Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եղիսէն հրեղէն կառքեր տեսաւ. դուն ալ կը տեսնե՞ս

Եղիսէն հրեղէն կառքեր տեսաւ. դուն ալ կը տեսնե՞ս

Ասորի թագաւորը Եղիսէն կը փնտռէ եւ զինք պարսպապատ Դօթայիմի մէջ կը գտնէ։ Ան ձիեր, կառքեր եւ բազմաթիւ զօրագունդեր կը ղրկէ հոն, որոնք արշալոյսին քաղաքը կը պաշարեն (Դ. Թագ. 6։13, 14

Երբ Եղիսէի ծառան առտու կանուխ դուրս կ’ելլէ ու կը տեսնէ մարգարէին գերիչները, կ’ըսէ անոր. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, ի՞նչ ընենք»։ Իսկ Եղիսէն կը պատասխանէ. «Մի՛ վախնար, քանզի մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։ Ապա մարգարէն կ’աղօթէ. «Ո՛վ Տէր, ասոր աչքերը բաց, որպէս զի տեսնէ»։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Տէրը ծառային աչքերը բացաւ ու տեսաւ որ ահա լեռը Եղիսէին չորս կողմը հրեղէն ձիերով ու կառքերով լեցուն էր» (Դ. Թագ. 6։15-17)։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այս եւ ա՛յլ դէպքերէ, որոնք Եղիսէի կեանքին ընթացքին տեղի ունեցան։

Ասորական պաշարումին դիմաց Եղիսէն հանդարտ մնաց, քանի որ Եհովային վստահեցաւ եւ Անոր պաշտպանիչ զօրութիւնը տեսաւ։ Ներկայիս, չենք ակնկալեր որ հրաշքներ տեղի ունենան, բայց կրնանք զատորոշել թէ Եհովան իր ժողովուրդը որպէս խումբ կը պաշտպանէ։ Առումով մը, մենք ալ հրեղէն ձիերով եւ կառքերով շրջապատուած ենք։ Եթէ հաւատքի աչքերով զանոնք ‘տեսնենք’ եւ միշտ Աստուծոյ վստահինք, ‘ապահովութեամբ պիտի բնակինք’ եւ անոր օրհնութիւնները պիտի շօշափենք (Սաղ. 4։8)։ Նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եղիսէի ա՛յլ փորձառութիւններէ օգտուիլ։

ԵՂԻՍԷՆ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՂԻԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ

Առիթով մը, երբ Եղիսէն դաշտը կը հերկէր, Եղիա մարգարէն մօտեցաւ եւ իր վերարկուն անոր վրայ ձգեց։ Եղիսէն հասկցաւ այս արարքին նշանակութիւնը։ Ան խնճոյք մը սարքեց, իր ծնողքին հրաժեշտ տուաւ եւ տունը ձգելով սկսաւ Եղիային ծառայել (Գ. Թագ. 19։16, 19-21)։ Քանի որ Եղիսէն ինքզինք կարելի եղածին չափ Աստուծոյ ծառայութեան մատչելի դարձուց, ան Եհովայի ձեռքին մէջ գործիք մը դարձաւ եւ ի վերջոյ Եղիային տեղ որպէս մարգարէ ծառայեց։

Եղիսէն հաւանաբար 6 տարի Եղիային ծառայեց։ Այդ ժամանակ, ան «Եղիային ձեռքերուն ջուր լեցնող»ն էր (Դ. Թագ. 3։11)։ Այդ օրերուն, մարդիկ սովորաբար իրենց ձեռքերով կ’ուտէին առանց գործածելու պատառաքաղ, դանակ, եւ այլն։ Ճաշէն ետք, ծառայ մը իր տիրոջ ձեռքերուն ջուր կը թափէր, որպէսզի զանոնք մաքրէր։ Ուրեմն, Եղիսէի կարգ մը պարտականութիւնները աննշան էին։ Բայց եւ այնպէս, ան Եղիային ծառան ըլլալը առանձնաշնորհում սեպեց։

Համանման կերպով, ներկայիս բազմաթիւ քրիստոնեաներ լիաժամ ծառայութեան զանազան կերպերուն կը մասնակցին, հաւատքէ մղուած ու փափաք ունենալով որ իրենց կորովը լիովին գործածեն Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Կարգ մը նշանակումներ կը պահանջեն, որ անհատը տունը ձգէ եւ Բեթէլի մէջ, շինարարական ծրագիրներու մէջ, եւ այլն, այնպիսի գործեր կատարէ, որոնք շատեր աննշան կը սեպեն։ Ո՛չ մէկ քրիստոնեայ այսպիսի ծառայութիւն մը անկարեւոր պէտք է սեպէ, քանի որ Եհովան զայն մեծապէս կ’արժեւորէ (Եբ. 6։10

ԵՂԻՍԷՆ ԻՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԿԱՌՉԵՑԱՒ

Աստուած ‘Եղիան մրրիկով երկինք վերցնելէ’ առաջ, զինք Գաղգաղայէն Բեթէլ ղրկեց։ Եղիան Եղիսէի առաջարկեց որ իրեն չընկերակցի, բայց ան պատասխանեց. «Ես քեզ չեմ թողուր»։ Մինչ ճամբորդութիւնը շարունակուեցաւ, երկու անգամ եւս Եղիան նոյն բանը խնդրեց, բայց ի զուր (Դ. Թագ. 2։1-6)։ Ճիշդ ինչպէս որ Հռութը Նոեմիին կառչեցաւ, նմանապէս Եղիսէն՝ Եղիային (Հռութ 1։8, 16, 17)։ Ինչո՞ւ։ Բացայայտ է որ ան Եղիային ծառայելու իր աստուածատուր առանձնաշնորհումը գնահատեց։

Եղիսէն բոլորիս լաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Եթէ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ ծառայութեան որոշ առանձնաշնորհում ստանանք, զայն մեծապէս պիտի արժեւորենք եթէ մեր մտքին մէջ վառ մնայ այն կէտը, թէ մենք Եհովայի՛ն կը ծառայենք։ Ասկէ աւելի մեծ պատիւ չունինք (Սաղ. 65։4. 84։10

«ԽՆԴՐԷ՛, Ի՞ՆՉ ԸՆԵՄ ՔԵԶԻ»

Մինչ կը քալէին, Եղիան Եղիսէի ըսաւ. «Խնդրէ՛, ի՞նչ ընեմ քեզի, քանի որ դեռ քեզմէ վերցուած չեմ»։ Սողոմոնի խնդրանքին նման, Եղիսէի խնդրանքն ալ հոգեւոր բնոյթ ունէր. ան խնդրեց, որ ‘Եղիայի ոգիին կրկնապատիկը ունենայ’ (Գ. Թագ. 3։5, 9. Դ. Թագ. 2։9)։ Իսրայէլի մէջ, տղամարդու մը անդրանիկ զաւակը ժառանգութենէն երկու բաժին կը ստանար (Բ. Օր. 21։15-17)։ Այսպէս, Եղիսէն խնդրեց որ Եղիային հոգեւոր ժառանգորդը նկատուի։ Ասկէ զատ, բացայայտ է որ ան ուզեց Եղիայի նոյն քաջ ոգին ունենալ, որ «զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն» ունէր (Գ. Թագ. 19։13, 14

Եղիան ինչպէ՞ս իր ծառային խնդրանքին ընդառաջեց։ Ան ըսաւ. «Դժուար բան խնդրեցիր. բայց եթէ քեզմէ վերցուելու ատենս զիս տեսնես՝ խնդրածիդ պէս թող ըլլայ, ապա թէ ոչ՝ թող չըլլայ» (Դ. Թագ. 2։10)։ Եղիայի այս պատասխանը ակներեւաբար երկու նշանակութիւն ունէր։ Առաջին, միայն Աստուած կրնայ որոշել թէ Եղիսէի խնդրածը պիտի շնորհուի կամ ոչ։ Երկրորդ, որպէսզի զայն ստանար, Եղիսէն պէտք է վճռէր Եղիայի հետ մնալ ի՛նչ որ ալ պատահէր։

ԻՆՉ ՈՐ ԵՂԻՍԷՆ ՏԵՍԱՒ

Աստուած Եղիսէի խնդրանքը ինչպէ՞ս նկատեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Երբ անոնք խօսելով կ’երթային, ահա հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ։ Եղիսէ տեսաւ» *։ Այսպէս Եհովան Եղիսէի պատասխանեց։ Եղիսէն տեսաւ Եղիային առնուիլը, անոր ոգիին կրկնապատիկը ստացաւ եւ անոր հոգեւոր ժառանգը դարձաւ (Դ. Թագ. 2։11-14

Եղիսէն Եղիայի վրայէն ինկած վերարկուն առաւ եւ իր վրայ դրաւ։ Այդ վերարկուն այժմ Եղիսէն կը բնորոշէր որպէս Աստուծոյ մարգարէն։ Իր նշանակումին նկատմամբ յաւելեալ ապացոյց մըն էր, երբ ետքը հրաշք մը կատարելով Յորդանան գետը բաժնեց։

Երբ Եղիան մրրիկով երկինք առնուեցաւ, ասիկա անկասկած Եղիսէի վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգեց։ Վերջ ի վերջոյ, անհատ մը ամէն օր հրեղէն կառք եւ հրեղէն ձիեր չի տեսներ։ Անոնք յստակ կերպով ապացուցանեցին, թէ Եհովան Եղիսէի խնդրանքին դրական կերպով ընդառաջեց։ Երբ Աստուած մեր աղօթքները լսէ, տեսիլքի մը միջոցաւ հրեղէն կառք ու հրեղէն ձիեր չենք տեսներ։ Բայց կրնանք զատորոշել թէ Աստուած հզօր ոյժ կը գործածէ, վստահ ըլլալու համար թէ իր կամքը կը կատարուի։ Եւ երբ նշմարենք թէ Եհովան իր կազմակերպութեան երկրային մասը կ’օրհնէ, իրականութեան մէջ ‘կը տեսնենք’ իր երկնային կառքին գործունէութիւնը (Եզեկ. 10։9-13

Եղիսէն ունեցաւ բազմաթիւ փորձառութիւններ, որոնք զինք համոզեցին թէ Եհովան անսահման զօրութիւն ունի։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ սուրբ հոգին զինք կարող դարձուց որ 16 հրաշք կատարէ,– Եղիայի հրաշքներուն կրկնապատիկը *։ Յօդուածին սկիզբը նշուած Դօթայիմի դէպքը, երկրորդ անգամն էր երբ Եղիսէն հրեղէն կառքեր ու հրեղէն ձիեր տեսաւ։

ԵՂԻՍԷՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎՍՏԱՀԵՑԱՒ

Թէեւ Դօթայիմի մէջ թշնամիներով շրջապատուած էր, բայց Եղիսէն հանդարտ մնաց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք զարգացուցած էր։ Մենք եւս այսպիսի հաւատքի պէտք ունինք։ Ուստի, թող որ աղօթքով Աստուծոյ սուրբ հոգին խնդրենք, որպէսզի կարենանք հաւատք եւ հոգիին պտուղին ա՛յլ երեսակները դրսեւորել (Ղուկ. 11։13. Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ

Դօթայիմի դէպքը նաեւ Եղիսէին վաւերական պատճառ տուաւ վստահելու Եհովային եւ անոր անտեսանելի զօրքին։ Մարգարէն գիտակցեցաւ թէ Աստուած քաղաքին եւ զայն պաշարողներուն շուրջ Իր հրեշտակները դրած էր։ Թշնամին կուրութեամբ զարնելով, Աստուած հրաշալիօրէն Եղիսէն եւ անոր ծառան ազատեց (Դ. Թագ. 6։17-23)։ Այդ ճգնաժամային պահուն, ինչպէս ա՛յլ պարագաներու ներքեւ, Եղիսէն հաւատք ընծայեց եւ ամբողջովին Եհովայի վստահեցաւ։

Եղիսէի նման, Եհովա Աստուծոյ վստահի՛նք (Առ. 3։5, 6)։ Եթէ այսպէս ընենք, ‘Աստուած պիտի ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ’ (Սաղ. 67։1)։ Ճիշդ է որ բառացիօրէն հրեղէն կառքերով ու հրեղէն ձիերով չենք շրջապատուած, բայց ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին Եհովան մեզ՝ որպէս համաշխարհային եղբայրութիւն, պիտի պաշտպանէ (Մատ. 24։21. Յայտ. 7։9, 14)։ Մինչ այդ, մի՛շտ յիշենք թէ «Աստուած ապաւէն է մեզի» (Սաղ. 62։8

^ պարբ. 16 Եղիան չբարձրացաւ այն երկինքը, որ Եհովայի եւ հրեշտակներուն բնակարանն է։ Տե՛ս Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1997 թիւը, էջ 26։