Եհովայի հովիւներուն հնազանդէ
«Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն» (ԵԲ. 13։17)։
1, 2. Ինչո՞ւ Եհովան ինքզինք հովիւի կը նմանցնէ։
ԵՀՈՎԱՆ ինքզինք հովիւի կը նմանցնէ (Եզեկ. 34։11-14)։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ ան ինչպիսի՛ Աստուած է։ Սիրալիր հովիւը իր հոգատարութեան տակ եղող հօտին վերապրումին եւ բարօրութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը շալկէ։ Ան զիրենք դէպի արօտներն ու ջուրերը կ’առաջնորդէ (Սաղ. 23։1, 2), գիշեր–ցերեկ անոնց վրայ կը հսկէ (Ղուկ. 2։8), զիրենք գիշատիչ անասուններէ կը պաշտպանէ (Ա. Թագ. 17։34, 35), գառնուկները կը կրէ (Եսա. 40։11), կորսուածները կը փնտռէ եւ վիրաւորուած ոչխարներուն լաւ կերպով հոգ կը տանի (Եզեկ. 34։16)։
2 Հին օրերուն, Աստուծոյ ժողովուրդէն շատեր հովիւ եւ հողագործ էին։ Ուստի, անոնք հասկցան թէ Եհովան ի՛նչ ըսել կ’ուզէր երբ ինքզինք սիրալիր հովիւի կը նմանցնէր։ Անոնք գիտէին թէ ոչխարները վերապրելու համար հոգատարութեան եւ ուշադրութեան պէտք ունին։ Հոգեւոր առումով, հարցը նոյնն է մարդոց պարագային (Մար. 6։34)։ Առանց հոգեւոր լաւ հոգատարութեան եւ առաջնորդութեան, ժողովուրդը կը տառապի, անպաշտպան կը դառնայ ու բարոյական գետնի վրայ կը մոլորի,– ճիշդ ինչպէս որ «հովիւ չունեցող ոչխարներ»ը կը ցրուին (Գ. Թագ. 22։17)։ Սակայն, Եհովան սիրալիրօրէն իր ժողովուրդին կարիքները կը հոգայ։
3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Մենք եւս կը հասկնանք թէ Եհովան ինչ առումով հովիւի մը նման է, քանի որ կը նկատենք թէ ինչպէ՛ս իր ոչխարանման ժողովուրդին հոգ կը տանի։ Տեսնենք թէ ներկայիս ան ինչպէ՛ս իր ոչխարները կ’առաջնորդէ եւ անոնց կարիքները կը հոգայ։ Նաեւ, նկատի պիտի առնենք թէ ոչխարները ի՛նչ պէտք է ընեն, որպէսզի Եհովայի սիրալիր հետաքրքրութենէն օգտուին։
ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ ԵՆԹԱՀՈՎԻՒՆԵՐ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
4. Յիսուս ինչպէ՞ս Եհովայի ոչխարները կը հոգայ։
4 Եհովան Յիսուսը նշանակած է որպէս քրիստոնէական Եփ. 1։22, 23)։ Իր հօր նման, Յիսուս՝ «բարի հովիւը»՝ ոչխարները կը սիրէ եւ կը հոգայ։ Ան նոյնիսկ ‘իր կեանքը տուաւ ոչխարներուն համար’ (Յովհ. 10։11, 15)։ Քրիստոսի փրկանքի զոհը ի՜նչ հոյակապ պարգեւ մըն է մարդկութեան համար (Մատ. 20։28)։ Արդարեւ, Եհովայի նպատակն է՝ որ «ամէն ո՛վ որ [Յիսուսի] հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։
ժողովքին Գլուխը (5, 6. ա) Յիսուս որո՞նց նշանակած է, որպէսզի իր ոչխարներուն հոգ տանին։ բ) Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ոչխարները ի՞նչ պէտք է ընեն։ գ) Երէցներուն հնազանդելու հիմնական պատճառը ի՞նչ է։
5 Ոչխարները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, թէ Յիսուս Քրիստոս իրենց Հովիւն է։ Յիսուս ինք պատասխանը հայթայթեց. «Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան» (Յովհ. 10։27)։ Բարի Հովիւին ձայնը լսել կը նշանակէ՝ ամէն բանի մէջ անոր առաջնորդութեան հետեւիլ։ Ասիկա կը պարփակէ՝ անոր նշանակած հոգեւոր ենթահովիւներուն հնազանդիլ։ Յիսուս նշեց, թէ իր առաքեալները եւ աշակերտները պիտի շարունակէին այն աշխատանքը, որ ինք սկսած էր։ Անոնք պիտի ‘սորվեցնէին’ եւ ‘արածէին իր ոչխարները’ (Մատ. 28։20. կարդա՛ Յովհաննէս 21։15-17)։ Մինչ բարի լուրը տարածուեցաւ եւ աշակերտներուն թիւը աւելցաւ, Յիսուս կարգադրեց որ հասուն քրիստոնեաներ ժողովքները հովուեն (Եփ. 4։11, 12)։
6 Պօղոս առաքեալ առաջին դարու Եփեսոսի ժողովքին երէցներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու» (Գործք 20։28)։ Ներկայիս նոյնն է պարագան, քանի որ այժմու երէցները ե՛ւս կը նշանակուին Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին պահանջներուն համաձայն։ Ուրեմն, երէցներուն հնազանդելով՝ յարգած կ’ըլլանք մեծագոյն Հովիւները՝ Եհովան եւ Յիսուսը (Ղուկ. 10։16)։ Ասիկա հիմնական պատճառն է թէ ինչո՛ւ պէտք է երէցներուն կամովին ենթարկուինք։ Բայց անոնց ուղղութեան հետեւելու ա՛յլ պատճառներ ալ կան։
7. Երէցները ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնեն, որ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պահպանես։
7 Երբ իրենց հաւատակիցները պիտի ուղղեն, երէցները զանոնք կը քաջալերեն եւ կը խրատեն՝ Սուրբ Գիրքը կամ սուրբ գրային սկզբունքներ գործածելով։ Վստահաբար անոնք չեն ըսեր եղբայրներուն, որ ինչպէ՛ս իրենց կեանքը վարեն (Բ. Կոր. 1։23)։ Փոխարէն, անոնց կու տան սուրբ գրային ցուցմունքներ, որպէսզի օգնեն լաւ որոշումներ կայացնելու եւ յառաջ տանին խաղաղութիւնը ժողովքին մէջ (Ա. Կոր. 14։33, 40)։ Երէցները «հոգիներուն համար կը հսկեն», այն առումով որ կը փափաքին ժողովքի իւրաքանչիւր անդամին օգնել, որ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պահպանէ։ Այսպիսով, անոնք շուտով պիտի օգնեն այն եղբօր կամ քրոջ, որ սխալ քայլ առած է կամ առնելու վրայ է (Գաղ. 6։1, 2. Յուդա 22)։ Արդարեւ, ‘մեր առաջնորդներուն մտիկ ընելու’ շատ պատճառներ ունինք (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։17)։
8. Երէցները ինչպէ՞ս Աստուծոյ հօտը կը պաշտպանեն։
8 Պօղոս առաքեալ, որ հոգեւոր հովիւ մըն էր, Կողոսայի իր եղբայրներուն գրեց. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» (Կող. 2։8)։ Այս ազդարարութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ ա՛յլ պատճառ, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ երէցներուն աստուածաշնչական ուղղութեան հետեւինք։ Անոնք իրենց եղբայրները կը պաշտպանեն ոեւէ անհատէ, որ կ’ուզէ զիրենք Եհովայէն հեռացնել։ Պետրոս առաքեալ եղբայրները զգուշացուց «սուտ մարգարէներ»է եւ «սուտ վարդապետներ»է, որոնք պիտի ջանային «անհաստատ հոգիները» խաբել (Բ. Պետ. 2։1, 14)։ Այժմու երէցներն ալ պէտք է ժամանակայարմար զգուշացումներ տան։ Որպէս հասուն քրիստոնեաներ, անոնք կեանքի փորձառութիւն ունին։ Ասկէ զատ, նշանակուելէ առաջ, անոնք ցոյց տուին թէ յստակ կերպով կը հասկնան Սուրբ Գրութիւնները եւ որակեալ են սորվեցնելու այն ինչ որ օգտակար է (Ա. Տիմ. 3։2. Տիտ. 1։9)։ Անոնց հասունութիւնը, հաւասարակշռութիւնը եւ աստուածաշնչական իմաստութիւնը զիրենք կարող կը դարձնեն, որ հմտութեամբ հօտը ուղղեն։
ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ ԵՒ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ
9. Ներկայիս Յիսուս քրիստոնէական ժողովքը ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ եւ կը սնուցանէ։
9 Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան աշխարհածաւալ եղբայրութեան առատ հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ։ Մեր հրատարակութիւններուն միջոցաւ սուրբ գրային շատ մը խրատներ կը ստանանք։ Ասկէ զատ, երբեմն կազմակերպութիւնը ուղղակի երէցներուն ցուցմունքներ կու տայ, նամակներու կամ շրջագայող տեսուչներու միջոցաւ։ Այս բոլոր կերպերով, ոչխարները յստակ առաջնորդութիւն կը ստանան։
10. Հոգեւոր հովիւները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին այն ոչխարներուն հանդէպ, որոնք ժողովքէն հեռացած են։
10 Տեսուչներուն պատասխանատուութիւնն է ոչխարները պաշտպանել եւ անոնց հոգ տանիլ, մանաւանդ անոնց՝ որոնք հոգեւորապէս տկարացած են կամ լուրջ մեղքեր գործած են (կարդա՛ Յակոբոս 5։14, 15)։ Անոնցմէ ոմանք ժողովքէն հեռացած են եւ Աստուծոյ ծառայելէ դադրած են։ Հոգատար հովիւ մը ի՞նչ պիտի ընէր այս պարագային։ Ան իր ամէն կարելին պիտի ընէր գտնելու իւրաքանչիւր կորսուած ոչխար եւ զայն քաջալերէր վերադառնալու հօտին՝ ժողովքին։ Յիսուս բացատրեց. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատ. 18։12-14)։
ԵՆԹԱՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒՆ ԹԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՆԿԱՏԵՆՔ
11. Ոմանց համար ինչո՞ւ դժուար է երէցներուն առաջնորդութեան հետեւիլ։
11 Եհովան եւ Յիսուսը կատարեալ Հովիւներ են։ Բայց մարդկային ենթահովիւները, որոնց վստահուած է ժողովքին հոգատարութիւնը, կատարեալ չեն։ Այս իրողութիւնը ոմանց համար կը դժուարացնէ երէցներուն առաջնորդութեան հետեւիլը։ Այսպիսիներ թերեւս պատճառաբանեն. ‘Անոնք մեզի պէս անկատար են։ Ինչո՞ւ անոնց խրատին մտիկ ընենք’։ Ճիշդ է որ երէցները անկատար են, բայց պէտք չէ անոնց թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն վրայ կեդրոնանանք։
12, 13. ա) Անցեալին, Աստուծոյ պատասխանատու ծառաները ի՞նչ սխալներ գործեցին։ բ) Պատասխանատու տղամարդոց թերութիւնները ինչո՞ւ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած են։
12 Աստուածաշունչը կը խօսի այն տղամարդոց սխալներուն մասին, որոնք անցեալին Աստուծոյ ժողովուրդը առաջնորդեցին։ Օրինակ, Դաւիթ օծուեցաւ որպէս Իսրայէլի թագաւոր, բայց յետագային Աստուծոյ դէմ մեղանչեց՝ կնոջ մը հետ շնութիւն գործելով եւ անոր ամուսինը սպաննելով (Բ. Թագ. 12։7-9)։ Նաեւ, նկատի առ Պետրոս առաքեալին օրինակը։ Թէեւ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ անոր հսկայ պատասխանատուութիւն վստահուեցաւ, բայց ան լուրջ սխալներ գործեց (Մատ. 16։18, 19. Յովհ. 13։38. 18։27. Գաղ. 2։11-14)։ Յիսուսէն զատ, Ադամ ու Եւային օրերէն ի վեր ո՛չ մէկ մարդ կատարեալ եղած է։
13 Եհովան ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ Աստուածաշունչին մէջ նշուին իր պատասխանատու ծառաներուն թերութիւնները։ Պատճառներէն մէկն է՝ որ ան ուզեց ցոյց տալ, թէ կրնայ անկատար տղամարդիկ գործածել իր ժողովուրդը առաջնորդելու։ Իրականութեան մէջ, ան միշտ այսպէս ըրած է։ Ուստի, մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն անկատարութիւնները իբրեւ չքմեղանք պէտք չէ գործածենք՝ անոնց դէմ տրտնջալու կամ անոնց հեղինակութիւնը անտեսելու։ Եհովան կ’ակնկալէ որ զանոնք յարգենք եւ անոնց հնազանդինք (կարդա՛ Ելից 16։2, 8)։
14, 15. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Եհովան անցեալին իր ժողովուրդին հետ հաղորդակցեցաւ։
14 Ներկայիս, մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն հնազանդիլը կարեւոր է։ Պահ մը մտածէ թէ ճգնաժամային օրերուն, Եհովան ինչպէ՛ս իր վաղեմի ժողովուրդին հետ հաղորդակցեցաւ։ Երբ իսրայէլը Եգիպտոսը պիտի ձգէր, Աստուած Մովսէսին եւ Ահարոնին միջոցաւ ուղղութիւններ տուաւ։ Տասներորդ պատուհասէն վերապրելու համար, իսրայէլացիները տրուած ցուցմունքներուն պէտք է հնազանդէին։ Անոնց ըսուեցաւ որ յատուկ ճաշ մը պատրաստեն, ոչխար մը մորթեն եւ ատոր արիւնէն առնեն ու քսեն իրենց տան դրանդիքներուն եւ վերի սեմին վրայ։ Անոնք այս ուղղութիւնը ուղղակի երկնքէն չստացան, հապա իսրայէլի ծերերէն, որոնք իրենց կարգին Մովսէսէն ստացած էին (Ել. 12։1-7, 21-23, 29)։ Այս կերպով, Եհովան Մովսէսն ու ծերերը գործածեց իր ժողովուրդը առաջնորդելու։ Իսկ ներկայիս ան կը գործածէ երէցները։
15 Շատ հաւանաբար կրնաս մտաբերել ա՛յլ առիթներ, երբ Եհովան մարդկային կամ հրեշտակային ներկայացուցիչներու միջոցաւ փրկարար ցուցմունքներ տուաւ։ Այս բոլոր պարագաներուն, Աստուած յարմար տեսաւ հեղինակութիւն տալ ուրիշներու, որպէսզի իր անունով
խօսին եւ իր ժողովուրդին ըսեն թէ ի՛նչ պէտք է ընեն վտանգաւոր ժամանակներուն։ Ամէն պատճառ ունինք ակնկալելու, որ Եհովան Արմագեդոնին նմանապէս պիտի վարուի։ Անշուշտ, երէցները՝ որոնք Եհովան կամ իր կազմակերպութիւնը կը ներկայացնեն, պէտք է շատ ուշադիր ըլլան որ իրենց վստահուած հեղինակութիւնը չչարաշահեն։«ՄԷԿ ՀՕՏ ՈՒ ՄԷԿ ՀՈՎԻՒ»
16. Ի՞նչ է այն «խօսք»ը, որուն պէտք է մտիկ ընենք։
16 Եհովայի ժողովուրդը կը կազմէ «մէկ հօտ», որ «մէկ հովիւ» ունի՝ Յիսուս Քրիստոս (Յովհ. 10։16)։ Յիսուս ըսաւ, թէ իր աշակերտներուն հետ պիտի ըլլար ‘ամէն օր մինչեւ աշխարհիս վերջը’ (Մատ. 28։20)։ Երկնքի մէջ Թագաւոր ըլլալով, իր հակակշռին տակ են այն բոլոր դէպքերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Սատանային աշխարհը բնաջնջելէ առաջ։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ միաբան եւ ապահով մնալ։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ Այս «խօսք»ը կը պարփակէ այն ինչ որ Եհովան Աստուածաշունչին միջոցաւ մեզի կը սորվեցնէ եւ այն ինչ որ Եհովան ու Յիսուս իրենց նշանակած ենթահովիւներուն միջոցաւ կ’ըսեն (կարդա՛ Եսայի 30։21. Յայտնութիւն 3։22)։
17, 18. ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս վտանգի մէջ է։ բ) Ի՞նչ բանէ վստահ ենք։ գ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք։
17 Սատանան «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետ. 5։8)։ Վայրագ եւ անօթի անասունի մը նման, ան ոտքի կ’ելլէ հօտը որսալու եւ կը սպասէ յարմար ժամանակին, որպէսզի յարձակի տկար կամ հօտէն հեռացած ոչխարին վրայ։ Ասիկա կարեւոր պատճառ մըն է, թէ ինչո՛ւ միշտ մօտիկ պէտք է մնանք հօտին եւ Եհովային՝ ‘մեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին’ (Ա. Պետ. 2։25)։ Մեծ նեղութենէն վերապրողներուն առնչութեամբ, Յայտնութիւն 7։17–ն կ’ըսէ. «Գառնուկը [Յիսուս]. . . պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ Ասիկա ի՜նչ գեղեցիկ խոստում է։
18 Նկատի առնելէ ետք որ ժողովքը հովուելու երէցներուն պատասխանատուութիւնը շատ լուրջ է, իւրաքանչիւր երէց պէտք է հարց տայ. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ որ Յիսուսին ոչխարներուն հետ պատշաճ կերպով կը վարուիմ’։ Պատասխանը նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։