Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշե՞ս

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացի՞ր։ Կրնա՞ս հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել։

Յիսուս ե՞րբ «բանտի մէջ եղած հոգիներուն. . . քարոզեց» (Ա. Պետ. 3։19

Այնպէս կը թուի, թէ Յիսուս իր յարութենէն ժամանակ մը ետք, չար հոգեղէն արարածներուն դէմ յայտարարութիւն մը ըրաւ, որ կապ ունէր անոնց ապագայ պատիժին հետ (6/15, էջ 23

Երկրորդ ամուսնութիւն մը յաջողցնելու երեք մարտահրաւէրները ի՞նչ են։

Մարտահրաւէրներն են. պայքարիլ որ նախկին ամուսնութիւնը ընթացիկ ամուսնութիւնը չնսեմացնէ, նոր կողակիցդ չճանչցող հին բարեկամներու հետ ընկերակցիլ, նոր կողակիցիդ վստահիլ՝ թէեւ առաջինը անհաւատարիմ եղած էր (7/1, էջ 9-10

Յիսուս ե՞րբ մարդիկը որպէս ոչխարներ կամ այծեր կը դատէ (Մատ. 25։32

Երբ ան գայ մարդիկը դատելու մեծ նեղութեան ընթացքին, սուտ կրօնքի կործանումէն ետք (7/15, էջ 6

Որոմին առակին մէջ նշուած անօրէնութիւն գործողները ե՞րբ պիտի լան եւ ակռաներ կրճտեն (Մատ. 13։36, 41, 42

Անոնք պիտի լան եւ ակռաներ կրճտեն մեծ նեղութեան ընթացքին, երբ գիտակցին թէ իրենց կործանումը անխուսափելի է (7/15, էջ 13

Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայի մասին Յիսուսի խօսքը ե՞րբ կը կատարուի (Մատ. 24։45-47

Անիկա սկսաւ կատարուիլ ոչ թէ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, այլ՝ 1914–էն ետք։ 1919–ին, հաւատարիմ ծառան նշանակուեցաւ ծառաներուն վրայ, որոնք կը պարփակեն հոգեւորապէս կերակրուող բոլոր քրիստոնեաները (7/15, էջ 21-23

Յիսուս ե՞րբ հաւատարիմ ծառան իր բոլոր ունեցածին վրայ կը նշանակէ։

Ասիկա տեղի պիտի ունենայ ապագային՝ մեծ նեղութեան ընթացքին, երբ հաւատարիմ ծառան երկնային վարձատրութիւնը ստանայ (7/15, էջ 25

Աստուածաշունչի որոշ անձնաւորութիւններ անանուն են, քանի որ վատ յատկանիշներու տէր կամ անկարեւոր անհատնե՞ր էին։

Հարկ չկայ որ այդպէս եզրակացնենք։ Աստուածաշունչը չի նշեր կարգ մը բարի անհատներու անունները եւ կարգ մը վատ անհատներու անունները (Հռութ 4։1-3. Մատ. 26։18)։ Միայն երկու հաւատարիմ հրեշտակներու անունները գիտենք (8/1, էջ 10

Աստուծոյ տուած զօրութենէն զատ, ի՞նչ բան օգնեց 230 Վկաներու, որ Զագսընհաուզընի համակեդրոնացման ճամբարէն սկսած երկար երթէն վերապրին։

Թէեւ սովն ու հիւանդութիւնը զիրենք տկարացուցած էին, բայց անոնք զիրար քաջալերեցին որ շարունակեն քալել (8/15, էջ 18

Իսրայէլացիներուն Յորդանան գետը կտրելու պատմութիւնը ինչո՞ւ մեզի համար քաջալերական է։

Թէեւ գետը յորդած էր, բայց Եհովան անոր հոսանքը կեցուց, որպէսզի իր ժողովուրդը անցնի։ Ասիկա իրեն հանդէպ անոնց հաւատքը եւ վստահութիւնը զօրացուց։ Այս արձանագրութիւնը մեր սրտին կը դպչի (9/15, էջ 16

Աստուածաշունչը գոյներու մասին յաճախ խօսելով ի՞նչ ցոյց կու տայ։

Աստուածաշունչին մէջ գոյներու գործածութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած կը հասկնայ որ գոյները կրնան զգացական ազդեցութիւն բանեցնել մարդոց վրայ եւ անոնց օգնել որոշ բաներ յիշելու (10/1, էջ 14-15

«Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»ու մասին Միքիա 5։5–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս ներկայիս կը կատարուի։

Միքիա 5։5–ի մէջ նշուած «եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»ը կ’ակնարկեն ժողովքի երէցներուն, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը կը զօրացնեն կանխագուշակուած գալիք յարձակումի մը դէմ (11/15, էջ 20

Ինչո՞ւ Աստուծոյ պէտք ունինք։

Աստուած կը հայթայթէ թէ՛ ճիշդ ուղղութիւնը եւ թէ կեանքի խնդիրներուն շուրջ յարուցուած հարցումներուն պատասխանները։ Ան մեզի կ’օգնէ որ լաւ կենցաղակերպ վարենք եւ ուրախ ըլլանք, եւ ասիկա կարելի դարձնելու համար իր գրաւոր Խօսքին խոստումները պիտի կատարէ (12/1, էջ 4-6