Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի առատաձեռնութիւնը եւ խոհեմութիւնը գնահատէ

Եհովայի առատաձեռնութիւնը եւ խոհեմութիւնը գնահատէ

«Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են» (ՍԱՂ. 145։9

1, 2. Եհովայի բարեկամները ի՞նչ պատեհութիւն ունին։

ՄՈՆԻՔԱ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Շուրջ 35 տարիէ ի վեր ամուսնացած ենք։ Ամուսինս եւ ես զիրար շատ լաւ կը ճանչնանք։ Բայց այս բոլոր տարիներէն ետք, իրարու մասին տակաւի՛ն կը սորվինք բաներ, որոնք բնաւ չէինք գիտեր»։ Անկասկած, նոյնը կրնայ ըսուիլ անհամար ամուսնութիւններու եւ բարեկամութիւններու մասին։

2 Մենք շատ կ’ուրախանանք, մեր սիրելիներուն աւելի մօտէն ծանօթանալով։ Սակայն, ա՛լ աւելի կ’ուրախանանք երբ մեր ամէնէն մտերիմ Բարեկամը՝ Եհովան մօտէն ճանչնանք։ Մենք բնաւ պիտի չկարենանք իր մասին ամէն բան գիտնալ (Հռով. 11։33)։ Բայց յաւիտեան ուրախ պատեհութիւն պիտի ունենանք, Եհովայի յատկութիւններուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնելու (Ժող. 3։11

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Նախորդ յօդուածը մեզի օգնեց, որ Եհովայի դիւրամերձ եւ անաչառ ըլլալը խորապէս գնահատենք։ Այժմ նկատի առնենք երկու ա՛յլ սիրելի յատկութիւններ. իր առատաձեռնութիւնը եւ խոհեմութիւնը։ Այսպէս աւելի պիտի ըմբռնենք, թէ «Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են» (Սաղ. 145։9

ԵՀՈՎԱՆ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ Է

4. Ի՞նչ կը նշանակէ առատաձեռն ըլլալ։

4 Ի՞նչ կը նշանակէ առատաձեռն ըլլալ։ Պատասխանը կը գտնենք Յիսուսի խօսքին մէջ, որ արձանագրուած է Գործք 20։35–ի մէջ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ Այդ պարզ արտայայտութեամբ, Յիսուս յստակ կերպով բացատրեց իսկական առատաձեռնութեան իմաստը։ Առատաձեռն անհատը թէ՛ ուրախութեամբ եւ թէ հեշտութեամբ իր ժամանակէն, կորովէն եւ նիւթական միջոցներէն կու տայ, որպէսզի ուրիշներուն օգտէ։ Արդարեւ, կրնանք անհատ մը առատաձեռն սեպել, ոչ թէ քանի որ սուղ նուէրներ կը բաշխէ, այլ՝ քանի որ սրտանց կու տայ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 9։7Մեր «երանելի Աստուծոյ» չափ առատաձեռն մէկը չկայ (Ա. Տիմ. 1։11

5. Եհովան ի՞նչ կերպերով առատաձեռնութիւն կը ցուցաբերէ։

5 Եհովան ինչպէ՞ս առատաձեռնութիւն կը ցուցաբերէ։ Ան բոլորի՛ն հարկ եղածը կը հայթայթէ, ներառեալ՝ զինք չպաշտողներուն։ Իրապէս, «Տէրը ամենուն բարի է»։ Ան «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մատ. 5։45)։ Անոր համար է որ Պօղոս առաքեալ երբ անհաւատներու կը խօսէր, կրցաւ ըսել թէ Աստուած բարիք ըրաւ, «երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով» (Գործք 14։16)։ Յստակ է որ Եհովան բոլո՛ր մարդոց հանդէպ առատաձեռն կը գտնուի (Ղուկ. 6։35

6, 7. ա) Եհովան մասնաւորաբար կ’ուրախանայ՝ որո՞նց կարիքները հոգալով։ բ) Լուսաբանէ թէ Աստուած ինչպէ՛ս իր հաւատարիմ երկրպագուներուն հարկ եղածը կը հայթայթէ։

6 Եհովան մասնաւորաբար կ’ուրախանայ, երբ իր հաւատարիմ երկրպագուներուն կարիքները հոգայ։ Դաւիթ թագաւոր ըսաւ. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» (Սաղ. 37։25)։ Բազմաթիւ հաւատարիմ քրիստոնեաներ Եհովայի հոգատարութեան ապացոյցը իրենց մորթին վրայ զգացած են։ Նկատի առ օրինակ մը։

7 Քանի մը տարի առաջ, Նենսի անունով լիաժամ ծառայ մը դժուար կացութեան առջեւ գտնուեցաւ։ Ան կը նշէ. «Տակաւին 66 տոլարի պէտք ունէի, որպէսզի յաջորդ օրը վարձքս վճարէի։ Չէի գիտեր ուրկէ բերել այդ գումարը։ Խնդրին մասին աղօթեցի, ապա գացի ճաշարան, ուր որպէս սպասեակ կ’աշխատէի։ Այդ գիշեր չակնկալեցի շատ ձեռաձիր ստանալ, քանի որ շաբթուան այդ օրը յաճախ խճողում չ’ըլլար։ Բայց շատ անակնկալի եկայ, երբ այդ գիշեր բազմաթիւ յաճախորդներ եկան։ Երբ գործս վերջացուցի եւ ստացած ձեռաձիրներս հաշուեցի, ընդհանուր գումարն էր՝ 66 տոլար»։ Նենսին համոզուած է որ Եհովան ճիշդ իրեն հարկ եղածը առատօրէն տուաւ (Մատ. 6։33

8. Ո՞րն է Եհովայի մեծագոյն առատաձեռն պարգեւը։

8 Եհովայի մեծագոյն առատաձեռն պարգեւը բոլորի՛ն մատչելի է։ Ատիկա իր Որդիին փրկանքի զոհն է։ Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Հոս՝ «աշխարհ» բառը կ’ակնարկէ ամբողջ մարդկութեան։ Արդարեւ, Եհովայի այս մեծագոյն առատաձեռն պարգեւը մատչելի է բոլոր անոնց՝ որոնք կ’ընդունին զայն։ Յիսուսի հաւատացողները յաւիտենական կեանք պիտի ստանան (Յովհ. 10։10)։ Իրապէս, ասկէ աւելի մեծ փաստ չկայ թէ Եհովան առատաձեռն է։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

Իսրայէլացիներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ Եհովայի առատաձեռնութիւնը ընդօրինակեն (Տե՛ս  պարբերութիւն 9)

9. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի առատաձեռնութիւնը ընդօրինակել։

 9 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի առատաձեռնութիւնը ընդօրինակել։ Եհովան մեզի շատ բաներ տուած է, որոնք մեզ կ’ուրախացնեն. մենք ալ պիտի ուզենք ուրիշներու տալ բաներ, որոնք զիրենք կ’ուրախացնեն (Ա. Տիմ. 6։17-19)։ Մենք ուրախութեամբ մեր նիւթական միջոցները կը գործածենք, մեր սիրելիներուն նուէրներ տալու համար, իսկ կարիքաւորներուն օգնելու համար (կարդա՛ Բ. Օրինաց 15։7Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ յիշենք առատաձեռն ըլլալ։ Ոմանք որոշած են որ ամէն անգամ որ նուէր ստանան, ուրիշի մը նուէր տալու պատեհութիւն գտնեն։ Ժողովքները օրհնուած են անհամար եղբայրներով ու քոյրերով, որոնք առատաձեռն հոգի կը մշակեն։

10. Առատաձեռն ըլլալու ուշագրաւ մէկ կերպը ի՞նչ է։

10 Առատաձեռն ըլլալու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ խօսքով ու գործով մեր անձէն ուրիշին տալ։ Այս մէկը կրնանք իրագործել՝ մեր ժամանակը եւ կորովը գործածելով, որպէսզի ուրիշներուն օգնենք ու քաջալերենք (Գաղ. 6։10)։ Արդեօք այս ուղղութեամբ առատաձեռն կը գտնուի՞ս։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Ուրիշները կը զգա՞ն թէ պատրաստ եմ իմ անձէս տալու եւ իրենց մտահոգութիւնները լսելու։ Եթէ մէկը ինձմէ խնդրէ որ իրեն օգնեմ բան մը ընելու, արդեօք իմ հակազդեցութիւնս ի՞նչ կ’ըլլայ։ Վերջին անգամ ե՞րբ անկեղծօրէն գովեցի ընտանիքիս մէկ անդամը կամ հաւատակից մը’։ Երբ ‘տալը’ սովորութիւն դարձնենք, վստահաբար Եհովայի եւ մեր բարեկամներուն աւելի՛ պիտի մօտենանք (Ղուկ. 6։38. Առ. 19։17

11. Եհովայի հանդէպ առատաձեռն գտնուելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։

 11 Եհովայի հանդէպ ալ կրնանք առատաձեռն գտնուիլ։ Սուրբ Գիրքը սա յորդորը կու տայ. «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ» (Առ. 3։9)։ Այդ «ստացուածք»ը կը պարփակէ մեր ժամանակը, կորովը եւ նիւթական միջոցները, որոնք կրնանք առատօրէն իր ծառայութեան մէջ գործածել։ Նոյնիսկ դեռատիներ կրնան սորվիլ Եհովայի հանդէպ առատաձեռն գտնուիլ։ Ճէյսըն անունով հայր մը կ’ըսէ. «Երբ մեր ընտանիքը Թագաւորութեան սրահին մէջ նուիրատուութիւն պիտի ընէ, մեր զաւակներուն կ’ըսենք որ գումարը իրենք նուիրատուութեան տուփին մէջ զետեղեն։ Այս մէկը ընելով անոնք կ’ուրախանան, քանի որ ինչպէս կ’ըսեն, թէ իրենք ‘Եհովային բան մը կու տան’»։ Այն զաւակները, որոնք իրենց մատղաշ տարիքէն Եհովային տալու ուրախութիւնը կը վայելեն, հաւանական է որ շարունակեն առատաձեռն ըլլալ, երբ մեծնան (Առ. 22։6

ԵՀՈՎԱՆ ԽՈՀԵՄ Է

12. Ի՞նչ կը նշանակէ խոհեմ ըլլալ։

12 Եհովայի սիրելի մէկ ա՛յլ յատկութիւնն է՝ խոհեմութիւնը։ Ի՞նչ կը նշանակէ «խոհեմ» ըլլալ (Տիտ. 3։1, 2, ՆԱ)։ Խոհեմ անհատը պատրաստ է զիջելու, եւ միշտ ստիպուած չէ որոշ կանոնի մը հետեւիլ։ Ան խիստ, անթեք ու բիրտ չէ։ Փոխարէն, ան մարդոց հետ ազնուութեամբ կը վարուի եւ իրապէս կը ջանայ անոնց պարագաները հասկնալ։ Ան յօժար է ուրիշներուն լսելու եւ, երբ յարմար է, անոնց փափաքներուն զիջելու եւ իր պահանջները ճշդելու։

13, 14. ա) Եհովան ինչպէ՞ս խոհեմութիւն կը ցուցաբերէ։ բ) Ղովտի հետ Եհովայի գործառնութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ խոհեմութեան մասին։

13 Եհովան ինչպէ՞ս խոհեմութիւն կը ցուցաբերէ։ Ան ազնուաբար նկատի կ’առնէ իր ծառաներուն զգացումները, եւ յաճախ անոնց թոյլ կու տայ, որ բան մը իրենց նախասիրած կերպով ընեն։ Օրինակի համար, նկատի առ Եհովայի գործառնութիւնը արդար Ղովտին հետ։ Երբ Եհովան վճռեց Սոդոմն ու Գոմորը կործանել, յստակ կերպով Ղովտի ըսաւ որ դէպի լեռները փախչի։ Պատճառի մը համար սակայն, Ղովտ աղաչեց որ ուրիշ ուղղութեամբ փախչի։ Պահ մը խորհէ՛. Ղովտը իրականութեան մէջ Եհովայէ խնդրեց որ Իր ցուցմունքները փոխէ (կարդա՛ Ծննդոց 19։17-20

14 Դիւրին է շուտով Ղովտը որպէս տկար կամ անհնազանդ դատել։ Վերջ ի վերջոյ, Եհովան վստահաբար կրնար Ղովտը ողջ պահել, ո՛ւր որ ալ ան գտնուէր, ուստի հարկ չկար որ վախնար։ Բայց եւ այնպէս Ղովտ վախ ունեցաւ։ Եհովան անոր զգացումները յարգեց եւ զիջեցաւ, թոյլ տալով որ փախչի այն քաղաքը որ Ինք մտադրած էր կործանել (կարդա՛ Ծննդոց 19։21, 22Յստակ է որ Եհովան ո՛չ անթեք է եւ ոչ ալ խիստ է։ Ան զիջող ու խոհեմ է։

15, 16. Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս կ’արտացոլէ Եհովայի խոհեմութիւնը (տե՛ս բացման պատկերը)։

15 Նկատի առ Եհովայի խոհեմ ըլլալուն մէկ ա՛յլ օրինակը, ինչպէս որ Մովսիսական օրէնքը ցոյց կու տայ։ Եթէ իսրայէլացին շատ աղքատ ըլլալով չէր կրնար ոչխար կամ այծ բերել ողջակէզ ըլլալու համար, ան կրնար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ բերել։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այն իսրայէլացիին մասին, որ չէր կրնար նոյնիսկ ասո՛նք զոհ մատուցանել։ Այս պարագային, Եհովան թոյլ տուաւ որ ան քիչ մը ալիւր ընծայէր։ Բայց նկատի առ հետեւեալ կարեւոր մանրամասնութիւնը. ատիկա պէտք չէր որեւէ ալիւր ըլլար, այլ՝ «բարձրորակ ալիւր» (ՆԱ),– այն տեսակը՝ որ պատուելի հիւրերու առջեւ կը դրուէր (Ծն. 18։6)։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր էր (կարդա՛ Ղեւտացւոց 5։7, 11

16 Պատկերացուր որ շատ աղքատ իսրայէլացի մըն ես։ Մինչ քիչ մը ալիւրով խորան կը մօտենաս զոհ մատուցանելու համար, կը նկատես հարուստ իսրայէլացիներ՝ իրենց արջառներով։ Թերեւս այս աննշան զոհիդ համար, դուն քեզ շատ պզտիկ զգաս։ Ապա կը յիշես որ Եհովայի աչքին ընծադ արժէքաւոր է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Օրէնքին մէջ Եհովան ըսաւ որ ալիւրը բարձրորակ ըլլայ։ Այսպիսով, Եհովան կարծես թէ աղքատ իսրայէլացիներուն կ’ըսէր. ‘Գիտեմ որ ուրիշներուն չափ զոհեր չէք կրնար մատուցանել, բայց նաեւ գիտեմ որ այն ինչ որ կը զոհէք, ձեր լաւագոյնն է’։ Իրապէս, Եհովան խոհեմութիւն կը ցուցաբերէ, հաշուի առնելով իր ծառաներուն սահմանափակումները եւ պարագաները (Սաղ. 103։14

17. Կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան ինչպիսի՞ ծառայութիւն կ’ընդունի։

 17 Կրնանք մխիթարուիլ գիտնալով որ Եհովան խոհեմ է եւ մեր անձնուէր ծառայութիւնը կ’ընդունի (Կող. 3։23)։ Քոնսդընս անունով իտալացի տարեց քոյր մը ըսաւ. «Միշտ սիրած եմ Ստեղծիչիս մասին ուրիշներուն խօսիլ։ Անոր համար է որ կը շարունակեմ քարոզել եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել։ Ատեններ կ’ափսոսամ որ առողջութիւնս չի ներեր որ աւելի՛ն ընեմ այս մարզին մէջ։ Բայց կ’անդրադառնամ որ Եհովան իմ սահմանափակումներս գիտէ եւ զիս կը սիրէ ու կը գնահատէ այն ինչ որ կրնամ ընել»։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

18. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան Եհովայի օրինակին հետեւիլ։

18 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի խոհեմութիւնը ընդօրինակել։ Դարձեալ մտածէ թէ ինչպէ՛ս Ղովտի հետ վարուեցաւ։ Եհովան հեղինակութիւնը ունէր որոշելու թէ Ղովտ ո՛ւր երթար, բայց եւ այնպէս ան ազնիւ էր եւ մտիկ ըրաւ Ղովտին, մինչ իր զգացումները կ’արտայայտէր, եւ թոյլ տուաւ որ իր ուզած տեղը երթայ։ Եթէ ծնող մըն ես, կրնա՞ս Եհովայի օրինակին հետեւիլ։ Կրնա՞ս զաւակներուդ խնդրանքները մտիկ ընել եւ, եթէ յարմար է, թոյլ տալ որ որոշ բաներ իրենց նախասիրած կերպով ընեն։ Այս ուղղութեամբ, Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 2007 թիւը նշեց, թէ կարգ մը ծնողներ թերեւս ուզեն իրենց զաւակներուն առիթ տալ, որ տան մէջ հաստատուելիք օրէնքներուն նկատմամբ իրենց տեսակէտը յայտնեն։ Օրինակ, եթէ ծնողներ պիտի որոշեն թէ զաւակներէն ե՛րբ պահանջուած է տունը ըլլալ, վստահաբար կրնան որոշ ժամ մը սահմանել։ Ասով հանդերձ, անոնք կրնան որոշուած ժամին նկատմամբ իրենց զաւակներուն կարծիքը հարցնել։ Կարգ մը պարագաներուն, ծնողներ կ’ընտրեն տուն վերադառնալու ժամին նկատմամբ կարգ մը ճշդումներ ընել, այնքան ատեն որ աստուածաշնչական սկզբունքներ չեն ոտնակոխուիր։ Երբ ծնողներ տնային կանոններուն առնչութեամբ իրենց զաւակներուն կարծիքը կ’առնեն, զաւակները աւելի հակամէտ կ’ըլլան կանոնները հասկնալու եւ անոնց հնազանդելու։

19. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Եհովայի խոհեմութիւնը ընդօրինակել։

19 Երէցները կը ջանան Եհովայի խոհեմութիւնը ընդօրինակել, նկատի առնելով իրենց հաւատակիցներուն պարագաները։ Յիշէ թէ Եհովան նոյնիսկ աղքատ իսրայէլացիներուն զոհերը արժեւորեց։ Նմանապէս, կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր չնչին բան կրնան ընել ծառայութեան մէջ, թերեւս առողջապահական խնդիրներու կամ ծերութեան պատճառաւ։ Ի՞նչ կարելի է ընել երբ այսպիսիներ ընկճուած զգան իրենց սահմանափակումներուն պատճառաւ։ Երէցները կրնան ազնուօրէն հաւաստիացնել թէ Եհովան զիրենք կը սիրէ, քանի որ իրենց լաւագոյնը կու տան (Մար. 12։41-44

20. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ խոհեմ ըլլալ։

20 Անշուշտ, խոհեմ ըլլալ չի նշանակեր Աստուծոյ ծառայութեան մէջ քիչ բան ընել, պարզապէս մեր անձին հանդէպ ազնիւ գտնուելու համար (Մատ. 16։22)։ Չենք ուզեր ծառայութիւնը թեթեւի առնել եւ ապա մեր կեցուածքը պաշտպանել, ըսելով որ մեր ըրածը խոհեմութիւն է։ Փոխարէն, Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելուն մէջ պէտք է բոլորս ‘ջանք ընենք’ (Ղուկ. 13։24)։ Իրապէս պէտք է հաւասարակշռուած ըլլանք։ Մէկ կողմէ, կը ջանանք ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը տալ։ Միւս կողմէ, կը յիշենք թէ Եհովան մեր կարողութենէն վեր բան մը չի խնդրեր։ Երբ իրեն մեր լաւագոյնը տանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ կը հաճի։ Արդ, այսպիսի գնահատող եւ խոհեմ Տէրոջ մը ծառայելով չե՞նք ուրախանար։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք Եհովայի յատկութիւններէն երկու ա՛յլ սիրելի յատկութիւն (Սաղ. 73։28

«Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ» (Առ. 3։9) (Տե՛ս  պարբերութիւն 11)

«Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք» (Կող. 3։23) (Տե՛ս  պարբերութիւն 17)