Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»

«Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»

«Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ» (ՄԱՏ. 24։45

1, 2. Ո՞ր խողովակին միջոցաւ Յիսուս այժմ մեզ հոգեւորապէս կը կերակրէ, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է որ այդ խողովակը ճանչնանք։

ՄԵՐ գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ աշխատող եղբայրներուն նամակ մը ուղարկելով, քոյր մը սապէս իր գնահատութիւնը արտայայտեց. «Եղբայրնե՛ր, չեմ գիտեր ուրկէ՛ սկսիմ հաշուել այն յօդուածները, որոնք ինծի հայթայթեցիք ճիշդ այդ ատենին, երբ անոնց մեծապէս պէտք ունէի»։ Դուն ալ համանման զգացումներ ունի՞ս։ Մեզմէ շատեր այդ քրոջ պէս կը զգան։ Արդեօք ասիկա զարմանալի՞ բան է։ Ո՛չ։

2 Ատենին մեր ստացած հոգեւոր սնունդը ապացոյց է, թէ Յիսուս՝ ժողովքին Գլուխը՝ մեզ կերակրելու իր խոստումը կը պահէ։ Բայց արդեօք որո՞ւն միջոցաւ։ Երբ իր ներկայութեան նշանը կու տար, Յիսուս ըսաւ թէ պիտի գործածէր ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան, որպէսզի ատենին իր ծառաներուն կերակուր տայ’ (կարդա՛ Մատթէոս 24։45-47) *։ Այդ հաւատարիմ ծառան այն խողովակն է, որուն միջոցաւ Յիսուս վախճանին ատենը իր ճշմարիտ հետեւորդները հոգեւորապէս կը կերակրէ։ Ուստի, կարեւոր է որ հաւատարիմ ծառան ճանչնանք։ Մեր հոգեւոր առողջութիւնը եւ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը այս խողովակէն կախեալ են (Մատ. 4։4. Յովհ. 17։3

3. Մեր հրատարակութիւնները ի՞նչ նշած են հաւատարիմ ծառային լուսաբանութեան մասին։

3 Լաւ, հաւատարիմ ծառային մասին Յիսուսի լուսաբանութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ։ Անցեալին, մեր հրատարակութիւնները հետեւեալը ըսած են։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուս իր ծառաներուն վրայ հաւատարիմ ծառան նշանակեց։ Ծառան կը ներկայացնէ՝ որեւէ ատեն երկրի վրայ գտնուող բոլոր օծեալները որպէս խումբ։ Իսկ ծառաները նոյն օծեալներն են, բայց որպէս անհատներ։ 1919–ին, Յիսուս հաւատարիմ ծառան նշանակեց «իր բոլոր ունեցածին վրայ»,– երկրի վրայ իր Թագաւորութեան շահերը։ Սակայն, յաւելեալ ուշադիր ուսումնասիրութիւնը եւ աղօթքով խոկալը ցոյց տուին, թէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային մասին Յիսուսի խօսքերուն մեր հասկացողութիւնը հարկ է որ ճշդուի (Առ. 4։18)։ Նկատի առնենք լուսաբանութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս մեզ կը պարփակէ, ըլլա՛յ մեր յոյսը երկնային կամ երկրային։

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Ե՞ՐԲ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ

4-6. Ինչո՞ւ կրնանք եզրակացնել, թէ հաւատարիմ ծառային մասին Յիսուսի լուսաբանութիւնը սկսաւ կատարուիլ միայն 1914–էն ետք։

4 Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային լուսաբանութենէն առաջ ու վերջ եղող համարները ցոյց կու տան, թէ անիկա սկսաւ կատարուիլ ոչ թէ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, այլ՝ այս վերջին օրերուն։ Տեսնենք թէ Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՛ս մեզ այս եզրակացութեան կը հասցնեն։

5 Հաւատարիմ ծառային լուսաբանութիւնը նշուած է Յիսուսի ‘գալուստին ու աշխարհիս վերջին նշանին’ մասին տրուած մարգարէութեան մէջ (Մատ. 24։3)։ Մարգարէութեան առաջին մասը, որ Մատթէոս 24։4-22–ի մէջ արձանագրուած է, երկու կատարում ունի,– առաջինը՝ Ք.Ե. 33-70, իսկ երկրորդը՝ աւելի մեծ տարողութեամբ մեր օրերուն։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ հաւատարիմ ծառային մասին Յիսուսի խօսքերը նաեւ երկու կատարում պիտի ունենային։ Ո՛չ։

6 Մատթէոս 24։29–էն սկսեալ, Յիսուս գլխաւորաբար կեդրոնացաւ մեր օրերուն պատահելիք դէպքերուն վրայ (կարդա՛ Մատթէոս 24։30, 42, 44Մեծ նեղութեան ընթացքին պատահելիք բաներուն մասին խօսելով, ան ըսաւ թէ մարդիկ «պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։ Ապա, վերջին օրերուն մէջ ապրող մարդոց առնչութեամբ, ան զգաստութիւնը շեշտեց՝ ըսելով. «Չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ» եւ «Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր» *։ Այս բովանդակութեան մէջ էր որ Յիսուս հաւատարիմ ծառային լուսաբանութիւնը տուաւ, այսինքն՝ երբ կը խօսէր դէպքերու մասին, որոնք վերջին օրերուն տեղի պիտի ունենային։ Ուստի, կրնանք եզրակացնել թէ հաւատարիմ ծառային նկատմամբ իր խօսքը սկսաւ կատարուիլ միայն վերջին օրերը 1914–ին սկսելէն ետք։ Այս եզրակացութիւնը տրամաբանական է։ Ինչո՞ւ։

7. Երբ հունձքի եղանակը սկսաւ, ի՞նչ կարեւոր հարցում ծագեցաւ եւ ինչո՞ւ։

7 Պահ մը մտածէ այս հարցումին շուրջ. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Առաջին դարուն, պատճառ չկար այս հարցումը ուղղելու։ Ինչպէս տեսանք նախորդ յօդուածին մէջ, առաքեալները կրնային հրաշքներ ընել եւ նոյնիսկ հրաշալի պարգեւներ փոխանցել, աստուածային աջակցութեան որպէս փաստ (Գործք 5։12)։ Ուստի, մէկը հարկ չունէր հարց տալու թէ Քրիստոս իրապէս ո՛վ նշանակած էր առաջնորդութիւնը առնելու։ Սակայն 1914–ին, պարագան բաւական տարբեր էր։ Հունձքի եղանակը այդ տարին սկսաւ։ Վերջապէս ժամանակը եկած էր որոմը ցորենէն զատելու (Մատ. 13։36-43)։ Մինչ հունձքի եղանակը սկսաւ, բազմաթիւ կեղծ քրիստոնեաներ կային, որոնք կը դաւանէին Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները ըլլալ։ Ուստի, կարեւոր հարցում մը կը ծագէր. ինչպէ՞ս կարելի էր բնորոշել ցորենը,– օծեալ քրիստոնեաները։ Հաւատարիմ ծառային լուսաբանութիւնը այս հարցումին պատասխանեց։ Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները պիտի ըլլային անոնք՝ որոնք հոգեւորապէս լաւ կը կերակրուէին։

Ո՞Վ Է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԾԱՌԱՆ

8. Ինչո՞ւ տրամաբանական է որ հաւատարիմ ծառան կազմուած ըլլայ օծեալ քրիստոնեաներէ։

8 Հաւատարիմ ծառան պէտք է կազմուած ըլլայ երկրի վրայ գտնուող օծեալ քրիստոնեաներէ։ Այսպիսիներ կը կոչուին «թագաւորական քահանայութիւն» եւ յանձնարարութիւն ունին ‘հռչակելու անոր առաքինութիւնները, որ զիրենք խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց’ (Ա. Պետ. 2։9)։ Տրամաբանական է որ այդ ‘թագաւորական քահանայութեան’ անդամները ուղղակի բաժին բերեն հաւատակիցներուն ճշմարտութիւնը ուսուցանելու մէջ (Մաղ. 2։7. Յայտ. 12։17

9. Բոլո՞ր օծեալ քրիստոնեաները հաւատարիմ ծառան կը կազմեն. բացատրէ՛։

9 Արդեօք երկրի վրայ գտնուող բոլո՞ր օծեալները հաւատարիմ ծառան կը կազմեն։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, ո՛չ բոլոր օծեալները աշխարհի տարածքին գտնուող հաւատակիցներուն հոգեւոր կերակուր կը մատակարարեն։ Օծեալներէն ոմանք իրենց ժողովքներուն մէջ որպէս օգնական ծառաներ կամ երէցներ կը ծառայեն, տունէ տուն կը քարոզեն, ժողովքին մէջ կ’ուսուցանեն եւ գլխաւոր կեդրոնատեղիէն եկած ուղղութեան հաւատարմօրէն կը հետեւին։ Բայց անոնք բաժին չեն բերեր երկրապարփակ եղբայրութեան հոգեւոր սնունդ մատակարարելուն մէջ։ Նաեւ օծեալներուն մէջ կան խոնարհ քոյրեր, որոնք բնաւ չեն ջանար ժողովքէն ներս ուսուցիչներու դեր ստանձնել (Ա. Կոր. 11։3. 14։34

10. Ո՞վ է հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան։

10 Ուրեմն, ո՞վ է հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան։ Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրելու Յիսուսի կերպին հետ ներդաշնակ ըլլալով, ծառան կազմուած է օծեալ եղբայրներու պզտիկ խումբէ մը, որ Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին ուղղակի կը պատրաստէ ու կը բաշխէ հոգեւոր կերակուրը։ Վերջին օրերուն ընթացքին, օծեալ եղբայրները՝ որոնք հաւատարիմ ծառան կը կազմեն, գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ միասնաբար ծառայած են։ Վերջին տասնամեակներուն, այդ ծառան բնորոշուած է որպէս՝ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին։ Նկատի առ սակայն, թէ Յիսուսի լուսաբանութեան մէջ «ծառայ» բառը եզակի է։ Ուստի, Կառավարիչ մարմինին որոշումները հաւաքականօրէն կ’առնուին։

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԾԱՌԱՆԵՐԸ

11, 12. ա) Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան ի՞նչ երկու նշանակումներ կը ստանայ։ բ) Յիսուս հաւատարիմ ծառան ե՞րբ նշանակեց իր ծառաներուն վրայ, եւ որո՞նք ընտրեց։

11 Ուշադրութեան արժանի է, թէ Յիսուսի լուսաբանութեան մէջ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան երկու անջատ նշանակումներ կը ստանայ։ Առաջինը՝ ծառաներուն վրայ, իսկ երկրորդը՝ Տիրոջ բոլոր ունեցածին վրայ։ Քանի որ այս լուսաբանութիւնը կը կիրարկուի միայն այս վերջին օրերուն, երկու նշանակումներն ալ պէտք է ըլլան՝ 1914–ին Յիսուսի ներկայութիւնը սկսելէն ետք։

12 Յիսուս հաւատարիմ ծառան ե՞րբ իր ծառաներուն վրայ նշանակեց։ Պատասխանելու համար, պէտք է վերադառնանք 1914–ին, երբ հունձքի եղանակը սկսաւ։ Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, այդ ժամանակ բազմաթիւ խումբեր դաւանեցան քրիստոնեայ ըլլալ։ Յիսուս ո՞ր խումբէն հաւատարիմ ծառան պիտի ընտրէր եւ նշանակէր։ Այդ հարցումը պատասխանուեցաւ, Յիսուս իր Հօր հետ քննելէ ետք տաճարը, կամ պաշտամունքի համար հոգեւոր կարգադրութիւնը, 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը (Մաղ. 3։1) *։ Անոնք հաճեցան տեսնելով փոքրաթիւ հաւատարիմ Աստուածաշունչի Աշակերտներ, որոնք ցոյց տուին թէ իրենց սիրտը Եհովային ու անոր Խօսքին հետ էր։ Անշուշտ, անոնք ‘մաքրութեան’ պէտք ունէին, բայց քննութեան ու զտումի հակիրճ ժամանակաշրջանին ընթացքին խոնարհաբար ընդառաջեցին (Մաղ. 3։2-4)։ Այդ հաւատարիմ Աստուածաշունչի Աշակերտները իսկական ցորեն դասակարգն էին։ 1919–ին, հոգեւոր վերականգնումի ատեն, Յիսուս անոնց մէջէն ընտրեց որակեալ օծեալ եղբայրներ, որպէսզի հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան ըլլան, եւ զանոնք իր ծառաներուն վրայ նշանակեց։

13. Ծառաները որո՞նք են եւ ինչո՞ւ։

13 Արդ, որո՞նք են ծառաները։ Պարզ խօսքով, անոնք հոգեւորապէս կերակրուողներն են։ Վերջին օրերուն սկիզբը, ծառաները բոլորն ալ օծեալներ էին։ Յետագային, ծառաները սկսան պարփակել ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւնը։ Այժմ ուրիշ ոչխարները կը կազմեն Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ եղող «մէկ հօտ»ին մեծամասնութիւնը (Յովհ. 10։16)։ Երկու խումբերը կ’օգտուին հաւատարիմ ծառային մատակարարած նոյն ժամանակայարմար հոգեւոր կերակուրէն։ Ի՞նչ կարելի է ըսել Կառավարիչ մարմինի անդամներուն մասին, որոնք հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան կը կազմեն։ Այդ եղբայրներն ալ պէտք է հոգեւորապէս կերակրուին։ Ուստի, անոնք խոնարհաբար կ’ընդունին թէ որպէս անհատներ իրենք ալ ծառաներ են, Յիսուսի մնացեալ հարազատ հետեւորդներուն նման։

Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային կամ երկրային, բոլորս ծառաներ ենք եւ նոյն ժամանակայարմար հոգեւոր կերակուրին պէտք ունինք

14. ա) Հաւատարիմ ծառան ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային (տե՛ս «Եթէ այն չար ծառան. . . » շրջանակը)։

14 Յիսուս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային ծանրակշիռ պատասխանատուութիւն տուաւ։ Վաղեմի օրերուն, վստահելի ծառայ մը, կամ տնտես մը, տան վերակացու էր (Ղուկ. 12։42)։ Այսպէս, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան հաւատքի ընտանիքին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ունի։ Ասիկա կը պարփակէ վերահսկել՝ նիւթական ստացուածքներուն, քարոզչութեան, համաժողովներու յայտագիրներուն եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններու արտադրութեան վրայ, որոնք դաշտի ծառայութեան ու անձնական եւ ժողովքային ուսումնասիրութեան համար կը գործածուին։ Ծառաները բաղադրեալ ծառային ըրած բոլոր հոգեւոր կարգադրութիւններէն կ’օգտուին։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՆ Ե՞ՐԲ ՏԻՐՈՋ ԲՈԼՈՐ ՈՒՆԵՑԱԾԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ

15, 16. Յիսուս հաւատարիմ ծառան ե՞րբ կը նշանակէ իր բոլոր ունեցածին վրայ։

15 Յիսուս հաւատարիմ ծառան ե՞րբ «իր բոլոր ունեցածին վրայ» կը նշանակէ։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա» (Մատ. 24։46, 47)։ Նշմարէ թէ Յիսուս երկրորդ նշանակումը կ’ընէ, երբ գայ եւ տեսնէ թէ ծառան «այնպէս ըրած է», այսինքն՝ հաւատարմօրէն հոգեւոր կերակուր մատակարարած է։ Ուստի, երկու նշանակումներուն միջեւ ժամանակամիջոց մը կայ։ Հասկնալու համար թէ Յիսուս ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ ծառան իր բոլոր ունեցածին վրայ կը նշանակէ, պէտք է երկու բան գիտնանք. ան ե՛րբ կու գայ եւ իր ունեցածը ի՛նչ կը պարփակէ։

16 Յիսուս ե՞րբ կու գայ։ Պատասխանը կը գտնենք նախորդ համարներուն մէջ։ Յիշէ թէ հոն Յիսուսի ‘գալը’ կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ ան այս աշխարհի վախճանին կու գայ, որպէսզի վճիռ արձակէ եւ դատաստան ի գործ դնէ (Մատ. 24։30, 42, 44) *։ Ուրեմն, Յիսուսի ‘գալը’, որ հաւատարիմ ծառային լուսաբանութեան մէջ նշուած է, տեղի կ’ունենայ մեծ նեղութեան ընթացքին։

17. Յիսուսի ունեցածը ի՞նչ կը պարփակէ։

17 Յիսուսի «բոլոր ունեցած»ը ի՞նչ կը պարփակէ։ «Բոլոր» բառը միայն անոր երկրային ունեցածներուն չի սահմանափակուիր։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս ընդարձակ երկնային հեղինակութիւն ունի։ Ան ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ» (Մատ. 28։18. Եփ. 1։20-23)։ Այժմ իր ունեցածը կը պարփակէ Մեսիական Թագաւորութիւնը, որ 1914–էն ի վեր իրեն կը պատկանի, եւ որուն մէջ իր օծեալ հետեւորդները բաժին ունին (Յայտ. 11։15

18. Յիսուս ինչո՞ւ ուրախութեամբ երկրորդ նշանակումը պիտի ընէ։

18 Վերոնշեալ կէտերուն ի տես, ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Երբ Յիսուս մեծ նեղութեան ընթացքին գայ, որ դատաստան ի գործ դնէ, պիտի գտնէ թէ հաւատարիմ ծառան ժամանակայարմար հոգեւոր կերակուրը հաւատարմօրէն ծառաներուն մատակարարած է։ Այդ ատեն, Յիսուս ուրախ պիտի ըլլայ այդ ծառան իր բոլոր ունեցածին վրայ նշանակելու։ Անոնք՝ որոնք հաւատարիմ ծառան կը կազմեն, այս երկրորդ նշանակումը պիտի ստանան, երբ իրենց երկնային վարձատրութիւնը ձեռք ձգեն, այսինքն՝ Քրիստոսի իշխանակիցները ըլլան։

19. Հաւատարիմ ծառան երկնքի մէջ մնացեալ օծեալներէն աւելի՞ մեծ վարձատրութիւն կը ստանայ. բացատրէ՛։

19 Արդեօք հաւատարիմ ծառան երկնքի մէջ մնացեալ օծեալներէն աւելի՞ մեծ վարձատրութիւն կը ստանայ։ Ո՛չ։ Ուրիշներ ալ ի վերջոյ կրնան վայելել այն վարձատրութիւնը, որ որոշ ատեն պզտիկ խումբի մը խոստացուած էր։ Օրինակ, նկատի առ թէ Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը ի՛նչ ըսաւ իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն (կարդա՛ Ղուկաս 22։28-30Յիսուս այդ փոքրաթիւ տղամարդոց խոստացաւ, թէ իրենց հաւատարմութեան համար պիտի վարձատրուէին։ Անոնք իրեն հետ թագաւորական հեղինակութիւն պիտի վայելէին։ Բայց տարիներ ետք, ան նշեց թէ բոլոր 144,000–ը իրեն հետ պիտի թագաւորէին (Յայտ. 1։1. 3։21)։ Նմանապէս, ինչպէս որ Մատթէոս 24։47–ն կը նշէ, ան խոստացաւ որ պզտիկ խումբ մը,– օծեալ եղբայրները, որոնք հաւատարիմ ծառան կը կազմեն,– իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի նշանակուի։ Իրականութեան մէջ, բոլոր 144,000–ը իր երկնային հեղինակութեան մասնակից պիտի ըլլան (Յայտ. 20։4, 6

Բոլոր 144,000–ը Յիսուսի երկնային հեղինակութեան մասնակից պիտի ըլլան (Տե՛ս պարբերութիւն 19)

20. Յիսուս ինչո՞ւ հաւատարիմ ծառան նշանակեց, եւ ի՞նչ վճռած ես ընել։

20 Ինչպէս առաջին դարուն, նոյնպէս ներկայիս Յիսուս քիչերու միջոցաւ շատեր կը կերակրէ։ Ան հաւատարիմ ծառան՝ քիչերը՝ նշանակեց վստահ ըլլալու համար, որ իր հարազատ հետեւորդները,– ըլլա՛ն օծեալներէն կամ ուրիշ ոչխարներէն,– վերջին օրերուն ընթացքին կանոնաւորաբար ժամանակայարմար հոգեւոր կերակուր պիտի ստանային։ Ուստի, վճռե՛նք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ, հաւատարմօրէն աջակցելով օծեալ եղբայրներուն, որոնք հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան կը կազմեն (Եբ. 13։7, 17

 

^ պարբ. 2 Պարբերութիւն 2. Նախապէս, Յիսուս համանման լուսաբանութիւն մը գործածեց, ուր «ծառայ»ին ակնարկեց որպէս «տնտես», իսկ «ծառաներուն»՝ որպէս «գերդաստան» (Ղուկ. 12։42-44

^ պարբ. 6 Պարբերութիւն 6. Քրիստոսի ‘գալը’ (յունարէն՝ էրխո·մէ) տարբեր է անոր ‘ներկայութենէն’ (բա·րու·սիա)։ Իր անտեսանելի ներկայութիւնը կը սկսի, դատաստան ի գործ դնելու համար իր գալէն առաջ։

^ պարբ. 12 Պարբերութիւն 12. Տե՛ս այս թիւին մէջ, «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ» յօդուածը, էջ 10-12, պարբերութիւն 5-8։

^ պարբ. 16 Պարբերութիւն 16. Տե՛ս այս թիւին մէջ, «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները» յօդուածը, էջ 7-8, պարբերութիւն 14-18։