Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի յիշեցումները վստահելի են

Եհովայի յիշեցումները վստահելի են

«Տէրոջը վկայութիւնը [«յիշեցումը», ՆԱ] ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ» (ՍԱՂ. 19։7

1. Ինչպիսի՞ նիւթեր կանոնաւորաբար կը քննարկենք, եւ զանոնք վերաքաղ ընելով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

ԴԻՏԱՐԱՆ–Ի ուսումնասիրութեան յօդուած մը պատրաստած ատեն, երբեք հարց տուա՞ծ ես. ‘Այս նիւթը ասկէ առաջ չե՞նք սերտած’։ Եթէ որոշ ժամանակէ ի վեր ժողովքին կ’ընկերակցիս, հաւանաբար նկատած ես թէ որոշ նիւթեր ատենէ ատեն դարձեալ կը քննարկուին։ Աստուծոյ Թագաւորութեան, փրկանքին, աշակերտելու գործին եւ սիրոյ ու հաւատքի նման յատկութիւններու մասին խօսիլը, մեր կանոնաւոր հոգեւոր սնունդին մաս կը կազմէ։ Այս նիւթերը վերաքաղ ընելով՝ առողջ հաւատք կը պահպանենք եւ ‘խօսքը կատարողներ կ’ըլլանք, ոչ միայն լսողներ’ (Յակ. 1։22

2. ա) Աստուծոյ յիշեցումները յաճախ ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն։ բ) Աստուծոյ օրէնքները ինչպէ՞ս մարդոց օրէնքներէն կը տարբերին։

2 «Վկայութիւն» կամ «յիշեցում» թարգմանուած եբրայերէն գոյականը յաճախ կ’ակնարկէ օրէնքներու, պատուէրներու եւ կանոններու, որոնք Աստուած իր ժողովուրդին կու տայ։ Եհովային օրէնքներն ու կանոնները վստահելի՛ են, ի հակառակ մարդկային օրէնքներուն, որոնք յաճախ բարեփոխուելու եւ այժմէական դարձուելու պէտք ունին։ Թէեւ Աստուծոյ կարգ մը օրէնքները որոշ ժամանակի կամ որոշ պարագայի համար կը տրուին, բայց բնաւ թերի կամ անօգուտ չեն դառնար։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Քու վկայութիւններուդ [«յիշեցումներուդ», ՆԱ] արդարութիւնը յաւիտենական է» (Սաղ. 119։144

3, 4. ա) Եհովայի յիշեցումները երբեմն ի՞նչ կը պարփակեն։ բ) Եթէ իսրայէլացիները անոնց անսային, ինչպէ՞ս պիտի օգտուէին։

3 Թերեւս նկատած ես, թէ Եհովայի յիշեցումները երբեմն ազդարարական պատգամներ կը պարփակեն։ Աստուծոյ մարգարէները կանոնաւորաբար իսրայէլ ազգը զգուշացուցին։ Օրինակի համար, նախքան Խոստացեալ երկիր մտնելը, Մովսէս իսրայէլացիներուն ըսաւ. ‘Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ թէ ձեր սիրտը խաբուի ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագութիւն ընէք։ Տէրը ձեզի դէմ սաստիկ կը բարկանայ’ (Բ. Օր. 11։16, 17)։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Աստուած իր ժողովուրդին բազմաթիւ օգտակար ա՛յլ յիշեցումներ տուաւ։

4 Բազմաթիւ ա՛յլ առիթներով, Եհովան իսրայէլացիները յորդորեց, որ իրեն հանդէպ երկիւղ ունենան, իր ձայնը մտիկ ընեն եւ իր անունը սրբացնեն (Բ. Օր. 4։29-31. 5։28, 29)։ Եթէ անոնք այս յիշեցումներուն անսային, վստահաբար առատապէս պիտի օրհնուէին (Ղեւ. 26։3-6. Բ. Օր. 28։1-4

ԻՍՐԱՅԷԼ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑ

5. Աստուած ինչո՞ւ Եզեկիային ի նպաստ պատերազմեցաւ։

5 Իսրայէլի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Աստուած իր խոստումը պահեց։ Օրինակի համար, երբ ասորեստանցի թագաւորը Սենեքերիմ Յուդայի վրայ յարձակեցաւ եւ Եզեկիա թագաւորին սպառնաց, Եհովան իր ժողովուրդին օգնութեան հասնելու համար, հրեշտակ մը ղրկեց։ Միայն մէկ գիշերուան մէջ, հրեշտակը ասուրական բանակի «ամէն զօրաւոր կտրիճ» բնաջնջեց։ Այսպէս, Սենեքերիմ ստիպուեցաւ ամօթով իր երկիրը վերադառնալ (Բ. Մն. 32։21. Դ. Թագ. 19։35)։ Աստուած ինչո՞ւ Եզեկիային ի նպաստ պատերազմեցաւ։ Քանի որ «ան Տէրոջը յարեցաւ եւ անոր ետեւէն չխոտորեցաւ։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները պահեց» (Դ. Թագ. 18։1, 5, 6

Եհովայի յիշեցումները Յովսիան մղեցին, որ ճշմարիտ պաշտամունքին ի նպաստ գործի լծուի (Տե՛ս պարբերութիւն 6)

6. Յովսիան ինչպէ՞ս Եհովայի վստահեցաւ։

6 Յովսիա թագաւորն ալ Եհովայի պատուէրները պահեց։ Ութ տարեկանէն սկսեալ, «անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ. . . ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ» (Բ. Մն. 34։1, 2)։ Երկրէն կուռքերը մաքրելով եւ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելով, Յովսիան Եհովայի հանդէպ վստահութիւն ցուցաբերեց։ Այսպէս ընելով, ոչ միայն ան օրհնուեցաւ, այլ՝ ամբողջ ազգը (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 34։31-33

7. Երբ իսրայէլացիները Եհովայի յիշեցումները անտեսեցին, հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

7 Սակայն ցաւօք սրտի, Աստուծոյ ժողովուրդը միշտ իր յիշեցումներուն լիովին չվստահեցաւ։ Դարերու ընթացքին, անոնք երբեմն հնազանդ ու երբեմն անհնազանդ կը գտնուէին։ Պօղոս առաքեալի խօսքերը գործածելով, յաճախ անոնք ‘վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուեցան’, երբ իրենց հաւատքը տկարացաւ (Եփ. 4։13, 14)։ Եւ ինչպէս որ կանխագուշակուած էր, երբ Եհովայի յիշեցումներուն հանդէպ վստահութիւն չկերտեցին, գէշ հետեւանքներ կրեցին (Ղեւ. 26։23-25. Եր. 5։23-25

8. Իսրայէլացիներուն օրինակէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

8 Իսրայէլացիներուն օրինակէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Աստուծոյ այժմու ծառաները ե՛ւս խրատ ու կրթութիւն կը ստանան (Բ. Պետ. 1։12)։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը կրնայ որպէս յիշեցում ծառայել, ամէն անգամ որ զայն կարդանք։ Եւ Եհովան մեզի ազատ կամք տուած է, որ մե՛նք ընտրենք իրեն հնազանդիլ կամ չհնազանդիլ (Առ. 14։12)։ Նկատի առնենք կարգ մը պատճառներ, թէ ինչո՛ւ կրնանք Եհովայի յիշեցումներուն վստահիլ, եւ անոնց անսալով ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼԸ ԿԵԱ՛ՆՔ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

9. Երբ իսրայէլացիները անապատին մէջ էին, Եհովան ինչպէ՞ս զիրենք հաւաստիացուց թէ իրենց կ’աջակցէր։

9 Երբ իսրայէլացիներու 40 տարուան ճամբորդութիւնը սկսաւ «ահագին անապատ»ին մէջ, Եհովան սկիզբէն մասնայատուկ մանրամասնութիւններ չտուաւ, թէ զիրենք ինչպէ՛ս պիտի առաջնորդէր, պաշտպանէր եւ հոգար։ Բայց ան կրկին անգամ ցոյց տուաւ, թէ կրնային իրեն եւ իր ցուցմունքներուն վստահիլ։ Ցերեկը ամպի սիւն եւ գիշերը կրակի սիւն գործածելով, Եհովան իսրայէլացիներուն յիշեցուց թէ իրենց կ’աջակցէր իրենց դժուար ճամբորդութեան ընթացքին (Բ. Օր. 1։19. Ել. 40։36-38)։ Ան նաեւ իրենց հիմնական կարիքները հոգաց։ «Անոնց հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան»։ Արդարեւ, «անոնց բան մը չպակսեցաւ» (Նէ. 9։19-21

10. Ներկայիս Եհովան իր ժողովուրդը ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ։

10 Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդը արդար նոր աշխարհ մտնելու սեմին է։ Եհովային կը վստահի՞նք, որ մեզի հարկ եղածը պիտի հայթայթէ, որպէսզի ‘մեծ նեղութենէն’ վերապրինք (Մատ. 24։21, 22. Սաղ. 119։40, 41)։ Ճիշդ է որ Եհովան ամպի կամ կրակի սիւն չէ կարգադրած, որպէսզի մեզ դէպի նոր աշխարհ առաջնորդէ։ Բայց ան իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ մեզի օգնելու, որ զգաստ մնանք։ Օրինակ, շատ շեշտ դրուած է որ մեր հոգեւորութիւնը կերտենք՝ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեամբ, Ընտանեկան պաշտամունքի միջոցաւ, կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուելով եւ ծառայութեան մասնակցելով։ Այս ցուցմունքները կիրարկելու համար ճշդումներ ըրա՞ծ ենք։ Այսպիսով, այնպիսի՛ հաւատք պիտի կերտենք, որ մեզ նոր աշխարհ մտնելու որակեալ պիտի դարձնէ։

Եհովայի յիշեցումները կիրարկելը մեզի կ’օգնէ, որ մեր սրահները ապահով եւ հասանելի պահենք (Տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Ի՞նչ կերպերով Աստուած մեզ կը հոգայ։

11 Աստուծոյ կազմակերպութիւնը նաեւ մեզի ուղղութիւններ կու տայ, որպէսզի ամէն օր լաւ որոշումներ կայացնենք։ Օրինակ, մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ նիւթական բաներու նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք եւ պարզ աչք պահենք, որպէսզի նուազ մտահոգութիւններ ունենանք։ Ինչպէս նաեւ ուղղութիւն ստացած ենք որ ինչպէ՛ս հագուինք եւ յարդարուինք, օգտակա՛ր ժամանցներ ընտրենք եւ որքա՛ն ուսում ստանանք։ Ասկէ զատ, մեզի յիշեցումներ տրուած են, որոնք կ’օգնեն տան մէջ եւ ինքնաշարժին ու Թագաւորութեան սրահին մէջ ապահով ըլլալու եւ ստիպողական պարագաներու համար նախապատրաստուած մնալու։ Այսպիսի ուղղութիւններ ցոյց կու տան, թէ Աստուած մեր բարօրութեամբ կը հետաքրքրուի։

ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐԸ ՆԱԽԿԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼՈՒ

12. ա) Յիսուս ո՞ր նիւթին մասին կրկին անգամ խօսեցաւ իր աշակերտներուն։ բ) Խոնարհութեան ո՞ր արարքը մնայուն տպաւորութիւն ձգեց Պետրոսի վրայ, եւ ատիկա մեզի ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ։

12 Առաջին դարուն, Աստուծոյ ժողովուրդը կանոնաւորաբար յիշեցումներ ստացաւ։ Յիսուս խոնարհութիւն մշակելու մասին կրկին անգամ խօսեցաւ իր աշակերտներուն։ Բայց ան ոչ միայն բացատրեց ինչպէ՛ս խոնարհ ըլլալ, հապա իր օրինակով ցոյց տուաւ։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, մինչ առաքեալներուն հետ Պասեքը կը տօնէր, Յիսուս ոտքի ելաւ եւ սկսաւ անոնց ոտքերը լուալ,– արարք մը՝ որ յաճախ ծառան կը կատարէր (Յովհ. 13։1-17)։ Այս խոնարհ արարքը մնայուն տպաւորութիւն ձգեց անոնց վրայ։ Շուրջ 30 տարի ետք, Պետրոս առաքեալ խոնարհութեան մասին իր հաւատակիցներուն խրատ տուաւ (Ա. Պետ. 5։5)։ Յիսուսի օրինակը պէտք է բոլորս մղէ, որ ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ խոնարհ ըլլանք (Փլպ. 2։5-8

13. Յիսուս իր աշակերտներուն յիշեցուց ո՞ր կենսական յատկութիւնը մշակել։

13 Յիսուս իր աշակերտներուն խօսեցաւ նաեւ զօրաւոր հաւատք ունենալու կարիքին մասին։ Առիթով մը, երբ աշակերտները չկրցան տղայի մը մէջէն դեւ հանել, Յիսուսի հարցուցին. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ձեր թերահաւատութեանը համար. քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք. . . բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի» (Մատ. 17։14-19)։ Իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս աշակերտներուն սորվեցուց, թէ հաւատքը կենսական յատկութիւն է (կարդա՛ Մատթէոս 21։18-22Արդեօք բոլոր համաժողովներուն եւ ժողովներուն ներկայ կը գտնուի՞նք՝ մեր հաւատքը ամրացնելու համար։ Ասոնք ուրախ հանդիպումներէ շատ աւելի են. Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ցուցաբերելու պատեհութիւններ են։

14. Ներկայիս, ինչո՞ւ կարեւոր է որ անձնազոհ սէր ցուցաբերենք։

14 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները լեցուն են զիրար սիրելու յիշեցումներով։ Յիսուս ըսաւ որ երկրորդ մեծագոյն պատուէրն է՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատ. 22։39)։ Նաեւ, Յիսուսի խորթ եղբայրը Յակոբոս նկարագրեց սէրը որպէս՝ «արքայական օրէնք» (Յակ. 2։8)։ Իսկ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ե՛ղբայրներ, ոչ թէ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, հապա այն հին պատուիրանքը որ սկիզբէն ունէիք։ . . .Դարձեալ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի» (Ա. Յովհ. 2։7, 8)։ Յովհաննէս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր որպէս՝ «հին պատուիրանք»։ Ան կ’ակնարկէր սէր ունենալու պատուէրին։ Անիկա «հին» էր այն առումով, որ տասնամեակներ առաջ՝ «սկիզբէն»՝ Յիսուս տուած էր։ Բայց անիկա նաեւ «նոր» էր այն առումով, որ պահանջեց անձնազոհ սէր, որ աշակերտները պիտի ցուցաբերէին նոր պարագաներու ներքեւ։ Ներկայիս, երախտապարտ ենք որ կը ստանանք ազդարարութիւններ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ աշխարհի մարդոց մեծամասնութեան նման անձնասէր կեցուածք չունենանք, հապա անձնազոհ սէր ցուցաբերենք։

15. Երկրի վրայ, Յիսուսի գլխաւոր յանձնարարութիւնը ի՞նչ էր։

15 Յիսուս մարդոցմով անձամբ հետաքրքրուեցաւ։ Իր սիրալիր հետաքրքրութիւնը բացայայտ էր, երբ հիւանդները բժշկեց եւ մեռելները յարուցանեց։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուսի գլխաւոր յանձնարարութիւնը չէր մարդիկը ֆիզիքապէս բժշկել։ Անոր քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը մնայուն ազդեցութիւն ձգեց մարդոց կեանքին վրայ։ Ինչպէ՞ս։ Բժշկուած կամ յարուցանուած անհատները, զոր օրինակ, ի վերջոյ ծերացան ու մահացան, մինչդեռ Յիսուսի պատգամը ընդունողները յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունեցան (Յովհ. 11։25, 26

16. Ներկայիս, քարոզչութիւնն ու աշակերտելը որքա՞ն լայնատարած է։

16 Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատ. 28։19)։ Առաջին դարու քրիստոնեաները շարունակեցին Յիսուսի սկսած գործը, եւ ներկայիս մենք աննախընթաց կերպով մարդոց կը քարոզենք, ո՛ւր որ ալ գտնուին։ Աւելի քան եօթը միլիոն Վկաներ նախանձախնդրօրէն կը ծանուցանեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, եւ միլիոնաւորներու հետ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կը սերտեն։ Այս քարոզչութիւնը կը փաստէ, թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԷ՛

17. Պօղոս եւ Պետրոս ի՞նչ յորդոր տուին։

17 Յստակ է որ յիշեցումները նախկին քրիստոնեաներուն օգնեցին, որ հաւատքի մէջ հաստատ մնան։ Պատկերացուր Տիմոթէոսի ստացած քաջալերութիւնը, երբ Հռոմի մէջ բանտարկուած Պօղոս առաքեալը իրեն ըսաւ. «Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինձմէ լսեցիր» (Բ. Տիմ. 1։13)։ Հաւատակիցները քաջալերելէ ետք, որ մշակեն համբերութեան, եղբայրսիրութեան եւ ժուժկալութեան նման յատկութիւններ, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Երբեք զանցառու պիտի չըլլամ այս բաները մտքերնիդ ձգելու, թէեւ գիտէք եւ հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ» (Բ. Պետ. 1։5-8, 12

18. Առաջին դարու քրիստոնեաները յիշեցումները ինչպէ՞ս նկատեցին։

18 Արդարեւ, Պօղոսի եւ Պետրոսի գրած նամակները, «նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած խօսքեր»ուն նման էին (Բ. Պետ. 3։2)։ Առաջին դարու քրիստոնեաները ընդվզեցա՞ն, երբ այսպիսի ուղղութիւն ստացան։ Ո՛չ։ Քանի որ ատիկա Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութիւնն էր եւ իրենց օգնեց, որ շարունակեն աճիլ «մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը» (Բ. Պետ. 3։18

19, 20. Ինչո՞ւ կրնանք Եհովայի յիշեցումներուն վստահիլ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ատոնցմէ օգտուիլ։

19 Ներկայիս, բազմաթիւ պատճառներ ունինք վստահելու, թէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած Եհովայի յիշեցումները մեր օգտին համար են։ Աստուծոյ խրատները անսխալական են (կարդա՛ Յեսու 23։14Աստուածաշունչի էջերուն մէջ կը գտնենք հազարաւոր տարիներու Աստուծոյ գործառնութիւնները անկատար մարդկութեան հետ,– պատմական արձանագրութիւն մը, որմէ կրնանք շատ օգուտներ քաղել (Հռով. 15։4. Ա. Կոր. 10։11)։ Մենք Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման ականատես եղած ենք։ Մարգարէութիւնը կը նմանի յիշեցումի մը, որ կանխաւ կը տրուի։ Օրինակ, միլիոնաւորներ Եհովայի երկրպագուները դարձած են, ինչպէս որ «վերջին օրեր»ուն նկատմամբ մարգարէացուած էր (Եսա. 2։2, 3)։ Աշխարհի վատթարացած վիճակները նաեւ Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումն են։ Եւ, ինչպէս նախապէս նշեցինք, երկրապարփակ քարոզչութեան արշաւը Յիսուսի խօսքերը ուղղակիօրէն կը կատարէ (Մատ. 24։14

20 Դարերու ընթացքին, մեր Ստեղծիչը յստակ կերպով ցոյց տուած է, թէ կրնա՛նք իրեն վստահիլ։ Իր յիշեցումներէն կ’օգտուի՞նք։ Ռոզելլըն անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ սկսայ լիովին Եհովայի վստահիլ, սկսայ յստակ կերպով իր պահպանիչ եւ պաշտպանիչ ուժը շօշափել»։ Եհովայի յիշեցումներուն ուշադրութիւն ընծայելով՝ մենք ե՛ւս կրնանք օգտուիլ։