Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»

«Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»

«Գոհանալով՝ [հացը] կտրեց ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք ու կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար’» (Ա. ԿՈՐ. 11։24

1, 2. Առաքեալներէն ոմանք ի՞նչ մտածած ըլլալու էին, Յիսուս դէպի Երուսաղէմ ճամբորդելէ քիչ առաջ։

‘ԱՆԱՄՊ գիշեր է։ Կրնանք տեսնել նորալուսինը։ Երէկ գիշեր, Երուսաղէմի պահակներն ալ անիկա տեսած են։ Սենետրիոնը ասիկա իմանալով, յայտարարած է նոր ամսուան՝ նիսանի սկիզբը։ Կրակով նշաններ տալով եւ պատգամաբերներ ղրկելով լուրը տարածուած է, հասնելով մինչեւ հոս։ Վստա՛հաբար Յիսուս պիտի ուզէ Երուսաղէմ ուղղուիլ՝ Պասեքը սկսելէ առաջ’։

2 Թերեւս առաքեալներէն ոմանք այդպէս մտածեցին, մինչ Յիսուսի կ’ընկերակցէին, առաջ որ ան վերջին անգամ ըլլալով Երուսաղէմ ճամբորդէ։ Այդ ժամանակ, անոնք Պերեայի մէջ էին՝ Յորդանան գետի արեւելքը (Մատ. 19։1. 20։17, 29. Մար. 10։1, 32, 46)։ Անգամ մը որ հրէական նիսան ամսուան առաջին օրը գիտցուէր, Պասեքը կը տօնուէր տասներեք օր ետք՝ նիսան 14–ին, արեւամուտէն ետք։

3. Քրիստոնեաները Պասեքի թուականով ինչո՞ւ կը հետաքրքրուին։

3 Տէրունական ընթրիքը, որ կը զուգադիպի Պասեքի թուականին, պիտի ըլլայ 14 ապրիլ 2014–ին, արեւամուտէն ետք։ Ատիկա մասնաւոր օր պիտի ըլլայ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն եւ հետաքրքրուած անհատներուն համար։ Ինչո՞ւ։ Պատճառը կը գտնուի Ա. Կորնթացիս 11։23-25–ի մէջ. «Յիսուս իր մատնուած գիշերը հաց առաւ եւ գոհանալով՝ կտրեց ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք ու կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար’։ Նոյնպէս ալ գաւաթը ընթրիքէն յետոյ առաւ ու ըսաւ. ‘Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս. ասիկա ըրէք քանի անգամ որ խմելու ըլլաք՝ զիս յիշելու համար’»։

4. ա) Յիշատակատօնի մասին ի՞նչ հարցումներ կ’ուղղուին։ բ) Իւրաքանչիւր տարի ինչպէ՞ս կ’որոշուի Յիշատակատօնի թուականը (տե՛ս  «2014–ի Յիշատակատօնը» շրջանակը)։

4 Անկասկած պիտի ուզես ներկայ գտնուիլ այն միակ առիթին, որ Յիսուս ըսաւ թէ իր հետեւորդները ամէն տարի պէտք է յիշատակեն։ Առաջուընէ դուն քեզի հարց տուր. ‘Այդ գիշերուան համար, ի՞նչ պատրաստութիւններ պէտք է տեսնեմ։ Ի՞նչ մասնայատուկ բաներ պիտի գործածուին։ Ժողովը ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ։ Յիշատակատօնը եւ խորհրդանիշները ի՞նչ նշանակութիւն ունին ինծի համար’։

ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐԸ

5. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ առ ի պատրաստութիւն իր վերջին Պասեքին։

5 Յիսուս երկու առաքեալներու ըսաւ որ Պասեքին ընթրիքը ուտելու համար սենեակ մը պատրաստեն։ Ան չըսաւ որ սենեակը շքեղօրէն զարդարեն, այլ՝ հաւանաբար կ’ուզէր յարմար ու մաքուր սենեակ մը, ուր բոլոր հիւրերը կրնային բաւել (կարդա՛ Մարկոս 14։12-16Անոնք նաեւ անխմոր հաց եւ կարմիր գինի պէտք էր ապահովէին։ Պասեքի ընթրիքը ուտելէ ետք, Յիսուս կեդրոնացաւ այդ երկու խորհրդանիշներուն վրայ։

6. ա) Պասեքի ընթրիքէն ետք, Յիսուս հացին մասին ի՞նչ ըսաւ։ բ) Յիշատակատօնին ինչպիսի՞ հաց կը գործածուի։

6 Մատթէոս առաքեալ, որ այդ գիշեր ներկայ էր, յետագային գրեց. «Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք, կերէ՛ք’» (Մատ. 26։26)։ «Հացը» անխմոր էր, ինչպէս որ Պասեքին կը գործածուէր (Ել. 12։8. Բ. Օր. 16։3)։ Հացը կը պատրաստուէր ցորենի ալիւրով եւ ջուրով, առանց աւելցնելու թթխմոր կամ համեմներ, ինչպէս՝ աղ։ Անխմոր ըլլալով՝ հացը չէր ուռեր, հապա տափակ, չոր եւ փխրուն կ’ըլլար։ Ներկայիս, Յիշատակատօնէն առաջ, երէցները անհատէ մը կը խնդրեն որ այսպիսի հաց մը պատրաստէ, քիչ մը իւղով քսուած տապակի մէջ զայն եփելով (եթէ ցորենի ալիւր մատչելի չէ, կարելի է գործածել բրինձի, գարիի, եգիպտացորենի կամ նման հացահատիկի ալիւր)։

7. Յիսուս ինչպիսի՞ գինիի մասին խօսեցաւ, եւ ներկայիս Յիշատակատօնին ի՞նչ տեսակի գինի կը գործածուի։

7 Մատթէոս շարունակեց. «[Յիսուս] գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ’» (Մատ. 26։27, 28)։ Յիսուս կարմիր գինիով լեցուն գաւաթ մը առաւ (անիկա խաղողի հիւթ չէր, քանի որ խաղողի քաղումը շատոնց աւարտած էր)։ Եգիպտոսի մէջ, գինին առաջին Պասեքին մաս չկազմեց, բայց Յիսուս այս գծով չառարկեց։ Ան նոյնիսկ զայն գործածեց Տէրունական ընթրիքին ընթացքին։ Այսպէս, Յիշատակատօնին կը գործածուի գինի։ Ինչպիսի՞ գինի։ Անոր մէջ պէտք չէ որեւէ բան աւելցուի, ինչպէս՝ պրէնտի կամ համեմներ. հարկ չկայ որ բան մը աւելցուի՝ Յիսուսի արիւնը աւելի արժէքաւոր դարձնելու համար։ Պէտք է գործածուի զուտ կարմիր գինի, որ կա՛մ տունը կը պատրաստուի եւ կամ շուկայէն կը գնուի, ինչպէս՝ Պօժոլէի գինի, Բուրգունդիի գինի կամ Գիանթիի գինի։

ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐ

8. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ հացին ու գինիին նշանակութեամբ հետաքրքրուած են։

8 Պօղոս առաքեալ յստակ դարձուց թէ առաքեալներուն կողքին միւս քրիստոնեաներն ալ պէտք էր Տէրունական ընթրիքը տօնէին։ Կորնթոսի մէջ գտնուող իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Տէրոջմէն ընդունեցի զայն, որ ձեզի ալ աւանդեցի՝ թէ՝ Տէր Յիսուս. . . հաց առաւ եւ գոհանալով՝ կտրեց ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք ու կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար’» (Ա. Կոր. 11։23, 24)։ Ուստի մինչեւ օրս, քրիստոնեաները այս մասնայատուկ դէպքը ամէն տարի կը տօնեն եւ հացին ու գինիին նշանակութեամբ խորապէս հետաքրքրուած են։

9. Ոմանք Յիսուսի գործածած հացին մասին ի՞նչ սխալ կարծիք կազմած են։

9 Եկեղեցասէրներէն ոմանք «այս է իմ մարմինս» արտայայտութիւնը բառացիօրէն կ’առնեն, ուստի կը հաւատան որ հացը հրաշալիօրէն Յիսուսի մարմինը եղաւ։ Սակայն այս գաղափարը իրողութեան կը հակասէ *։ Հաւատարիմ առաքեալները կրնային տեսնել թէ՛ Յիսուսի մարմինը եւ թէ անխմոր հացը։ Յստակ է որ Յիսուս այլաբանօրէն կը խօսէր, ինչպէս ուրիշ անգամներ (Յովհ. 2։19-21. 4։13, 14. 10։7. 15։1

10. Տէրունական ընթրիքի հացը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

10 Այն հացը, որ առաքեալները կրնային տեսնել եւ որմէ պիտի ուտէին, կը նշանակէր Յիսուսին մարմինը։ Ո՞ր մարմինը։ Անցեալին, կը կարծէինք թէ հացը կը նշանակէր «Քրիստոսին մարմինը»՝ օծեալներու ժողովքը, քանի որ Յիսուս հացը կտրեց բայց իր ոսկորները չկոտրեցան (Եփ. 4։12. Հռով. 12։4, 5. Ա. Կոր. 10։16, 17. 12։27)։ Ժամանակի ընթացքին սակայն, փնտռտուքներ ընելէ ետք, գիտակցեցանք որ հացը կը նշանակէ՝ Յիսուսի մարդկային մարմինը։ Յիսուս «չարչարուեցաւ մարմնով», նոյնիսկ ցցահարուեցաւ։ Այսպէս, Տէրունական ընթրիքին, հացը կը ներկայացնէ այն ֆիզիքական մարմինը, որ Քրիստոս զոհեց մեր մեղքերուն համար (Ա. Պետ. 2։21-24. 4։1. Յովհ. 19։33-36. Եբ. 10։5-7

11, 12. ա) Յիսուս գինիին մասին ի՞նչ ըսաւ։ բ) Տէրունական ընթրիքին գործածուած գինին ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

11 Ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու այն ինչ որ Յիսուս գինիին մասին ըսաւ։ Կը կարդանք. «Նոյնպէս ալ գաւաթը ընթրիքէն յետոյ առաւ ու ըսաւ. ‘Այս գաւաթը կը խորհրդանշէ նոր ուխտը, իմ արեանս հիման վրայ’» (Ա. Կոր. 11։25, ՆԱ)։ Բազմաթիւ Աստուածաշունչեր, ներառեալ՝ Վերստուգուած աշխարհաբար թարգմանութիւն–ը, կ’ըսեն. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս» (սեպագիրը մեր կողմէ է)։ Յիսուսի բռնած բառացի գաւաթը նոր ո՞ւխտն էր։ Ո՛չ։ «Գաւաթ» բառը կ’ակնարկէր անոր պարունակած գինիին։ Յիսուս ըսաւ որ գինին ի՞նչ կը նշանակէր կամ կը ներկայացնէր։ Իր թափուած արիւնը։

12 Մարկոսի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի» (Մար. 14։24)։ Արդարեւ, Յիսուսի արիւնը ‘պիտի թափուէր՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար’ (Մատ. 26։28)։ Այսպէս, կարմիր գինին յարմարօրէն կը ներկայացնէ Յիսուսի բառացի արիւնը։ Այդ արեան շնորհիւ, փրկանքը մեզ կ’ազատէ՝ «մեղքի թողութիւն» կը ստանանք (կարդա՛ Եփեսացիս 1։7

Առաքեալները խմեցին գինիէն, որ կը ներկայացնէր Յիսուսին արիւնը՝ ուխտին արիւնը (Տե՛ս պարբերութիւն 11, 12)

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՀԸ ՅԻՇԱՏԱԿԵԼ

13. Քրիստոսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

13 Եթէ առաջին անգամ ըլլալով Եհովայի վկաներուն հետ Յիշատակատօնին ներկայ պիտի գտնուիս, ի՞նչ կրնաս ակնկալել։ Անոնք պիտի հաւաքուին մաքուր վայրի մը մէջ, ուր բոլորը կրնան այդ առիթը վայելել։ Թերեւս վայրը ծաղիկներով քիչ մը զարդարուած ըլլայ, բայց խնճոյքի մթնոլորտ պիտի չունենայ։ Որակեալ երէց մը յստակ եւ պատշաճ կերպով նկատի պիտի առնէ, որ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս առիթին մասին։ Ան բոլորին պիտի օգնէ գնահատելու այն ինչ որ Քրիստոս մեզի համար ըրաւ։ Ան իր մահով փրկանք հայթայթեց, որպէսզի կարենանք կեանք ունենալ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։8-10Դասախօսը պիտի բացատրէ թէ քրիստոնեաները ի՛նչ երկու յոյս ունին, ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը նշէ։

14. Յիշատակատօնի դասախօսութեան ընթացքին, ի՞նչ երկու յոյսեր պիտի քննարկուին։

14 Յոյսերէն մէկն է՝ երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ իշխել։ Միայն քիչ թիւով քրիստոնեաներ, ինչպէս հաւատարիմ առաքեալները, այս յոյսը կը վայելեն (Ղուկ. 12։32. 22։19, 20. Յայտ. 14։1)։ Իսկ այժմու հաւատարիմ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը կը յուսայ յաւիտեան ապրիլ վերահաստատուած դրախտին մէջ երկրի վրայ։ Այդ ատեն Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի երկրի վրայ, ինչպէս որ արդէն կը կատարուի երկնքի մէջ։ Այսպէս քրիստոնեաներուն աղօթքը պիտի պատասխանուի (Մատ. 6։10)։ Սուրբ Գրութիւնները նաեւ կը նկարագրեն այն կեանքը, որ անոնք առյաւէտ պիտի վայելեն (Եսա. 11։6-9. 35։5, 6. 65։21-23

15, 16. Տէրունական ընթրիքին ընթացքին անխմոր հացը ինչպէ՞ս կը գործածուի։

15 Այս երկու յոյսերը բացատրելէ ետք, դասախօսը պիտի ըսէ, թէ ժամանակն է ընելու այն ինչ որ Յիսուս ըրաւ Տէրունական ընթրիքին ընթացքին։ Ինչպէս որ նախապէս նշուեցաւ, երկու խորհրդանիշներ պիտի գործածուին՝ անխմոր հաց եւ կարմիր գինի, որոնք դասախօսին քով սեղանի վրայ զետեղուած պիտի ըլլան։ Ան պիտի կարդայ այն համարները, որոնք ցոյց կու տան թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ եւ ըրաւ, երբ այս տօնը կը հաստատէր։ Օրինակ, Մատթէոսի արձանագրութեան մէջ կը կարդանք. «Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս’» (Մատ. 26։26)։ Յիսուս անխմոր հացը կտրեց, որպէսզի զայն բաժնէ առաքեալներուն, որոնք իր երկու կողմը նստած էին։ Ապրիլ 14–ի ժողովին ընթացքին, պիտի նկատես թէ անխմոր հացի կտորներ պնակներու մէջ դրուած են։

16 Բաւարար պնակներ պիտի գործածուին, որպէսզի քիչ ժամանակի մէջ բոլոր ներկաներուն փոխանցուին։ Ասիկա մասնաւոր արարողութեամբ պիտի չըլլայ։ Հակիրճ աղօթք մը պիտի ներկայացուի, որմէ ետք պնակները կարգապահութեամբ ներկաներուն պիտի փոխանցուին, ինչպէս որ տեղականօրէն գործնական է։ Քիչեր,– թերեւս ո՛չ ոք,– հացին պիտի մասնակցին, ինչպէս որ էր պարագան ժողովքներուն մեծամասնութեան, երբ այս առիթը տեղի ունեցաւ 2013–ին։

17. Յիշատակատօնին, գինիին առնչութեամբ Յիսուսի տուած ուղղութիւնը ինչպէ՞ս ի գործ կը դրուի։

17 Ապա, դասախօսը պիտի կարդայ այն ինչ որ Յիսուս գինիին առնչութեամբ ըրաւ. «Գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար’» (Մատ. 26։27, 28)։ Հետեւելով Յիսուսի ուղղութեան, ուրիշ աղօթք մը պիտի մատուցանուի եւ ապա կարմիր գինին ներկաներուն պիտի փոխանցուի։

18. Նոյնիսկ եթէ ո՛չ ոք խորհրդանիշներուն պիտի մասնակցի, ինչո՞ւ կարեւոր է Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլ։

18 Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ միայն անոնք՝ որոնք իրեն հետ երկնքի մէջ պիտի իշխեն, պիտի ուտեն հացը եւ խմեն գինին։ Ուստի, ներկաներուն մեծամասնութիւնը խորհրդանիշներուն չի մասնակցիր (կարդա՛ Ղուկաս 22։28-30. Բ. Տիմ. 4։18)։ Բայց եւ այնպէս Տէրունական ընթրիքին ներկայ գտնուիլը կարեւոր է, քանի որ հոն ըլլալով՝ անոնք ցոյց կու տան թէ Յիսուսի զոհաբերութիւնը շա՜տ կ’արժեւորեն։ Յիշատակատօնին, անոնք կրնան խոկալ Յիսուսի փրկանքի զոհին օրհնութիւններուն վրայ։ Օրինակ, անոնք յոյս ունին որ մաս կազմեն այն ‘մեծ բազմութեան’, որ ‘մեծ նեղութենէն’ պիտի վերապրի։ Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատալով, անոնք Աստուծոյ աչքին արդար են, կարծես «իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին» (Յայտ. 7։9, 14-17

19. Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի Յիշատակատօնին պատրաստուիս եւ անկէ օգտուիս։

19 Աշխարհի տարածքին Եհովայի վկաները կը պատրաստուին այս մասնայատուկ ժողովին։ Անկէ շաբաթներ առաջ, պիտի մասնակցինք արշաւի մը, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ հրաւիրենք։ Ասկէ զատ, Յիշատակատօնէն չորս օր առաջ, մեր մեծամասնութիւնը պիտի սկսի իւրաքանչիւր օր կարդալ թէ Յիսուս Ք.Ե. 33–ի համապատասխան օրուան մէջ ի՛նչ ըրաւ եւ ի՛նչ տեղի ունեցաւ։ Ինչպէս նաեւ ամէն բան պիտի դասաւորենք, որպէսզի այս առիթին ներկայ գտնուինք։ Լաւ կ’ըլլայ որ բացման երգեցողութենէն եւ աղօթքէն առաջ ներկայ գտնուինք, որպէսզի այցելուները դիմաւորենք եւ ամբողջ յայտագրէն օգտուինք։ Բոլորս, ըլլա՛նք ժողովքի անդամներ կամ այցելուներ, իսկապէս մեծ օգուտ պիտի քաղենք Աստուածաշունչը բանալով, երբ դասախօսը համար մը կը կարդայ եւ կը բացատրէ։ Ամէնէն կարեւորը, Յիշատակատօնին մեր ներկայ գտնուիլը ցոյց պիտի տայ, թէ սրտանց կը գնահատենք Յիսուսի զոհաբերութիւնը եւ թէ կը հետեւինք իր պատուէրին. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ա. Կոր. 11։24

^ պարբ. 9 Գերմանացի ուսումնական Հայնրիխ Մէյըր կ’ըսէ. «Տեսնելով. . . թէ Յիսուսի մարմինը չէր կտրուած (տակաւին ողջ էր) եւ իր արիւնը չէր թափուած, հիւրերէն [առաքեալներէն] ո՛չ ոք կրնար ենթադրել որ. . . իրենք իրականութեան մէջ Տէրոջ բառացի մարմինը կ’ուտէին կամ բառացի արիւնը կը խմէին, [ուստի] երբ Յիսուս պարզ բառերով հացին ու գինիին իմաստը կը բացատրէր, ան մտադրութիւն չունէր որ անոնք սխալ եզրակացութիւններու յանգէին»։