեան եւ հոգիի անմահութեան նման եկեղեցական վարդապետութիւններ քննարկեն։ Բայց այդ նիստին եկեղեցական երեք առաջնորդներ ներկայ գտնուեցան։ Իրենց ուսուցումները բացատրելու կերպը շա՛տ շփոթեցուցիչ էր եւ մեր Աստուածաշունչի աշակերտները կրցան յստակ կերպով զատորոշել, թէ անոնց ուսուցումները Սուրբ Գիրքին ուսուցումներէն տարբեր էին։ Այս նիստին առ ի հետեւանք, այդ ընտանիքներէն շուրջ 15 հոգի Վկաներ դարձան։

Անշուշտ, ներկայիս մեր քարոզչութեան մեթոտները տարբեր են։ Այդ ատեն, Փաոլոն վարդապետներու հետ Աստուածաշունչի ուսուցումները քննարկելու մէջ «մասնագէտ» դարձաւ։ Կը յիշեմ նիստ մը, որ ոչ–Վկաներու առջեւ եղաւ։ Յստակ էր որ հակառակորդները սկիզբէն կարգ մը ներկաներէն խնդրած էին որ տարօրինակ հարցումներ ուղղեն։ Բայց նիստը իրենց ծրագրածին պէս չընթացաւ։ Ներկաներէն մէկը հարց տուաւ, թէ արդեօք պատշա՞ճ է որ եկեղեցին քաղաքականութեան միջամուխ ըլլայ, ինչպէս որ դարերէ ի վեր ըրած է։ Վարդապետները չկրցան պատասխանել։ Յանկարծ, լոյսերը մարեցան եւ ըսուեցաւ որ հանդիպումը վերջ գտաւ։ Տարիներ ետք, իմացանք որ վարդապետները իրե՛նք խնդրած էին անհատէ մը որ լոյսերը մարէր, եթէ հարցերը իրենց յուսացածին պէս չընթանային։

ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Մեր ամուսնութեան վրայ տասը տարի անցնելէ ետք, Փաոլոն եւ ես հրաւիրուեցանք շրջանային գործին մասնակցելու։ Փաոլոն աշխարհիկ լաւ գործ ունէր, ուստի որոշում կայացնելը դիւրին բան չէր։ Բայց պարագան աղօթքով նկատի առնելէ ետք, որոշեցինք այդ նշանակումը ընդունիլ։ Շատ գեղեցիկ ժամանակ վայելեցինք այն ընտանիքներուն հետ, որոնց տան մէջ մնացինք։ Իրիկունը, յաճախ որպէս խումբ կ’ուսումնասիրէինք, եւ Փաոլոն փոքրիկներուն կ’օգնէր, որպէսզի իրենց դպրոցական պարտականութիւնները կատարեն, մանաւանդ ուսողութեան վերաբերեալ։ Ասկէ զատ, Փաոլոն անյագ ընթերցող էր եւ խանդավառօրէն մեզի հետ կը բաժնէր իր կարդացած հետաքրքրական եւ շինիչ նիւթերը։ Երկուշաբթի օրը յաճախ կ’երթայինք քարոզելու այն գիւղաքաղաքները, ուր Վկաներ չկային, եւ մարդիկը կը հրաւիրէինք որ այդ իրիկուան համար պատրաստուած դասախօսութեան ներկայ գտնուին։

Պատանիներուն հետ կը սիրէինք ժամանակ անցընել։ Ասիկա կը նշանակէր թէ Փաոլոն յաճախ անոնց հետ ոտնագնդակ խաղար

Շրջանային գործին մէջ երկու տարի ծառայելէ ետք, հրաւէր ստացանք Հռոմի Բեթէլին մէջ ծառայելու։ Փաոլոն օրինական հարցերու հոգ պիտի տանէր, իսկ ես՝ Պարբերաթերթերու բաժանմունքին մէջ նշանակուեցայ։ Այս փոփոխութիւնը դարձեալ դիւրին չէր, բայց վճռեցինք հնազանդիլ։ Հետաքրքրական էր տեսնել, թէ մասնաճիւղը ինչպէ՛ս կ’ընդլայնէր եւ Իտալիոյ մէջ եղբայրութիւնը ինչպէ՛ս կ’ուռճանար։ Այդ ժամանակ, Եհովայի վկաները Իտալիոյ մէջ կարեւոր օրինաւոր ճանաչում ստացան։ Վստահաբար մեր այս նոր նշանակումով ուրախ էինք։

Բեթէլի մէջ, Փաոլոն իր աշխատանքը շատ կը սիրէր

1980–ական թուականներուն սկիզբը մինչ Բեթէլի մէջ կը ծառայէինք, օրինաւոր հարց մը Իտալիոյ մէջ հանրածանօթ դարձաւ։ Վկայ զոյգ մը ամբաստանուեցաւ, որ իր աղջնակին մահուան պատճառ եղաւ, արեան ներարկում չթոյլատրելով։ Իրականութեան մէջ, աղջնակը մահացաւ արեան լուրջ հիւանդութեան մը պատճառաւ, որ սովորական էր Իտալիոյ եւ մօտակայ երկիրներուն մէջ։ Բեթէլի եղբայրներն ու քոյրերը աջակցեցան փաստաբաններուն, որոնք այդ աղջնակին ծնողքը կը ներկայացնէին։ Թերթիկ մը եւ Զարթի՛ր–ի բացառիկ թիւ մը մարդոց օգնեցին իրողութիւնները հասկնալու եւ ճշգրիտ կերպով ըմբռնելու թէ Աստուծոյ Խօսքը արեան մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Այդ ամիսներուն ընթացքին, Փաոլոն յաճախ անդադար 16 ժամ կ’աշխատէր։ Իմ լաւագոյնս ըրի որ այդ ժամանակ իրեն աջակցիմ։

Ա՛ՅԼ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր ամուսնութեան վրայ 20 տարի անցնելէ ետք, անակնկալ փոփոխութեան մը առջեւ գտնուեցանք։ Ես 41 տարեկան էի, իսկ Փաոլոն՝ 49, երբ իրեն ըսի թէ կը խորհիմ որ յղի եմ։ Իր օրագրին մէջ, այդ օրուան թուականին տակ հետեւեալը կարդացի. «Աղօթք. եթէ իրապէս կնոջս ըսածը ճիշդ է, մեզի օգնէ որ լիաժամ ծառայութեան մէջ մնանք, հոգեւորապէս չթուլնանք եւ մեր օրինակով լաւ ծնողք ըլլանք։ Ամէն բանէ աւելի, օգնէ ինծի որ 30 տարիէ ի վեր ամպիոնէն ըսած բաներուս առնուազն 1 տոկոսը գործադրեմ»։ Երբ հիմա ասոր մասին մտածեմ, կրնամ շօշափել թէ Եհովան լսեց իր այդ աղօթքը,– ինչպէս նաեւ իմ աղօթքս։

Մեր կեանքը շա՜տ փոխուեցաւ երբ Իլարիան ծնաւ։ Իրապէս, Փաոլոն եւ ես ատեններ վհատեցանք, ճիշդ ինչպէս որ Առակաց 24։10–ը կը նշէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է»։ Բայց մենք շարունակեցինք իրարու աջակցիլ։

Այժմ, Իլարիան կ’ըսէ թէ ուրախ է որ զաւակն է երկու Վկաներու, որոնք միշտ լիաժամ ծառայութեան մէջ զբաղած մնացած են։ Ան միշտ զգացած է որ սիրելի եւ հոգատար ծնողք մը ունեցած է։ Օրուան ընթացքին, ես իրեն հոգ կը տանէի, իսկ իրիկունը երբ Փաոլոն տուն վերադառնար, իրեն հետ կը խաղար եւ իր դպրոցական պարտականութիւններուն մէջ կ’օգնէր։ Ան այսպէս կ’ընէր նոյնիսկ այն երեկոները, երբ ստիպուած պիտի ըլլար մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը արթուն մնալ, ի՛ր գործերը ամբողջացնելու համար։ Իլարիան յաճախ կ’ըսէր. «Հայրս իմ լաւագոյն բարեկամս է»։

Կրնաք երեւակայել թէ Իլարիան ճշմարտութեան ճամբուն մէջ պահելը յարատեւութիւն եւ ատեններ հաստատամտութիւն կը պահանջէր։ Կը յիշեմ առիթ մը, երբ ան իր ընկերուհիին հետ կը խաղար, եւ սխալ վերաբերմունք ցուցաբերեց։ Աստուածաշունչէն իրեն բացատրեցինք, թէ ինչո՛ւ պէտք չէ այդպէս վարուէր։ Նաեւ իրմէ պահանջեցինք որ մեր ներկայութեան իր ընկերուհիէն ներողութիւն խնդրէ։

Իլարիան կ’ըսէ, թէ ծառայութեան հանդէպ իր ծնողքին ցուցաբերած սէրը կը գնահատէ։ Հիմա որ ամուսնացած է, ան աւելի լիովին կը հասկնայ, թէ որքա՛ն կարեւոր է Եհովային հնազանդիլ եւ անոր առաջնորդութեան հետեւիլ։

ՀՆԱԶԱՆԴ ՄՆԱԼ՝ ՆՈՅՆԻՍԿ ՏԽՈՒՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔԵՒ

2008–ին, Փաոլոն իմացաւ որ քաղցկեղ ունէր։ Սկիզբը, այնպէս մը երեւցաւ որ ան կրնա՛ր հիւանդութիւնը յաղթահարել եւ այսպէս ան մեծապէս զիս քաջալերեց։ Բժշկական լաւագոյն խնամքին դիմելու կողքին, Իլարիան եւ ես կրկին անգամ Եհովայի երկար աղօթեցինք, խնդրելով որ մեզի օգնէ գալիք բանին տոկալու։ Ժամանակի ընթացքին, աչքիս առջեւ տեսայ այն տղամարդը, որ ատեն մը զօրաւոր ու եռանդուն էր, հետզհետէ կը հիւծէր։ 2010–ին, իր մահը զիս շատ ցնցեց։ Բայց մեր ամուսնութեան 45 տարուան ընթացքին մեր իրագործած բաներուն մասին մտածելը զիս մեծապէս կը մխիթարէ։ Մենք մեր լաւագոյնը Եհովային տուինք։ Գիտեմ որ մեր տարած աշխատանքը մնայուն արժէք պիտի ունենայ։ Եւ ես անհամբեր կը սպասեմ այն օրուան, երբ Փաոլոն յարութիւն պիտի առնէ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս խոստացաւ Յովհաննէս 5։28, 29–ի մէջ։

«Սրտիս մէջ, ես տակաւին այդ փոքրիկ աղջնակն եմ, որ Նոյի պատմութեամբ հրապուրուած է։ Վճռականութիւնս չէ փոխուած»

Սրտիս մէջ, ես տակաւին այդ փոքրիկ աղջնակն եմ, որ Նոյի պատմութեամբ հրապուրուած է։ Վճռականութիւնս չէ փոխուած։ Կ’ուզե՛մ Եհովային հնազանդիլ, ի՛նչ որ ալ խնդրէ ինձմէ։ Վստահ եմ որ որեւէ խոչընդոտ, զոհողութիւն կամ կորուստ համեմատաբար չնչին է այն հոյակապ օրհնութիւններուն դիմաց, որոնք մեր սիրառատ Աստուածը մեզի կը շնորհէ։ Անձամբ շօշափած եմ որ կ’արժէ՛ Եհովային հնազանդիլ։