Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թոյլ տուր Եհովայի կրթութեան որ քեզ ձեւաւորէ

Թոյլ տուր Եհովայի կրթութեան որ քեզ ձեւաւորէ

«Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս» (ՍԱՂ. 73։24

1, 2. ա) Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալու համար, ի՞նչ բաներ կարեւոր են։ բ) Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք, քննելով Աստուածաշունչի մէջ նշուած կարգ մը մարդոց հակազդեցութիւնը Աստուծոյ կրթութեան։

ՍԱՂՄՈՍԵՐԳՈՒՆ Աստուծոյ հանդէպ իր վստահութիւնը հետեւեալ կերպով արտայայտեց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ» (Սաղ. 73։28)։ Ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ ան այս եզրակացութեան յանգի։ Երբ չար մարդոց խաղաղութիւնը նկատեց, սաղմոսերգուն սկիզբը դառնացաւ ու ողբաց. «Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի» (Սաղ. 73։2, 3, 13, 21)։ Բայց երբ «Աստուծոյ սրբարանը» մտաւ, կրցաւ իր մտածելակերպը ճշդել եւ Աստուծոյ հետ իր մտերիմ փոխյարաբերութիւնը պահպանել (Սաղ. 73։16-18)։ Այսպիսով, ան կարեւոր դաս մը սորվեցաւ. Աստուծոյ ժողովուրդէն ըլլալը, խրատ ընդունիլը եւ զայն կիրարկելը կենսական են, եթէ անհատ մը կ’ուզէ Եհովայի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն վայելել (Սաղ. 73։24

2 Մենք ալ կ’ուզենք ճշմարիտ Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն վայելել։ Այդ նպատակակէտին հասնելու համար, կարեւոր է որ թոյլ տանք իր խրատին կամ կրթութեան որ մեզ ձեւաւորէ, որպէսզի իրեն հաճոյալի անհատներ դառնանք։ Հին օրերուն, Աստուած ողորմածօրէն մարդոց ու ազգերու պատեհութիւն տուաւ որ իր կրթութիւնը ընդունին։ Անոնց հակազդեցութիւնը արձանագրուած է Աստուածաշունչին մէջ, որպէսզի մեզի ‘խրատ ըլլայ’ եւ անոնց օրինակէն ‘սորվինք’ (Հռով. 15։4. Ա. Կոր. 10։11)։ Այս արձանագրութիւնները մօտէն քննելով, Եհովայի անձնաւորութիւնը աւելի՛ պիտի հասկնանք եւ պիտի գիտնանք թէ իր ձեռքով ձեւաւորուելէ ինչպէ՛ս կրնանք օգտուիլ։

ԲՐՈՒՏԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԻՐ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՆԷ

3. Եսայի 64։8–ը եւ Երեմիա 18։1-6–ը ինչպէ՞ս կը նկարագրեն Եհովայի հեղինակութիւնը մարդոց վրայ (տե՛ս բացման պատկերը)։

3 Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Եհովան բրուտի մը կը նմանի, քանի որ մարդոց ու ազգերու վրայ հեղինակութիւն ունի։ Եսայի 64։8–ը կ’ըսէ. «Ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք»։ Բրուտը կաւէն կրնայ շինել իր ուզածը։ Կաւը չի կրնար ըսել բրուտին որ ի՛նչ շինէ։ Նոյնն է պարագան մարդոց ու Աստուծոյ։ Իրաւասութիւն չունինք Աստուծոյ ըսելու թէ մեզ ինչպէ՛ս ձեւաւորէ, ճիշդ ինչպէս որ կաւը չի կրնար բրուտին ըսել թէ ինչպիսի՛ անօթ շինէ (կարդա՛ Երեմիա 18։1-6

4. Եհովան մարդիկը կամ ազգերը կը ստիպէ՞ որ իրեն ծառայեն. բացատրէ։

4 Եհովան ձեւաւորեց իսրայէլը ճիշդ ինչպէս որ բրուտը կաւը կը ձեւաւորէ։ Բայց Եհովան եւ մարդկային բրուտը ինչպէ՞ս կը տարբերին։ Եհովան մարդոց եւ ազգերուն ազատ կամքի մասնայատուկ պարգեւը տուած է. այսինքն՝ ան անոնց թոյլ կու տայ, որ իրենց անձնական որոշումները կայացնեն։ Ան մարդոց հետ քմահաճօրէն չի վարուիր, ոչ ալ իր հեղինակութիւնը կը գործածէ մարդիկը ստիպելու որ իրեն հնազանդին։ Փոխարէն, մարդիկ իրե՛նք պէտք է ընտրեն իրենց Ստեղծիչին՝ Եհովայի թոյլ տալ, որ զիրենք ձեւաւորէ (կարդա՛ Երեմիա 18։7-10

5. Երբ մարդիկ Եհովայի թոյլ չտան որ զիրենք ձեւաւորէ, ան ի՞նչ կ’ընէ։

5 Եթէ անհատը յամառ է եւ կը մերժէ որ մեծագոյն Բրուտը՝ Եհովան, զինք ձեւաւորէ, Ան իր հեղինակութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածէ։ Երբ բրուտի մը համար դժուար ըլլայ կաւը իր մտադրած անօթին վերածել, ան կրնայ որոշել ուրիշ տեսակի անօթ շինել կամ այդ կաւը թափել։ Ասիկա սովորաբար կը պատահի, երբ բրուտը ճիշդ կերպով կաւը չձեւաւորէ։ Բայց Եհովան մարդիկը մի՛շտ ճիշդ կերպով կը ձեւաւորէ (Բ. Օր. 32։4)։ Երբ անհատը թոյլ չտայ որ Եհովան զինք ձեւաւորէ, յանցանքը միշտ անհատին վրայ կ’իյնայ։ Մարդիկը ձեւաւորելու կերպը ճշդելը կախեալ է անոնց հակազդեցութենէն։ Երբ մարդիկ Եհովային հնազանդին, իրեն պիտանի կամ օգտակար անհատներ կը դառնան։ Օրինակ, օծեալ քրիստոնեաները «ողորմութիւն գտնող անօթներ» են, որոնք ձեւաւորուած են ‘պատուաւոր’ գործածութեան համար։ Բայց Աստուծոյ խրատը մերժողները պիտի դառնան «բարկութեան առարկայ», որ անգործածելի է (Հռով. 9։19-23

6, 7. Դաւիթ թագաւոր եւ Սաւուղ թագաւոր ինչպէ՞ս հակազդեցին, երբ Եհովայէ խրատ ստացան։

 6 Խրատելը կամ կրթելը կերպերէն մէկն է՝ որով Եհովան անհատներ կը ձեւաւորէ։ Օրինակի համար, պահ մը խորհէ թէ ան ինչպէ՛ս իսրայէլի առաջին երկու թագաւորները՝ Սաւուղն ու Դաւիթը ձեւաւորեց։ Երբ Դաւիթ թագաւոր Բերսաբէի հետ շնութիւն գործեց, թէ ի՛նք եւ թէ ուրիշներ աննպաստ կերպով ազդուեցան։ Թէեւ ան թագաւոր էր, բայց Եհովան զինք կրթելու չվարանեցաւ։ Աստուած Նաթան մարգարէն ղրկեց Դաւիթի քով, որպէսզի զինք խստօրէն խրատէ (Բ. Թագ. 12։1-12)։ Դաւիթ ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան սրտանց զղջաց։ Ուստի, Աստուած անոր հանդէպ ողորմած գտնուեցաւ (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 12։13

 7 Առ ի հակապատկեր, Դաւիթի նախորդը՝ Սաւուղ թագաւոր, իրեն տրուած խրատին չընդառաջեց։ Եհովան Սամուէլ մարգարէին միջոցաւ Սաւուղի յստակ պատուէր տուած էր, որ բոլոր ամաղեկացիները ե՛ւ անոնց խաշինքը բնաջնջէ։ Բայց Սաւուղ այս աստուածային պատուէրին չհնազանդեցաւ։ Ան Ագագ թագաւորին, ինչպէս նաեւ լաւագոյն խաշինքին խնայեց։ Ինչո՞ւ։ Առնուազն մասամբ ինքզինք պատուելու համար (Ա. Թագ. 15։1-3, 7-9, 12)։ Երբ խրատուեցաւ, Սաւուղ պէտք է իր սիրտը կակուղցնէր, թոյլ տալով Մեծ Բրուտին որ զինք ձեւաւորէ։ Փոխարէն, Սաւուղ մերժեց ձեւաւորուիլ։ Ան իր վարմունքը արդարացուց, ըսելով որ իր ըրածը արտօնելի էր, քանի որ խաշինքը կրնար որպէս զոհ գործածուիլ, եւ Սամուէլի խրատը թեթեւի առաւ։ Եհովան ալ զինք որպէս թագաւոր մերժեց, եւ Սաւուղ Աստուծոյ հետ իր լաւ փոխյարաբերութիւնը բոլորովին կորսնցուց (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 15։13-15, 20-23

Սաւուղ խրատը թեթեւի առաւ եւ զայն մերժեց։ Ան չուզեց ձեւաւորուիլ (Տե՛ս  պարբերութիւն 7)

Դաւիթ սրտանց զղջաց եւ խրատը ընդունեց։ Ան թոյլ տուաւ Աստուծոյ որ զինք ձեւաւորէ։ Դուն թոյլ կու տա՞ս (Տե՛ս  պարբերութիւն 6)

ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆԱՉԱՌ Է

8. Եհովայի ձեւաւորման իսրայէլ ազգի ընդառաջելու կերպէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

8 Եհովան ոչ միայն անհատներու, այլեւ ազգերու պատեհութիւն կու տայ որ իրեն հնազանդին։ Ք.Ա. 1513–ին, Իսրայէլի որդիները, որոնք եգիպտական ստրկութենէն ազատեցան, Աստուծոյ մասնայատուկ ժողովուրդը դարձան։ Իսրայէլ առանձնաշնորհում ունէր ձեւաւորուելու Աստուծոյ կողմէ, կարծես Մեծ Բրուտին ճախարակով։ Բայց ժողովուրդը շարունակեց Եհովայի աչքին չարիք գործել։ Անոնք նոյնիսկ շրջակայ ազգերուն չաստուածները պաշտեցին։ Կրկին անգամ Եհովան մարգարէներ ղրկեց որպէսզի զանոնք զգաստացնէ, բայց իսրայէլ անոնց մտիկ չըրաւ (Եր. 35։12-15)։ Իր յամառ կեցուածքին պատճառաւ, իսրայէլ պէտք է խստօրէն կրթուէր։ Կործանման յարմար եղող անօթի մը նման, հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը նուաճուեցաւ ասորեստանցիներուն կողմէ, իսկ յետագային հարաւային երկու–ցեղեան թագաւորութիւնը նոյն վախճանը ունեցաւ բաբելոնացիներուն ձեռքով։ Ասկէ ի՜նչ կարեւոր դաս մը կը քաղենք. Եհովայի ձեւաւորումէն կ’օգտուինք միայն եթէ անոր լաւ կերպով ընդառաջենք։

9, 10. Նինուէցիները աստուածային ազդարարութեան ինչպէ՞ս հակազդեցին։

9 Եհովան նաեւ Ասորեստանի Նինուէ մայրաքաղաքին բնակիչներուն պատեհութիւն տուաւ, որ իր ազդարարութեան ընդառաջեն։ Ան Յովնանի ըսաւ. «Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու քարոզէ՛, քանզի անոնց չարութիւնը իմ առջեւս ելաւ»։ Նինուէն կործանուելու արժանի էր (Յովն. 1։1, 2. 3։1-4

10 Բայց երբ Յովնան դատաստանի պատգամը յայտարարեց, «նինուէցիները Աստուծոյ հաւատալով՝ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու մեծէն մինչեւ պզտիկը քուրձ հագան»։ Անոնց թագաւորը «իր աթոռէն ելաւ ու վրայէն պատմուճանը հանեց եւ քուրձ հագաւ ու մոխիրի վրայ նստաւ»։ Նինուէցիները Եհովայի ձեւաւորման ընդառաջեցին եւ զղջացին։ Հետեւաբար Եհովան քաղաքը չկործանեց (Յովն. 3։5-10

11. Իսրայէլացիներուն եւ նինուէցիներուն հետ իր գործառնութեանց մէջ Եհովայի ո՞ր յատկութիւնը ցցուն կ’ըլլայ։

11 Իսրայէլ Աստուծոյ ընտրեալ ազգը ըլլալով հանդերձ, կրթութեան ենթարկուեցաւ։ Միւս կողմէ, նինուէցիները Աստուծոյ մասնայատուկ ժողովուրդը չէին։ Այսուհանդերձ, Եհովան անոնց ողորմեցաւ ու որոշեց զանոնք չբնաջնջել, երբ իր դատաստանի պատգամը լսելով՝ իր ձեւաւորման ընդառաջեցին եւ զղջացին։ Այս երկու օրինակները յստակ կերպով ցոյց կու տան, թէ Եհովան «աչառութիւն չ’ըներ» (Բ. Օր. 10։17

ԵՀՈՎԱՆ ԽՈՀԵՄ ԵՒ ՅԱՐՄԱՐՈՂ Է

12, 13. ա) Երբ անհատներ իր ձեւաւորման կ’ընդառաջեն, Եհովան ինչո՞ւ իր որոշումները կը փոխէ։ բ) Եհովայի զղջալը ի՞նչ նշանակեց Սաւուղի պարագային, եւ ի՞նչ նշանակեց Նինուէի պարագային։

12 Մեզ ձեւաւորելու Եհովայի կերպը ցոյց կու տայ, թէ խոհեմ եւ յարմարող է։ Ասիկա բացայայտ է այն պարագաներէն, ուր Եհովան կը վճռէ քայլ առնել ըստ իր արդար դատաստանին, բայց ետքը միտքը կը փոխէ, մարդոց ընդառաջումը տեսնելով։ Իսրայէլի առաջին թագաւորին առնչութեամբ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ Եհովան ‘Սաւուղը թագաւոր ընելուն զղջաց’ (Ա. Թագ. 15։11)։ Երբ նինուէցիները իրենց գէշ ընթացքէն ետ դարձան, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած հրաժարեցաւ այն չարիքէն՝ որ յայտարարեր էր թէ անոնց պիտի ընէ, ու զայն չըրաւ» (Յովն. 3։10, ԱԾ

13 «Զղջալ» թարգմանուած եբրայերէն բառը կ’ակնարկէ՝ կեցուածք կամ մտադրութիւն փոխելուն։ Սաւուղի նկատմամբ Եհովայի կեցուածքը փոխուեցաւ։ Ատեն մը ան Սաւուղի կը հաճէր, բայց երբ Սաւուղ անհնազանդ գտնուեցաւ, Եհովան զինք մերժեց որպէս թագաւոր։ Ինչո՞ւ։ Ոչ թէ քանի որ Եհովան սկիզբէն սխալ ընտրութիւն ըրած էր Սաւուղը թագադրելով, այլ՝ քանի որ Սաւուղ անհաւատի մը նման գործեց եւ անհնազանդ եղաւ։ Միւս կողմէ, ճշմարիտ Աստուածը նինուէցիներուն առնչութեամբ զղջաց, այսինքն՝ անոնց նկատմամբ իր մտադրութիւնը փոխեց։ Որքա՜ն մխիթարիչ է գիտնալ, թէ Եհովան՝ մեր Բրուտը, տրամաբանող ու յարմարող, բարեգութ ու ողորմած է, ինչպէս նաեւ կամեցողութիւն ունի իր որոշումները փոխելու, երբ մարդիկ իրենց վատ ընթացքը փոխեն։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՉՄԵՐԺԵՆՔ

14. ա) Ներկայիս Եհովան մեզ ինչպէ՞ս կը ձեւաւորէ։ բ) Աստուծոյ ձեւաւորման ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։

14 Ներկայիս, Եհովան մեզ կը ձեւաւորէ գլխաւորաբար իր Խօսքին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Այս միջոցներով մեր ստացած խրատը կամ կրթութիւնը պէ՛տք է ուրախութեամբ ընդունինք։ Որքա՛ն ժամանակէ ալ մկրտուած ըլլանք եւ որքա՛ն ալ շատ ըլլան մեր ծառայութեան առանձնաշնորհումները, պէտք է շարունակենք Եհովայի խրատին ընդառաջել, թոյլ տալով որ մեզ ձեւաւորէ որպէս անօթներ, պատուաւոր գործածութեան համար։

15, 16. ա) Ի՞նչ բացասական զգացումներ կրնան յառաջ գալ, երբ կրթութիւնը առանձնաշնորհումներու կորուստ պարփակէ. լուսաբանէ։ բ) Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ կրթութեան ընկերակցող բացասական զգացումին հետ գլուխ ելլենք։

15 Որոշ կրթութիւն կրնանք ստանալ ցուցմունքի կամ սրբագրութեան ձեւով։ Ուրիշ ատեններ սակայն, թերեւս խիստ կրթութեան հարկ ունենանք, քանի որ մեծ սխալ մը գործած ենք։ Առ ի արդիւնք, կրնայ ըլլալ որ ժողովքային առանձնաշնորհումներ կորսնցնենք։ Նկատի առ Տիլընի * օրինակը, որ որպէս երէց կը ծառայէր։ Ան մեղանչեց՝ իր աշխարհիկ գործին մէջ տկար դատողութիւն ընելով, եւ առանձնաբար յանդիմանուեցաւ։ Տիլըն ինչպէ՞ս զգաց այն գիշերը, երբ յայտարարուեցաւ որ այլեւս որպէս երէց պիտի չծառայէր։ Ան կ’ըսէ. «Ձախողութեան զգացումը զիս ջախջախեց։ Անցեալ 30 տարուան ընթացքին, շատ առանձնաշնորհումներ վայելած էի։ Կանոնաւոր ռահվիրայ եղած էի, Բեթէլի մէջ ծառայած էի, օգնական ծառայ եւ ապա երէց նշանակուած էի։ Ինչպէս նաեւ վերջերս նահանգային համաժողովի մը մէջ իմ առաջին դասախօսութիւնս տուած էի։ Յանկարծ, բոլո՛րը կորսնցուցի։ Ամօթ ու շփոթած զգալու կողքին, խորհեցայ որ ա՛լ կազմակերպութեան մէջ տեղ չունիմ»։

16 Տիլըն պէտք է իր ընթացքը փոխէր եւ ետ դառնար այն յանցագործութենէն, որ պահանջեց որ յանդիմանուէր։ Բայց ի՞նչը իրեն օգնեց որ բացասական զգացումներու հետ գլուխ ելլէ։ Ան կը բացատրէ. «Վճռած էի հոգեւոր լաւ սովորամոլութիւն պահպանել։ Նոյնքան կարեւոր էր եղբայրութեան աջակցութիւնը եւ մեր հրատարակութիւններէն ստացած քաջալերութիւնս։ Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2009 թիւին յօդուածը՝ ‘Ատենօք առանձնաշնորհումներ կը վայելէի՞ր։ Կրնա՞ս դարձեալ ունենալ’ (անգլերէնով), կը նմանէր անձնական նամակի մը, որ աղօթքներուս պատասխանն էր։ Շատ արժեւորեցի մանաւանդ այն խրատը որ կ’ըսէր. ‘Մինչ ժողովքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ չունիս, կեդրոնացիր հոգեւորութիւնդ զօրացնելու վրայ’»։ Տիլըն ինչպէ՞ս կրթութենէն օգտուած է։ Ան կ’ըսէ, թէ քանի մը տարի ետք, «Եհովան դարձեալ զիս օրհնեց, որ ծառայեմ որպէս օգնական ծառայ»։

17. Վտարումը ինչպէ՞ս կրնայ մեղանչողին օգնել. լուսաբանէ։

17 Վտարումը Եհովայի մէկ ա՛յլ կրթութիւնն է։ Ատիկա ժողովքը վատ ազդեցութենէ կը պահպանէ եւ կրնայ մեղանչողին օգնել որ զղջայ (Ա. Կոր. 5։6, 7, 11)։ Ռապըրթ շուրջ 16 տարի վտարուած մնաց։ Այդ տարիներուն անոր ծնողքը եւ եղբայրները հաստատօրէն եւ հաւատարմօրէն կիրարկեցին Աստուծոյ Խօսքին այն ուղղութիւնը, որ կ’ըսէ թէ յանցագործներու հետ չընկերակցինք, նոյնիսկ այդպիսիները չբարեւենք։ Այժմ քանի մը տարի է որ Ռապըրթ վերահաստատուած է եւ հոգեւորապէս կը յառաջդիմէ։ Երբ հարցուեցաւ, որ ի՛նչ բան զինք մղեց, որ այսքան տարի ետք ճշմարտութեան վերադառնայ, ան պատասխանեց թէ իր ընտանիքին կեցուածքը ազդեց իրեն։ Ան ըսաւ, որ եթէ իր ընտանիքը նոյնիսկ չնչին ժամանակ տրամադրէր իրեն հետ ընկերակցելու կամ իր որպիսութիւնը հարցնելու, ինք բնաւ զիրենք այդքան պիտի չկարօտնար։ Ասիկա իրեն օգնեց, որ ուզէ Եհովային եւ իր ժողովուրդին վերադառնալ։

18. Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք երբ Աստուած մեզ ձեւաւորէ։

18 Թերեւս այդ տեսակի կրթութեան պէտք չունենանք, բայց արդեօք Մեծ Բրուտին ձեռքին մէջ ինչպիսի՞ կաւ պիտի ըլլանք։ Երբ կրթուինք, ինչպէ՞ս պիտի հակազդենք։ Դաւիթի՞ նման պիտի հակազդենք, թէ ոչ Սաւուղի նման։ Մեծ Բրուտը մեր Հայրն է։ Բնաւ մի՛ մոռնար, թէ «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ»։ Ուստի, «Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար» (Առ. 3։11, 12

^ պարբ. 15 Անունները փոխուած են։