Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հակադրութիւնները քեզի կ’օգնեն

Հակադրութիւնները քեզի կ’օգնեն

Չե՞ս համաձայնիր որ Յիսուս երկրի վրայ ցարդ ապրած մեծագոյն Ուսուցիչն է։ Թերեւս փորձած ես իր ուսուցանելու կերպերը ընդօրինակել, ինչպէս՝ հարցումներու եւ լուսաբանութիւններու գործածութիւնը։ Բայց երբեք նկատա՞ծ ես, թէ ան յաճախ կը գործածէր նաեւ հակադրութիւններ։

Խօսակցելու ատեն, շատերս հակադրութիւններ կը գործածենք,– յաճախ առանց իսկ մտածելու։ Օրինակ, կրնաս նշել. «Անոնք ըսին թէ պտուղը հասուն է, բայց անիկա տակաւի՛ն խակ է»։ Կամ, «Ատեն մը այս աղջնակը շատ ամչկոտ էր, բայց հիմա ընկերային է»։

Ինչպէս կը նկատես այս օրինակներուն մէջ, սկիզբը իրողութիւն մը կամ գաղափար մը կը նշես, ապա հակադրութիւնը ներկայացնելու համար կը գործածես՝ բայց, հապա, իսկ, սակայն, մինչդեռ, այսուհանդերձ, այլապէս, միւս կողմէ եւ նման բառեր։ Կամ, կրնաս հակադրութիւնը ներկայացնել տեղեկութիւն աւելցնելով։ Այսպիսով, խօսակցութիւնը բնական կ’ըլլայ եւ կ’օգնէ ուրիշներուն որ ըսածիդ միտք բանին հասկնան։

Նոյնիսկ եթէ որոշ լեզուներու կամ մշակոյթներու մէջ սովորական չէ հակադրութիւններ գործածել, լաւ կ’ըլլայ որ անոնց արժէքին գիտակցինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ Խօսքը բազմաթիւ հակադրութիւններ կը բովանդակէ։ Յիսուս յաճախ զանոնք գործածեց։ Օրինակ. «Ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ»։ «[Օրէնքը] աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու»։ «Լսեր էք որ ըսուեցաւ, ‘Շնութիւն մի՛ ըներ’, բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի. . . ’»։ «Ըսուեցաւ. ‘Աչքի տեղ՝ աչք ու ակռայի տեղ՝ ակռայ’։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Չարին հակառակ մի՛ կենար, հապա եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ’» (Մատ. 5։15, 17, 27, 28, 38, 39

Համանման հակադրութիւններ կը գտնենք Աստուածաշունչի ա՛յլ գիրքերուն մէջ։ Անոնք կ’օգնեն կէտ մը ըմբռնելու կամ բան մը ընելու աւելի լաւ կերպը շեշտելու։ Եթէ ծնող մըն ես, հետեւեալ հակադրութեան վրայ խոկա՛. «Դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Պօղոս առաքեալ կրնար պարզապէս ըսել թէ ծնող մը պէտք է իր զաւակը Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն կրթէ. ինչ որ իմաստուն ու ճշմարիտ խրատ պիտի ըլլար։ Բայց կէտը աւելի յստակ կը դառնայ հակադրութեամբ՝ «մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։

Նոյն գլուխին մէջ Պօղոս նաեւ գրեց. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա. . . երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» (Եփ. 6։12)։ Այս հակադրութիւնը հաւանաբար կ’օգնէ որ հասկնաս թէ լուրջ պարագայի մը մէջ կը գտնուիս. պատերազմդ պարզ մարդոց դէմ չէ, այլ՝ չար ոգիներու դէմ։

ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՕԳՏՈՒԷ

Եփեսացիս նամակին մէջ, պիտի նկատես թէ Պօղոս զանազան համարներու մէջ հակադրութիւններ գործածած է։ Անոնց մասին խորհրդածելը կրնայ մեզի օգնել, որ Պօղոսի կէտը հասկնանք եւ յստակօրէն ըմբռնենք այն ինչ որ պէտք է ընենք։

Նպատակայարմար պիտի գտնես ցուցակը, որ Եփեսացիս 4–րդ եւ 5–րդ գլուխներու կարգ մը հակադրութիւնները կը նշէ։ Իւրաքանչիւր հակադրութիւն կարդալէ ետք, պահ մը մտածէ անձնական կեանքիդ մասին։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Անկեղծօրէն, իմ կեցուածքս ի՞նչ է։ Ես ինչպէ՞ս կը հակազդեմ համանման պարագայի մը մէջ։ Ըստ ուրիշներու, հակադրութեան ո՞ր մասը զիս կը ներկայացնէ’։ Եթէ նկատես թէ որոշ հակադրութիւն մը աչքառու կը դարձնէ մարզ մը, որուն վրայ պէտք է աշխատիս, ջանա՛ գործի լծուիլ։ Թող այդ հակադրութիւնը քեզի օգնէ։

Կրնաս նաեւ ցուցակը գործածել ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին։ Նախ, ընտանիքիդ անդամները կրնան այս հակադրութիւնները կարդալ։ Ապա, ձեզմէ մէկը հակադրութեան առաջին մասը կրնայ նշել, թոյլ տալով ուրիշներու որ յիշեն երկրորդ մասին մէջ ընդգծուած կէտը։ Ասիկա կրնայ առաջնորդել հաճելի ընտանեկան քննարկութիւններու, թէ ինչպէ՛ս կրնաք լիակատար կերպով երկրորդ մասը կիրարկել։ Արդարեւ, այսպէս հակադրութիւնները քննելը կրնայ օգնել թէ՛ մեծերուն եւ թէ պզտիկներուն, որ ընտանեկան ծիրէն ներս եւ այլուր քրիստոնէական վարք հետապնդեն։

Կրնա՞ս հակադրութեան երկրորդ մասը յիշել

Որքա՛ն աւելի հակադրութիւնները արժեւորես, այնքան աւելի կրնաս Աստուածաշունչին մէջ զանոնք զատորոշել։ Ասկէ զատ, պիտի նկատես թէ ծառայութեան ընթացքին զանոնք գործածելը շատ օգտակար է։ Օրինակ, կրնաս տանտիրոջ ըսել. «Շատեր կ’ըսեն թէ մարդը անմահ հոգի ունի, բայց նկատի առ թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ»։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին, կրնաս աշակերտին ըսել. «Այս շրջանին մէջ շատեր կը հաւատան թէ Աստուած ու Յիսուս մէկ անձնաւորութիւն են, մինչդեռ Աստուածաշունչէն ի՞նչ սորվեցանք։ Իսկ դուն, ի՞նչ բանի կը հաւատաս»։

Արդարեւ, Սուրբ Գրութիւններուն մէջ բազմաթիւ հակադրութիւններ կը գտնենք, որոնք կ’օգնեն որ Աստուծոյ ճամբուն մէջ քալենք։ Եւ կրնանք հակադրութիւններ գործածել ուրիշներու օգնելու, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ճանչնան։