Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»

«Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»

«Աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (ՄԱՏ. 24։3

1. Առաքեալներուն նման, ի՞նչ բանով խորապէս հետաքրքրուած ենք։

ՅԻՍՈՒՍԻ երկրային ծառայութիւնը իր աւարտին հասնելու վրայ է, եւ իր աշակերտները շատ հետաքրքրուած են թէ ապագան իրենց համար ի՛նչ կը վերապահէ։ Անոր համար, Յիսուսի մահէն քանի մը օր առաջ, իր առաքեալներէն չորսը իրեն կը հարցնեն. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ. . . աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։3. Մար. 13։3)։ Առ ի պատասխան, Յիսուս մարգարէութիւն մը տուաւ, որ Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած է։ Այդ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս բազմաթիւ ուշագրաւ դէպքեր կանխագուշակեց։ Իր ըսածները մեզի համար իմաստալից են, քանի որ մենք ալ ապագայով խորապէս հետաքրքրուած ենք։

2. ա) Տարիներու ընթացքին, ի՞նչ բանի մասին ջանացինք յստակ հասկացողութիւն ունենալ։ բ) Ո՞ր երեք հարցումները նկատի պիտի առնենք։

2 Տարիներու ընթացքին, Եհովայի ծառաները աղօթքով ուսումնասիրած են վերջին օրերուն վերաբերող Յիսուսի մարգարէութիւնը։ Անոնք ջանացած են յստակօրէն հասկնալ Յիսուսի խօսքերուն կատարման ժամանակը։ Լուսաբանելու համար թէ մեր հասկացողութիւնը ինչպէ՛ս յստակացած է, նկատի առնենք հետեւեալ երեք հարցումները. «մեծ նեղութիւն»ը ե՞րբ կը սկսի։ Յիսուս ե՞րբ մարդիկը որպէս «ոչխարներ» կամ «այծեր» կը դատէ։ Յիսուս ե՞րբ ‘կու գայ’ (Մատ. 24։21. 25։31-33

ՄԵԾ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆԸ Ե՞ՐԲ ԿԸ ՍԿՍԻ

3. Անցեալին, մեծ նեղութեան ժամանակին նկատմամբ ի՞նչ հասկցած էինք։

3 Տարիներ շարունակ կը կարծէինք, թէ մեծ նեղութիւնը սկսաւ 1914–ին՝ Ա. Աշխարհամարտով, եւ թէ Եհովան 1918–ին ‘այն օրերը քիչցուց’, երբ աշխարհամարտը աւարտեցաւ, որպէսզի մնացորդը պատեհութիւն ունենայ բարի լուրը բոլոր ազգերուն քարոզելու (Մատ. 24։21, 22)։ Եւ այդ քարոզչութիւնը ամբողջանալէ ետք, Սատանային կայսրութիւնը պիտի կործանուէր։ Այսպիսով, կը կարծուէր թէ մեծ նեղութիւնը երեք հանգրուան ունի. սկիզբ (1914-1918), ընդհատում (1918–էն սկսեալ), եւ աւարտ՝ Արմագեդոնին։

4. Ինչպէ՞ս կրցանք աւելի յստակօրէն հասկնալ վերջին օրերուն վերաբերող Յիսուսի մարգարէութիւնը։

4 Սակայն, Յիսուսի մարգարէութիւնը յաւելեալ կերպով քննելէ ետք, ըմբռնեցինք թէ վերջին օրերուն վերաբերող Յիսուսի մարգարէութեան մէկ մասը երկու կատարում ունի (Մատ. 24։4-22)։ Առաջին կատարումը տեղի ունեցաւ Ք.Ե. առաջին դարուն՝ Հրէաստանի մէջ, եւ համաշխարհային կատարում մը տեղի պիտի ունենար մեր օրերուն։ Այդ հասկացողութիւնը քանի մը յստակացումներ յառաջ բերաւ *։

5. ա) 1914–ին ի՞նչ դժուար ժամանակ սկսաւ։ բ) Այդ դառն ժամանակը՝ առաջին դարուն ո՞ր ժամանակաշրջանին կը համապատասխանէ։

5 Մենք նաեւ զատորոշեցինք թէ մեծ նեղութիւնը չսկսաւ 1914–ին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կը յայտնէ, թէ մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի ոչ թէ պատերազմով մը ազգերու միջեւ, այլ՝ յարձակումով մը սուտ կրօնքին վրայ։ Այսպէս, 1914–ին սկսող դէպքերը ոչ թէ մեծ նեղութեան սկիզբն էին, այլ՝ «ցաւերուն սկիզբը» (Մատ. 24։8)։ Այս «ցաւեր»ը կը համապատասխանեն այն բաներուն, որոնք Ք.Ե. 33-66 տեղի ունեցան Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ։

6. Ի՞նչ բան պիտի նշէ մեծ նեղութեան սկսիլը։

6 Ի՞նչ բան պիտի նշէ մեծ նեղութեան սկսիլը։ Յիսուս կանխագուշակեց. «Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ, թող հասկնայ). այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին» (Մատ. 24։15, 16)։ Առաջին կատարման մէջ, ‘սուրբ տեղը կենալը’ տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 66–ին, երբ հռոմէական բանակը («պղծութիւնը») յարձակեցաւ Երուսաղէմի եւ անոր տաճարին վրայ (որ հրեաներուն աչքին սուրբ վայր էր)։ Իսկ մեծ կատարման մէջ, «կենալը» տեղի պիտի ունենայ, երբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (արդի «պղծութիւնը») յարձակի քրիստոնէական աշխարհին վրայ (որ անուանական քրիստոնեաներուն աչքին սուրբ է) ե՛ւ մնացեալ Մեծ Բաբելոնի վրայ։ Նոյն յարձակումը նկարագրուած է Յայտնութիւն 17։16-18–ի մէջ։ Այդ դէպքը պիտի ըլլայ մեծ նեղութեան սկիզբը։

7. ա) Առաջին դարուն, ինչպէ՞ս «մարմին մը» ապրեցաւ։ բ) Ի՞նչ կ’ակնկալենք որ մեծ նեղութեան ատեն պատահի։

7 Յիսուս նաեւ կանխագուշակեց. «Այն օրերը պիտի քիչնան»։ Առաջին կատարման մէջ, ասիկա տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 66–ին, երբ հռոմէական բանակը իր յարձակումը կարճ պահեց։ Ապա, Երուսաղէմի եւ Հրէաստանի օծեալ քրիստոնեաները փախան, որպէսզի իրենց ‘մարմինը ապրէր’ կամ կեանքը փրկուէր (կարդա՛ Մատթէոս 24։22. Մաղ. 3։17)։ Ուստի, ի՞նչ կ’ակնկալենք որ գալիք մեծ նեղութեան ատեն պատահի։ Եհովան կարճ պիտի պահէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յարձակումը սուտ կրօնքին վրայ, թոյլ չտալով որ ճշմարիտ կրօնքը սուտ կրօնքին հետ բնաջնջուի։ Ասիկա պիտի երաշխաւորէ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի փրկուի։

8. ա) Մեծ նեղութեան առաջին մասը վերջ գտնելէ ետք, ի՞նչ դէպքեր տեղի պիտի ունենան։ բ) Ակներեւաբար, 144,000–ի վերջին անդամը ե՞րբ իր երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանայ (տե՛ս ծանօթագրութիւնը)։

 8 Մեծ նեղութեան առաջին մասը վերջ գտնելէ ետք ի՞նչ պիտի պատահի։ Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան, թէ մինչեւ Արմագեդոնին սկսիլը զանազան դէպքեր տեղի պիտի ունենան, որոնք արձանագրուած են Եզեկիէլ 38։14-16 եւ Մատթէոս 24։29-31–ի մէջ (կարդա՛) *։ Անկէ ետք, ականատես պիտի ըլլանք Արմագեդոնին, որ մեծ նեղութեան գագաթնակէտն է եւ կը համապատասխանէ Երուսաղէմի կործանման՝ Ք.Ե. 70–ին (Մաղ. 4։1)։ Արմագեդոնը իր գագաթնակէտը ըլլալով, մեծ նեղութիւնը իւրայատուկ դէպք մը պիտի ըլլայ, «որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ» (Մատ. 24։21)։ Երբ ատիկա վերջ գտնէ, Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը պիտի սկսի։

9. Մեծ նեղութեան վերաբերող Յիսուսի մարգարէութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի Եհովայի ժողովուրդին վրայ։

9 Մեծ նեղութեան առնչուող մարգարէութիւնը մեզ կը զօրացնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ ի՛նչ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւենք, Եհովային ժողովուրդը որպէս խումբ մեծ նեղութենէն պիտի վերապրի (Յայտ. 7։9, 14)։ Ամէն բանէ աւելի, մենք ուրա՛խ ենք, քանի որ Արմագեդոնին Եհովան իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ եւ իր անունը սրբացնէ (Սաղ. 83։18. Եզեկ. 38։23

ՅԻՍՈՒՍ Ե՞ՐԲ ՄԱՐԴԻԿԸ ՈՐՊԷՍ «ՈՉԽԱՐՆԵՐ» ԿԱՄ «ԱՅԾԵՐ» ԿԸ ԴԱՏԷ

10. Անցեալին, ոչխարներու եւ այծերու դատաստանի ժամանակաւորման նկատմամբ ի՞նչ կը կարծէինք։

10 Յիսուս իր մարգարէութեան մէջ նշեց ոչխարներու եւ այծերու դատաստանի առակը։ Այժմ նկատի առնենք ատոր ժամանակաւորումը (Մատ. 25։31-46)։ Նախապէս, կը կարծէինք թէ մարդիկը որպէս ոչխարներ կամ այծեր դատելը տեղի պիտի ունենար ամբողջ վերջին օրերուն ընթացքին, 1914–էն սկսեալ։ Եւ եզրակացուցինք թէ անոնք՝ որոնք Թագաւորութեան պատգամը կը մերժեն եւ մեծ նեղութենէն առաջ կը մահանան, կը մեռնին որպէս այծեր,– առանց յարութեան յոյս ունենալու։

11. Մարդիկը որպէս ոչխարներ կամ այծեր դատելը ինչո՞ւ կարելի չէ որ 1914–ին սկսաւ։

11 1990–ական թուականներուն կիսուն, Դիտարան–ը վերաքննեց Մատթէոս 25։31–ը, որ կը նշէ. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի»։ Եւ ի յայտ եկաւ որ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եղաւ 1914–ին, բայց իր «փառաց աթոռ»ին վրայ չնստաւ որպէս Դատաւոր, «բոլոր ազգերը» դատելու համար (Մատ. 25։32. համեմատէ՛ Դանիէլ 7։13)։ Միւս կողմէ, ոչխարներու եւ այծերու առակը գլխաւորաբար կը նկարագրէ Յիսուսը որպէս Դատաւոր (կարդա՛ Մատթէոս 25։31-34, 41, 46Քանի որ Յիսուս 1914–ին տակաւին բոլոր ազգերուն Դատաւորը չէր, ուրեմն իր կողմէ մարդիկը որպէս ոչխարներ կամ այծեր դատելը այդ տարի չսկսաւ *։ Արդ, Յիսուսի դատաստանը ե՞րբ պիտի սկսի։

12. ա) Յիսուս ե՞րբ առաջին անգամ ըլլալով որպէս Դատաւոր բոլոր ազգերը պիտի դատէ։ բ) Ի՞նչ դէպքեր նկարագրուած են Մատթէոս 24։30, 31 եւ Մատթէոս 25։31-33, 46–ի մէջ։

 12 Վերջին օրերուն վերաբերող Յիսուսի մարգարէութիւնը կը յայտնէ, թէ ան առաջին անգամ ըլլալով որպէս Դատաւոր բոլոր ազգերը պիտի դատէ՝ սուտ կրօնքին կործանումէն ետք։ Ինչպէս որ նշուեցաւ  8–րդ պարբերութեան մէջ, այդ ժամանակ տեղի ունեցող դէպքերէն ոմանք արձանագրուած են Մատթէոս 24։30, 31–ի մէջ։ Երբ այդ համարները քննես, պիտի նշմարես թէ Յիսուս կը կանխագուշակէ դէպքեր, որոնք ոչխարներու եւ այծերու առակին բովանդակութեան կը նմանին։ Օրինակ՝ Որդին մարդոյ իր փառքովը կու գայ եւ բոլոր հրեշտակները իրեն հետ. բոլոր ազգերը կը ժողվուին. անոնք՝ որոնք կը դատուին որպէս ոչխարներ, ‘գլուխնին կը բարձրացնեն’, քանի որ «յաւիտենական կեանքը» իրենց կը սպասէ *. անոնք՝ որոնք կը դատուին որպէս այծեր, ‘կոծ կ’ընեն’, գիտակցելով որ «յաւիտենական մահը» (ՆԱ) իրենց կը սպասէ (Մատ. 25։31-33, 46

13. ա) Յիսուս ե՞րբ մարդիկը որպէս ոչխարներ կամ այծեր պիտի դատէ։ բ) Այս հասկացողութիւնը ինչպէ՞ս ծառայութեան նկատմամբ մեր տեսակէտին կ’ազդէ։

13 Ուստի, ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Յիսուս բոլոր ազգերու պատկանող անհատները պիտի դատէ որպէս ոչխարներ կամ այծեր, երբ մեծ նեղութեան ընթացքին գայ։ Ապա, Արմագեդոնին, այծանման անհատները յաւերժ պիտի ‘մահանան’։ Այս հասկացողութիւնը ինչպէ՞ս ծառայութեան նկատմամբ մեր տեսակէտին կ’ազդէ։ Անիկա մեզի կ’օգնէ տեսնելու, թէ մեր քարոզչութիւնը որքա՜ն կարեւոր է։ Մինչեւ մեծ նեղութեան սկսիլը, մարդիկ տակաւի՛ն ժամանակ ունին իրենց մտածելակերպը փոխելու եւ ‘դէպի կեանք տանող’ նեղ ճամբուն մէջ քալելու (Մատ. 7։13, 14Վստահաբար, այսօր մարդիկ կրնան ոչխարանման կամ այծանման կեցուածք ունենալ։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է յիշենք թէ վերջնականապէս որպէս ոչխարներ կամ այծեր դատուիլը մեծ նեղութեան ընթացքին պիտի ըլլայ։ Ուստի, վաւերական պատճառ ունինք որ շարունակենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց պատեհութիւն տալ, որ Թագաւորութեան պատգամը լսեն եւ անոր ընդառաջեն։

Մինչեւ մեծ նեղութեան սկսիլը, մարդիկ տակաւի՛ն ժամանակ ունին իրենց մտածելակերպը փոխելու (Տե՛ս պարբերութիւն 13)

ՅԻՍՈՒՍ Ե՞ՐԲ ԿՈՒ ԳԱՅ

14, 15. Ո՞ր չորս համարները կը կիրարկուին Քրիստոսի ապագայ գալուստին որպէս Դատաւոր։

14 Յիսուսի մարգարէութիւնը յաւելեալ կերպով նկատի առնելը կը յայտնէ՞, թէ ա՛յլ նշանակալից դէպքերու ժամանակաւորման նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը պէտք է ճշդուի։ Մարգարէութիւնը ինք կը պատասխանէ։ Տեսնենք ինչպէ՛ս։

15 Իր մարգարէութեան այն բաժինին մէջ, որ արձանագրուած է Մատթէոս 24։29–25։46–ի մէջ, Յիսուս գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ այն բաներուն վրայ, որոնք տեղի պիտի ունենային այս վերջին օրերուն մէջ եւ գալիք մեծ նեղութեան ընթացքին։ Այդ համարներուն մէջ, Յիսուս իր ‘գալուն’ մասին ութ ակնարկութիւններ կ’ընէ։ Մեծ նեղութեան առնչութեամբ ան կ’ըսէ. «Պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։ «Չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։ «Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ Իսկ ոչխարներու եւ այծերու առակին մէջ Յիսուս նշեց. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ» (Մատ. 24։30, 42, 44. 25։31)։ Այս չորս ակնարկութիւններէն իւրաքանչիւրը կը կիրարկուի Քրիստոսի ապագայ գալուստին որպէս Դատաւոր։ Յիսուսի մարգարէութեան մէջ ո՞ւր կը գտնենք մնացեալ չորս ակնարկութիւնները։

16. Յիսուսի գալուստը ի՞նչ ա՛յլ համարներու մէջ նշուած է։

16 Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային առնչութեամբ, Յիսուս կ’ըսէ. «Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է»։ Կոյսերու առակին մէջ, Յիսուս կը նշէ. «Երբ անոնք գացին [իւղ] գնելու, փեսան եկաւ»։ Տաղանդներու առակին մէջ, Յիսուս կը նշէ. «Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ»։ Նոյն առակին մէջ, տէրը կ’ըսէ. «Պէտք էր որ իմ ստակս սեղանաւորներուն տայիր, որպէս զի եկած ատենս շահովը առնէի» (Մատ. 24։46. 25։10, 19, 27)։ Յիսուսի գալուստը նշող այս չորս համարները ո՞ր ժամանակին կ’ակնարկեն։

17. Անցեալին, Մատթէոս 24։46–ի մէջ նշուած գալուստին մասին ի՞նչ ըսած էինք։

17 Անցեալին, մեր հրատարակութիւններուն մէջ նշած էինք, թէ այս վերջին չորս ակնարկութիւնները կը կիրարկուին Յիսուսի գալուստին, որ 1918–ին տեղի ունեցաւ։ Որպէս օրինակ, նկատի առ Յիսուսի խօսքը «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մասին (կարդա՛ Մատթէոս 24։45-47Մենք կը կարծէինք թէ 46–րդ համարին մէջ նշուած գալուստը առնչուած էր այն ժամանակին, երբ Յիսուս 1918–ին եկաւ օծեալներուն հոգեւոր վիճակը քննելու, եւ թէ ծառան 1919–ին Տէրոջ բոլոր ունեցածին վրայ նշանակուեցաւ (Մաղ. 3։1)։ Բայց Յիսուսի մարգարէութիւնը յաւելեալ կերպով նկատի առնելը ցոյց կու տայ, թէ իր մարգարէութեան որոշ երեսակներու ժամանակաւորման նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը պէտք է ճշդուի։ Ինչո՞ւ։

18. Յիսուսի ամբողջ մարգարէութիւնը նկատի առնելը, իր գալուստին առնչութեամբ ի՞նչ եզրակացութեան կ’առաջնորդէ։

18 Մատթէոս 24։46–էն առաջ եղող համարներուն մէջ, ‘գալ’ բառը հաստատօրէն կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ Յիսուս մեծ նեղութեան ընթացքին պիտի գայ վճիռ արձակելու եւ դատաստան ի գործ դնելու համար (Մատ. 24։30, 42, 44)։ Նաեւ, ինչպէս նկատի առինք  12–րդ պարբերութեան մէջ, Յիսուսի ‘գալը’ որ նշուած է Մատթէոս 25։31–ի մէջ, կ’ակնարկէ այդ նոյն ապագայ դատաստանի ժամանակին։ Ուստի, տրամաբանօրէն կրնանք եզրակացնել, որ հաւատարիմ ծառան իր բոլոր ունեցածին վրայ նշանակելու համար Յիսուսի գալը, ըստ Մատթէոս 24։46, 47–ի, կը կիրարկուի իր ապագայ գալուստին, մեծ նեղութեան ընթացքին։ Արդարեւ, Յիսուսի մարգարէութեան բովանդակութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ իր գալուստին առնչուող այդ ութ ակնարկութիւնները կը կիրարկուին ապագայ դատաստանի ժամանակին, մեծ նեղութեան ընթացքին։

19. ա) Մեր հասկացողութեան մէջ ի՞նչ ճշդումներ նկատի առինք։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածներուն մէջ։

19 Վերաքաղի համար, ի՞նչ սորվեցանք։ Յօդուածին սկիզբը երեք հարցում ուղղեցինք։ Նախ նկատի առինք, թէ մեծ նեղութիւնը չսկսաւ 1914–ին, այլ՝ պիտի սկսի, երբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը յարձակի Մեծ Բաբելոնին վրայ։ Ապա, վերաքաղ ըրինք թէ ինչո՛ւ Յիսուս 1914–ին չսկսաւ մարդիկը դատել որպէս ոչխարներ կամ այծեր, այլ՝ այս մէկը պիտի ընէ մեծ նեղութեան ընթացքին։ Վերջապէս, քննեցինք թէ ինչո՛ւ 1919–ին չէ որ Յիսուս ‘եկաւ’ հաւատարիմ ծառան իր բոլոր ունեցածին վրայ նշանակելու, այլ՝ ատիկա տեղի պիտի ունենայ մեծ նեղութեան ընթացքին։ Ուրեմն, երեք հարցումներուն պատասխանները կ’ակնարկեն նոյն ապագայ ժամանակաշրջանին՝ մեծ նեղութեան։ Այս ճշդուած բացատրութիւնը ինչպէ՞ս յաւելեալ կերպով կ’ազդէ հաւատարիմ ծառայի լուսաբանութեան մեր հասկացողութեան։ Նաեւ, ինչպէ՞ս կ’ազդէ այս վերջին օրերուն մէջ կատարուող Յիսուսի ա՛յլ առակներու մեր հասկացողութեան։ Այս կարեւոր հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածներուն մէջ։

 

^ պարբ. 4 Պարբերութիւն 4. Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 մայիս 1994 թիւը, էջ 18-31, եւ 1 մայիս 1999 թիւը, էջ 15-27։

^ պարբ. 8 Պարբերութիւն 8. Այս համարներուն մէջ նշուած դէպքերէն մէկն է՝ ‘ընտրեալներուն ժողովումը’ (Մատ. 24։31)։ Ուրեմն, այնպէս կը թուի թէ բոլոր օծեալները, որոնք տակաւին երկրի վրայ են մեծ նեղութեան առաջին մասը վերջ գտնելէ ետք, որոշ մէկ հանգրուանին երկինք պիտի յարուցանուին՝ Արմագեդոն պատերազմը սկսելէ առաջ։ Ասիկա կը ճշդէ այն բացատրութիւնը որ տրուեցաւ «Հարցումներ ընթերցողներէն» նիւթին մէջ, Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1990 թիւը, էջ 30։

^ պարբ. 11 Պարբերութիւն 11. Տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունուար 1996 թիւը, էջ 22-31։

^ պարբ. 12 Պարբերութիւն 12. Տե՛ս զուգահեռ արձանագրութիւնը Ղուկաս 21։28–ի մէջ։