Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լեռներուն շուքին տակ պաշտպանուեցան

Լեռներուն շուքին տակ պաշտպանուեցան

ԱՌԱՒՕՏՈՒՆ իր տունէն դուրս ելլելով, կինը դրան առջեւ ծրար մը կը տեսնէ։ Զայն կը շալկէ, աջուձախ կը նայի, բայց ճամբան ամայի է։ Անծանօթ այցելու մը գիշերուան ընթացքին ծրարը հոն զետեղած ըլլալու է։ Կինը ծրարը քիչ մը կը բանայ եւ անմիջապէս տուն կը մտնէ ու դուռը ետեւէն կը գոցէ. ան կը շալկէ արգիլուած աստուածաշնչական հրատարակութիւններ։ Ծրարը ամրօրէն գրկելով, կինը լռելեայն կ’աղօթէ, Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելով թանկարժէք հոգեւոր սնունդին համար։

Այս տեսարանը կը կրկնուէր 1930–ական թուականներուն Գերմանիոյ մէջ։ 1933–ին, երբ իշխանութիւնը նացիներուն ձեռքը եղաւ, Եհովայի վկաներուն գործը արգիլուեցաւ։ Ռիշարթ Ռուտոլֆ *, որ այժմ աւելի քան 100 տարեկան է, ըսաւ. «Համոզուած էինք որ որեւէ մարդակերտ վճիռ չի կրնար արգելք հանդիսանալ որ Եհովայի եւ անոր անուան մասին ծանուցանենք»։ «Աստուածաշնչական հրատարակութիւնները կարեւոր էին մեր ուսումնասիրութեան եւ ծառայութեան համար, բայց արգիլումին պատճառաւ այլեւս դիւրաւ մատչելի չէին։ Հարց տուինք թէ գործը ինչպէ՛ս պիտի շարունակուէր»։ Ռիշարթ յետագային իմացաւ թէ կրնայ բաժին բերել այդ կարիքը գոհացնելու մէջ՝ անսովոր կերպ մը գործածելով,– լեռներուն շուքը օգտագործել (Դատ. 9։36

ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԱՀԵՏՆԵՐՈՎ

Հիւսիսային ծովէն դէպի հարաւ ուղղուելով եւ Էլպա գետին հետեւելով, ի վերջոյ կը հասնիս Քրքոնոշէ լեռները, որոնք Չեխիայի Հանրապետութեան եւ Լեհաստանի այժմու սահմանին վրայ կը գտնուին։ Այդ լեռներուն բարձրութիւնը միայն 1600 մեթրի հասնելով հանդերձ, անոնք կը կոչուին Եւրոպայի կեդրոնին բեւեռային կղզին։ Տարին վեց ամիս, ձիւնը 3 մեթր բարձրութեամբ կը ծածկէ ամբողջ լեռնաշղթան։ Անոնք՝ որոնք թեթեւի կ’առնեն այս անկայուն օդը, կրնան ծանր մշուշի բռնուիլ, որ յանկարծ գագաթները կը ծածկէ։

Դարերու ընթացքին, այս լեռնաշղթան նահանգներու, թագաւորութիւններու եւ պետութիւններու միջեւ բնական սահմանագիծ եղած է։ Այդ տարածութեան մէջ պահակութիւն ընելը դժուար ըլլալով, անցեալին շատեր լեռներուն մէջէն ապօրինի ապրանքներ կը ներածէին եւ կ’արտածէին։ 1930–ական թուականներուն, երբ Քրքոնոշէ լեռները Չեխոսլաւաքիայի եւ Գերմանիայի միջեւ սահման կը կազմէին, վճռակամ Վկաներ սկսան մաքսանենգներու լքած արահետները գործածել՝ թանկարժէք աստուածաշնչական հրատարակութիւններ փոխադրելու համար։ Երիտասարդ Ռիշարթ այդ Վկաներէն մէկն էր։

Եղբայրներն ու քոյրերը որպէս ճեմողներ ծպտուած՝ Քրքոնոշէ լեռներուն մէջէն հրատարակութիւններ կը փոխադրէին դէպի Գերմանիա

ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ «ՃԵՄԵՐ»

«Շաբաթավերջերուն եօթը հոգինոց խումբեր կազմելով եւ որպէս ճեմողներ ծպտուելով լեռները կ’ուղղուէինք», կը պատմէ Ռիշարթ։ «Շուրջ 3 ժամ կ’առնէր Գերմանիոյ կողմէն լեռները կտրել եւ հասնիլ Շփինտլրուվ Մլին» յաճախավայրը, որ Չեխիայի մէջ սահմանէն 16,5 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր։ Այդ օրերուն, բազմաթիւ գերմանացիներ այդ շրջանին մէջ կ’ապրէին։ Անոնցմէ մէկը ագարակապան էր, եւ ընդունեց եղբայրներուն հետ համագործակցիլ։ Ձիաքարշ բեռնակառքի մը միջոցաւ,– որ ընդհանրապէս կը գործածուէր զբօսաշրջիկներ փոխադրելու,– ան մօտակայ գիւղէ մը կը բերէր հրատարակութիւններով լեցուն սնտուկներ, որոնք երկաթուղիով Փրակայէն կը ղրկուէին։ Ան սնտուկները խոտանոցին մէջ կը պահէր, ապա սուրհանդակները կու գային որպէսզի զանոնք գերմանական կողմը փոխադրեն։

Ռիշարթ կը շարունակէ պատմել. «Ագարակ հասնելէ ետք, մեր պայուսակները հրատարակութիւններով կը լեցնէինք։ Իւրաքանչիւրս շուրջ 50 քկ. կը շալկէինք»։ Իրենց ըրածը մէջտեղ չելլելու համար, անոնք արեւամուտին քալելու կը սկսէին եւ արշալոյսէն առաջ տուն կը հասնէին։ Էրնսթ Վիսնըր, որ այդ ժամանակ Գերմանիոյ մէջ շրջանային տեսուչ էր, նկարագրեց որդեգրուած կարգ մը ապահովական միջոցառումները. «Երկու եղբայրներ առջեւէն կը քալէին եւ երբ մէկու մը հանդիպէին, լոյսով նշան կ’ընէին միւսներուն։ Այսպէս, պայուսակ կրող եղբայրները, որոնք 100 մեթր ետեւ կը գտնուէին, մացառներու մէջ կը պահուըտէին մինչեւ որ այդ երկուքը գային եւ տային որոշ գաղտնաբառ, որ շաբաթէ շաբաթ կը փոխուէր»։ Բայց եւ այնպէս, կապոյտ զգեստով գերմանացի զինուորները միակ վտանգը չէին։

Ռիշարթ կ’ըսէ. «Երեկոյ մը, աւելի երկար պէտք է աշխատէի, ուստի եղբայրներուն մեկնելէն բաւական ետք Չեխիա ուղղուեցայ։ Մութ էր ու մշուշ կար, եւ սառեցուցիչ անձրեւին տակ քալելով կը դողդղայի։ Ջահավառ սոճիներուն մէջ քանի մը ժամ կորսուեցայ։ Բազմաթիւ ճեմողներ այս ձեւով մահացած էին։ Կանուխ առաւօտուն, երբ եղբայրները կը վերադառնային, կրցայ անոնց միանալ»։

Շուրջ երեք տարի, քաջարի եղբայրներու պզտիկ խումբը իւրաքանչիւր շաբաթ լեռները գնաց։ Ձմեռը իրենց թանկարժէք բեռը դահուկներով կը փոխադրէին։ Ատենէ–ատեն, ցերեկ աչքով առաւելագոյնը 20 եղբայրներ սահմանը կը կտրէին, գործածելով ճեմելու յատկացուած ուղիները։ Եղբայրներուն կ’ընկերակցէին քոյրեր, որպէսզի այն տպաւորութիւնը տային թէ պարզապէս ճեմելու ելած են։ Քոյրերէն ոմանք առջեւէն կը քալէին եւ երբ վտանգ զգային, առ ի նշան իրենց գլխարկները օդը կը նետէին։

Ձիւնածածկ գագաթներուն պատճառաւ, Քրքոնոշէ լեռները կտրելը վտանգաւոր էր

Երբ սուրհանդակները իրենց գիշերուան ճամբորդութենէն կը վերադառնային, հրատարակութիւնները անմիջապէս կը բաշխուէին։ Ինչպէ՞ս։ Ատոնք ծրարներու մէջ կը դրուէին,– կարծես թէ օճառ ըլլային,– եւ ապա Հիրշպերկի երկաթուղիին միջոցաւ Գերմանիոյ զանազան շրջանները կ’ուղարկուէին, ուր եղբայրները եւ քոյրերը զգուշութեամբ զանոնք կը հասցնէին իրենց հաւատակիցներուն, ինչպէս յօդուածին սկիզբը նկարագրուած է։ Այս բաշխումի ցանցը ա՛յնքան փոխադարձ կախում ունէր, որ որեւէ յայտնաբերում կրնար հեռահաս հետեւանքներ ունենալ։ Եւ իրապէս, օր մը եղբայրները անսպասելի պարագայ դիմագրաւեցին։

1936–ին, Պերլինի մօտերը հրատարակութիւններու պահեստարան մը յայտնաբերուեցաւ։ Գտնուած ապրանքներուն մէջ կային երեք ծրարներ, որոնք Հիրշպերկէն ղրկուած էին անծանօթ ուղարկողի մը կողմէ։ Ոստիկանութիւնը ուղարկողին ձեռագիրը վերլուծելով կրցաւ զինք բնորոշել եւ ձերբակալել։ Անկէ ետք, Ռիշարթ Ռուտոլֆը եւ ա՛յլ եղբայր մը ձերբակալուեցան։ Քանի որ եղբայրները ամբողջ պատասխանատուութիւնը շալկեցին, որոշ ժամանակ ուրիշներ կրցան շարունակել այդ վտանգաւոր ճամբորդութիւնները կատարել։

ԴԱՍԵՐ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Քրքոնոշէ լեռներուն մէջէն բերուած հրատարակութիւնները գերմանացի Վկաներուն համար հոգեւոր սնունդի կարեւոր մթերք էին։ Բայց ուրիշ միջոցներ ալ գործածուեցան։ Մինչեւ 1939, երբ գերմանական ուժերը Չեխոսլաւաքիան գրաւեցին, համանման ուղիներ առկայ էին այդ երկրին սահմաններուն կողքին։ Գերմանիոյ սահմանակից ա՛յլ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ֆրանսա, Հոլանտա եւ Զուիցերիա, երկու կողմերէն ալ Վկաներ իրենց կեանքը վտանգելով՝ հալածուած հաւատակիցներուն հոգեւոր սնունդ հայթայթեցին։

Ներկայիս, մեր մեծամասնութիւնը կրնայ իր ուզած քանակով եւ տարբեր ձեւաչափերով հրատարակութիւններ ունենալ։ Եթէ նոր հրատարակութիւն մը ձեռք ձգես Թագաւորութեան սրահէն կամ մեր կայքէջէն (www.pr418.com), ինչո՞ւ պահ մը չմտածես թէ անիկա քեզի ինչպէ՛ս մատչելի դարձաւ։ Հաւանաբար անհատներ կէս գիշերին ձիւնածածկ լեռնագագաթներ չկտրեցին, բայց վստահաբար բազմաթիւ անձնուրաց հաւատակիցներ ծանր աշխատեցան որ զայն ձեռք ձգես։

^ պարբ. 3 Ան ծառայեց Հիրշպերկ ժողովքին մէջ, Սիլէսիա։ Հիրշպերկ քաղաքը այժմ կը կոչուի Ելենիա Կուրա, եւ կը գտնուի Լեհաստանի հարաւ–արեւմուտքը։