Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնանք ‘համբերութեամբ սպասել’

Ինչպէ՞ս կրնանք ‘համբերութեամբ սպասել’

«Համբերութեամբ պիտի սպասեմ» (ՄԻՔ. 7։7, ՆԱ

1. Ի՞նչ բան կրնայ մեզ անհամբեր դարձնել։

ԵՐԲ Մեսիական Թագաւորութիւնը 1914–ին հաստատուեցաւ, Սատանային աշխարհը իր վերջին օրերուն մէջ մտաւ։ Երկնքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմին առ ի արդիւնք, Յիսուս Բանսարկուն եւ անոր դեւերը երկրագունդին շրջակայքը նետեց (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։7-9Սատանան գիտէ թէ միայն «քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտ. 12։12)։ Բայց այդ «ժամանակ»ը տասնամեակներ տեւած է, եւ ոմանք կը խորհին թէ վերջին օրերը երկարած են։ Մինչ կը սպասենք որ Եհովան գործի անցնի, արդեօք անհատապէս անհամբեր դարձա՞ծ ենք։

2. Այս յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

2 Անհամբերութիւնը վտանգաւոր է, քանի որ կրնայ պատճառ դառնալ որ անխոհեմաբար վարուինք։ Ինչպէ՞ս կրնանք համբերութեամբ սպասել։ Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, պատասխանելով հետեւեալ հարցումներուն. 1) Միքիայի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ համբերութեան մասին։ 2) Ո՞ր դէպքերը պիտի նշեն մեր սպասման ժամանակաշրջանին աւարտը։ 3) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի համբերութիւնը գնահատել։

ՄԻՔԻԱՅԻ ՕՐԻՆԱԿԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ

3. Միքիայի օրերուն, Իսրայէլի մէջ ինչպիսի՞ վիճակներ կը տիրէին։

3 Կարդա՛ Միքիա 7։2-6։ Եհովայի մարգարէն Միքիան նկատեց, թէ Իսրայէլի մէջ հոգեւոր գետնի վրայ վիճակները երթալով կը վատթարանային, մինչեւ որ սոսկալի դարձան չար թագաւոր Աքազի իշխանութեան ներքեւ։ Միքիան անհաւատարիմ իսրայէլացիները «փուշի» եւ «փշեղէն ցանկ»ի նմանցուց։ Ճիշդ ինչպէս որ փուշը կրնայ վիրաւորել իրեն դպչող անհատը, նոյնպէս այդ փտած իսրայէլացիները վնասեցին բոլոր անոնց՝ որոնց հետ գործառնութիւն ունեցան։ Փտածութիւնը այնքա՜ն տարածուեցաւ, որ նոյնիսկ ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները քայքայուեցան։ Գիտնալով որ վիճակը անձամբ չէր կրնար փոխել, Միքիան իր սիրտը Եհովայի առջեւ թափեց։ Ապա, համբերութեամբ սպասեց որ Եհովան գործի անցնի։ Միքիան վստահ էր որ Եհովան Իրեն յարմար եղող ժամանակին պիտի միջամտէր։

4. Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք։

4 Միքիայի նման, ստիպուած ենք անձնասէր մարդոց մէջ ապրիլ։ Շատեր «ապերախտ, անսուրբ, անգութ» են (Բ. Տիմ. 3։2, 3)։ Նեղացուցիչ է տեսնել գործակիցներու, դպրոցակիցներու եւ դրացիներու անձնակեդրոն կեցուածքը։ Աստուծոյ կարգ մը ծառաները սակայն, աւելի մեծ մարտահրաւէր մը ունին։ Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները ընտանեկան հակառակութիւն պիտի դիմագրաւէին, եւ Միքիա 7։6–ի խօսքերուն նման, նկարագրեց թէ իր պատգամը ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենար։ Ան ըսաւ. «Եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։ Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան» (Մատ. 10։35, 36)։ Ի՜նչ դժուար բան է տոկալ ընտանիքի անհաւատ անդամներու ծաղրանքին եւ հակառակութեան։ Եթէ այսպիսի փորձութիւն դիմագրաւենք, ընտանեկան ճնշումին տեղի չտանք։ Փոխարէն, հաւատարիմ մնանք եւ համբերութեամբ սպասենք Եհովային, որպէսզի հարցերը լուծէ։ Եթէ յարատեւաբար իր օգնութիւնը խնդրենք, ան մեզի պիտի տայ տոկալու հարկ եղած զօրութիւնն ու իմաստութիւնը։

5, 6. ա) Եհովան Միքիան ինչպէ՞ս վարձատրեց։ բ) Միքիան ի՞նչ բանի ականատես չեղաւ։

5 Եհովան Միքիայի համբերութիւնը վարձատրեց։ Միքիան ականատես եղաւ Աքազ թագաւորին եւ անոր չար իշխանութեան վախճանին։ Ան տեսաւ թէ ինչպէ՛ս Աքազի որդին՝ Եզեկիա թագաւորը մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեց։ Եւ Միքիայի միջոցաւ Սամարիայի դէմ յայտարարուած Եհովայի դատաստանական պատգամը կատարուեցաւ, երբ ասորեստանցիները Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան վրայ յարձակեցան (Միք. 1։6

6 Բայց եւ այնպէս, Միքիան իր ներշնչեալ բոլոր մարգարէութիւններուն կատարման ականատես չեղաւ։ Օրինակ, ան գրեց. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն եւ շատ ազգեր պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տո՛ւնը ելլենք’» (Միք. 4։1, 2)։ Միքիան այս մարգարէութիւնը կատարուելէն շա՜տ առաջ մեռաւ։ Բայց ան վճռած էր Եհովայի հաւատարիմ մնալ մինչեւ մահ, ինչ որ ալ իր շուրջինները ընէին։ Այս ուղղութեամբ, ան գրեց. «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Միք. 4։5)։ Ան կրցաւ նեղացուցիչ ժամանակներու ընթացքին համբերութեամբ սպասել, քանի որ բացարձակ վստահութիւն ունէր թէ Եհովան Իր բոլոր խոստումները պիտի կատարէր։ Հաւատարիմ մարգարէն Եհովային վստահեցաւ։

7, 8. ա) Վստահութեան ի՞նչ պատճառ ունինք։ բ) Ի՞նչ ընելով ժամանակը աւելի արագ պիտի անցնի։

7 Համանման կերպով Եհովայի կը վստահի՞նք։ Այսպիսի վստահութիւն ունենալու վաւերական պատճառ ունինք. Միքիայի մարգարէութեան կատարման ականատես եղած ենք։ «Վերջին օրեր»ուն ընթացքին, բոլոր ազգերէն, ցեղերէն եւ լեզուներէն միլիոնաւորներ ‘Տէրոջը տանը լերանը’ դիմած են։ Թշնամի ազգերու պատկանելով հանդերձ, այս երկրպագուները իրենց «սուրերը խոփեր» ըրած են եւ կը մերժեն ‘պատերազմ սորվիլ’ (Միք. 4։3)։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է Եհովայի խաղաղասէր ժողովուրդին մաս կազմել։

8 Բոլորս կ’ուզենք որ Եհովան շուտով այս չար աշխարհին վերջ դնէ։ Բայց եթէ համբերութեամբ պիտի սպասենք, պէտք է որ հարցերը Եհովային տեսանկիւնէն դիտենք։ Ան որոշած է օր մը, երբ մարդկութիւնը պիտի դատէ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ,– «այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց» (Գործք 17։31)։ Բայց անկէ առաջ, ան ամէն տեսակ մարդոց պատեհութիւն կու տայ, որ «ճշմարտութիւնը ճանչնան», անոր համաձայն գործեն եւ ազատին։ Թանկագին կեանքեր վտանգի տակ են (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4Եթէ զբաղած ենք ուրիշներուն օգնելով որ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանան, մնացեալ ժամանակը արագօրէն պիտի անցնի։ Մօտ օրէն, նոյնիսկ յանկարծ, այդ ժամանակը վերջ պիտի գտնէ։ Այն ատեն, որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլանք որ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ զբաղած մնացինք։

Ո՞Ր ԴԷՊՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ՆՇԵՆ ՄԵՐ ՍՊԱՍՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ ԱՒԱՐՏԸ

9-11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ը կատարուա՞ծ է։

9 Կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-3։ Մօտ ապագային, ազգերը պիտի յայտարարեն թէ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Եթէ չենք ուզեր որ ատիկա մեզ յանկարծակիի բերէ, պէտք է «արթուն ու զգաստ ըլլանք» (Ա. Թես. 5։6)։ Հոգեւորապէս արթուն մնալու համար, նկատի առնենք կարգ մը դէպքեր, որոնք ճամբան հարթած են այս կարեւոր յայտարարութեան։

10 Երկու աշխարհամարտերէն ետք, ազգերը խաղաղութեան աղաղակներ բարձրացուցին։ Ա. Աշխարհամարտէն ետք, Ազգերու դաշնակցութիւնը կազմուեցաւ՝ խաղաղութիւն բերելու յոյսով։ Յետագային, Բ. Աշխարհամարտէն ետք, մարդիկ յուսացին որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը երկրագունդի տարածքին խաղաղութիւն կրնայ բերել։ Քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներ այս երկու կազմակերպութիւններուն վստահած են, մարդկութեան խաղաղ պայմաններ ապահովելու համար։ Օրինակ, ՄԱԿ–ը յայտարարեց որ 1986–ը Խաղաղութեան միջազգային տարի է։ Այդ տարի, կաթողիկէ եկեղեցիին պապին հրաւէրով բազմաթիւ քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներ հաւաքուեցան Ասիզիի մէջ, Իտալիա, խաղաղութեան համար աղօթքներ մատուցանելու։

11 Բայց ո՛չ այդ յայտարարութիւնը, ոչ ալ համանման ուրիշ յայտարարութիւններ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի կատարումը եղած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կանխագուշակուած ‘յանկարծական կորուստը’ տակաւին տեղի չէ ունեցած։

12. «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարութեան մասին ի՞նչ գիտենք։

12 Ո՞վ պիտի ընէ այս ապագայ յայտարարութիւնը, թէ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Քրիստոնէական աշխարհի եւ ուրիշ կրօնքներու առաջնորդները ի՞նչ դեր պիտի խաղան։ Զանազան պետութիւններու առաջնորդներ ինչպէ՞ս ասոր մէջ բաժին պիտի բերեն։ Այս գծով, Սուրբ Գիրքը լուռ է։ Բայց գիտենք թէ այս յայտարարութիւնը ի՛նչ ձեւով ալ ըլլայ կամ որքա՛ն ալ համոզիչ թուի, խաբուսիկ պիտի ըլլայ։ Այս աշխարհը տակաւին Սատանայի իշխանութեան տակ պիտի մնայ։ Անիկա ամբողջովին նեխած է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ։ Ի՜նչ ցաւալի պիտի ըլլայ եթէ մեզմէ մէկը Սատանայի փրոփականտին հաւատայ եւ իր քրիստոնէական չէզոքութիւնը բեկանէ։

13. Հրեշտակները ինչո՞ւ կործանման հովերը բռնած են։

13 Կարդա՛ Յայտնութիւն 7։1-4։ Մինչ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի կատարման կը սպասենք, զօրեղ հրեշտակներ մեծ նեղութեան կործանարար հովերը բռնած են։ Անոնք ի՞նչ բանի կը սպասեն։ Յովհաննէս առաքեալ կը նկարագրէ կարեւոր միջադէպ մը. «Մեր Աստուծոյն [օծեալ] ծառաներուն» վերջնական կնքումը *։ Մէյ մը որ վերջնական կնքումը աւարտի, հրեշտակները կործանման հովերը պիտի արձակեն։ Այն ատեն ի՞նչ պիտի պատահի։

14. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Մեծ Բաբելոնը շուտով պիտի կործանուի։

14 Մեծ Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը՝ պիտի կործանուի։ ‘Ժողովուրդներ ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ’ պիտի չկարենան անոր նեցուկ կանգնիլ։ Արդէն կը տեսնենք իրադարձութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ անոր վախճանը մօտ է (Յայտ. 16։12. 17։15-18. 18։7, 8, 21)։ Իրականութեան մէջ, այժմ լրատուամիջոցները ցոյց կու տան թէ կրօնքն ու կրօնական առաջնորդները աջակցութիւն չեն ստանար, հապա հետզհետէ յարձակման կ’ենթարկուին։ Ասով հանդերձ, Մեծ Բաբելոնի առաջնորդները կը զգան թէ իսկական վտանգի տակ չեն։ Անոնք որքա՜ն կը սխալին։ «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարուելէ ետք, Սատանայի աշխարհին քաղաքական տարրերը յանկարծ սուտ կրօնքին վրայ պիտի յարձակին եւ զայն կործանեն։ Ատիկա յաւերժ պիտի բնաջնջուի։ Վստահաբար, կ’արժէ այս հետաքրքրաշարժ դէպքերուն համբերութեամբ սպասել (Յայտ. 18։8, 10

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԳՆԱՀԱՏԵԼ

15. Եհովան ինչո՞ւ համբերութեամբ սպասած է։

15 Թէեւ մարդիկ իր անունը անպատուած են, սակայն Եհովան համբերութեամբ գործի լծուելու ժամանակին սպասած է, քանի որ չ’ուզեր որ ազնուասիրտ մարդիկ կործանուին (Բ. Պետ. 3։9, 10)։ Նոյն կեցուածքը ունի՞նք։ Եհովայի օրը գալէ առաջ, իր համբերութեան հանդէպ մեր գնահատանքը կրնանք հետեւեալ կերպերով ցոյց տալ։

16, 17. ա) Ինչո՞ւ պէտք է անգործունեաներուն օգնենք։ բ) Ինչո՞ւ հրատապ է որ անգործունեաները Եհովային վերադառնան։

16 Անգործունեաներուն օգնէ։ Յիսուս ըսաւ որ երկնքի մէջ ուրախութիւն կ’ըլլայ, երբ միայն մէկ կորսուած ոչխար կը գտնուի (Մատ. 18։14. Ղուկ. 15։3-7)։ Բացայայտ է որ Եհովան խորապէս կը հետաքրքրուի այն անհատներով, որոնք իր անուան հանդէպ սէր ցուցաբերած են, նոյնիսկ եթէ այժմ գործօն կերպով իրեն չեն ծառայեր։ Երբ այսպիսիներու օգնենք որ ժողովքին վերադառնան, Եհովային եւ հրեշտակներուն ուրախութեան կը նպաստենք։

17 Արդեօք դուն Եհովային ծառայութեան մէջ անգործունեայ դարձողներուն շարքի՞ն ես։ Թերեւս դադրեցար ժողովներու ներկայ գտնուելէ, քանի որ ժողովքին մէկ անդամը քեզ վիրաւորեց։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Կեանքս հիմա աւելի՞ իմաստալից է։ Ես աւելի՞ ուրախ եմ։ Եհովա՞ն զիս վիրաւորեց, թէ ոչ անկատար անհատ մը։ Եհովա Աստուած երբեք ինծի վնաս հասցուցա՞ծ է’։ Իրապէս, ան միշտ մեզի բարիք ըրած է։ Նոյնիսկ եթէ մեր նուիրումին համաձայն չենք ապրիր, ան թոյլ կու տայ որ իր հայթայթած բարիքները վայելենք (Յակ. 1։16, 17)։ Շուտով, Եհովայի օրը պիտի գայ։ Հիմա՛ է ժամանակը վերադառնալու մեր երկնաւոր Հօր սիրալիր բազուկներուն եւ ժողովքին,– միակ ապահով վայրը այս վերջին օրերուն մէջ (Բ. Օր. 33։27. Եբ. 10։24, 25

Եհովայի ծառաները ամէն ջանք կը թափեն անգործունեաներուն օգնելու որ Եհովայի վերադառնան (Տե՛ս պարբերութիւն 16, 17)

18. Ինչո՞ւ առաջնորդութիւն առնողներուն պէտք է աջակցինք։

18 Առաջնորդութիւն առնողներուն հաւատարմօրէն աջակցէ։ Սիրառատ Հովիւ ըլլալով, Եհովան մեզ կ’առաջնորդէ եւ կը պաշտպանէ։ Ան իր Որդին նշանակած է որպէս հօտին Հովուապետը (Ա. Պետ. 5։4)։ Աւելի քան 100,000 ժողովքներու մէջ, երէցները Աստուծոյ իւրաքանչիւր ոչխարը կը հովուեն (Գործք 20։28)։ Երբ առաջնորդութիւն առնողներուն հաւատարմօրէն աջակցինք, Եհովային եւ Յիսուսին ցոյց կու տանք, թէ երախտապարտ ենք Իրենց ըրած բոլոր բաներուն համար։

19. Ինչպէ՞ս կրնանք իրարու մօտենալ։

19 Իրարու մօտենանք։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբ թշնամի մը լաւ–մարզուած բանակի վրայ յարձակի, զինուորները քով–քովի գալով՝ իրենց շարքերը կը խտացնեն։ Այսպէս, անոնք անանցանելի ճակատ կը կազմեն։ Սատանան Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ իր յարձակումները կը սաստկացնէ։ Ուստի, հիմա ժամանակը չէ որ իրարու դէմ կռուինք։ Հիմա ժամանակն է որ իրարու մօտենանք, մեր եղբայրներուն անկատարութիւնները անտեսենք եւ Եհովայի առաջնորդութեան վստահինք։

Հիմա է ժամանակը որ իրարու մօտենալով՝ Սատանային ու դեւերուն դէմ դնենք (Տե՛ս պարբերութիւն 19)

20. Հիմա ի՞նչ պէտք է ընենք։

20 Թող որ բոլորս հոգեւորապէս զգաստ մնանք եւ համբերութեամբ սպասենք «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարութեան ու ընտրեալներուն վերջնական կնքումին։ Անկէ ետք, չորս հրեշտակները կործանարար հովերը պիտի արձակեն եւ Մեծ Բաբելոնը պիտի կործանուի։ Մինչ այս հետաքրքրաշարժ դէպքերուն կը սպասենք, Եհովայի կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն ուղղութիւնը ընդունինք։ Ասկէ զատ, իրարու մօտենալով Բանսարկուին եւ դեւերուն դէմ դնենք։ Հիմա է ժամանակը անսալու սաղմոսերգուին սա յորդորին. «Կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ, դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը կը յուսաք [«կը սպասէք», ՆԱ]» (Սաղ. 31։24

^ պարբ. 13 Օծեալներուն սկզբնական կնքումի եւ վերջնական կնքումի տարբերութիւնը գիտնալու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունուար 2007 թիւը, էջ 30-31 (անգլերէնով)։